Խաչակիրներու Ե․ Արշաւանք

Խաչակիրներու Ե․ Արշաւանք
Խաչակիրներու Արշաւանքներ
Ֆրիզի խաչակիրները Դամիետայի աշտարակի վրայ կը յարձակին, Եգիպտոս:
Թուական 1217-1221
Վայր Եգիպտոս, Մերձաւոր Արեւելք
Արդիւնք այյուպեաններու յաղթանակ, ութամեայ հաշտութիւն
Հակառակորդներ
Խաչակիրներ. Մուսուլմաններ
Հրամանատարներ
Ժան I
Բոեմունդ IV
Հուգո I
Քեյքավուս I
Ֆրիդրիխ II
Լեոպոլդ VI
Պիեր տէ Մոնտեգյու
Հերման ֆոն Զալցա
Գերին տէ Մոնտեգյու
Անդրաշ II
Վիլեամ I
Ֆիլիփ II Օգոստոս
Հենրիխ I տէ Ռոդեզ
Պայո Գալվաու
32 000 խաչակիրներ
Կողմերու ուժեր
անյայտ է անյայտ է
Կորուստներ
անյայտ է

Խաչակիրներու հինգերորդ արշաւանք, ռազմական հակամարտութիւն Մերձաւոր Արեւելքի մէջ խաչակրաց պետութիւններու եւ Այյուպեան սուլթանութեան միջեւ՝ 1217-1221 թուականներու։ Պատերազմի կոչով հանդէս եկած էին Հռոմի Ինոկենտիոս III (1198-1216) եւ Հոնորիոս III (1216-1227) պապերը։ Արշաւանքի նպատակն էր մուսուլմաններէն գրաւել Երուսաղէմն ու Սուրբ Երկիրը եւ այնտեղ վերահաստատել խաչակիրներու գերիշխանութիւնը։

Խաչակիրներու զօրքերը ղեկավարուած էին Լատինական կայսր եւ Երուսաղէմի արքայ Ժան I-ի կողմէ, Սրբազան Հռոմէական կայսր Ֆրիդրիխ II Հոհենշտաուֆէնը, Ֆրանսայի արքայ Ֆիլիփ II Օգոստոսը, Կիպրոսի արքայ Հուգո I-ը, Հունգարիայի արքայ Անդրաշ II-ը եւ իրենց հպատակ ազնուականները։ 1218–ին, արշաւանքին միացան գերմանական զօրքերը եւ հոլանտական, ֆլանդրիական ու ֆրիզական ջոկատները։

Ծրագրելով գրաւել Եգիպտոսը՝ խաչակիրները Փոքր Ասիոյ մէջ դաշինք կնքեցին Իկոնիոյ սուլթան Քեյքավուս I-ի հետ։ Դամիետայի գրաւումէն ետք խաչակիրները յուլիս 1221–ին դէպի հարաւ շարժեցան՝ դէպի Գահիրէ, բայց պաշարներու կրճատման եւ ջուրի պակասի պատճառով, ստիպուած էին վերադառնալ։

Խաչակիրներու հինգերորդ արշաւանքը չկրցաւ իրականացնել եւրոպացի միապետներու նպատակը՝ ազատագրել Երուսաղէմը անհաւատներէն։ Խաչակրաց պետութիւնները կը շարունակէին նեղ շերտով ձգուած մնալ Միջերկրական ծովու արեւելեան ափով։ Արշաւանքի աւարտին Այյուպեան սուլթան ալ-Քամիլը եւրոպացիներու հետ 8 տարուայ խաղաղութեան պայմանագիր կը կնքէ։

Նախապատրաստութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ինոկենտիոս III պապը տակաւին 1208–էն ծրագրած էր նոր խաչակրաց արշաւանք կազմակերպելու՝ Այյուպեան սուլթանութիւնը կործանելու եւ Երուսաղէմը գրաւելու նպատակով։ Ապրիլ 1213–ին ան շրջաբերական մը հրատարակեց «Quia maior»՝ կոչ ընելով բոլոր քրիստոնէաներուն միանալ նոր խաչակրաց արշաւանքին։ 1215–ին կոչը կրկնուեցաւ «Ad Liberandam» շրջաբերականին մէջ[1]:

Ֆրանսա[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ֆրանսայի մէջ խաչակրաց արշաւանքի գաղափարը կը լարոզէր իրանաւոր Ռոբերթ Կերզոնը: Անոր կոչին արձագանքեցին քչերը, ինչ որ միւս արշաւանքներու կեղի չէր ունեցած․ ֆրանսական ասպետները արդէն ներգրաւուած էին կաթարներու դէմ Ալբիգոեան խաչակրաց արշաւանքին:

1215–ին, Ինոկենտիոս III պապը Լաթերանի չորրորդ ժողովը գումարեց, որուն ընթացքին Երուսաղէմի պատրիարք Ռաուլ տէ Մերենկուրի հետ միասին քննարկեց Սուրբ Երկրի խաչակիրներու դիքերու վերականգնման մասին[2]: Ինոկենտիոս III Պապը կը ցանկանար, որ արշաւանքը ղեկավարուի պապականութեան կողմէ, ինչպէս որ տեղի ունեցաւ Խաչակրաց առաջին արշաւանքի ժամանակ, խաչակիրներու չորրորդ արշաւանքին ընթացքին կատարուած սխալներէն խուսափելու համար, որոնց հսկողութիւնը կատարեցին վենետիկցիները: Պապը ծրագրած էր, որ խաչակիրներու ուժերը Բրինդիզիի մէջ պիտի հանդիպէին 1216–ին, եւ արգիլած էր մահմեդականներու հետ առեւտուրը, որպէզի երաշխաւորէ, որ խաչակիրները նաւեր եւ զէնքեր կ՛ունենն։ Իւրաքանչիւր խաչակիր մեղքերու թողութիւն կը ստանար, անմիջապէս վճառելով արշաւանքի մասնակիցներու ծախսերը, բայց չէր մասնակցեան։

Գերմանիա եւ Հունգարիա[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Խաչակիրներու արշաւանքը Գերմանիոյ մէջ կը լարոզէր Օլիվէր Քյոլնեցին։ Կայսր Ֆրիդրիխ II1215–ին կը փորձէր արշաւանքին միանալ։ 1216–ին պապը մահացաւ, եւ անոր յաջորդեց Հոնորիոս III-ը, որ արգիլեց կայսերը մասնակցիլ արշաւանքին եւ խաչակրաց արշաւանքի առաջնորդներ հռչակեց Հունգարիոյ արքայ Անդրաշ IIին եւ Աւստրիոյ դուքս Լեոպոլդ VI-ին[2]: Անդրաշ II-ը խաչակրաց արշաւանքներու պատմութեան մէջ ամենամեծ բանակը հաւաքեց՝ 20 000 ասպետներ եւ 12 000 աշխարահազօրայինններ։

Պատերազմ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երուսաղէմ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Առաջինը խաչը ընդունեց Անդրաշ II-ը[3]: Նախքան Հունգարիա վերադարձը, ան կը շարունակէր հինգերորդ արշաւանքի առաջնորդը մնալ[4]: Անդրաշ II եւ իր բանակը հաւաքուցան 23 օգոստոս 1217-ին Սպլիթի մէջ։ 9 հոկտեմբեր-ին վենետիկեան նաւատորմը՝ այդ ժամանակաշրջանին Եւրոպայի մէջ ամենամեծ նաւատորմը, խաչակիրներուն Կիպրոս տարաւ, ուր անոնք նաւարկեցին Աքքա: Հոն անոնք միացան Երուսաղէմի թագաւոր Ժան տը Բրիենի, Հուգո Կիպրացի եւ դուքս Բոեմունդ IV Անտիոքցի բանակին, որպէսզի Սուրիոյ մէջ կռուին Այյուպեաններու դէմ։ Հոկտեմբերին խաչակիրներու առաջնորդները Աքքայի մէջ Անդրաշ II-ի ղեկավարութեամբ ռազմական խորհուրդ մը կատարեցին[5]:

