Jump to content

Մարին Լութեր

Մարին Լութեր
գերմաներէն՝ Martin Luther
Ծննդեան անուն գերմաներէն՝ Martin Luder
Ծնած է 10 Նոյեմբեր 1483[1][2][3][…]
Ծննդավայր Այսլեբեն, Սրբազան Հռոմէական կայսրութիւն[4]
Մահացած է 18 Փետրուար 1546[1][2][3] (62 տարեկանին)
Մահուան վայր Այսլեբեն, Սրբազան Հռոմէական կայսրութիւն[5]
Քաղաքացիութիւն  Սրբազան Հռոմէական կայսրութիւն
Կրօնք լատինական եկեղեցի? եւ Լուտերականութիւն
Ուսումնավայր Էրֆըրթի Համալսարան
Ազդուած է Օգոստինոս Երանելի?
Երկեր/Գլխաւոր գործ 95 թեզիսներ?
Մասնագիտութիւն թարգմանիչ, աստուածաբան, փրոֆեսոր, փաստաբան, Աստուածաշունչի թարգմանիչ, Շարականագիր, բողոքական բարեփոխիչ, փիլիսոփայ, Պատուելի, գրագէտ, քարոզիչ, երգահան, գրիչ, Կաթոլիկ քահանայ, reformator
Աշխատավայր Վիտենբերգի համալսարան?
Վարած պաշտօններ համալսարանի դասախօս
Ամուսին Կատարինա ֆոն Բորա?
Ծնողներ հայր՝ Հանս Լութեր?, մայր՝ Margarethe Luther?
Երեխաներ Էլիսաբեթ Լյութեր?, Փաուլ Լյութեր?, Մագդալենա Լյութեր?, Մարգարետ Կունհայմ?[6], Martin Luther, Jr.? եւ Johannes Luther?
Ստորագրութիւն

Մարին Լութեր (10 Նոյեմբեր 1483[1][2][3][…], Այսլեբեն, Սրբազան Հռոմէական կայսրութիւն[4] - 18 Փետրուար 1546[1][2][3], Այսլեբեն, Սրբազան Հռոմէական կայսրութիւն[5]), գերմանացի աստուածաբան, վանական եւ եկեղեցիի բարեփոխիչ: Ան հիմնադրած է Բողոքականութիւնը: Յայտնի է միայն հաւատքով արդարացման վարդապետութեամբ եւ յայտնութեան Քրիստոսակեդրոն ընկալմամբ: Լութեր յայտնի 95 թեզիսներ (1517 թ. Հոկտեմբեր) նշանաւորուած է Ռեֆորմացիայի սկզբնաւորումը:

Ան առաջինն էր, որ Աստուածաշունչ մատեանը լատիներենէ թարգմանեց գերմաներէնի: Լութեր կը պնդէր, որ Սուրբ Գիրքը հանրութեան գիրք է եւ զայն պիտի կարդան բոլորը: Յեղափոխութեան պատճառը դարձաւ Հռոմէն ժամանած սակսոնական կաթողիկէ քահանայ Յովհաննէս Տեցելի վաճառած ինդուլցենցիաները, որ Հռոմի պապ Լեւոն X-ի հրամանով եկած էր Գերմանիոյ Վիտենբերգ քաղաք՝ հաւաքելու գումարներ Սուրբ Պետրոս Եկեղեցիի շինարարութեան համար: Թերեւս 1512 թուականին Օգոստինական վանական եւ աստուածաբանութեան պրոֆեսոր Մարին Լութեր հանդէս եկաւ պաշտօնական կաթողիկութեան տեսակէտներով, որուն հիմնական երկու գաղափարներն էին.

  1. Եկեղեցին իրաւունք չունի իրեն վերագրելու աւելի մեծ պատմական ծառայութիւններ:
  2. Եկեղեցին իրաւունք չունի զանգուածային կերպով կազմակերպելու մեղքերու թողութիւն:

Գաղափարաքաղաքական հայացքները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ըստ Մարին Լութերի՝ հոգեւոր փրկութիւնը հնարաւոր է միայն հաւատքի միջոցով, քանի ոչ ոք կաթողիկէ եկեղեցիի կարիքը չունի եւ անկախ սոցիալական ծագումէն ու գրուած դիրքէն՝ բոլորը անառարկելիօրէն պէտք է ենթարկուին Աստուծոյ: Մարդոցմէ ոչ ոք առաւելութիւն ունի ո՛չ մէկու նկատմամբ, սոցիալական բոլոր խաւերը, անոնց կարգին եւ հոգեւորականութիւնը հաւասար են: Ատիկա իրաւահաւասարութեան սկզբունքի վաղ բուրժուական առաջին ձեւակերպումներէն մէկն է:

Լութերի կարծիքով, քանի որ չարը կը տիրէ աշխարհին, ուստի Աստուած կ'իրականացնէ երկու տիպի կառավարում՝ հոգեւոր, որ կ'իրականացնէ քրիստոնեաներն ու ազնուաբարոյ մարդիկ՝ Քրիստոսի գլխաւորութեամբ, եւ աշխարհականները, որոնք կը զսպեն ոչ քրիստոնեաներուն ու չարերուն՝ ստիպելով, որ թէեւ հակառակ իրենց կամքի, սակայն կը պահպանեն արտաքին խաղաղութիւն եւ հանգստութիւն: Անոնց (աշխարհիկ եւ հոգեւոր կառավարումներուն) բնորոշ են երկու թագաւորութիւն՝ աստուածային եւ աշխարհիկ: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր բնորոշ օրէնքներն ու իրաւունքները, ընդ որում՝ առանց օրէնքի որեւէ կառավարում կարելի չէ իրականացնել եւ որեւէ թագաւորութիւն կարելի չէ յառաջանալ: Աշխարհիկը հնարաւարութիւն կու տայ «տեսնել, ճանչնալ, գնահատել, դատել, պատժել», մինչդեռ մնացած պարագաներուն գերիշխողը հոգեւոր կառավարումն է: Հոգին աստուածային կառավարման միջոց է:

Լութերն իր ուսման մէջ մեծ տեղ կը յատկացնէր աշխարհիկ իշխանութեան, անկախութեան՝ պապականութենէն: Քահանաներու կոչումը քրիստոնէական ուսմունքը կը տարածէ, իսկ անկէ դուրս հասարակ քաղաքացիներ են՝ ենթակայ պետութեան: Քանի դեռ ան կը ծառայէ, վեր է բոլորէն, մինչ այն պահը, երբ անոր կը փոխարինեն: Այդ ժամանակ ան կը դառնայ գիւղացի կամ քաղաքացի:

Անոր հայացքները կարեւոր տեղ կը զբաղեցնեն նաեւ աշխարհիկ եւ հոգեւոր իշխանութեան մէջ՝ միմեանց գործերուն չխառնուելու գծով: Աշխարհիկ կառավարումն իրաւունք չունի խառնուելու հոգեւոր կառավարման, որովհետեւ այստեղ իշխողը «Աստուծոյ խօսքն է»: Այս եպիսկոպոսներու, եւ ոչ թէ իշխաններու գործն է: Աւելին, աշխարհիկ կառավարման հարցերուն կարեւոր է չառաջնորդուիլ բռնութեամբ, քանի որ

անիրաւութիւնը ամէնէն առաջ պէտք է իրաւունքով յաղթահարել


Հնագոյն ձեւով՝ հոգեւոր ծառայութիւն իրականացնողը պէտք չէ ուժ գործադրէ: Նախ ան պէտք է կառավարէ օրէնքով: Սակայն ինչպէս կը նկատուի Լութերը՝

որքան լաւ ու արդար ըլլան օրէնքները, ունին յատուկ թերութիւն. անոնք չեն կիրարկուիր բոլոր դէպքերու վրայ:


Ուստի կառավարման ժամանակ, ըլլայ թէ՛ հոգեւոր, թէ՛ աշխարհիկ, օրէնքին պէտք է գումարել բանականութիւնը: Անհրաժեշտ է, որ բանականութիւնը մշտապէս բարձր դասուի օրէնքներէն եւ մնայ որպէս բարձրագոյն օրէնք եւ լաւագոյն օրէնսդրութիւն: Լութերի գործունէութեան պատմական ու քաղաքական նշանակաթիւնն այն է, որ ան զօրաւոր ներդրում ունեցաւ յանուն հասարակութեան քաղաքական ու տնտեսական նորացման շարժումին:

1508 թուականին Լութերին կ'ուղարկեն դասաւանդելու Վիտտինբերգեան համալսարանը: Ան այնտեղ առաջին անգամ կը ծանօթանայ Աւրերիոս Օգոստինիոս Երանելիի աշխատանքներուն: Լութերը միաժամանակ ե՛ւ կը դասաւանդէր, ե՛ւ կը սորվէր, որպէսզի ստանայ աստուածաբանութեան տոքթորի կոչումը:

  • Կառլեն Միրումյան - Քաղաքական ուսմունքների պատմություն, Երեւան, 2006

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]