Կէորկի Քինքլաձէ
Կէորկի Քինքլաձէ[1][2] (վրաց.՝ გიორგი ქინქლაძე; 6 Յուլիս 1973, Թիֆլիս, Վրացական ԽՍՀ, ԽՍՀՄ) (նաեւ յայտնի է որպէս Կէորկիու[3], Կիօ կամ Քինքի (անգլերէն՝ kinky իւրայատուկ)[4][5], խորհրդային եւ վրացի ֆութպոլիստ, կիսապաշտպան։
Անոր առաջին բարձորոակ ակումբը եղած է «Մրեթեպին»: Վրաստանին մէջ ան նուաճած է երեք ախոյեանութեան տիտղոս եւ երկու բաժակ «Տինամօ Թիֆլիս»-ի հետ, երկու անգամ ճանչուած է տարուան ֆութպոլիստ։ Միջազգային ճանաչում ստացած է Ուելսի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի դէմ Վրաստանի հապաքականի խաղերոպ շնորհիւ՝ տեղի ունեցած 1994 եւ 1995 թուականներուն։
1995 թուականին Քինքլաձէն «Տինամօ» ակումբէն տեղափոխուեցաւ Անգլիոյ Փրեմիեր լիկա՝ «Մանչեսթըր Սիթի», ուր իր դրիբլինկի եւ հիանալի կոլերու շնորհիւ դարձաւ երկրպագուներու սիրելին։ «Քաղաքայիններու» կազմին մէջ Կէորկին երկու անգամ նուաճած է ակումբի լաւագոյն ֆութպոլիստի կոչումը։ Քինքլաձէն մնաց «Սիթիի» մէջ՝ չնայած կարգի անկմանը 1996 թուականին, սակայն ակումբի՝ 1998 թուականին երկրորդ անգամ դուրս մնալէ ետք ան միացաւ հոլանտական «Այաքս» ֆութպոլային ակումբին։ Քինքլաձէն չկարողացաւ մնալ Նիտերլանտներու մէջ, ուր անցուց գրեթէ մէկ տարի, եւ վերադարձաւ Անգլիա: Անոր նոր ակումբը դարձաւ «Տերպի Քաունթին»: Ան չորս տարի մնաց «Տերպիի» մէջ՝ խաղալով գրեթէ 100 խաղ։ «Տերպի»-էն հեռանալէն եւ նոր ակումբ գտնելու մի քանի անյաջող փորձերէ ետք Քինքլաձէն 2004 թուականին միացաւ կիպրական «Անորթոսիս» ակումբին, որուն հետ յաղթեց առաջնութիւնը։ Ան աւարտեց իր ասպարեզը Քազանի «Ռուպինի մէջ» 2006 թուականին։
20 Օգոստոս 2011-ին «Անորթոսիսի» ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ պայմանագիր կնքած են Քինքլաձէի հետ։ Վերջինս պէտք է կատարեր ակումբի արհեստից տնօրէնի գործառոյթները։ 2012 թուականի մայիսին երկկողմանի քննարկումներու արդիւնքի Քինքլաձէի եւ ակումբի միջեւ պայմանագիրը չեղեալ յայտարարուեցաւ։
Վաղ Տարիներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է 6 Յուլիս 1973, Թիֆլիսի մէջ, ապրած է Տիտուբէ թաղամասին մէջ հօր՝ Ռոպինզոնի (ճարտարագետ, ծնունդով Կուրիէն)[6], մօր՝ Խաթունայի (ուսուցչուհի) եւ աւագ քրոջ հետ[7]: Գեորգիի հայրը շատ կը ցանկանար, որ իր որդին ֆութպոլիստ դառնար, ատոր համար կը ստիպէր իրեն ծունկի իջած քալել բակի շուրջը, որպէսզի ամրացներ ոտքերը։ 1979 թուականի Սեպտեմբերին հայրը վեցամեայ Կէորկին տարաւ «Պատանի տինամոյեցի» ֆութպոլային դպրոց Աւթանտիլ Խելաձէ անունով մարզիչի մօտ։ Առաջին դասին ժամանակ Կէորկին այնքան լաւ ցուց տուաւ իր՝ գնդակին տիրապետելը, որ մարզիչը, առանց որեւէ կասկածի, ընդունեց իր դպրոցը։
Բացի այդ՝ հայրը՝ ինքը, կը շարունակէր դաստիարակել որդիի մէջ մարզիկի ոգին. ան կը մարզէր իրեն մարմնամարզութեան, արմրեսթլինկի, լողի եւ վազքի մէջ։ Կէորկին նաեւ կը զբաղէր վրացական պարերով Վրաստանի պարի ազգային համոյթի մէջ։
Մի քանի տարուան ընթացքին Քինքլաձէն խաղացած է «Տինամօ Թիֆլիս» ակումբի երիտասարդական խումբին մէջ, ապա՝ երկրորդ կազմին։ Այնտեղ ան հանդէս կու գար Շոթա Արուելաձէի հետ, որ աւելի ուշ դարձաւ իր գործընկերը «Տինամոյի» հիմնական կազմի ակումբային մակարդակով, ապա եւ Վրաստանի ազգային հաւաքականի կազմին՝ միջազգային մակարդակով[8]:
