Jump to content

Լութֆի Լեւոն Հալէպլեան

Լութֆի Լեւոն Հալէպլեան
Ծնած է 1882
Ծննդավայր Այնթէպ, Հալէպի գաւառ, Հալէպի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1915
Մահուան վայր Մուշ
Մահուան պատճառ Հայոց ցեղասպանութիւն
Այլ անուններ Սըր Թապիպ Լութֆի
Կրթութիւն Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան
Մասնագիտութիւն բժիշկ, վիրաբուժ
Աշխատավայր Մեզէի զինուորական հիւանդանոց

Լութֆի Լեւոն Յարութիւնի Հալէպլեան (նաեւ՝ Հալապլեան, Հալէպեան, 1882 (1884), Այնթէպ, Այնթէպի գաւառ, Հալէպի նահանգ - 1915, Մուշ), հայ վիրաբոյժ, ՀՅԴ անդամ։

Ծնած է 1882 (1884) թուականին, Այնթէպի մէջ՝ հայ աւետարանական Հարութիւն եւ Լուսիա Հալէպլեաններու ընտանիքին մէջ։ Ընտանիքը ունեցած է երկու զաւակ, որոնք աւարտած են գոլէճ ու համալսարան։ Լութֆին աւարտած է Այնթէպի առեւտրականներու նախակրթարանը։ 1902 թուականին աւարտած է ամերիկացի միսիոներներու Այնթէպի կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճը եւ ստացած է «պսակաւոր արուեստից» վկայական։ 1907-ին (1909), վկայուած է որպէս վիրաբոյժ Պէյրութի Ամերիկեան բժշկական համալսարանէն։

1907 թվականին վերադարձել է Այնթէպ եւ ծնողներին կարճատեւ այցելելուց հետո մեկնել է Մելիտինե (Մալաթիա) եւ աշխատել որպես բժիշկ։ Լավ տիրապետելով Թուրգերէնին` շահել է նաև թրքուհի հիվանդների համակրանքը։

1911 թուականին. գերմանական վաճառականական ընկերութեան մը խնդրանքով մեկնած է Գերմանիա եւ Պերլինի հիւանդանոցներուն մէջ հմտացած վիրաբուժութեան մէջ, պատրաստուած է վերադառնալ եւ որպէս վիրաբոյժ աշխատած է Կարնոյ բացուելիք գերմանական հիւանդանոցին մէջ։ 1913 թուականին վերադարձած է Այնթէպ եւ շարունակած է զբաղիլ բժշկութեամբ։ Եղած է ՀՅԴ անդամ։

Առաջին համաշխարհային պատերազմն սկսելէն ետք` 1914 թուականի ամրան, զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ եւ ուղարկուելով Երզնկայի շրջան ու կը ծառայէ թուրք բանակին մէջ՝ նշանակուելով բժշկապետ Երզնկա շրջանի Մեզէ զինուորական հիւանդանոցին մէջ։

1915 թուականի սկիզբը, նախազգալով հայերուն սպառնացող մոտալուտ վտանգը, զինք կոչած են Սըր Թապիպ Լութֆի։ 1915 թուականին ձերբակալուած, բանտարկուած ու աքսորուած է։

1915 թուականի Յուլիսի սկզիբներուն, Կարինէն Երզնկա երկարած ճամբուն վրայ՝ Բաբերդ չհասած, Մուշի Քոբ (Կոպ) լեռան ստորոտին 32-րդ զօրաբաժինի սպայ՝ Մեհմեդ Ալիի հրամանով, իրեն ընկերակցող թուրք սպայի եւ թուրք զինուորներու ձեռքով եղերական եւ բարբարոս ձեւով սպանուած է բժիշկ Յովհաննէս Թերզեանի հետ միասին։

Եղած է ամուրի։ Քոյրը եւ փեսան՝ տէր եւ տիկին Լ. Լեւոնեանները, տարագրութեան գողգոթայէն վերապրելով, բնակութիւն հաստատած են ԱՄՆՄասաչուսեթսի Ուոթըրթաուն քաղաքին մէջ։

  • Հայ բժշկութեան տուած զոհերը, ցուցակագրուած վաւերական փաստերով, Սթամպուլ, 1919։
  • Մեզպուրեան Արթօ, Հայ եւ ծագումով հայ բժիշկներ. Այբուբենական համառօտ անուանացանկ (1688-1940),

Սթանպուլ, 1940։

  • Սարաֆեան Գ., Պատմութիւն Անթէպի հայոց, հ. Բ., Լոս Անճելըս, 1953։
  • Կարոյեան Գասպար, Մեծ Եղեռնի նահատակ հայ բժիշկները (անոնց պատգամները), Պոսթըն, 1957։
  • Յուշամատեան Մեծ Եղեռնի (1915-1965),պատրաստեց Գերսամ Ահարոնեան, Պէյրութ, 1965։
  • Թէոդիկ, Յուշարձան նահատակ մտաւորականութեան, Բ. տպագրութիւն, Երեւան, Ապրիլ 24, 1985։
  • Յուշամատեան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Ալբոմ-ատլաս, Բ. հատոր, Գոյամարտ, 1914-1925, Լոս Անճելըս, 2001։
  • Քէստենեան Հ., Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն Շրջանաւարտ Եւ Մեծ Եղեռնին Նահատակուած Հայ Բժիշկներ, «Ազ­դակ», 0111-2012։
  • Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։