Jump to content

Խեթական Պետութիւն

Հին արեւելք. Միկենեան մշակոյթը, Հին Եգիպտոսը, Խեթերու պետութիւնը եւ Ասսուրը (Ասորեստանը)

Խեթական Պետութիւն, Խատտի, Հաթի, հնագոյն պետութիւն Փոքր Ասիոյի մէջ։

Ստեղծուած է շուրջ Ք․Ա. 18-րդ դարու առաջին կէսին, երբ Կուսսարա քաղաքին առաջնորդ Անիտտան միաւորած է խեթերու քաղաք-պետութիւններ, գրաւած է Նեսան, Հատտուսան եւ այլն։ Ք․Ա․ 18-րդ դարու երկրորդ կէսին Լաբառնա (Թաբառնա) դարձած է թագաւոր (Թուդխալիա Ա.) եւ սկզբնաւորած խեթական պետութիւնը (Հին Թագաւորութիւն, Ք․Ա․ 18-րդ-17-րդ դարեր)։ Անոր անունը հետագային դարձած է խեթ թագաւորներուն տիտղոսը։

Խեթական պետութիւնը ընդգրկած է մօտաւորապէս Հալիս գետին աւազանը։

Խեթական կայսրութիւնը կուլ տուած է Միտանիի թագաւորութիւնը, իշխած է Հիւսիսային Սուրիոյ, իր գաղութներուն վերածած է Փոքր Ասիոյ ծայրամասերը եւ մրցակցած՝ Եգիպտոսի հետ։

Խեթերու գաղութարար եւ նուաճողական քաղաքականութիւնը բնորոշ էր անով, որ անոնք կը ձգտէին տարածքային հակամարտութիւններ լուծել ոչ միայն ռազմական յաղթանակներու հաշւոյն, այլեւ՝ դիւանագիտութեան շնորհիւ։ Համաձայնագիրերու կնքման շնորհիւ հարեւան երկիրներու վերնախաւերուն հետ, կայսրութեան միացած են Ալալախը եւ Խալպան, Թարխունտասան եւ Կարքեմիշը։

Խատտուսիլի Ա. Մուրսիլի Ա. Տելիպինիի թագաւորները ընդալայնած են խեթական պետութեան սահմանները՝ ընդգրկելով Փոքր Ասիոյ շարք մը այլ շրջաններ։ Մուրսիլի Ա. գրաւած է Բաբելոնը եւ Հալէպը (ժամանակակից Հալէպը)՝ կողոպտած է այդ օրերու մեծ քաղաքները։ Մուրսիլի Ա.-ի մահէն ետք, սկսած է գահակալական պայքար մը, որուն վերջ տուած է Տելիպինուն[1] եւ Խեթական պետութիւնը կրկին հզօրացած է։

Պատմագիտութեան մէջ կը յիշուին Հին խեթական` Ք.Ա. 1680-1500, Միջին  խեթական` 1500, եւ Նոր խեթական՝ 1380-1190, թագաւորութեան շրջանները:

Ք․Ա․ 16-րդ դարուն սկսած է խեթական պետութեան պատմութեան շրջան մը, որ սկզբնաղբիւրներու չգոյութեան պատճառով չէ ուսումնասիրուած։ Ենթադրուած է, որ այս շրջանին խեթական պետութիւնը հզօրացուցած է խուռիներու ազդեցութիւնը։

Նոր խեթական թագաւորութեան ժամանակաշրջանին, Ք․Ա․ 15-րդ դարուն վերականգնած է խեթական պետութիւնը (Նոր Թագաւորութիւն, Ք․Ա․ 15-12-րդ դարեր), որ ընդգրկած է գրեթէ ամբողջ Փոքր Ասիան, Հայկական լեռնաշխարհին արեւմտեան շրջանները եւ Հիւսիւսային Ասորիքը:

Ք.Ա. 14-րդ դարուն խեթերուն տէրութիւնը տարածուած էր արեւմուտքի մէջ՝ մինչեւ Էգէական ծով, արեւելքի մէջ՝ Եփրատ եւ Տիգրիս գետերը, իսկ հարաւի մէջ՝ Սուրիոյ կեդրոնական մասը:

Խեթերուն համար Տիգրիսի վերին շրջանները թէ՛ պաշտպանութեան, թէ՛ յարձակման համար կարեւոր յենակէտեր կը համարուէին՝ հիւսիսային եւ կեդրոնական Միջագետքի նկատմամբ: Իսկ Միտանիի եւ Ասորեստանի համար այդ շրջանները բանալի էին Հայկական լեռնաշխարհին կեդրոնը թափանցելու եւ Եփրատի վերին հոսանք շարժելու համար, ինչ որ ճամբայ կը բանար դէպի Փոքր Ասիոյ արեւելեան եւ հիւսիսային՝ Սեւ ծովու ափամերձ շրջաններուն ուղղութեամբ[2]:

Խեթական կայսրութեան ամէնէն ուժեղ հակառակորդը կը համարուէր Եգիպտոսը։ Ք.Ա. 1275-ին սուրիական Քատէշ քաղաքէն ոչ հեռու տեղի ունեցած է Ռամզես Բ.-ի եւ Մուվատալի Բ.-ի զօրքերուն բախումը։ Այս ճակատամարտը աշխարհի առաջինն էր, որ արձանագրուած է երկու հակառակորդներուն կողմէ ալ: Ասիկա Պրոնզէ դարուն վերջին ճակատամարտն էր, իսկ խեթերը արդէն կը գործածէին երկաթէ զէնքեր։

Խեթական թագաւորները իրենց արշաւանքներուն ընթացքին բախումներ ունեցած են Հայասայի հետ (Թուդխալիա Գ. արշաւանքները, Հայասայի «թագաւոր» Անիայի եւ Մուրսիլի Բ.-ի միջեւ պատերազմները), կնքած են պայմանագիր (Սուպիլուլիումա Ա.-ի եւ Հայասայի «թագաւոր» Հուկկանայի միջեւ): Սուպիլուլիումա Ա. բազմիցս արշաւած է Եգիպտոսի վրայ եւ խլած Ասորիքի կարգ մը շրջաններ, Միտաննին ենթարկուած է խուռիներուն։

Ք.Ա. 12 դարու երկրորդ քառորդին Փոքր Ասիա ներխուժած թրակա-փռիւգիական ցեղերը կործանած են Խեթական պետութիւնը:

Խեթական Պետութեան Համակարգը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Խեթական պետութիւնը վաղ ստրկատիրական պետութիւն մըն էր։

Հին թագաւորութեան ժամանակարշրջանին՝ հողին մէկ մասը եղած է թագաւորին սեփականութիւնը։ Թագաւորին իշխանութիւնը սահմանափակուած է ստրկատիրական վերնախաւին խորհուրդով։

Նոր թագաւորութեան շրջանին թագաւորին իշխանութիւնը սահմանափակուած էր։ Երկրին տարբեր մարզերը կառավարած են թագաւորին կողմէ նշանակուող փոխարքաները։ Հասարակութեան մէջ առաւել բարձր դիրք գրաւողները հողաբաժին կու տային իրենց ստորադրեալներուն, որոնք փոխարէնը պարտաւոր էին կատարելու համապատասխան տնտեսական պարտոյթ (սահհան) կամ զինծառայութիւն։ Սահհանը եւ պարտոյթի միւս ձեւը՝ լուծծին, համանման էին ճորտատիրութեան։

Բացի թագաւորէն, թագաւորական տան անդամներէն եւ բարձր պաշտօնեաներէն, իբրեւ առանձին ընկերային խաւ, հանդէս կու գային զինուորները եւ քուրմերը։ Կար բնակչութեան միջակ եւ հողազուրկ ազատ դաս մը։ Ստրուկները համեմատաբար փոքրամասնութիւն էին։ Ազատներու եւ ստրուկներու միջեւ կար ռազմագերիներու միջանկեալ խաւ մը, որոնց տուած են հողաբաժիններ։

Քաղաքներու եւ գիւղերու բնակիչները կ'ապրէին համայնքներով։ Խեթական պետութեան կազմին մէջ մտած են բազմաթիւ կիսանկախ թագաւորութիւններ, որոնցմէ շատեր կառավարուած են թագաւորական տոհմին անդամներուն կողմէ։

Խեթական կայսրութիւնը Հին Աշխարհի ամէնէն ազդեցիկ ուժերէն մէկն էր։ Հոս ի յայտ եկած է առաջին սահմանադրութիւնը. խեթերը առաջինը կիրարկած են մարտակառքերը եւ պաշտած են երկգլխանի արծիւ[3]։

Խեթական պետութեան տնտեսութիւնը հիմնուած էր անասնապահութեան եւ հողագործութեան վրայ։ Հողագործութիւնը զարգացած էր գետերու հովիտներուն, իսկ անասնապահութիւնն ունէր կիսաքոչուորական բնոյթ։