Ակումբային Ասպարեզ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վաղ Ասպարեզ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Քինքլաձէն ավարտած է ֆութպոլային դպրոցը 1990 թուականին, սակայն, «Տինամօն» անոր մասին դեռ չէր մտածեր։ Ընտանիքի ընկերոջ՝ Քոպա Ժորժիկաշվիլիի շնորհիւ՝ ան յայտնուեցաւ «Մրեթեպի» (վրաց.՝ հիասքանչ) ակումբին մէջ, Վաժա Չխաիձէ մարզիչի մօտ։ 1990 մրցաշրջանին «Մրեթեպին» 35 խաղի յաղթանակ տարաւ եւ 2-րդ լիկայէն անցաւ առաջին լիկա (Քինքլաձէն 20 խաղի մասնակցեցաւ)։ 1991 մրցաշրջանին խումբը 15 խաղէն 13-ին յաղթեց եւ անցավ բարձրագոյն լիկա[9]:
1992 թուականին իր՝ «Տինամօ Թիֆլիս» տեղափոխուելուն նպաստեց Ռեւազ Ձոջուաշվիլին։ Քինքլաձէի համար վճարեցին 1 միլիոն խորհրդային ռուբլի։ 17 Սեպտեմբեր 1992-ին ան առաջին անգամ խաղաց Վրաստանի հաւաքականի կազմին մէջ Ազրբէյճանի հաւաքականի դէմ[10]:
«Տինամոյի» մէջ հանդէս գալու իսկ առաջին տարին Քինքլաձէն յաղթեց Վրատանի ֆութպոլի առաջնութիւնը եւ Վրաստանի բաժակը՝ ստաալով նաեւ Վրաստանի լաւագոյն խաղացողի կոչումը։ Սակայն Վրաստանին մէջ ընթացող քաղաքացիական պատերազմի պատճառով 1993 թուականին «Տինամօ Թիֆլիս»-ի ղեկավարութիւնը որոշեց իր ֆութպոլիստներոպն հնարաւորութիւն տալ առաւել կայուն պայմաններու մէջ խաղալ, այդ իսկ պատճառով վարձավճարով իրենց ուղարկեց տարբեր արտասահմանեան ակումբներ[11]:
1994 թուականի սկիզբը Քինքլաձէն վարձավճարով տեղափոխուեցաւ 2-րդ Պունտեսլիկա՝ «Սաարպրիւքեն»[12]: Գերմանիոյ առաջին խաղը տեղի ունեցաւ 4 Մարտ-ին «Թենիս Պորուսիա»ի դէմ։ Սակայն ամբողջական խաղեր ան հազուադէպ կ'ունենար, իսկ հանդիպումներէն մէկուն ժամանակ («Հերտայի» դէմ) հեռացուեցաւ խաղադաշտէն։
1994 թուականի կէսերուն ան վերադարձաւ «Տինամօ»: Որոշ ժամանակ ետք ակումբի նախագահ Մերապ Ժորտանիան պայմանաւորուեցաւ Քինքլաձէի վարձակալման մասին սպանական «Աթլեթիկոյի» հետ £ 200 հազարով։ Մատրիտեան ակումբին մէջ ցուցադրութեան ժամանակ իրեն նկատեցին 1Պոկա Խունիորս» ակումբի սկաուտները եւ առաջարկեցին հանդէս գալ Արժանթինի մէջ։ Մէկ ամիս ան խաղաց «Պոկա»-ի կազմին մէջ, սակայն ֆութպոլիստի պայմանագիրը այնպէս ալ չգնուեցաւ։ Արժանթինէն մնացած միակ լաւ տպաւորութիւնը, ըստ Քինքլաձէի, իր մանկութեան կուռք Տիէկօ Մարատոնայի հետ հանդիպումն էր[13]: Բայց Մարատոնան էր Կինկլաձեի հիմնական մրցակիցը հիմնական կազմին մէջ տեղ գտնելու համար։
Շուտով Քինքլաձէն վերադարձաւ Սպանիա, ուր իրեն հրաւիրեցին «Ռէալ Մատրիտ» ակումբ՝ դիտարկելու անոր կարողութիւնները։ Սպանացիներու գլխաւոր մարզիչ Խորխէ Վալտանոն երկշաբաթեայ մարզումներու արդիւնքին մէջ առաջարկեցին իրեն հանդէս գալ երկրորդ խումբին մէջ։ Շուտով ֆութպոլիստին այցելեց Մերապ Ժորտանիան եւ խնդրեց իրմէ վերադառնալ Վրաստան, որպէսզի զօրացնէր «Տինամոյի» կազմը։ Իր հերթին, մրցաշրջանի արդիւնքներով՝ ան խոստացաւ օգնել Եւրոպայի մէջ աշխատատեղ գտնելու համար։
«Մանչեսթըր Սիթի»
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1994-95 մրցաշրջանին շնորհիւ Վրաստանի հաւաքականին խաղացած խաղերուն՝ Քինքլաձէն ճանաչում ստացաւ, սակայն, որոշակի գործողութիւններ ձեռնարկեց միայն «Մանչեսթըր Սիթիի» նախագահ Ֆրենսիս Լին։ Ան եւ համաձայնուեցաւ Մերապ Ժորտանիայի հետ ֆութպոլիստի՝ Անգլիա տեղափոխման մասին 1995-96 մրցաշրջանին[14]: 15 Յուլիս 1995-ին կը կնքուի պայմանագիրը (պայմանագրի գինը՝ £ 2 միլիոն)[15]:
«Քաղաքայիններու» կազմին առաջին խաղը Քինքլաձէն խաղաց 19 Օգոստոս 1995-ին «Թոթենհեմ Հոտսպուրի» դէմ[16]: 1995-96 մրցաշրջանին Ալան Պոլի խումբին սկիզբը անյաջողութիւններ կը հետեւէին. առաջին երեք ամիսներուն անոնք չէին կրնար յաղթել եւ ոչ մէկ խաղի։ Չնայած այդ փաստին՝ Քինքլաձէն արագօրէն դարձաւ խումբի առանցքային խաղացողներէն մէկը։ Այդ մրցաշրջանի խաղերու առաջին յաղթանակը խումբը տարաւ «Ասթոն Վիլլայի» դէմ խաղին։ Յաղթանակը խումբին բերաւ Քինքլաձէն՝ Նիլ Քինի հետ պատ խաղարկելով[17]:
«Մանչեսթըր Սիթի» տեղափոխուելէ անմիջապէս ետք Կէորկին կը գտնուէր որոշակիօրէն անյարմար իրադրութեան մէջ. ան ստիպուած էր բնակիլ հիւրանոցին մէջ, իսկ անգլերէն ան այնքան ալ լաւ չէր խօսեր։ Որպէս Քինքլաձէին աջակցութիւն՝ Մանչեսթըր տեղափոխուեցաւ իր մայրը[18]: Այդ ժամանակ խումբը կը պատրաստուէր «Միտլսպրոյի» դէմ խաղին (Դեկտեմբեր 1995), Քինքլաձէի համար խաղը իւրատեսակ մենամարտ էր Ժունինիօ Փաուլիստայի դէմ։ Քինքլաձէն իր առաջին կոլը հեղինակեց, սակայն վերջին հաշուով խաղը աարտեցաւ 4:1 հաշուով՝ յօգուտ «Միտլսպրոյի»[19]: Յաղթող խումբի երկրպագուները Կէորկին կ'անուանեն «մրցակիցներու լաւագոյն խաղացող այդ մրցաշրջանի»[20]: Շատերու կողմէ Քինքլաձէն կ'ընդունուէր որպէս խումբի առաջնորդ.
Չյարմարուած Ռիոսլըրի դիմաց Քինքլաձէն էր, որ արագօրէն դարձաւ երկրպագուներու սիրելին, որոնք իրեն անհրաժեշտ է[21]: |
1996 թուականի Մարտին Քինքլաձէն հիանալի կոլի հեղինակ դարձաւ «Սաութհեմփթընի» դէմ խաղին. անցաւ 5 խաղացողի եւ գնդակը ուղարկեց ցանցի մէջ՝ դարպասապահ Տեյվ Պիսանթի կողքով[15][22]: Մրցաշրջանի վերջը Քինքլաձէի խաղընկերը դարձաւ «Տինամոյի» եւս մէկ խաղացող՝ Միխայիլ Քաւելաշվիլին։
Փրիմիեր լիկայի մէջ «Մանչեսթըր Սիթիի» ճակատագիրը կ'որոշուէր «Լիւըրփուլի» դէմ վերջին խաղին։ Քինքլաձէն եւ խաղընկերները կը կարծէին, որ «Լիւերփուլը» աւելի պաշտպանական ֆութպոլ կը խաղայ՝ խնայելով ուժերը եկող շաբաթուան Անգլիոյ բաժակի եզրափակիչ՝ «Մանչեսթըր Եունայթըտի» դէմ խաղի համար։ «Մանչեսթըր Սիթի» ֆութպոլիստներու յոյսերը ամրապնդուեցան նաեւ այն փաստով, որ «Լիւերփուլը» վերջին հանգրուանին ապահոված էր առաջնութեան երրորդ դիրքը։ Սակայն արդէն առաջին խաղակէսին 10-րդ վայրկեանին «քաղաքայինները» կը պարտուէին 0:2 հաշուով։ Միայն 70-րդ վայրկեանին Քավելաշվիլիի՝ խաղադաշտ դուրս գալէն ետք «Մանչեսթըր Սիթին» կարողացաւ հաւասարեցնել հաշիւը[23], սակայն յաղթական կոլի հեղինակ չկարողացաւ դառնալ խումբերէն եւ ոչ ոք։ Արդիւնքին մէջ, «Մանչեսթըր Սիթին» անցաւ Առաջին բաժին, ինչպէս կը գնահատէր ինքը Քինքլաձէն, մեծաւ մասամբ ոչ համակարգուած ըլլալու պատճառով։ Առաջին բաժինին մէջ Քինքլաձէն մտադիր չէր խաղալ, սակայն մնաց խումբին մէջ եւ խաղաց 1996-97 մրցաշրջանին եւս։
«Մանչեսթըր Սիթիի» մէջ Քինքլաձէն երկու տարի շարունակ նուաճեց «Տարուան խաղացող» տիտղոսը[24]: Առաջին անգլիական լիկայի որոշ ժամանակ իր ակումբակիցներն էին Մուրթազ Շելիան եւ Կախապեր Ցխատաձէն։
«Մանչեսթըր Սիթիի» կազմին վերջին մրցաշրջանը Քինքլաձէի համար մթագնեց սրունքի վնասուածքի պատճառով, որ ան ստացաւ Վրաստանի հաւաքականի խաղերէն մէկուն ժամանակ։ Կէորկին ստիպուած էր երկար ժամանակ բուժուիլ։ 1997-98 մրցաշրջանի արդիւնքներով ակումբը անցաւ 2-րդ լիկա, եւ ղեկավարութիւնը որոշեց թանկարժէք ֆութպոլիստի վաճառել[25]:
«Այաքս»
