Կրօնքը Սպանիոյ Մէջ
Սպանիոյ թագաւորութիւնը աշխարհիկ պետութիւն է, որտեղ պաշտօնապէս եկեղեցին բաժանուած է պետութենէն: Սպանիոյ սահմանադրութեան յօդուած 16-ը կը հռչակէ դաւանանքի ազատութիւնը: Սահմանադրութիւնը նաեւ կ՛արգիլէ կրօնական հիմքի վրայ խտրականութիւնը: Ասուածին զուգահեռ սահմանադրութիւնը կը ճանչնայ Հռոմի կաթողիկէ եկեղեցւոյ հետ ունեցած յատուկ յարաբերութիւնները[1]:
Սպանիոյ քաղաքացիներու մեծամասնութիւնը կը դաւանին քրիստոնէութիւն: Տարբեր տուեալներով 2010-ի դրութեամբ բնակչութեան 78 %-էն մինչեւ 95 %-ը կը դաւանին քրիստոնէութիւն[2][3]: 2017-ին այդ ցուցանիշը կազմած է 68,4 %[4]:
Քրիստոնէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Քրիստոնէութիւնը ժամանակակից Սպանիոյ տարածք մտած է 1-ին եւ 2-րդ դարերու սահմանագօտիին մէջ: Ժողովուրդներու մեծ գաղթի ժամանակաշրջանուն Փիրենէեան թերակղզին կը գրաւուի վեստգոթերուի կողմէն, որոնք Սպանիան բնակեցուցած իպերահռոմեացիներու ժառանգներուն կը փորձէին պարտադրել արիոսականութիւն: Սակայն վեստգոթերու այդ փորձերը ձախողեցան:
8-րդ դարուն Փիրենէեան թերակղզին կը գրաւուի արաբներու կողմէն եւ յետագայ քանի մը դարերու ընթացքին Սպանիոյ մեծ մասը կը յայտնուի մահմետականներու գերիշխանութեան ներքոյ: Մահմետական ժամանակաշրջանին յաջորդած Ռեքոնքիստան թերակղզին ուժեղացուց կաթողիկէ եկեղեցւոյ գերիշխանութիւնը:
Ներկայ ժամանակներուն բնակչութեան մինչեւ 75 %-ը կը հանդիսանյն կաթողիկէներ: Անոնց մեծ մասը կը պահպանէ լատինական ծէսը: Երկրին մէջ կը գործէ նաեւ Ուքրանական յունակաթողիկէ եկեղեցին, ինչպէս նաեւ շարք մը ոչ հռոմէական կաթողիկէ փոքրաթիւ խումբեր:
Սպանիոյ մէջ Բողոքականներու առաջին համայնքները ձեւաւորուած են դեռեւս 16-րդ դարուն, սակայն ոչնչացուած սպանական ինկուիզիցիայի կողմէն: Այդ դաժան իրադարձութիւններէն ետք բողոքականները պլիմուտեան եղբայրներ, բարենորոգիչներ, մեթոտիստներ, բաբտիստներ) սկսած են Սպանիոյ մէջ իրենց քարոզչութիւնը իրականացնել 19-րդ դարու երկրորդ կէսէն: 1920-ականներուն անոր միացան նաեւ հոգեգալստականներ: 20-րդ դարու վերջին երկու տասնամեակուն հոգեգալստականները թուաքանակի աճի տպաւորիչ ցուցանիշներ գրանցեցին եւ արդէն 21-րդ դարու սկիզբը կը ներկայացնէին սպանական բողոքականների գրեթէ կիսուն[5]:
Ներկայ ժամանակներուն Սպանիոյ մէջ բողոքականներու թուաքանակը կը գնահատուի 460-էն 567 հազար հաւատացեալ[6][7]: Հոգեգալստականները առաջին հերթին ներկայացուած են «Ֆիլատելֆիա» անուանում ունեցող աւետարանական եկեղեցիով (312 հազար[7]) եւ սպանական Աստուծոյ ժողովով: Սպանիոյ մէջ անկլիքաններու թուաքանակը կկ կազմէ 76 հազար: Փլիմուտեան եղբայրները, բաբտիստները, ատուենտիստներն ու Սպանիոյ մէջ վերանուանուած աւետարանական եկեղեցին ունին աւելի քան 10 հազար հաւատացեալներ[7]: Սպանիոյ մէջ ուքրանական համայնքին մէջ կը գործէ Ուքրանիայի աւետարանական հաւատքի քրիստոնեաներու եկեղեցւոյ եօթ ծուխ[8]:
Վերջին 25 տարիներու ընթացքին Արեւելեան Եւրոպայէն դէպի Սպանիա աշխատանքային միգրանտներու ներհոսքի հետեւանքով երկրին մէջ աճեցաւ ուղղափառներու թուաքանակը (շուրջ 900 հազար)[6]: Անոնցմէ շատերը կը հանդիսանան Կոստանդնուպոլիսի, Ռուսական, Ռումինական եւ Սերպական ուղղափառ եկեղեցիներու հետեւորդներ:
Եւ 210 հազար սպանացիներ կը պատկանին կեղծ քրիստոնէական կրօնական կազմակերպութիւններու[3], մասնաւորապէս՝ Եհովայի վկաներու ու մորմոններու հետեւորդներ:
Իսլամ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սպանիոյ մէջ իսլամը սկսած է տարածուիլ 711-էն, երբ արաբները սկսան ներխուժել Փիրենէեան թերակղզին: Ժամանակակից Սպանիոյ տարածքին մահմետականութեան զարթօնքը տեղի ունեցաւ Քորտոպայի խալիֆայութեան տարիներուն, սակայն ռեքոնքիստայի ժամանակ մահմետականները հեռացուեցան թերակղզիի տարածքէն:
Մուհամմատի հետեւորդները սկսան կրկին տեղափոխուիլ Սպանիա 19-րդ դարու վերջերուն: Անոնց գերակշիռ մասը Մարոքէն ժամանած աշխատաւորներ էին: Մահմետականներու թուաքանակը սկսաւ նկատելիօրէն աճիլ 20-րդ դարու երկրորդ կէսէն, երբ մարոքցի միգրանտներուն սկսան միանալ նաեւ Հիւսիսային Ափրիկէի այլ երկիրներու փախստականներ: Ներկայ ժամանակներուն Սպանիոյ մէջ մահմետական բնակչութիւնը կը գերազանցէ 1 միլիոնը (ընդհանուր բնակչութեան 2,3 %-ը)[9]: Միեւնոյն ժամանակ երկրի մահմետական առաջնորդները կը նշեն 2 միլիոն թիւը[1]: Յատուկ իրավիճակ ստեղծուած է Սուեքա եւ Մելիլիա ինքնավար քաղաքներուն մէջ: Մասնաւորապէս Մելիլիայի մէջ մահմետականները կը կազմեն քաղաքի 86-հազարանոց բնակչութեան 40 %-ը[10]: Կը կանխատեսուի, որ առաջիկայ տասնամեակներուն Սուեքան ու Մելիլիան Ռեքոնքիստայի աւարտէն ետք կը դառնան Սպանիոյ՝ գերակշիռ մահմետական բնակչութեամբ առաջին քաղաքները:
Իսլամութեան մէջ գերակշիռ դիրք կը զբաղեցնէ սունիզմը, որ հիմնականին ներկայացուած է Մալիքիական մազհապով: Սպանիոյ մէջ կը բնակուին նաեւ Ահմատի շարժման հետեւորդներ։
Յուդայականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հնագիտական գտածոները կը վկայեն, որ հրեաները ժամանակակից Սպանիոյ տարածքին ներկայ եղած են 1-ին դարէն։ Վեսթգոթերու իշխանութեան ժամանակ հրեաները կ՛ենթարկուէին լրջագոյն խտրականութեան: Արաբական ներխուժումներու ժամանակ հրեական համայնքը ծաղկում ապրեցաւ: Թերակղզէն արաբներուն հեռացնելէնց եւ քրիստոնեաներու իշխանութիւն հաստատելէն ետք սկզբնական ժամանակաշրջանին հրեաներու նկատմամբ որեւէ էական ազդեցութիւն չեղաւ, սակայն, արդէն 14-րդ դարու վերջը Սպանիոյ մէջ հրեաներու դրութիւնը կտրուկ վատթարացաւ: 1492-ին երկրէն հրեաներու վտարման մասին Ալհամպրեան հրովարտակի հրապարակումէն ետք սկսաւ հաւատացեալ հրեաներու մասսայական գաղթ:
Սպանիոյ մէջ հրեաները կրկին սկսան ազատօրէն դաւանիլ յուդայականութեան 19-րդ դարէն: Առաջին սինագոգը բացուեցաւ 1917-ին Մատրիտի մէջ: Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Սպանիոյ տարածքը որպէս տրանզիտ Նացիստական Գերմանիոյ կողմէի գրաւուած եւրոպական երկիրներու հազարաւոր հրեաներու կողմէն օգտագործուեցաւ որպէս տարանցիկ ճանապարհ: Անոնց մէկ մասը իրաւունք ստացան մշտպէս բնակիլ Սպանիոյ մէջ: Շնորհիւ պատերազմէն ետք Լատինական Ամերիկայի երկիրներէն ժամանած միգրանտներու՝ երկրին մէջ հրեաներու թուաքանակը աճեցաւ:
Ներկայ դրութեամբ Սպանիոյ մէջ գտնուող հաւատացեալ հրեաներու թուաքանակը կը գնահատուի շուրջ 15 հազար[3]: Հրեական համայնքներ կը գործեն խոշոր քաղաքներուն մէջ, առաջին հերթին՝ Մատրիտի, Պարսելոնայի եւ Մալագայի մէջ: Յուդայական սինագոգներ կը գործեն նաեւ Մարպելիայի, Սեւիլիայի, Թորեմոլինոսի, Վալենսիայի եւ Քանարեան կղզիներուն մէջ:
Այլ ուղղութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սպանիոյ մէջ նկատելի կրօնական համայնքներէն է պուտտիստներու համայնքը (47 հազար[3]): Անոնց մեծ մասը հարաւ-արեւելեան Ասիոյ երկիրներէն են: Սպանիա ժամանակ առաջին հինտուիստները (45 հազար[7]) եկած են Ափրիկէէն, որոնց յետագային միացած են Հնդկաստանի եւ հարաւ-արեւելեան Ասիոյ շարք մը այլ երկիրներու բնակիչներ: Սպանացիներուն մէջ կան նաեւ նիոհինտուիզմի կողմնակիցներ, որոնք կը հանդիսանան Քրիշնայական գիտակցութեան միջազգային հանրութեան, Սատիա Սայի Պապայի, Սահաճա Եօկայի, Թրանսցենտէնտալ մեդիտացիայի, Անանտա Մարկայի եւ այլ ուղղութիւններու հետեւորդներ:
Համաձայն Համաշախարհային քրիստոնէական տուեալներու բազայի՝ 2005-ին պահայի համայնքի անդամներուի թուաքանակը կը կազմէր 13 հազար[11]: Պահայի առաջին քարոզիչն Սպանիա եկած է 1947-ին:
Հիմնականին երկրի նաւահանգստային քաղաքներուն մէջ կը բնակին սիկհիստներու փոքր համայնքներ (շուրջ 1,4 հազար[3]): Սպանիոյ մէջ բնակուող չինացիներու թիւը առկայ են չինական ժողովրդական կրօնի քիչ թիւով հետեւորդներ: Պրազիլէն ժամանած մարդոց շարքին փոքր թիւ կը կազմեն նաեւ աֆրօ-պրազիլիան մաքումպայ կրօնի հետեւորդները:
Բացի թուարկածներէն Սպանիոյ մէջ կը գործեն աւելի քան 100 փոքրաթիւ կրօնական խումբեր եւ աղանդաւորական խմբակներ: Անոնցմէ 54 կազմակերպութիւն կ՛որակաւորուին որպէս «սատանայական»: Այդպիսի խումբերու մեծ մասը կը գործէէ Մատրիտի եւ Պարսելոնայի մէջ[12]:
Այլ տեսակի կրօնական կազմակերպութիւններէն կը հանդիսանան արեւմտեան էզոթերիկ աւանդոյթի խումբերը, ինչպիսին է Ժուլ Տունալի Գնոստիկ եկեղեցին, «գնոստիկական այլ եկեղեցիներ», արեւելեան տաճարականներու միաբանութիւնը, իլիումինատուները եւ այլն: Այդպիսի ամենամեծ կազմակերպութիւնը Նոր աքրոպոլիսն է (1000 հետեւորդ)[13]: Միւս խումբերու կողմնակիցներու թիւը կը գնահատուի քանի մը հարիւր հետեւորդով: Սպանիոյ մէջ առկայ են նաեւ «Նոր դարի» օկուլտիկ, էզոթերիկ եւ սինկրէտիկ խումբեր (թէոսոֆեան համայնք, ռաելիտներու շարժում, սաենթոլոգներ, միացման եկեղեցի, մունիտներ եւ այլն): Անոնց ընդհանուր թուաքանակը համեմատաբար քիչ է:
Ոչ կրօնական կազմակերպութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սպանիան եւրոպական այն երկիրներէն է, որ բախուած է վերջին սերունդի շրջանին քրիստոնեաներու (հիմնականին կաթողիկէներու) թուաքանակի նուազման եւ ոչ կրօնական մարդոց համապատասխան աճով: Դեռեւս 1975-ին բնակչութեան 96 %-ը իրենց անուանած էին քրիստոնեաներ[14]: Ներկայ դրութեամբ իրենց ոչ կրօնական կը համարեն երկրի բնակչութեան 19 %-ը[15]: Շարք մը հարցումներու արդիւնքներու համաձայն այդպիսի մարդոց թուաքանակը ալ աւելի մեծ է: Յունիս 2015-ին Ընկերային հետազօտութիւններու կեդրոնի կատարած հարցումներու համաձայն հարցուածներու 25,4 % յայտարարած էին իրենց ոչ կրօնական ըլլալու մասին, ընդ որուն, անոնցմէ 9,5 %-ը իրենց զիրենք կը համարէին աթէիստներ եւ 15,9 %-ը՝ չհաւատացողներ[16]: Ոչ հաւատացեալ մարդոց թուաքանակը յատկապէս մեծ է երիտասարդութեան շրջանին մէջ:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ 1,0 1,1 «Bureau of Democracy, Human Rights, and Labor։ «Report on International Religious Freedom. Spain»։ 2014 Report on International Religious Freedom ։ U.S. State Department։»
