Jump to content

Զաւէն Խտըշեան

Զաւէն Խտըշեան (1922, Պէյրութ - 13 Սեպտեմբեր 2018[1]), լիբանանահայ քանդակագործ։

1949-էն 1952 թ. յաճախած է Պէյրութի Գեղարուեստի ակադեմիա[1][2], ետքը 1952-էն 1958 կը մեկնի Փարիզ եւ Փարիզի Ազգային Բարձրագոյն արուեստնէրու դպրոց կերդայ, ուրկէ վկայուած։ Որուն ընթացքին (1952-1954) Հիպէրթ Եանսէսի հետ կը սորվի մարնմաքանդակ, (1954-1956) Մարսէյ Ժիմոնի հետ դիմաքանդակ եւ (1956-1958) Ալֆրէտ Ժանիոյի հետ բարձրաքանդակ եւ կոթողական քանդակագործութիւն։

Զաւէն Խտըշեան եղած է Լիբանանի մէջ քանդակագործութեան առաջին դասախօսը, հեղինակը եղած է գեղարուեստի ակադեմիայի մէջ քանդակագործութեան նոր ծրագիրին, 1960-էն 1982 թ. դասախօսած է Լիբանանի գեղարուեստի ակադեմիայ էն ներս,1966-էն 1987 թ. եղած է Լիբանանեան համալսարանի գեղարուեստի հիմնարկի դասախօս եւ 1980-էն 1982 թ. Քասլիքի Ս. Հոքի համալսարանին գեղարուեստի հիմնարկի դասախօս։

1954-ին մասնակցած է Փարիզի «Փէօթի Փալէ»-ի մէջ եւ «Օտար արուեստագէտներ Ֆրանսայի մէջ» խորագիրով ցուցահանդէսին, 1958-էն 2010 թ. մասնակցած է աշնանային, գարնանային եւ շարք մը խմբային ցուցահանդեսներու։ որոնցմէ է 1963-ին Ալեքքօ Սաապ՝ Պէյրութ, 1982-ին Քասլիքի Ս. Հոքի համալսարան, 1987-ին «Լա Թուալ» ցուցասրահ Ռիմալի մէջ՝ Ժունի, 1994-ին Աղեքսանդրիոյ Պիէնալի 18-րդ ցուցահանդեսին, 1995-ին «Էմմակոս» ցուցասրահ, 1997-ին Էլիաս Ապու Շապքէ թանգարան, 2002-ին Գերմանական մշակութային կեդրոն՝ Քասլիք եւ 2010-ին Համազգայինի «Լիւսի Թութունճեան» ցուցասրահ։ 16 Հոկտեմբեր 2014-ին «Փոլիվանթ» սրահին մէջ, ԱԼՊԱ- Սին էլ Ֆիլ[3]։

1954-ին կը ստանայ Փարիզի Գեղարուեստի դպրոցի առաջին մրցանակը, 1954-1955-ին կը ստանայ Լիբանանի կրթութեան նախարարութեան մրցանակիր-կրթաթոշակ, 1955-ին երկրորդ անգամ ըլլալով կը ստանայ Փարիզի Գեղարուեստի դպրոցի առաջին մրցանակը, 1965-ին կը շահի «Սթրանտ» կեդոնի առաջին մրցանակը եւ «Լ'Օրիան» թանգարանի աւազնին համարարձան մը։

Քանդակագրած է Պիքֆայայի Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուաղ յուշարձանը[4], Աննայայի մէջ՝ Ս. Շարպելի արձանը, Պոսթոնի մէջ՝ Գարեգին Նժդեհի կիսանդին, Հալէպի մէջ՝ Զարեհ Ա. Կաթողիկոսի կիսանդին, Այնճարի մէջ՝ Շաւարշ Միսաքեանի կիսանդին, Պէյրութի Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմանարի մէջ Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի կիսանդին[1], Պէյրութի «Ժըպրան Խալիլ Ժըպրան» զբօսայգիին մէջ Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի կիսանդին, Պէյրութի մէջ՝ Հանրի Ֆարաոնի (արձա՞ն, Թէ՞ կիսանդի), Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ «Պաշտպանոթիւն » յուշակոթողը, Մթէյնի մուտքին տեղադրուած յուշարցանը եւ Ժըպէյլի մէջ՝ «Աղօթք» յուշարձանը։

  • Զաւէն Խտըշեան, «Արգէոսը՝ հօրս Արարատը՝ յիշողութեան հանգոյցներով», Հալէպ, 2012 (հրատարակութեան պատրաստեց՝ Թորոս Թորանեան):

Զաւէն Խտըշեան (Մահուան Ա. Տարելիցին Առիթով)[permanent dead link]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]