Jump to content

Մուսաներ

Մուսաներ
Μούσες
Մուսաները, գործ Ճաքոբօ Թինթորեթօ, 1578
Ծննդավայր Բիերիա նահանգ
Մասնագիտութիւն հնադարեան աստուածութիւններ
Ծնողներ Տիաս եւ Մնիմոսինի

Մուսաներ (յուն․՝ Μούσες)․ յունական դիցաբանութեան մէջ անոնք հնադարեան աստուածութիւններ են, Տիասին եւ Մնիմոսինիին (Յիշողութիւն) դուստրերը։ Իրենց ղեկավարն էր Աբոլոնաս աստուածը (Աբոլոն Մուսիղեթիս)։

Ընդհանուր տեղեկութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սկիզբին Մուսաները լերան եւ ջուրերու Նիմֆեսներն էին (աստուածութիւններ)։ Իսիոդոս, իր Թէողոնիա գործին մէջ կը յուշէ․-«Մնիմոսինին Բիերիա (Բիերիա լեռներ) քնացաւ Քրոնոսին տղուն հետ եւ ծնաւ այս կոյսերը որոնք մեզի կը մոռցնեն մեր տառապանքները եւ ցաւերը կը մեղմացնեն։ Ինը գիշեր շարունակ խոհեմ Տիաս, իր սուրբ անկողինին մէջ կը քնանար Մնիմոսինիին հետ, հեռու բոլոր անմահներէն։ Տարի մը ետք, երբ եղանակներն ու ամիսները իրենց շրջանը բոլորած էին եւ բազմաթիւ օրեր անցան, Մնիմոսինին ծնաւ ինը դուստրեր․․․․․ որոնք կը հմայուէին երաժշտութենէն․․․»։

Մուսաներուն անուններն են՝ Քլիօ, Էվթերբի, Թալիա, Մելբոմենի, Թերբսիխորի, Էրաթօ, Բոլիմնիա, Ուրանիա, Քալիոբի։

Մուսաներուն կեանքը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Մուսաներուն պարը
Քլիօ, Էֆթերբի եւ Թալիա․ գործ Eustache Le Sueur, 1652-1655

Մուսաները ծնած էին ու կ՛ապրէին Բիերիա լեռներուն մէջ։ Անոնք երաժշտութեան, երաժշտական գործիքներուն, պարի, գէֆի եւ բանաստեղծութեան աստուածութիւններն էին։ Խնճոյքներուն ընթացքին կը զուարթացնէին Ողիմպոսի երկոտասան աստուածները քնար նուագելով եւ երգելով իրենց անյոգ ձայներով աստուածային մեղեդիներ եւ օրհներգեր։ Երգերուն նիւթն էր աստուածներուն ազնուական ծագումին գովասանքը, մանաւանդ Տիասին վեհութիւնը։ Իրենց ներդաշնակ երգը կը հմայէր աստուածներուն եւ մարդոց թագաւորը, բարեկրութեամբ կը լեցնէր աստուածներուն յոգիները եւ կը դիւթէր ամբողջ բնութիւնը որ կը քարանար ամէն անգամ որ անոնց ձայնը Ողիմպոսի գագաթէն կը լսուէր, որպէսզի լսելի ըլլայ երկինքէն, աստղերէն, ծովէն եւ գետերէն։ Մուսաները երգեցին, որպէսզի տօնուին Թեթիդային ու Բիլէասին, եւ Արմոնիային եու Քադմոսին հարսանիքները։ Նաեւ ողբալիօրէն երգեցին Ախիլէասին թաղումին ընթացքին։ Անոնք մեծնալով աւելի խելացի ու գեղեցիկ դարձան։ Երաժշտութեան հանդէպ յատուկ սէր ունէին։ Անոնց խմբավարն էր Աբոլոնաս աստուածը, եւ իրենց ժամանակը այսպէս կ՛անցընէին՝ «Աբոլոնաս մէջտեղը կանգնած կ՛ըլլար, ձեռքը քնարը։ Ան շրջապատուած կ՛ըլլար Մուսաներէն որոնք կ՛երգէին ու կը նուագէին իրենց երաժշտական գործիքները։ Ապա բագինին շուրջ կը պարէին եւ կը նստէին դափնիներու վրայ ու կ՛երգէին։ Բաւական օրեր կ՛անցընէին Բարնասոս լերան վրայ, որովհետեւ հոն կը գտնուէր Աբոլոնասին պատգամախօսը։ Կը պտտէին եւ կը լոգնային Իբոքրինի աղբիւրին, Էլիքոնոս գագաթին ամենէն գեղեցիկ աղբիւրը։»

Տե՛ս բուն արձանագրութիւն

Ուրիշ յիշատակումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բաֆսանիաս կը պնդէ թէ Մուսաներու երկու սերունդ կային։ Առաջին սերունդը ունէր երեք Մուսաներ, որոնք Ուրանոսին եւ Եէային աղջիկներն էին։ Իսկ երկրորդ սերունդը ունէր ինը Մուսաներ, որոնք Տիասին եւ Մնիմոսինիին դուստրերն էին։

[1] [2] [3] [4] [5] [6] [7] [8] [9] [10] [11]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]