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1998 թուականին Կէորկի Քինքլաձէին վաճառեցին «Այաքս» ակումբին 5 միլիոն ֆունտով։ Նիտերլանտական իրեն ակումբ հրաւիրած էր «Այաքսի» գլխաւոր մարզիչ Մորթեն Օլսենը։ Ան Քինքլաձէին կը տեսնէր Եարի Լիտմանենի փոխարէն, որ միջմրցաշրջանային փուլին պէտք է տեղափոխուեր «Պարսելոնա»: Քինքլաձէն տեղափոխուելու համաձայնութիւն տուաւ, սակայն իր՝ Ամսթըրտամ ժամանելէ ետք այնպէս եղաւ, որ Լիթմանենի տեղափոխութիւնը չկայացաւ։ Արդիւնքին, Օլսենը սկսաւ փորձել Նիկլաձէին ձախ եզրին։ Սակայն ֆութպոլիստը չկարողացաւ իր խաղը վերակառուցել այդ եզրին եւ շուտով դուրս մնաց հիմնական կազմէն[26]: Նիտերլանտական ակումբի կազմին մէջ Կէորկին ընդամէնը 12 խաղ խաղաց, որմէ ետք վարձավճարով վերադարձաւ Անգլիա[27][28]:
«Տերպի Քաունթի»
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սկսած 1999 թուականի Նոյեմբերէն՝ Քինքլաձէն սկսաւ հանդէս գալ «Տերպիի» մէջ, ուր վարձավճարով տեղափոխուեցաւ «Այաքսէն»[29]: 2000 թուականի Ապրիլի իրեն վերջնականապէս վաճառեցին «Տերպի»-ին $4,5 միլիոնով[30][31]:
2000 թուականի Յուլիսի վերջը իրեն վիրահատեցին՝ հեռացնելով մէջքի ճողուածքը։ Ատոր պատճառով Քինքլաձէն ստիպուած էր կորսնցնել խումբի մինչմրցաշրջանային պատրաստութիւնը։ Չնայած ատոր՝ ան յաջողութեամբ սկսաւ 2000-01 մրցաշրջանը. 7-րդ հանգրուանին շնորհիւ վրացի ֆութպոլիստի՝ «Տերպին», որ մնացած էր տասը հոգիով, կարողացավ «Լիտսէն» ոչ ոքի խլել[32]: Հետագային հիմնական վնասուածքներու պատճառով Քինքալձէն չկարողացաւ իր բարձր մարզավիճակը պահպանել։ Արդիւնքին, «The Guardian»-ը ֆութպոլիստին անուանեց «Տերպիի» կազմին մրցաշրջանի գլխապոր հիասթափութիւն[33]:
«Տերպիի» մէջ ան մնաց չորս տարի (գրեթէ 100 խաղ)։ 2002-03 մրցաշրջանի աւարտէն ետք ակումբը առաջարկեց ֆութպոլիստին փոխել պայմանագրի պայմանները, մասնաւորապէս՝ կրճատել աշխատավարձը երեք անգամ, որ կը բացատրուէր անով, որ ակումբը բազում պարտքեր ունէր։ Արդիւնքին, Քինքլաձէն որոշեց հեռանալ ակումբէն[34]:
2003-04 մրցաշրջանը ան անցուց՝ նոր ակումբ փնտրելով, սակայն այդպէս ալ չգտաւ[35][36][37]:
«Անորթոսիս»
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]2004-05 մրցաշրջանին Քինքլաձէն կը խաղար կիպրական «Անորթոսիսի մէջ», որուն գլխավոր մարզիչը «Տինամոյի» եւ Վրաստանի հաւաքականի իր նախկին խաղընկեր Թեմուրի Քեցպայան էր[38]: Այդ մրցաշրջանի արդիւնքներով՝ ան նուաճեց առաջնութեան ոսկիէ մետալը։
«Անորտոսիսի» հետ ան սկսաւ նաեւ նոր 2005-06 մրցաշրջանը, մասնակցեցաւ Չեմպիոններու լիկայի նախընտրական փուլին եւ Կիպրոսի Սուպրեբաժակի խաղին[39]: Սակայն Կիպրոսի առաջնութեան անմիջապէս սկիզբէն լքեց ակումբը։
«Ռուպին»
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]2005 թուականի Օգոստոսի վերջին Քինքլաձէն յայտնուեցաւ ռուսական «Ռուպին» ակումբին մէջ[40], որուն հետ պայմանագիր կնքեց մինչեւ մրցաշրջանի աւարտ։ Նոր ակումբին մէջ ան յաջողութեամբ անցուց տարուան երկրորդ կէսը[41] եւ դարձաւ Ռուսաստանի առաջնութեան 2005 թուականի լաւագոյն կիսապաշտպաններէն մէկը[42], որուն շնորհիւ պայմանագիրը երկարաձգուեցաւ եւս մէկ տարի։ Սակայն նոր մրցաշրջանին ան գրեթէ չխաղաց, ժամանակի մեծ մասը Քինքլաձէն կը բուժէր իր վնասուածքը։ 2006 թուականի մրցաշրջանի վերջը աւարտեցաւ նաեւ պայմանագիրի ժամնկէտը, որ խումբի ղեկավարութիւնը հրաժարեց երկարաձգել[43]: Քինքլաձէն կը փորձէր վերադառնալ «Անորթոսիս», սակայն անոր բոլոր փորձերը ի զուր էին։ Շուտով ան աւարտեց իր ասպարեզը։
