Jump to content

Ժագ Տուվալեան

Ժագ Տուվալեան
Ծնած է 1 Յունուար 1920(1920-01-01)
Ծննդավայր Հալէպ, Սուրիա
Մահացած է 26 Մարտ 2008(2008-03-26) (88 տարեկանին)
Մահուան վայր Վերսայ
Մասնագիտութիւն երգիչ

Ժագ Տուվալեան (1 Յունուար 1920(1920-01-01), Հալէպ, Սուրիա - 26 Մարտ 2008(2008-03-26), Վերսայ), ֆրանսահայ երգիչ։

Ծնած է Հալէպ, Մեծ Եղեռնէն վերապրողներու ընտանիքի մէջ։ 1925-ին ընտանեօք փոխադրուած են Փարիզ։

Հակառակ թուաբանութեան եւ ճշգրիտ գիտութիւններու հանդէպ իր հետաքրքրութեան, ան ստիպուած էր միջնակարգը լքել եւ աշխատիլ՝ ընտանեկան տնտեսութեան նպաստելու համար։

Տուվալեանի մէջ երաժշտութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւն արթնցած է, սկսած է երգեր յօրինել ու երգել։ Երգած է սրճարաններու մէջ, 1940ական թուականներուն բարեկամանալով Շարլ Ազնաւուրի եւ այլ երգիչներու հետ։ Բ. Աշխարհամարտէն ետք, քանի մը երգահանդէսներ տուած է։

Տուվալեան Խորհրդային Հայաստան ներգաղթած է 1954-ին՝ մօրը հետ։ Աստղագիտութիւն ուսանելու նպատակ ունեցած է, բայց միտքը փոխելով, շարունակած է երգել։

1956-ին դարձած է Կոստանդին Օրբելեանի ղեկավարած Հայաստանի պետական էսդրատային նուագախումբի գլխաւոր երգիչը։ Նուագախումբին հիւրախաղերը խորհրդային բազմաթիւ քաղաքներու մէջ ջերմօրէն ընդունուած են, յատկապէս՝ նոր երգիչին մեկնաբանութիւնները։

1959-ին, Տուվալեան հրաւիրուած է Մոսկուա՝ մաս կազմելու Եուրի Սաուլսկիի ղեկավարած համոյթին։ Անոր հայերէն, ռուսերէն եւ ֆրանսերէն երգերը մեծ յաջողութեան արժանացած են։

Հեղինակած է քանի մը երգերու խօսքեր, ինչպէս՝ «Երեւանի փողոցներում»։ Անոր ձայնին որոշակի ֆրանսական երանգը, Երեւանն ու Փարիզը կը միանային այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ ֆրանսական շարժապատկերն ու երգերը խորհրդային աշխարհը մուտք կը գործէին[1]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Ժագ Տուվալեան»։ avproduction.am։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2022-04-07-ին։ արտագրուած է՝ 2022-08-06