Jump to content

Խաչիկ Ամիրեան

Խաչիկ Ամիրեան
Ծնած է 1915[1][2]
Ծննդավայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1998[1][2]
Մահուան վայր Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Կրօնք քրիստոնէութիւն
Մասնագիտութիւն գրագէտ

Խաչիկ Ամիրեան (1915[1][2], Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1998[1][2], Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), գրագէտ։

Ծնած է Պոլիս: 1934 թուականին աւարտած է Պէզազեան լիսէն։ Դպրոցին մէջ 5 տարի խմբագրած է «Կոհակ» խմորատիպ պարբերականը, որմէ օրինակ մը պահպանուած է Երեւանի Եղիշէ Չարէնցի անուան գրականութեան ու արուեստի թանգարանին Թորոս Ազատեանի արխիւին մէջ։

Իր առաջին բանաստեղծութիւնը՝ «Մթնշաղ», լոյս տեսած է 1931 թուականին Աւետիս Ալիքսանեանի հրատարակած «Պատկեր» շաբաթաթերթին մէջ։

Գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աշխատակցած է պոլսահայ, ֆրանսահայ եւ ամերիկահայ մամուլին, տալով պատմուածքներ, բանաստեղծութիւններ եւ քրոնիկներ։ Գործածած է Ճառագայթ, Վարդ Աշունի, Արա Միրեան, Շրջիկ, Ճաթօ, Թատերասէր եւ այլ գրչանուններ։

1963-ին կը ներգաղթէ Հայրենիք եւ կը հաստատուի Երեւան։ Կը հետեւի Երեւանի Պետական Համալսարանի դասընթացքներուն եւ 1970-ին կ՚աւարտէ բանասիրական ճիւղը։ 1971-1987-ին կը պաշտօնավարէ նոյն համալսարանին արեւեւլագիտութեան ֆաքիւլթէին մէջ որպէս թրքերէնի եւ օսմաներէնի աւագ դասախօս։

Երեւանի մէջ լոյս տեսած են իր քանի մը բանաստեղծութիւններն ու պատմուածքները «Գրական թերթ», «Երեւան», «Սովետական գրականութիւն» Եւ «Սովետական Հայաստան» պարբերաթերթերուն մէջ։

Հրատարակուած են իր հետեւեալ գրական ստեղծագործութիւնները.-

«Երգեր սիրոյ եւ պայքարի», արձակ եւ չափածոյ բանաստեղծութիւններ (Պոլիս, 1948), «Ազատարար ինքնաշարժ», բանաստեղծութիւններ (Պոլիս, 1959), «Լումումպա», բանաստեղծութիւններ (Պոլիս, 1962), «Շուք ծախող Ալին», բանաստեղծութիւններ եւ պատմուածքներ (Երեւան, 1964), «Որդու կանչը», վիպակ («Սովետական գրականութիւն» ամսագիր, Երեւան, 1979. վերահրատարակուած՝ Գահիրէ «Արեւ» օրաթերթին մէջ):

Խմբազրական աշխատանքներն են. «Ովասիս», տարեգիրք գրականութեան եւ արուեստի (Պոլիս, 1939), «Ճառագայթ» շաբաթաթերթ քաղաքական-հասարակական-գրական (Պոլիս 1947-1952), «Անիւ», ամսագիր գրականութեան (խմբագրական կազմի անդամ, Պոլիս, 1946):

Կատարած է նաեւ թարգմանական աշխատանքներ։ Թրքերէնէ հայերէնի թարգմանած է (Հ.Հ.Մարտիրոսեանի հետ) թուրք գրագէտ Եաշար Քեմալի «Ձախ Մէմէտ» վէպը («Հայաստան» հրատ. Երեւան, 1975)։ Նաեւ հայերէնի թարգմանած է թուրք դասական եւ յառաջդիմական գրողներու՝ Ֆուզուլիի, Եունուս Էմրէի, Նազըմ Հիքմէթի, Օրհան Քէմալի, Եաշար Քէմալի եւ ուրիշներու արձակ եւ չափածոյ ստեղծագործութիւններէն (մեծ մասամբ անտիպ)։

Թրքերէնի թարգմանած է Եղիշէ Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի», Պարոյր Սեւակի «Կանք, պիտի լինենք» ու «Գժւում եմ», Յովհաննէս Շիրազի «Դարդս տուի հովերին» ու «Մայրս, եւ Աւետիք իսահակեանի «Մօր սիրտ» եւ այլ բանաստեղծութիւնները, որոնք լոյս տեսած են 1986-ին Երեւանի Պետական Համալսարանի արեւելագիտութեան ֆակիւլթէի «Թուրքերէնի ընթերցարան» գիրքին մէջ, որուն խմբագրութիւնը նոյնպէս կատարած է Խաչիկ Ամիրեան։

Դարձեալ թրքերէնի թարգմանած է Շահան Շահնուրի, Երուխանի, Գրիգոր Զոհրապի, Յակոբ Մնձուրիի եւ Հրաչեայ Քոչարի պատմուածքներէն, բոլորն ալ անտիպ, զորս յանձնած է պոլսահայ հանրածանօթ բառարանագիր Բարսեղ Թուղլաճեանի։

Ունի ուսումնասիրութիւններ գրական եւ բանասիրական նիւթերու շուրջ, որոնք ցրուած են Հայաստանի եւ Սփիւռքի մամուլին մէջ։

«Հայերէնից փոխառեալ բառերը արդի թուրքերէնում» ուսումնասիրութիւնը լոյս տեսած է «Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի Երկիրներ եւ ժողովուրդներ» մատենաշարին մէջ (Երեւան 1985):

Ան հրատարակած է նաեւ «Թուրքալեզու հայ աշուղներ. Օսմանեան Կայսրութիւն. 16-20րդ դարեր» լայնածաւալ հատորը։

1990-ական թուականներուն հաստատուած է Լոս Անճելըս, առողջական պատճառներով, ուր եւ մահացած է 1998-ին։

Խաչիկ Ամիրեանի արձակը հաճելի է եւ ինքնաբուխ. կու տայ իր ապրած կեանքէն տպաւորիչ պատկերներ, ջերմ ու հաղորդական ոճով։

  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
  2. 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 Հայաստանի գրադարանների համահավաք գրացուցակ