Ելոյթները Վրաստանի Ազգային Հաւաքականի Կազմին Մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Քինքլաձէն հաւաքականի կազմին մէջ իր առաջին խաղը խաղացած է 17 Սեպտեմբեր 1992-ին Ազրպէյճանի դէմ խաղին։ 1994 թուականի Սեպտեմբերին Քինքլաձէին հրաւիրեցին հաւաքական՝ մասնակցելու Մոլտովայի հաւաքականի դէմ խաղին Թիֆլիսի մէջ։ Քինքլաձէի խաղը սեւեռեց իտալական ակումբներու ուշադրութիւնը, ուր տեղի մամուլը զայն անուանեց «Սեւծովեան գետ», բայց Քինքլաձէն ոչ մէկ միաձոյլ առաջարկ չէր ստանար ակումբներէն։ Այդքան տեւեց մինչ այն ժամանակը, երբ «Մանչեսթըր Սիթիի» տնօրէն Ֆրենսիս Լին չտեսաւ իր խաղի ձայնագրութիւնը։ Ան բանակցութիւններ սկսաւ փոխանակութեան մասին՝ կապուելով Մերապ Ժորտանիայի հետ եւ առաջարկելով Քինքլաձէի փոխանակութիւնը «Սիթի»[44]:
Ճիշդ երկու ամիս ետք Քինքլաձէն Ուելսի հաւաքականի դէմ երկու լաւ խաղ խաղաց։ Ուլեսի դարպասը Քինքլաձէն իր առաջին կոլը հեղինակեց հաւաքականի կազմին մէջ, Վրաստանը յաղթեց 5:0 հաշուով տնային խաղին[45]: Պատասխան խաղին «Քարտիֆ Արմ Պարկիի» մէջ մի քանի ակումբներու սկաուտներ տեսան Քինքլաձէի կոլը 18 մեթրէն։
1996 թուականին տեղի ունեցած Եւրոպայի ֆութպոլի առաջնութեան նախընտրական փուլին Քինքլաձէն 11-մեթրանոցէն կոլի հեղինակ դարձաւ Պուլկարիոյ հաւաքականի դէմ խաղին ընթացքին, իր խումբը յաղթեց 2:1 հաշուով[46]:
1998 թուականի Ֆութպոլի Աշխարհի առաջնութեան նախընտրական փուլին Քինքլաձէն իր երկրորդ կոլի հեղինակը դարձաւ Մոլտովայի դէմ խաղին ընթացքին եւ հաղթանակ բերաւ իր խումբին՝ 2:0 հաշուով[47]:
Քինքլաձէն իր երրորդ կոլի հեղինակը դարձաւ Լաթւիոյ հաւաքականի դէմ խաղին ընթացքին 2002 թուականի Աշխարհի առանջութեան նախընտրական փուլին, ուր իր խումբը յաղթանակ տարաւ 4:0 հաշուով[48]:
Հաւաքականի կազմին իր վերջին խաղը Կէորկի Քինքլաձէն խաղաց 2005 թուականին։
Խաղաոճ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Քինքլաձէն կը խաղար խաղարկող կիսապաշտպանի դիրքին վրայ։ Որպէս կանոն, ան կը խաղար միւս կիսապաշտպաններէն առաջ։ Անոր հինական դերը կոլային պահերու ստեղծումն էր, ան ստեղծագործ ֆութպոլիստ էր։ Տրիպլինկի ունակութիւնը կը դիտարկուէր որպէս Քինքլաձէի ուժեղագոյն կարողութիւններէն մէկը[49][50]:
Քինքլաձէի խաղին թոյլ կէտը պաշտպանութիւնն էր։ Ան չէր ցանկանար փոխուիլ, որ մարզիչներու դժգոհութիւն կ'առաջացնէր։ Թերութիւնները շտկելու ցանկութեան բացակայութեան պատճառով «Մանչեսթըր Սիթիի» մարզիչ Ճօ Ռոյլը սկսաւ նրա առաւել հազուադէպ հիմնական կազմին մէջ ընդգրկել[51]:
Առանձին դէպքերու Քինքլաձէն կը խաղար երկրորդ յարձակողական դիրքի վրայ՝ առաւել քիչ դիրքային ծանրաբեռնուածութեամբ։ Նման կերպարով Քինքլաձէն կը խաղար «Մանչեսթըր Սիթիի» մէջ Ֆրենք Քլարքի ղեկավարութեամբ[52], իսկ «Տերպի Քաունթիի» մէջ՝ Ֆապրիցիօ Ռաւանելիի ղեկավարութեամբ[53]: Չնայած անոր, որ ինք ձախլիկ է, վատ կը խաղար ձախ եզրին մրայ, եւ հանրութեան առջեւ խօսելու ժամանակ նշած էր, որ չի սիրեր այդ դիրքին վրայ խաղալ։
Վիճակագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ակումբային Ասպարեզին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ակումբ | Մրցաշրջան | Մրցաշարքեր | Խաղեր | Կոլեր | ||
---|---|---|---|---|---|---|
Մրեթեպի Թիֆլիս | 1990 | Վրաստանի ֆութպոլի երկրորդ լիկա | 34 | 8 | ||
1991 | Վրաստանի ֆութպոլի առաջին լիկա | 16 | 1 | |||
Տինամօ | 1992-93 | Վրաստանի ֆութպոլի առաջնութիւն | 30 | 14 | ||
1993-94 | Վրաստանի ֆութպոլի առաջնութիւն | 14 | 13 | |||
Սաարպրիւքեն | 1993-94 | Երկրորդ Պունտեսլիկա | 11 | 0 | ||
Պոկա Խունիորս | 1994 | Արժանթինի ֆութպոլի առաջնութիւն | 3 | 0 | ||
Տինամօ | 1994-95 | Վրաստանի ֆութպոլի առաջնութիւն | 21 | 14 | ||
Մանչեսթըր Սիթի | 1995-96 | Փրիմիեր Լիկա | 37 | 4 | ||
1996-97 | Առաջին բաժին | 39 | 12 | |||