Անդրաշ II

Խաչակիրներուն՝ Երուսաղէմ երթալէ ետք մուսուլմանական իշխանութիւնները պատերը եւ ամրոցները աւիրեցին, որպէսզի քաղաքը գրաւելու ժամանակ չձգեն խաչակրներուն պաշտպանել զայն։ Շատ բնակիչներ փախան քաղաքէն, վախնալով 1099–ի Խաչակրաց առաջին արշաւանքի արիւնահեղութեան կրկնութենէն։

Անդրաշ II-ի լաւ պատրաստուած բանակը 10 նոյեմբեր-ին Բեթսայիդայի մօտ, Հորդանան գետի վրայ ջարդեց սուլթան ալ-Ադիլի զօրքերուն։ Մուսուլմանները նահանջեցին իրենց ամրոցներ եւ քաղաքներ։ Բաբանները եւ տրեբուշները չժամանեցին ժամանակին, այնպէս որ, անոնք ստիպուած էին Լիբանանի եւ Թաբոր լերան ամրոցները իզուր պաշտպանել։ Ինքը Անդրաշ II-ը, իր ժամանակը կ՛անցնէր տարբեր տոհմերու մասունքներ հաւաքելով։ Ռազմական գործողութիւնները դանդաղ կ՛ընդանային, եւ 1218–ի սկիզբը Անդրաշ II-ը հիւանդացաւ եւ որոշեց Հունգարիա վերադառնալ[6]: Փետրուար 1218–ին Հուգո I-ն եւ Բոեմունդ IV-ը նոյնպէս տուն վերադարձան[7]:

Դաշնութիւն սելճուքներու հետ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շուտով Սուրբ Երկիր ժամանեցին Օլիվէր Քյոլնեցի, Գէորգ Վիդսկու եւ Հոլանտայի դուքս Վիլեամ I-ի ղեկավարութեամբ հոլանտացիներէն, ֆլամանտացիներէն եւ ֆրիզներէն կազմուած խաչակիրներու նոր խումբեր։ Խաչակիրները որոշած էին Եգիպտոսի վրայ յարձակիլ, որ այդ ժամանակ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ մուսուլմանական իշխանութեան կեդրոնն էր։ Այյուպեաններուն «երկրորդ ճակատ» դարձնելու համար, անոնք Իկոնիոյ սուլթան Քեյքավուս I-ի հետ պայմանագիր կնքեցին, որուն համաձայն սելճուքները կը պարտաւորուէին Սուրիոյ մէջ եգիպտական զօրքերու վրայ յարձակիլ։

Եգիպտոս[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յունիս 1218–ին խաչակիրները Դամիետայի պաշարումը սկսան, եւ, հակառակ կայազօրի դիմադրութեանը, 25 օգոստոս-ին կրցան քաղաքի գլխաւոր ամրոցը գրաւել։ Անոնք չկրցան ամբողջ քաղաքը գրաւել, զօրքի մէջ համաճարակը տարածուեցաւ, մահացածներէն մէկը դարձաւ Ռոբերթ Կերզոնը։ Սուլթան ալ-Ատիլը մահացաւ, եւ անոր յաջորդեց որդին՝ ալ-Քամիլը:

