Իսլամական Հին Սիւները
Իսլամութեան, մէջ կ'առանձնանայ երկու հասկացողութիւն՝ իսլամական կրօնի հիմնասիւներ (արաբերէն՝ أركان الدين, առքան ալ-տին) եւ հաւատքի հիմքեր (արաբերէն՝ أصول الدين, ուսուլ ալ-տին)։
Հաւատքի Հինգ Սիւները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ներկայիս աւելի քան 1.8 միլիար մահմետական կ'ապրի երկրագունդին վրայ՝ Ասիա, Ափրիկէ եւ Եւրոպա: Մահմետականութիւնը կամ իսլամը, որ արաբերէն կը նշանակէ «հնազանդութիւն Աստուծոյ», կ'ենթադրէ ոչ միայն կրօնք, այլ եւ մշակոյթ, քաղաքակրթութիւն, իւրայատուկ ապրելակերպ եւ, ըստ որոշ իսլամագէտներու, նաեւ քաղաքական շեշտուած ինքնուրոյնութիւն:
Իւրաքանչիւր մահմետականի սրբազան պարտականութիւնն է ո՛չ միայն արտաքնապէս յարիլ համայնքին, այլեւ ներքնապէս՝ ամբողջ սիրտով հաւատալ անոր: Կանոնական օրէնքը՝ Շարիան, կը սահմանէ հաւատացեալներուն հիմնական հինգ պարտականութիւններ, ճշմարիտ իսլամի հաւատքին «հինգ սիւներ»ը, որոնք են.
Դաւանութիւն հաւատքի. «Ես կը վկայեմ որ ուրիշ Աստուած չկայ, բացի Ալլահէն եւ Մուհամմէտը անոր առաքեալն է» (اشهَدُ أَنْ لَا إِلَهَ إِلَّا اللَّهُ وَحْدَهُ لَا شَرِيكَ لَهُ وَأَشْهَدُ أَنَّ مُحَمَّدًا عَبْدُهُ وَرَسُولُهُ):
- Աղօթքը (օրական հինգ անգամ, Մեքքայի ուղղութեամբ)
- Ողորմածութիւն (Զաքաթ)
- Ծոմապահութիւն
- Ուխտագնացութիւն դէպի Մեքքա
Որոշ շեշտ կը դրուի «ճիհատ»ին (սուրբ պատերազմ) վրայ, որ հաւատքին համար կռուիլն ու անհաւատները բռնի ուժով իսլամացնելն է: Առաջին ճիհատը մղած է Ապու Պաքրը նոր կրօնը մերժող ցեղախումբերուն դէմ (632-634): Ճիհատը յաճախ եղած է վայրենի եւ անգութ պատերազմի խորհրդանիշ:
Այս պարտականութիւններէն առաջինը, այսինքն՝ հաւատքի դաւանութիւնը, ըստ էութեան բաւական է, որ մահմետական մը ինքզինք Ալլահին զաւակը զգայ: Նոյնիսկ մահամերձներուն արտասանել կու տան զայն: Բայց, ինչպէս ամէն ծիսակատարութիւն, ան ալ պէտք է հաւատացեալի հոգիէն բխի եւ ըլլայ կամքին արտայայտութիւնը:
Աղօթքները կը դիտարկուին, որպէս մարդոց պարտականութիւնը Ալլահի նկատմամբ, պէտք է կատարուի օրական հինգ անգամ: Այս աղօթքները կը զօրացնեն եւ կը կենդանացնեն հաւատքը Ալլահի նկատմամբ, խրախուսելով մարդոց հաւատարիմ մնալ բարձր բարոյական սկզբունքներուն: Իրենց մատուցած աղօթքները կը մաքրեն իրենց սիրտերն ու միտքերը, որոնք կը դրդեն մարդը, որ մեղք գործէ:
Զաքաթ բառը կը նշանակէ մաքրում, սակայն կրօնական եւ հոգեւոր իմաստը աւելի խոր է: Տեսականօրէն, համայնքին յարելու էական երաշխիք մըն է նաեւ տեսակ մը կրօնական տուրքի՝ «օրինական հարկի», այսինքն՝ զաքաթի վճարումը, որ օգնութեան կարգով կը յատկացուի կարօտեալներուն, կարիքաւոր ճամբորդներուն, յանուն մահմետականութեան մարտնչողներուն եւ համայնքի պէտքերուն:
Իսլամները լուսնային օրացոյցը կ'օգտագործեն, որպէսզի որոշեն ամսուան սկիզբն ու վերջը: Անոնց համար որոշ կարեւոր իրադարձութիւններ կան, ինչպէս՝ Ռամատանի ամիսը կամ Հաճի ժամանակաշրջանը, որ նոյնպէս կ'որոշեն լուսնային օրացոյցին համաձայն: Ռամատանի ժամանակ արեւածագէն մինչեւ մայրամուտ, իսլամներ ո՛չ միայն ձեռնպահ կը մնան ուտելիքէն, ըմպելիքէն եւ սեռական յարաբերութիւններէն օրուան ընթացքին, այլ այդ մէկը կ'ընեն բոլորովին անկեղծ եւ կամովին: Պահքին հետեւիլը կը խթանէ ճիշդ հասարակական գիտակցութեան, նաեւ կը վարժեցնէ հաւատացեալը համբերութեան, անշահախնդրութեան եւ կամքի ուժին:
Մեքքա ուխտի երթալն ալ զուտ համայնքային պարտականութիւն մըն է, զոր իւրաքանչիւր հաւատացեալ իսլամ, տղամարդ կամ կին, հասուն տարիքի եւ միտքի տէր ըլլալով, պարտաւոր է կատարել կեանքին մէջ, նուազագոյնը անգամ մը: Սակայն եթէ հաւատացեալին հնարաւորութիւն կու տայ նիւթական եւ առողջական վիճակը: Քանի որ, այնտեղ կը գտնուի Քաապան, որ իւրաքանչիւր իսլամ իր սիրտն ու մարմինը կ'ուղղէ դէպի իրեն: Իրենց համար Քաապան սուրբ տեղ մըն է, որովհետեւ անիկա Աստուծոյ առաջին տունն է: Հաճի ժամանակ ամբողջ աշխարհէն եկած ուխտաւորներ նոյնատիպ հագուստով կը հաւաքուին նոյն վայրը եւ կը կատարեն նոյն ծէսերը:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Կրօնքներու Պատմութիւն, Բիւզանդ Եղիայեան, Անթիլիաս, 2005