1997-98 | Առաջին բաժին | 30 | 4 | |||
Այաքս | 1998-99 | Նիտերլանտներու ֆութպոլի բարձրագոյն բաժին | 12 | 0 | ||
Տերպի Քաունթի | 1999-2000 | Փրիմիեր Լիկա | 18 | 1 | 2 | 0 |
Անորթոսիս | 2004-05 | Կիպրոսի ֆութպոլի առաջնութիւն | 22 | 2 | ||
Ռուպին | 2005 | Ռուսաստանի ֆութպոլի առաջնութիւն | 9 | 2 | 1 | 0 |
2005-06 | Ռուսաստանի բաժակ | 1 | 0 | 0 | 0 | |
2006 | Ռուսաստանի ֆութպոլի առաջնութիւն | 4 | 0 | 0 | 0 | |
2006-07 | ՈՒԵՖԱ բաժակ որակաւորում | 1 | 0 | 0 | 0 | |
Ընդամէնը | 15 | 3 | 1 | 0 |
Միջազգային Ասպարեզ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծանօթագրութիւն. Շեղ գիծէն ետք թիւը Վրաստանի ազգային հաւաքականի խաղերու ընդհանուր թիւն է՝ խաղացած այդ տարուան ընթացքին:
Ազգային հաւաքական | Տարեթիւ | Տեղի ունեցած հանդիպումներ | Կոլերու թիւ | ||
---|---|---|---|---|---|
Վրաստան | 1992 | 1/3 | 0 | 0 | 0 |
1993 | 0/1 | 0 | 0 | 0 | |
1994 | 10/11 | 1 | 1 | 0 | |
1995 | 5/6 | 2 | 0 | 0 | |
1996 | 6/8 | 1 | 0 | 0 | |
1997 | 6/7 | 2 | 1 | 1 | |
1998 | 8/11 | 1 | 0 | 0 | |
1999 | 1/8 | 0 | 0 | 0 | |
2000 | 5/10 | 2 | 0 | 0 | |
2001 | 6/10 | 0 | 0 | 0 | |
2002 | 3/4 | 0 | 0 | 0 | |
2003 | 2/8 | 0 | 0 | 0 | |
2004 | 3/9 | 0 | 0 | 0 | |
2005 | 1/11 | 0 | 0 | 0 | |
Ընդամէնը | 57 | 9 | 2 | 1 |
Կոլերը Միջազգային Խաղերու
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը](սկիզբը նշուած են Վրաստանի հաւաքականի կազմին խփած կոլերը)
№ | Տարեթիւ | Տեղի ունեցած վայրը | Մրցակից | Հաշիւը առաջին խաղակէսէն ետք |
Վերջնական արդիւնք | Մրցաշար | Ծանօթագրութիւն |
---|---|---|---|---|---|---|---|
1 | 16 Նոյեմբեր 1994 | Թիֆլիս, Վրաստան | Կաղապար:Դրօշաւորում/Ուելս | 2:0 | 5:0 | 1996 թուականի Եւրոպայի առաջնութեան նախընտրական փուլ | |
2 | 7 Յունիս 1995 | Քարտիֆ, Ուելս | Կաղապար:Դրօշաւորում/Ուելս | 1:0 | 1:0 | 1996 թուականի Եւրոպայի առաջնութեան որակաւորման փուլ | |
3 | 11 Հոկտեմբեր 1995 | Թիֆլիս, Վրաստան | Կաղապար:Դրօշաւորում/Պուլղարիա | 2:0 | 2:1 | 1996 թուականի Եւրոպայի առաջնութեան նախընտրական փուլ | 11-մեթրանոց |
4 | 29 Մարտ 1997 | Թիֆլիս, Վրաստան | Հայաստան | 2:0 | 7:0 | Բարեկամական խաղ | 11-մեթրանոց |
5 | 7 Յունիս 1997 | Պաթում, Վրաստան | Կաղապար:Դրօշաւորում/Մոլդովա | 2:0 | 2:0 | 1998 թուականի Աշխարհի առաջնութեան նախընտրական փուլ | 11-մեթրանոց |
6 | 2 Մայիս 1998 | Սուս, Թունիզ | Կաղապար:Դրօշաւորում/Թունիս | 1:0 | 1:1 | Բարեկամական խաղ | |
7 | 29 Մարտ 2000 | Աշքելոն, Իսրայէլ | Կաղապար:Դրօշաւորում/Իսրայել | 1:0 | 1:1 | Բարեկամական խաղ | |
8 | 7 Հոկտեմբերի 2000 | Քաունաս, Լաթւիա | Կաղապար:Դրօշաւորում/Լիտվա | 3:0 | 4:0 | 2002 թուականի Աշխարհի առաջնութեան նախընտրական փուլ |
Նուաճումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ակումբային
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մրեթեպի Թիֆլիս
- Վրաստանի երկրորդ բաժին. 1991
Տինամօ Թիֆլիս
- Վրաստանի ֆութպոլի առաջնութիւն. 1992-93, 1993-94, 1994-95
- Վրաստանի բաժակ. 1992-93, 1994-95
Անորթոսիս
- Կիպրոսի ֆութպոլի առաջնութիւն. 2004-05
Անձնական
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Վրաստանի լաւագոյն ֆութպոլիստ. 1993, 1996
