Jump to content

Ժիրայր Դանիէլեան

Ժիրայր Դանիէլեան
Ծնած է 1941
Ծննդավայր Լիբանան
Մահացած է 22 Նոյեմբեր 2022(2022-11-22)[1]
Մահուան վայր Պոսթըն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[2]
Քաղաքացիութիւն  Լիբանան
Մասնագիտութիւն Խմբագիր, մատենագիր, հրատարակիչ

Ժիրայր Դանիէլեան (1941, Լիբանան - 22 Նոյեմբեր 2022(2022-11-22)[1], Պոսթըն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[2][3]), հայագէտ-բանասէր, մշակութային գործիչ, գրադարանագէտ, խմբագիր եւ հրատարակիչ, լրագրութեան պատմաբան, մատենագէտ, մանկավարժ: Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատուաւոր դոկտորի կոչում` հայագիտութեան մարզին մէջ:

Դոկտոր Ժիրայր Դանիէլեան կը յաճախէ նախ Պէյրութի Վիեննական Մխիթարեան վարժարանը: Ապա կը ստանայ իր միջնակարգ կրթութիւնը` ՀԲԸՄ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանին մէջ։ Իսկ բարձրագոյն կրթութիւնը կը շարունակէ Պէյրութի Հայկազեան քոլեճին մէջ (այժմ` համալսարան), ուր կը հետեւի պատմութեան եւ մանկավարժութեան դասընթացքներուն: Վաղ տարիքին կը ցուցաբերէ հետաքրքրութիւն` հայագիտութեան վերաբերեալ նիւթերու շուրջ:

Քսաներեք տարի կը պաշտօնավարէ Հայկազեան Համալսարանին մէջ` իբրեւ Հայագիտական գրադարանի վարիչ եւ ապա՝ իբրեւ գրադարանապետ:

Հայկազեան համալսարանին գրադարանը կը դառնայ այն իտէալ միջավայրը, ուր Ժիրայր Դանիէլեան կը լծուի բանասիրական պրպտումներու եւ շնորհիւ յարատեւ որոնումներու, կը կատարէ ուսումնասիրութիւններ արժէքաւոր երկերու մասին:

Կը ստանձնէ տնօրէնի պաշտօն` Յովակիմեան-Մանուկեան եւ Դարուհի Յակոբեան երկրորդական վարժարաններուն մէջ:

Գրականագէտ եւ խմբագիր՝ Երուանդ Տէր-Խաչատուրեան իր մասին կ'ըսէ.- «Ժիրայր Դանիէլեան որոնողը, հմուտ բանասէրը, լրագրութեան պատմաբանն ու մատենագէտը, մանկավարժը, խմբագիրն ու հրատարակիչը», ինչպէս նաեւ` «Սփիւռքի հայ մամուլի ու գրական գործի լաւագոյն գիտակներից մէկը…»:

Պէյրութի մէջ 4 Օգոստոս 2020-ին պատահած ահաւոր պայթումներուն հետեւանքով իր աչքերը կը վիրաւորուին: Ան իր մէկ աչքը գրեթէ կը կորսնցնէ, միւս աչքն ալ լրջօրէն կը վնասուի:[4]

Խմբագրական աշխատակցութիւններ եւ յօդուածներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ժիրայր Դանիէլեան Կը վարէ խմբագրութիւնը գրական այլազան հանդէսներու եւ պարբերաթերթերու, ինչպէս` «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»ին, «Հիւսիսեան հայագիտական տարեգիրք»ին, «Հասկ հայագիտական տարեգիրք»ին, «Երիտասարդ հայ» երկշաբաթաթերթին, ՀԲԸՄ-ի «Խօսնակ» պաշտօնաթերթին եւ «Շիրակ» ամսագրին:

Ստորագրած է բազմաթիւ յօդուածներ «Զարթօնք» եւ «Արարատ» օրաթերթերուն, «Սփիւռք» եւ «Նայիրի» շաբաթաթերթերուն մէջ:

Ժիրայր Դանիէլեան պատասխանատու խմբագիրն է 2005-ին իր հիմնադրած «Կամար» գրական պարբերաթերթին:

Ուսումնասիրական աշխատանքներ եւ դասախօսութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ան կը փոխանցէ ուշագրաւ տեղեկութիւններ հայ պարբերական մամուլին մասին` ներկայացնելով լիբանանահայ մամուլի պատմութիւնը: Կը պատկերացնէ «Հասկ» ամսագիրի 50 տարուան գործունէութիւնը եւ Հայաստանի առաջին տպարանին շուրջ կը կատարէ շահեկան յայտնաբերումներ: Կը բնութագրէ, անհրաժեշտ մանրամասնութեամբ, գրական գործունէութիւնը 19-րդ դարու անուանի լրագրող, վիպագիր, խմբագիր եւ հրատարակիչ Յովսէփ Վարդանեանի, ծանրանալով անոր «Ագապի» հայատառ թրքերէն վէպին վրայ:

Ժիրայր Դանիէլեան կը ներկայացնէ նաեւ Զարթօնքի սերունդի յայտնի հրապարակագիրներէն Ստեփան Ոսկանը եւ «Ճիհան» հայատառ թրքերէն շաբաթաթերթի հրատարակիչ Տիրան Քելեկեանը: Իր բազմերանգ ուսումնասիրութիւններուն մաս կը կազմեն նաեւ` Երուխանը, Յակոբ Օշականը, Շահան Շահնուրը, Երուանդ Օտեանը, Վազգէն Շուշանեանը, Արշակ Չօպանեանը, Սիմոն Սիմոնեանը, Սեզան եւ ուրիշներ:

Դոկտոր Ժիրայր Դանիէլեան տուած է դասախօսութիւններ Հայկազեան Համալսարանի հայագիտական բաժինին եւ Հիւսիսեան հայագիտական հիմնարկին մէջ:

Հրատարակութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1980-էն Ժիրայր Դանիէլեան հրատարակած է բանասիրական հարցեր ընդգրկող հետեւեալ գիրքերն ու ուսումնասիրութիւնները.

  • «Հայ մամուլի հաւաքածոյ» (Պէյրութ, 1974), վերահրատարակութիւն` 1981),
  • «Ռամկավար ազատական մամուլը» (Պէյրութ, 1982),
  • «Նահանջը առանց երգի»ն իբրեւ վկայութիւն» (Պէյրութ, 1983),
  • «Հայ նոր պարբերական մամուլը, 1967-1981» (Պէյրութ, 1984),
  • «Լիբանանահայ տպագրութիւնը պատերազմի տարիներուն. 1975-1984» (Պէյրութ, 1986),
  • «Բանասիրական որոնումներ» (Պէյրութ, 1997),
  • «Լիբանանահայ դպրոցը, թիւեր եւ մտորումներ» (Պէյրութ, 2002),
  • «Գրական որոնումներ» (Պէյրութ, 2007):

2011-ին, Երեւանի «Մուղնի» հրատարակչութիւնը, մեկենասութեամբ «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան հայկական մատենաշարին, լոյս ընծայեց, «Գասպրինտ» ՍՊԸ տպագրատան մէջ, Ժիրայր Դանիէլեանի «Բանասիրութեան բաւիղներուն մէջ» խորագրեալ հատորը, խմբագրութեամբ հայրենի գրականագէտ եւ խմբագիր Երուանդ Տէր Խաչատրեանի:

«Բանասիրութեան բաւիղներու մէջ» գիրքի հեղինակ Ժիրայր Դանիէլեան գրական լայն հորիզոնով եզակի հետազօտող մըն է, որ իր ինքնատիպ վերլուծումները կը կատարէ: Բանասիրական բնագաւառին մէջ անխոնջ պեղումներով նորութիւններ յայտնաբերել, սխալներ մատնանշել, բաղդատականները հիմնաւորել փաստական տուեալներով, իսկ բանավիճային բնոյթի գրութիւններուն տալ առարկայականութիւն, սկզբունքայնութիւն եւ տրամաբանական եզրակացութիւն: Հատորին մէջ տեղ գտած բոլոր ուսումնասիրութիւնները համապարփակ ընդգրկում ունին ու բծախնդրօրէն հետազօտուած են:

Յակոբ Մանուկեան կ'ըսէ՝ «Բանասիրութեան բաւիղներուն մէջ» խորագրեալ հատորին մէջ, հեղինակ՝ Ժիրայր Դանիէլեան անխոնջ տքնութեամբ համախմբած եւ դասաւորած է մամուլի էջերուն մէջ ցրուած բանասիրական իր այլազան յօդուածներն ու ուսումնասիրութիւնները»: Իսկ Միհրան Քիւրտօղլեան կ'ըսէ՝ «Կ'արժէ կարդալ` ըմբոշխնելու համար վճիտ հայերէնը, սքանչելի ոճը եւ մտածումի յստակութիւնը»։

Մատենագիտութիւնն ու մամուլի պատմութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դոկտոր Ժիրայր Դանիէլեան 1980 թուականէն ի վեր, շուրջ երեսուն տարի, թէեւ գրած է գրական եւ բանասիրական բազմաբնոյթ յօդուածներ, այսուհանդերձ, իր նախասիրութեան առարկան կը հանդիսանան մատենագիտութիւնն ու մամուլի պատմութիւնը:

Գրականագէտ եւ խմբագիր Երուանդ Տէր Խաչատրեանի համոզմամբ՝ «Ժիրայր Դանիէլեան տիրապետած ըլլալով իր նախասիրած նիւթերուն` իր ուշադրութենէն երբեք չեն վրիպիր մատենագիտական բացթողումներ եւ վրիպանքներ: Այս կապակցութեամբ, կատարած է անհրաժեշտ ճշդումներ, օրինակ, «Հայկական սովետական հանրագիտարան»ի կարգ մը հատորներուն մէջ»:

Շքանշաններ, Պատուոյ գիր եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Շնորհաւորական կոնդակ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2011 թուականին, իր ծննդեան 70 եւ գործունէութեան 50-ամեակներու առիթով Ժիրայր Դանիէլեան պարգեւատրուեցաւ ադամանդակուռ եւ բարձրագոյն շքանշանով, ոսկի մետալով, պատուոյ գիրերով եւ ստացաւ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին ուղարկած շնորհաւորական կոնդակը:

21 Յունիս,2017-ին, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահութեան նիստին որոշուեցաւ հայագէտ-բանասէր, մշակութային գործիչ, գրադարանագէտ եւ խմբագիր Ժիրայր Դանիէլեանին շնորհել ակադեմիայի պատուաւոր դոկտորի կոչում` հայագիտութեան մարզին մէջ անոր ունեցած վաստակաշատ գործունէութեան համար:

14 Յուլիս, 2017-ին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ այդ դոկտորականը Ժիրայր Դանիէլեանին յանձնեց եւ անոր վաստակաշատ ուղիին մասին խօսեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, որ դրուատեց անոր ունեցած ներդրումը թէ՛ սփիւռքի եւ թէ՛ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու ամրապնդման մէջ:

2011 տարուան գարնան, Հայաստանի Թէքէեան մշակութային միութեան կեդրոնին մէջ նշուեցաւ դոկտոր Ժիրայր Դանիէլեանի ծննդեան 70 եւ գործունէութեան 50-ամեակները:

  1. 1,0 1,1 1,2 https://www.aztagdaily.com/archives/565329
  2. 2,0 2,1 2,2 Գույժ.Ժիրայր Դանիելյան
  3. Մեր Կորուստները. Կեանքէն Հեռացաւ Մատենագէտ, Հայագէտ, Պատմաբան Եւ Խմբագիր Ժիրայր Դանիէլեան)
  4. «Նոր Յառաջ Երկօրեայ Թերթ քաղուածք թիւ 1492 Օգոստոս 15 2020