Ժան տը Բրիէն

Հոնորիոս III-ը 1219–ին Պայո Գալվաուին ուղարկեց գլխաւորելու խաչակրաց արշաւանքը։ Ալ-Քամիլը կը փորձէր խաչակիրներու հետ հաշտութեան մասին բանակցութիւններ տանիլ։ Ան առաջարկեց Երուսաղէմը փոխարինել Դամիետայի հետ, բայց Պայո Գալվաուն այս առաջարկները չընդունեց։ Իմանալով անոր մասին, Վիլեամ I-ը Հոլանտա ուղեւորեց։ Օգոստոսին կամ սեպտեմբերին Ֆրանցիսկ Ասսիզեցին խաչակիրներու ճամբար ժամանեց եւ հանդիպեցաւ սուլթանի հետ[8]: Նոյեմբերին խաչակիրները ուժասպար ըրին սուլթանի ուժերը, եւ, վերջապէս, կրցան Դամիետան գրաւել։

Քաղաքի գրաւումէն անմիջապէս ետք, խաչակիրներու առաջնորդներու մէջ վէճերը բորբոքուեցան այն մասին, թէ ով որ պէտք գլխաւորէ իրենց՝ աշխարհիկ թէ հոգեւոր դէմքերը։ Ժան տէ Բրիէնը 1220–ին զայն քաղաքի առաջնորդ հռչակեց։ Բայց Պայո Գալվաուն չհամաձայնեցաւ եւ Ժանին ստիպեց Աքքա վերադառնալ: Ժանի՝ ճամբարէն հեռացումը ինչ-որ չափով պայմանաւորուած էր Լյուդվիգ I Բաւարացիի եւ գերմանացիներու ժամանման հետ։ Հռոմէացի դեսպանը յոյս ունէր, որ բանակի հետ Ֆրրիդրիխ II-ը Եգիպտոս կու գայ, բայց ան ներքին խնդիրներով զբաղած ըլլալով, այդպէս ալ չյայտնուեցաւ։ Անոր փոխարէն, մէկամեայ անգործութենէն ետք, Դամիետա վերադարձաւ Ժան տէ Բրիէնը եւ յուլիս 1221–ին խաչակիրները դէպի հարաւ շարժեցան՝ Գահիրէի կողմը։ Այս երթը Ալ-Քամիլի զօրքերու աչքէն պարզութեամբ չանցաւ, եւ մուսուլմաններու յարձակումները խաչակիրներու վրայ քայքայեցին 2000 գերմանական զինուորներու խումբը, որոնք հրաժարեցան յարձակումը շարունակելէ ու Դամիետա վերադարձան։

Ալ-Քամիլը Սուրիոյ մէջ կրցաւ դաշնակցիլ այլ Այյուպեաններուն հետ, որոնք ջախջախած էին սելճուքներուն։ Այնուամենայնիւ, խաչակիրներու շարժումը դէպի Գահիրէ աղետով աւարտեցաւ։ Նրանց կանգնեցրեց Նեղոսի` ափերից դուրս գալը: Չոր ջրանցքը, որով անցեր էին խաչակիրները մինչ այդ, ջրով լեցուած էր և փակած էր նահանջի ճանապարհը: Արդիւնքը այն էր, որ եգիպտացիները նախատեսեցին գիշերային յարձակում, որ քրիստոնէաներու զօրքերուն մէջ հանգեցուց բազմաթիւ կորուստներու եւ անոնց բանակի անձնատուր ըլլալուն պատճառ դարձաւ[9]: Վերադարձի պայմանով, անոնք նահանջի ազատութիւն ստացան, բայց պարտաւորուեցան ազատագրել Դամիետան եւ Եգիպտոսն ընդհանրապէս[10]:

Հետեւանքներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ալ-Քամիլը համաձայնեցաւ եւրոպացիներու հետ ստորագրելու ութամեայ պայմանագիր եւ խոստացաւ սուրբ Խաչից մէկ կտոր վերադարձնել, սակայն խոստումը չկատարեց:

Խաչակրաց արշաւանքի ձախողումը իր հակապապական արտայայտումը ստացաւ օքսիտանցի բանաստեղծ Գիլէմ Ֆիգեյրի պարսաւագրի մէջ։ Անոնց պատասխանը դարձաւ Հորմոնդա տէ Մոնպեսեի «Greu m’es a durar» բանաստեղծութիւնը, ուր արշաւանքի ձախողման մեղքը դրուեցաւ ոչ թէ Պայո Գալվաուի կամ Պապի, այլ «անօրէններու» հիմարութիւններու վրայ։

Մինչդեռ Ֆրիդրիխ II-ը Մարիա Մոնֆերացիի եւ Ժան I (Երուսաղէմի արքայ) Ժան տէ Բրիէնի դուստր՝ Իոլանտայի հետ ամուսնացաւ եւ պապին պարտաւորեց նոր խաչակրաց արշաւանք սկսիլ։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Christopher Tyerman (2006), God's war: a new history of the Crusades, Harvard University Press, ISBN 0-674-02387-0 
  2. 2,0 2,1 Ovide Chrysanthe Des-Michels, Compendio della storia e della geografia del medio evo, traduz. di Antonio Nava, vol. 31, 3ª, 1857, pp. 337-338.
  3. Alexander Mikaberidze: Conflict and Conquest in the Islamic World: A Historical Encyclopedia, Volume 1 (page: 311)
  4. Thomas Keightley, Dionysius Lardner. Outlines of history: from the earliest period to the present time (page: 210)
  5. Kenneth M. Setton, Norman P. Zacour, Harry W. Hazard. A History of the Crusades: The Impact of the Crusades on the Near East (Page: 358)
  6. Jean Richard: The crusades, c 1071-c. 1291, page: 298.
  7. Grousset 1936, pp.230-231.
  8. A. Cacciotti and M. Melli (eds), The Franciscans and the crusade, Milan, Franciscan Library Editions, 2014, ISBN 978-88-7962-219-6 .
  9. https://histoireislamique.wordpress.com/2014/09/13/chronologie-des-croisades-par-le-chevalier-et-historien-kurde-abul-fida-1206-1227/ Archived 2016-09-27 at the Wayback Machine. Cronologia delle crociate del cavaliere e storico curdo Abul-Fida (1206-1227)
  10. Grousset 1936, pp. 261-267.

Գրականութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • R. L. Wolff/H. W. Hazard (Hrsg.)։ The later Crusades, 1189—1311 (A History of the Crusades, volume II). University of Wisconsin Press, Madison/Wisconsin 1969, S. 377ff., Here online.
  • Jonathan Riley-Smith (Hrsg.)։ Illustrierte Geschichte der Kreuzzüge. Frankfurt/New York 1999, S. 478 (Index, s.v. Damiette).
  • Barbara Watterson. The Egyptians. Blackwell Publishing, 1998, S. 260.
  • Heinrich von Zeißberg. Allgemeine Deutsche Biographie (ADB). Einzelband Nr. 18: Lassus — Litschower. 1. Auflage. Leipzig, Verlag von Dunder & Humblot, 1883, S. 389.
  • J. Tolan, St. Francis and the Sultan: The Curious History of a Christian-Muslim Encounter. Oxford: Oxford University Press, 2009. [book about Francis of Assisi’s mission to the Egyptian Sultan Al-Kamil at Damietta in 1219]
  • René Grousset, Histoire des Croisades et du royaume franc de Jérusalem, II. 1131-1187 L'équilibre, Parigi, Perrin, 1935, ISBN 2-262-02568-1.
  • René Grousset, Histoire des Croisades et du royaume franc de Jérusalem, III. 1188-1291 L'anarchie franque, Parigi, Perrin, 1936, ISBN 2-262-02569-X.
  • Jean Flori, Le crociate, Bologna, il Mulino, 2011, ISBN 978-88-15-09090-4
  • I Francescani e la crociata, a c. di A. Cacciotti e M. Melli, Milano, Edizioni Biblioteca Francescana, 2014, ISBN 978-88-7962-219-6

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]