Անձնական Կեանք Եւ Տարիները Ասպարեզը Աւարտելէ Ետք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մեծ ֆութպոլի մէջ ելոյթները աւարտելէ ետք՝ Քինքլաձէն տեղափոխուեցաւ Թիֆլիս, ուր 2 տարի ֆութպոլէն դուրս մնաց։ Ապա տեղափոխւեցաւ Մոսկուա եւ իրեն համար առանձնատուն գնեց։ 2009 թուականի Սեպտեմբերին Վրաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի մէջ քննութիւններ յանձնելէ ետք պաշտօնապէս դարձած է ֆութպոլային գործակալ[54]:
Մինչեւ 9 Յունիս 2012 աշխատած է Կիպրոսի «Անորթոսիսիի» մէջ որպէս արհեստական տնօրէն, սակայն լաւ յարաբերութիւններ պահպանելու ղեկավարութեան հետ չեղաւ[55]:
2012 թուականի դրութեամբ աշխատած է որպէս գործակալ Կէորկի Կախոկիձէի հետ։ Քինքլաձէն ջերմ յարաբերութիւններ ունէր Մանչեսթըրի մէջ բնակող մի անգլիացի օրիորդի՝ Լուիզայի հետ։ Անոր որդի ունեցած են՝ Սապուն, որ կ'ապրի Անգլիոյ մէջ մօր հետ եւ նոյնպես կը զբաղի ֆութպոլով։ 2012 թուականի տուեալներով՝ ամուսնացած է ռուս Մարիաննայի հետ, որուն հետ ծանօթացած է 2005 թուականին Սանթ Փեթերսպուրկի ճաշարաններէն մէկուն մէջ «Զէնիթի» դէմ խաղին տարած յաղթանակէն ետք[56]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Kinkladze £5m Ajax move»։ BBC News (British Broadcasting Corporation)։ մայիսի 15, 1998։ արտագրուած է՝ օգոստոսի 4, 2008
- ↑ «'Gio is the best of the lot' – says Lee»։ Lancashire Evening Telegraph։ մարտի 1, 1996։ արտագրուած է՝ հունվարի 4, 2011
- ↑ «Kinkladze £5m Ajax move»։ BBC Sport։ 1998-05-15։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2023-07-22-ին։ արտագրուած է՝ 2008-08-04(անգլերէն)
- ↑ «'Gio is the best of the lot' - says Lee»։ Lancashire Evening Telegraph։ 1996-03-01։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-03-19-ին։ արտագրուած է՝ 2008-08-04
- ↑ «Kinky in Holland»։ BBC Sport։ 1998-04-01։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-03-19-ին։ արտագրուած է՝ 2008-08-04
- ↑ «Georgi Kinkladze's father robbed» (Russian)։ Sport Express։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-03-19-ին։ արտագրուած է՝ 2008-02-26
- ↑ Clayton David (2005)։ Kinkladze: The Perfect 10։ Manchester: Parrs Wood։ ISBN 1-903158-60-5 p. 26.
- ↑ Kinkladze: The Perfect 10. — p. 30.
- ↑ «Georgia 1991»։ Rec.Sport.Soccer Statistics Foundation։ արտագրուած է՝ 2011-07-02
- ↑ «Georgia – International Results»։ Rec.Sport.Soccer Statistics Foundation։ արտագրուած է՝ ապրիլի 8, 2008
- ↑ «Georgia 1992/1993»։ Rec.Sport.Soccer Statistics Foundation։ արտագրուած է՝ 2011-07-02
- ↑ Kinkladze: The Perfect 10., p. 32.
- ↑ Kinkladze: The Perfect 10. — p. 32-33.
- ↑ Kinkladze: The Perfect 10. — p. 35-36.
- ↑ 15,0 15,1 Clayton David (2002)։ Everything under the blue moon: the complete book of Manchester City FC - and more!։ Edinburgh: Mainstream publishing։ ISBN 1-84018-687-9 p.122
- ↑ James Gary (2006)։ Manchester City - The Complete Record։ Derby: Breedon։ ISBN 1-85983-512-0 p. 224-5
- ↑ Culley Jon (նոյեմբերի 26, 1995)։ «City on higher ground»։ The Independent on Sunday։ արտագրուած է՝ հունվարի 4, 2011
- ↑ Collins Roy (դեկտեմբերի 4, 1999)։ «Kinkladze back to his old tricks»։ The Guardian։ արտագրուած է՝ օգոստոսի 5, 2008
- ↑ Fox Norman (դեկտեմբերի 10, 1995)։ «Juninho up and running»։ The Independent on Sunday։ արտագրուած է՝ հունվարի 4, 2011
- ↑ Kinkladze: The Perfect 10., pp. 59-60.
- ↑ Blue Moon Rising, p. 101.
