Jump to content

Ժան Քելվին

Ժան Քելվին
ֆրանսերէն՝ Jean Calvin[1]
Ծննդեան անուն ֆրանսերէն՝ Jehan Cauvin[2]
Ծնած է 10 Յուլիս 1509[1][3]
Ծննդավայր Նոյոն, Պիկարդիա, Ֆրանսայի Թագաւորութիւն[4][3]
Մահացած է 27 Մայիս 1564[1][3] (54 տարեկանին)
Մահուան վայր Ժընեւ, Ժընեւի Հանրապետութիւն[4][3]
Քաղաքացիութիւն  Ֆրանսայի Թագաւորութիւն[5]
Ժընեւի Հանրապետութիւն
Մայրենի լեզու Ֆրանսերէն
Կրօնք Կալվինականություն?
Ուսումնավայր Քոլեջ դե լա Մարշ?
Քոլեջ դե Մոնտաիգու?
Բուրժի համալսարան?
Օռլեանի հին համալսարան?
Օռլեանի համալսարան?[6]
Ազդուած է Օգոստինոս Երանելի?[7] եւ Մարին Լութեր
Երկեր/Գլխաւոր գործ Institutes of the Christian Religion?
Մասնագիտութիւն Պատուելի, բողոքական բարեփոխիչ, աստուածաբան, փաստաբան, գրագէտ
Ամուսին Իդելետ դը Բուր?
Ծնողներ հայր՝ Ժերար Կալվին?
Ստորագրութիւն

Ժան Քելվին (ֆրանսերէն՝ Jean Calvin, լատ.՝ Ioannes Calvinus), ֆրանսացի աստուածաբան, Քելվինական եկեղեցւոյ հիմնադիրներէն։

Ժան Քելվինի կրօնաքաղաքական հայեացքները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ժան Քելվին իր «Հրահանգ քրիստոնէական հաւատքի» (1536) գործին մէջ կը նշէ, որ Աստուած մարդոց մէկ խումբին նախատեսած է փրկութիւն, իսկ միւս մասին՝ կործանում։ Ուստի մարդիկ աստուածային կամքին մասին կրնան կռահել՝ մեկնելով իրենց կեանքէն։ Յաջողութիւնն ու յաղթանակը արդէն կը խօսին Աստուծոյ կողմէ ընտրեալ ըլլալու մասին։ Ան կոչ կ'ուղղէ հաւատացեալներուն ամբողջութեամբ նուիրուիլ իրենց կեանքին կոչման՝ մասնագիտութեան, որ կը դիտուի որպէս հասարակական կամքի կատարում։ Ամէն մարդ պէտք է ըլլայ խնայող եւ արհամարհէ շռայլութիւնը։ Ատկէ կ'եզրակացուի, որ Աստուծոյ կողմէ ընտրեալ ըլլալը որեւէ կապ չունի ընկերային ծագման եւ հասարակութեան մէջ ունեցած դիրքին հետ։ Քելվինի կրօնաքաղաքական հայեացքներուն մէջ կը նշմարուին բողոքական բարոյագիտութեան տարրեր։

Հետագային Քելվինի գլխաւորութեամբ Ժընեւի մէջ կ'իրականանան եկեղեցւոյ եւ հասարակութեան մէջ առկայ սահմաններու վերացում, որ կ'ենթադրէր եկեղեցական համայնքներու՝ աշխարհիկ գործիչներէ կազմուած եկեղեցական կոչում չունեցող հոգեւոր մարդոց հետ միասին յեղափոխականներու հիմնում, որ կը ղեկավարէր համայնքին հոգեւոր կեանքը։ Ժամանակի ընթացքին Քելվինական եկեղեցին մեծ ազդեցութիւն կ'ունենայ ժողովրդավարական հանրապետութիւններու ձեւաւորման վրայ, իսկ բարեփոխուած եկեղեցւոյ գաղափարը մեծապէս կը նպաստէ հանրապետական եւ հանրապետական - ժողովրդավարական հայեցակարգերու ստեղծման եւ մշակման։

Քելվին կը դատապարտէր միապետական կարգերու բռնութիւնն ու անօրինականութիւնը, եւ զանոնք իրականացնողներուն համար կը նախատեսէր աստուածային պատիժ, որու գործիք կրնային դառնալ իրենց կամակատարները։ Ընդ որում, բռնապետութեան դիմադրելու իրաւունքը ան կը վերապահէր միայն իշխանութեան մարմիններուն, եկեղեցւոյ եւ ներկայացուցչական մարմիններուն։ Ան կը նշէ․

Բռնակալին բացայայտօրէն չենթարկուիլն ու անոր տապալելը թոյլատրելի են միայն այն ատեն, երբ օգտագործուած են չէզոք դիմադրութեան բոլոր միջոցները, սպառած են պայքարի բոլոր օրինաւոր ձեւերը։


Կառավարման ամէնէն վատ ձեւը ան կը համարէ ժողովրդավարութիւնը, ամենալաւը՝ ջոջապետութիւնը։ Քելվինական եկեղեցին աչքի ինկած է նաեւ իր ընդգծուած կրօնական անհանդուրժողականութեամբ,որ իրականացած է 1541-1564 թուականներուն։

Քաղաքացիներու նկատմամբ սահմանուած էր լրտեսում՝ անոնց ողջ հասարակական կեանքը։ Չնչին խախտման համար նախատեսուած էին խստագոյն պատիժներ, հերետիկոսութեան մէջ մեղադրուողները անյապաղ կ'ենթարկուէին մահապատիժի։

Քելվինական եկեղեցին մեծ չափով նպաստած է Նիտըրլենտի մէջ առաջին պուրժուական յեղափոխութեան, որուն իբրեւ արդիւնք երկիրին մէջ կը հաստատուին հանրապետական կարգեր, եւրոպական շարք մը երկիրներու անկախացման։ Անոր հիմքին վրայ կը ստեղծուին հանրապետական կուսակցութիւններ Անգլիոյ մէջ։ Անիկա նաեւ տնտեսական հիմք կը նախապատրաստէ ԺԷ.-ԺԸ. դարերուն պուրժուազիայի դասական քաղաքական աշխարհայեացքի ձեւաւորման։ Անիկա արդի բողոքական երկիրներուն մէջ ազատամտականութեան հոգեւոր ակունքներէն է։

  • Կառլեն Միրումեան, «Քաղաքական ուսմունքների պատմութիւն», Երեւան, 2006
Institutio christianae religionis, 1597
  • Bouswa W. J. John Calvin. A sixteenth-century portrait. - Cambridge, 1984.


Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 1,2 Cohen S. G. John Calvin (1509-1564) French churchman and religious reformer // Allergy proceedings : the official journal of regional and state allergy societies.Providence: OceanSide, 1995. — Vol. 16, Iss. 5. — P. 276–278. — ISSN 1046-9354
  2. CiNii — 2002.
  3. 3,0 3,1 3,2 3,3 Historische Lexikon der Schweiz, Dictionnaire historique de la Suisse, Dizionario storico della SvizzeraBern: 1998.
  4. 4,0 4,1 Кальвин Жан // Большая советская энциклопедия: [в 30 т.] / под ред. А. М. Прохорова — 3-е изд. — М.: Советская энциклопедия, 1969.
  5. Bibliothèque nationale de France Record #11894896k // BnF catalogue généralParis: BnF.
  6. Mathematics Genealogy Project — 1997.
  7. (unspecified title)