Զարագացած էին արհեստագործութիւնն (թէեւ մետաղամշակութիւնը սահմանափակ էր) ու առեւտուրը։ Առեւտրականները կ'օգտուէին յատուկ արտօնութիւններով։

Խեթական պետութեան ռազմական հզօրութեան հիմքը ռազմակառքերով բանակն էր։

Առաջին սահմանադրութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Խեթերը շատ լուրջ կը վերաբերէին իրաւական հարցերու նկատմամբ, որովհետեւ կը հաւատային, թէ համաձայնագիրերը կը կազմուէին ոչ միայն մարդոց, այլեւ աստուածներու առջեւ։ Օրէնքի խախտումը կը հաւասարէր աստուածները վիրաւորելու հետ։ Խեթական օրէնքները սրբութիւն էին, անոնք կը կախէին երկաթեայ, ոսկեայ եւ արծաթեայ ցուցանակներու վրայ եւ կը պահէին տաճարներու մէջ։

Պալատ կը տարուէր միայն կաւէ կրկնօրինակը, որոնց շնորհիւ այսօր կարելի է գնահատել խեթերու իրաւական համակարգը:

Ըստ Խեթական օրենքներուն, գրաւուած հողին առաջնորդը «խեթերու երկիրին հետ» պայմանագիր կը կնքէր: Երկիրին, ոչ թէ թագաւորին: Անոնք կը հաւատային, թէ թագաւորը չէր կառավարեր երկիրը, այլ կը ծառայէր երկիրին: Անով կը կայանար Խեթական կայսրութեան նշանակալի տարբերութիւնը, հնագոյն աշխարհի արեւելեան երկիրներէն:

Աշխարհին ծանօթ առաջին սահմանադրութիւնը կազմուած է խեթերու կողմէ: Եղած է Տելեպինոս արքային հրամանով (Ք.Ա. 1500), որ բարեփոխած է երկիրին իշխանութեան ղեկը յանձնելու համակարգը եւ կնկարագրած գործող ղեկավարող մարմիններու գործունէութիւնը՝ յստակ սահմանափակելով անոնց պարտականութիւնները:

Արքան երկիրի միաւորման խորհրդանիշն էր: Մեծերու խորհուրդը՝  նախարարներու եւ հրամանատարներու խորհուրդն էր, զինուորական խորհուրդին մաս կը կազմէին բարձրաստիճան պաշտօնեաներ եւ զինուորականներ:

Այս խորհուրդը կարելի էր կոչել նաեւ առաջին սահմանադրական դատարանը, որ վիճելի հարցերու պարագային կ'որոշէր գահաժառանգի հարցը եւ յանցագործներուն պատիժ սահմանելու իրաւունք ունէր:

Իր աշխատելաոճով այս խորհուրդը նման էր հին գերմանական խորհուրդին: Այն իրաւունքներու սահմանափակումները, որոնք հաստատած էր Տելեպինոս արքան, Խեթական կայսրութեան մէջ պահպանուած են երեք դար, մինչեւ թագաւորութեան անկումը:

Յարաբերութիւններ Հայասայի հետ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Խեթերը աշխարհի այն հնագոյն ժողովուրդները եղած են, որոնք հայերը կոչած են այնպէս, ինչպէս հայերն իրենք զիրենք անուանած են՝ հայ։ Ք․Ա․ 15-13-րդ դարերուն գրուած խեթական արձանագրութիւններուն մէջ յիշատակուած է Հայասա երկիրը։ Խեթերէն յոգնակի մասնիկներ էին «սա»-ն եւ «ասա»-ն։ Հայքի գաւառներուն ու քաղաքներուն անունները՝ խեթերէնի քիչ ձեւափոխուած է, օրինակ՝ Թարհիգամա քաղաքը հայոց Թորգոման է (Երզնկայի մօտ):

Խեթական արձանագրութիւնները կը պատմեն, որ Հայք երբեմն դաշնակցած է Խաթթից արեւմուտք գտնուող Արծաւա եւ հիւսիսի մէջ գտնուող Կասկա պետութիւններուն հետ, որոնք երբեմն յարձակած են Խաթթի վրայ։

Խաթթերու Թուդհալիա Գ. թագաւորը յարձակած էր Հայքի ու Կասկայի վրայ, սակայն հայերը եւ կասկերը Կեմախի ճակատամարտին ետ մղած են խեթերը։