- ↑ Hadfield Dave (մարտի 17, 1996)։ «Kinkladze lifts City clear»։ The Independent on Sunday։ արտագրուած է՝ հունվարի 4, 2011
- ↑ Hodgson Guy (ապրիլի 27, 1998)։ «Lap of dishonour as City farce plays on»։ The Independent։ արխիւացուած բնօրինակէն 2007-12-10-ին։ արտագրուած է՝ օգոստոսի 5, 2008
- ↑ Baskcomb (ed.) Julian (1997)։ Manchester City F.C. Official Handbook 1997–98։ Leicester: Polar Print Group։ էջ 87
- ↑ «Գեորգի Կինկլաձե. 95 տոկոսով ես արդէն «Այաքսի» ֆութպոլիստ եմ»։ sport-express։ 3 Նոյեմբեր 1998։ արտագրուած է՝ 19 Դեկտեմբեր 2013
- ↑ Smith Dave (դեկտեմբերի 5, 1999)։ «Kinky: Jim saved me from Ajax agony»։ The Sunday Mirror
- ↑ Hunter Graham (հունվարի 14, 1999)։ «Kinkladze on his way in Ajax clearout»։ Daily Mail։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-11-06-ին։ արտագրուած է՝ հունիսի 29, 2011
- ↑ «Derby pray for second coming of Kinkladze»։ The Independent։ դեկտեմբերի 28, 1999։ արտագրուած է՝ օգոստոսի 5, 2008
- ↑ Staniforth Tommy (նոյեմբերի 2, 1999)։ «Football: Kinkladze returns to Premiership in Derby loan deal»։ The Independent։ արտագրուած է՝ հունվարի 5, 2011
- ↑ «Derby aim for survival»։ BBC Sport։ օգոստոսի 13, 2000։ արտագրուած է՝ օգոստոսի 5, 2008
- ↑ «Derby snap up £3.5m Earnshaw»։ The Guardian։ հունիսի 29, 2007։ արտագրուած է՝ օգոստոսի 5, 2008
- ↑ Taylor Daniel (սեպտեմբերի 25, 2000)։ «Kinky silences mob»։ The Guardian։ արտագրուած է՝ հունվարի 5, 2011
- ↑ «Գլխավոր ինտրիգը մահացավ դեկտեմբերին»։ sport-express։ հունիսի 26, 2001։ արտագրուած է՝ դեկտեմբերի 19, 2013
- ↑ «Kinkladze departs Derby»։ BBC Sport։ հունիսի 20, 2003։ արտագրուած է՝ հունվարի 5, 2011
- ↑ «Dundee end Kinkladze bid»։ BBC Sport։ սեպտեմբերի 23, 2003։ արտագրուած է՝ օգոստոսի 5, 2008
- ↑ Lomax Andrew (հունիսի 24, 2003)։ «Kinkladze keen on Celtic move»։ The Daily Telegraph։ արտագրուած է՝ հոկտեմբերի 21, 2007
- ↑ «Kinkladze on show for Leeds»։ BBC։ հունվարի 15, 2004։ արտագրուած է՝ օգոստոսի 5, 2008
- ↑ Brennan Dan (հունվարի 6, 2006)։ «Kinkladze reborn at Rubin»։ Union of European Football Associations։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2008-05-26-ին։ արտագրուած է՝ հունվարի 5, 2011
- ↑ «Սուպերգավաթ: Կիպրոս: Անորտոսիս-Օմոնիա, 2:2 (4:5)»։ sport-express։ հոկտեմբերի 20, 2004։ արտագրուած է՝ հունվարի 5, 2011
- ↑ «Kinkladze is leaving Rubin»։ Sport Express։ արտագրուած է՝ մարտի 20, 2008
- ↑ «Ռուսաստանի առաջնություն: Պրեմիեր լիգա: Մրցաշրջանի արդյունքներ»։ Sport Express։ դեկտեմբերի 23, 2005։ արտագրուած է՝ դեկտեմբերի 19, 2013
- ↑ «Лучший ассистент»։ Sport Express։ դեկտեմբերի 24, 2005։ արտագրուած է՝ դեկտեմբերի 19, 2013
- ↑ «Կինկլաձեն լքում է «Ռուբինը»»։ Sport Express։ մայիսի 12, 2006։ արտագրուած է՝ դեկտեմբերի 19, 2013
- ↑ Kinkladze: The Perfect 10., p. 35-36.
- ↑ Kinkladze: The Perfect 10?, p. 35-36.
- ↑ «European Championship 1996 – Qualifiers – Georgia v Bulgaria»։ Scoreshelf։ արտագրուած է՝ Կաղապար:Start date
- ↑ «World Cup 1998 – Qualifiers – Georgia v Moldova»։ Scoreshelf։ արտագրուած է՝ Կաղապար:Start date
- ↑ «World Cup 2002 – Qualifiers – Georgia v Lithuania»։ Scoreshelf։ արտագրուած է՝ Կաղապար:Start date
- ↑ Bailey Chris (դեկտեմբերի 31, 2002)։ «The modern great – Georgi Kinkladze»։ Manchester Evening News։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010-12-15-ին։ արտագրուած է՝ հունվարի 5, 2011
- ↑ «Georgi Kinkladze»։ Sports Illustrated։ CNN։ նոյեմբերի 1, 2001։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-06-29-ին։ արտագրուած է՝ հունվարի 26, 2008
- ↑ Blue Moon Rising, p. 158.
- ↑ Blue Moon Rising, p. 145.
- ↑ Ashdown John (ապրիլի 14, 2003)։ «Burley makes revival points»։ The Guardian։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2008-05-12-ին։ արտագրուած է՝ հունվարի 26, 2008
- ↑ «Փոխանցում արտասահմանից. Վրաստան»։ Sport Express։ հոկտեմբերի 28, 2009։ արտագրուած է՝ 2013-12-19
- ↑ «Τεχνικός Διευθυντής ο Γκεόργκι Κινκλάντζε»։ anorthosis.com։ 20/08/2011։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-12-16-ին։ արտագրուած է՝ 2016-04-29
- ↑ «Գեորգի Կինկլաձե. «Ո՞տքդ ջարդեմ, թե՞ քիթդ» — հարցրեց Վինի Ջոնսը»։ Sport Express։ դեկտեմբերի 7, 2012։ արտագրուած է՝ 2013-12-19