- ↑ «Global Christianity Sortable Data Tables- Pew Forum on Religion & Public Life»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-01-07-ին
- ↑ 3,0 3,1 3,2 3,3 3,4 avier Martinez-Torron Spain // Religions of the World: A Comprehensive Encyclopedia of Beliefs and Practices / J. Gordon Melton, Martin Baumann. — Oxford, England: ABC CLIO, 2010. — С. 2686. — 3200 с. — ISBN 1-57607-223-1
- ↑ «Centro de Investigaciones Sociológicas. BARÓMETRO DE FEBRERO 2017. CIS (Febrero 2017). Սպանիոյ ընկերային հետազօտութիւններու կեդրոնի հարցում, 2017 թուականի փետրուար, էջ 20»
- ↑ J. Gordon Melton Spain // Encyclopedia of Protestantism. — New York, NY: Facts On File, Inc., 2005. — P. 513-514. — 657 p. — ISBN 0816069832
- ↑ 6,0 6,1 «WebCite query result»։ www.webcitation.org։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-05-30-ին
- ↑ 7,0 7,1 7,2 7,3 Jason Mandryk Spain // Operation World: The Definitive Prayer Guide to Every Nation. — InterVarsity Press, 2010. — P. 764-769. — 978 p. — (Operation World Set). — ISBN 0-8308-5724-9
- ↑ ««У Барселоні відкрито нову місіонерську церкву ХВЄ» (ուքրաիներէն)։ Церква християн віри євангельської України։»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-08-ին
- ↑ ««The Future of the Global Muslim Population» ։ Pew Research Center։ January 2011։»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-02-11-ին
- ↑ País Ediciones El (2005-09-12)։ «Reportaje | La presión de 'nuestro' islam»։ El País։ ISSN 1134-6582
- ↑ «Most Baha'i Nations (2005) | QuickLists | The Association of Religion Data Archives»։ www.thearda.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-12-26-ին
- ↑ «Clifton L. Holland (2003)։ «Religion in Spain» ։ Latin American Socio-Religious Studies Program / Programa Latinoamericano de Estudios Sociorreligiosos (PROLADES)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-08-05-ին
- ↑ «Carlos Longarela (2000)։ «Las Sectas Destructivas y Demoníacas en España»։ Latin American Socio-Religious Studies Program / Programa Latinoamericano de Estudios Sociorreligiosos (PROLADES)»
- ↑ Patrick Johnstone, Jason Mandryk Spain // Operation World 2001. — London: Paternoster Publishing, 2001. — 798 p. — (Operation World Series). — ISBN 1-8507-8357-8
- ↑ ««The Global Religious Landscape» (pdf) ։ Pew Research Center։ December 2012»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-09-24-ին
- ↑ «Centro de Investigaciones Sociológicas (Junio 2015)։ «BARÓMETRO DE JUNIO 2015»։ CIS։»