Jump to content

Կարմիր (գոյն)

Կարմիր
Գունային կոորդինատներ
Hex եռյակ #FF0000
sRGBB  (rgb) (255, 0, 0)
B: Նորմալիզացված՝ [0–255] (բայթ)

Կարմիր[1], լոյսի երեք հիմնական (կարմիր, կանաչ, կապոյտ անգլերէն՝ RGB ) գոյներէն մին: Կը գտնուի տէսանելի լոյսի ալիքներու երկարութեան 625÷760 նանոմեթր տիրոյթին մէջ: Աւելի երկար ալիքները կը կոչուին ինֆրակարմիր, որոնք անտեսանելի են մարդու աչքին, այլ կը յայտնաբերուին ջերմազգաց մասնաւոր գործիքներու օգնութեամբ։

Լոնտոնին մէջ գործող հանրակառքերու եւ հեռախօսի խցիկներու գոյներն աւանդաբար կարմիր են
Հայաստանին մէջ ապրող եազիտներու դրօշը

Կարմիր Գոյնի Նշանակութիւնները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Վտանգ, զգուշացում եւ մերժում կը նշանակէ։
  • Կարմիր նշանը երթեւեկի կանոններուն մէջ կը նշանակէ առաջ երթալու արգելք։
  • Կարմիր գոյնը կառավարական եւ զինուորական կանոններուն մէջ կը նշանակէ հրամանի կարեւորութիւնը եւ ուժգնութիւնը:
Երթեւեկի կանոններու արգելող նշանները կարմիր են
  • Աւարայրի Ճակատամարտի հերոս Վարդան Մամիկոնեանը ստացած է «Կարմիր Վարդան» անունը
  • «Կարմիր Գիրքը» կը պատմէ չքանալ սպառնացող կենդանիներու եւ բոյսերու մասին:
  • Օրացոյցին մէջ կարմիր գոյնով կը նշուին տօնական եւ գործէ ազատ օրերը:
  • Ուիքիփետիայի մէջ կարմիրով կը նշուին տակաւին չգրուած յօդուածները
  • «Կարմիր Խաչը» կամաւոր ընկերութիւններ են, որոնք պատերազմի ժամանակ կը կազմակերպեն օգնութիւն ռազմագերիներուն, վիրաւոր եւ հիւանդ ռազմիկներուն, խաղաղութեան ատեն ալ՝ բնական աղէտներէն տուժածներուն եւ տարփոխիկ հիւանդութիւններ ունեցողներուն։
  • Կարմիրը հրշէջներու գոյնն է՝ կարմիր են հրշէջ կառքերը:
  • Կարմիրով կը նշուին տաք ջուրի ծորակները
  • Կարմրուկը երեխաներու տարփոխիկ հիւանդութիւն մըն է
  • Երեւանին' մէջ կարմիրով գծանշուած են վճարովի կայանատեղիներու եզրագիծերը
  • Զգուշացման համար կարմիր են պայթիւնավտանգ կազերու՝ մէթանի եւ փրոփանի անօթները
  • Կարմիր է Հռոմի կաթողիկէ եկեղեցւոյ քարտինալներու հանդերձանքը: Վերջինիս նմանութեամբ ծագած է քարտինալ թռչունի տեսակին անունը:
  • «Կարմիր մոլորակ» անունը կը տրուի Հրատին՝ գոյնին պատճառաւ
  • «Կարմիր բանակը» ռուս յեղափոխական բանակին անունն է, որ պաշտօնական կը մնայ մինչեւ 1946։
Որդան կարմիր
#960018

Որդան կարմիրը (անգլերէն՝ Carmine) Միջին Դարու Հայաստանի մէջ տարածում գտած յայտնի ներկանիւթ մըն է, որ կը պատրաստէին Porphyrophora hamelii միջատներէ եւ կ'օգտագործէին գորգեր եւ գործուածքներ, կերպասներ ներկելու, նաեւ՝ ձեռագիր մագաղաթներ պատկերազարդելու համար:

Կարմիրին Երանգները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Գարմին (նոյն՝ Որդան կարմիրն է)
  • Վարդագոյն
  • Բոսոր
  • կաս-կարմիր կ'ըսուի դարբինի քուրային մէջ շիկացուած եւ կարմրած երկաթի կտորին
    • Ասոյթներ՝
      • Դեղձերն իրար նայելով կը կարմրին
      • Տանձին կ'ըսեն հասաւ, խնձորին՝ կարմրաւ
      • Կարմիր կովն իր կաշին չի փոխեր
  • Նէրքին Կարմիրաղբիւր՝ գիւղ Տաւուշի մարզին մէջ, Երեւանէն 192 ք.մ. հեռու
  • Կարմիր Աղէկ՝ գիւղ Լոռիի մարզին մէջ, Ձորագետի ձախ ափուն
  • Կարմիր ծով (արաբերէն՝ البحر الأحمر‎ Պահր էլ Ահմար եբր.՝ ים סוףֆրանսերէն՝ Mer Rouge Մէր Ռուժ)` Հնդկական Ովկիանոսին ներքին ծով մը, որ կը գտնուի Արաբական թերակղզիի եւ Ափրիկէ մայր ցամաքին միջեւ:
  • Կարմրաւորը եկեղեցի մըն է Աշտարակ քաղաքին մէջ
  • Հայկական մականուն՝ Կարմիր-Մօրուքեան, Կարմիրեան

Կարմիրը բնութեան մէջ տարածուած գոյներէն է՝ հասուն պտուղներու եւ հատապտուղներու, նաեւ՝ ծաղիկներու, որ իրենց գոյնին շնորհիւ կը գրաւեն փոշեցան մեղուներուն ուշադրութիւնը: Սունկերը կարմիր գոյնով կ'ազդարարեն, որ իրենք թունաւոր են:

Երկիրներու Դրօշակներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կարմիրը կարգ մը երկիրներու դրօշակներու հիմնական գոյնն է՝

Յեղափոխութեան Գոյն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կարմիրը կը համարուի ընկերվարական յեղափոխութիւններու, շարժումներու եւ կուսակցութիւններու գոյն: Ընկերվարութիւն դաւանող երկիրներու դրօշակները կարմիր գոյն ունին՝

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]