Թուդհալիայի մահէն ետք, դաշնակիցները յարձակած են Խաթթի վրայ, գրաւած Խաթուսա մայրաքաղաքը եւ այրած զայն։

Ք․Ա․ 1380-1346 թուականներուն Խաթթիի մէջ կ'իշխէր Սուպիլուլիումա թագաւորը, որ կործանած էր Միտանի պետութիւնը եւ հաշտութիւն կնքած Հայքի հետ, իսկ իբրեւ դաշինքի ամրապնդում՝ Հայքի թագաւոր Խուկաննան ամուսնացած է Սուպիլուիումայի դստեր հետ։ Սակայն Խաթթիի հայորդի թագաւոր Մարսիլի Բ. խախտած է դաշինքը եւ յարձակած՝ Հայքի վրայ, որուն թագաւորն էր Աննիան:

Փոխադարձ յարաբերութիւնները շարունակուած են երկար ատեն, մինչեւ որ գլխաւոր վտանգ դարձած էԱսորեստանը։

Առանց թուագրութեան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Խեթական կայսրութեան լուրջ ուսումնասիրութիւնները կը սկսին Ի. դարուն: 1906-ին, Բողազկյոյի արխիւը կը բացայայտէ խեթական արքաներու ցանկը, 1915-1916 չեխ լեզուաբան Բեդրժիխ Հրոզնին կը վերծանէ խեթական գիրերը:

Պատմաբաններու հարցը այն էր, որ խեթերը բնաւ յստակ տարեթիւեր չէին յայտներ: Անոնց արքաներուն քաջագործութիւններուն մասին բազմաթիւ գրութիւններու մէջ կը տեսնենք «յաջորդ տարի» արտայայտութիւնը, բայց արձանագրութեան տարեթիւը յայտնի չէ: Խեթերը չեն ժամանակագրած իրենց պատմութիւնը եւ չեն նշած արքաներու կառավարման ժամկէտերը: Խեթական կայսրութեան ժամանակագրութեան մասին կը տեղեկանանք դրացի երկիրներէ:

Խեթերու կրօնը տեղական եւ պետական կուռքերու խառնուրդ էր: Գերագոյնը՝ ամպրոպի աստուածն էր՝ Թեյշիբը: Զինք պատկերած էին կայծակով, կացինը ձեռքին՝ մեծանիւ կառքով լծուած ցուլերով:

Խեթական աստուածներու պանթէոնը հսկայական էր եւ կրնար փոխուիլ այս կամ այն կուռքին գերակայութենէն: Խեթերը պաշտած են նաեւ անասուններ: Հանրածանօթ երկգլխանի առիւծը յառաջացած է խեթերէն: Պաշտամունքը կ'իրականացնէին ինչպէս բաց երկինքի տակ, այնպէս ալ տաճարներու մէջ: Խեթական շրջանի տաճարին կիկլոպեան շարուածք յայտնբերուած է Խաթթուսասի մէջ:

Խեթական թագաւորութեան մէջ տարածուած էր ութ լեզու: Արքաները պաշտօնական արարողութիւններու ատեն կը խօսէին խեթերէն եւ աքքադերէն, հուրիերէն սովորաբար կը գրուէին արձանագրութիւնները: Բառարանները, որոնցմէ կ'օգտուէին գրչակները, կազմուած էին հիմնականին մէջ շումերական նշաններէն:

1915-ին Հրոզնին կ'ապացուցէ խեթերէնի եւ լուվիերէնի հնդեւրոպական ծագումը: Հետագայ ուսումնասիրութիւնները կը պարզեն, որ այդ լեզուներէն ծագած են լիտիերէնը, կարերէնը եւ Փոքր Ասիոյ կարգ մը այլ լեզուներ Ք.Ա. առաջին դարուն:

Ո՞ւր անհետացած են խեթերը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իոհան Լեման իր «Խեթերը՝ հազարաւոր աստուածներու ժողովուրդը» գիրքին մէջ կը նշէ, որ խեթերը արտագաղթած են հիւսիս, ուր ձուլուած են գերմանական ցեղերու հետ: Ան կը գրէ. «Համեմատելով գերմանացիներուն հետ՝ խեթերը չափազանց բարեկիրթ են եւ հաշուենկատ… եւ որ ամէնէն զարմանալին է եւ ընդունուած է միայն հռոմէացիներու մօտ, ըստ անոնց ռազմական կանոնին՝ աւելի շատ յոյսը կը դնէ Աստուծոյ, քան զինուորին վրայ»:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]