Jump to content

Զարմինէ Պօղոսեան

Զարմինէ Պօղոսեան
Ծննդավայր Հալէպ
Քաղաքացիութիւն Ամերիկա
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Հայ Առաքելական եկեղեցի
Մասնագիտութիւն դպրոցի ուսուցիչ, գրագէտ, թարգմանիչ, հրապարակախօս
Աշխատավայր Կրթական մշակ, մանկավարժ, գրող, թարգմանիչ, հրապարակագիր,
Ամուսին Միսակ Պօղոսեան
Ծնողներ Տիրահայր Գէորգ եւ Տիրամայր Զապէլ Գալայճեան
Երեխաներ Երկու որդի Արա եւ Կարէն
Կայքէջ zarminekal.blogspot.com
Զարմինէ Պօղոսեան Կրթական մշակ, մանկավարժ, վարժարանի տնօրէնուհի, գրող, թարգմանիչ, հրապարակագիր, ազգային-հաս. գործիչ, բազմաթիւ յօդուածներու հեղինակ:Ան վարած է եւ կը վարէ բեղուն ազգային-հասարակական գործունէութիւն:

Զարմինէ Պօղոսեան Գալայճեան Շրջանաւարտ Հալէպի ՀԲԸՄի Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան երկրորդական վարժարանէն կը մտնէ ուսուցչական ասպարէզ 1965-ին Հալէպ քաղաքի Կրթասիրաց նախակրթարանը։ Ամերիկա փոխադրուելէ ետք 1978-ին ամուսնոյն՝ Միսակ Պօղոսեանի եւ երկու զաւակներու Արայի եւ Կարէնի հետ, կը հետեւի Նիւ Եորքի Պրուքլին համալսարանի մանկավարժութեան ճիւղը, ստանալով գիտութեան Պսակաւորի Արուեստի վկայական բարձր գնահատականով որպէս մանկավարժ։

Ծանօթ հոգեբան Դոկտ. Բերկրուհի Սվաճեանի յանձնարարութեամբ կը նշանակուի տնօրէն Սրբոց Նահատակաց վարժարանին.

1987-էն 2011, Զարմինէ Պօղոսեան 25 տարի եղեր է տնօրէնը Պէյսայտի Սուրբ Նահատակաց Ամէնօրեայ Վարժարանին: 13 տարի ետք, շրջան մը հեռանալէ ետք 2006-ին դարձեալ կը հրաւիրուի վարժարանի հոգաբարձութեան կողմէ վերստանձնելու նոյն պաշտօնը։

Այդ օրերուն վարժարանը համարուեր է Ամերիկեան պետական չափանիշով հասած բարձրագոյն մակարդակին:

Զարմինէ Պօղոսեան ծանօթ անուն է Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզիի հայ համայնքներու մշակութային կեանքէն ներս:

Զարմինէ Պօղոսեանը հեղինակ է բազմաթիւ յօդուածներու, թարգմանութեան, կարճ պատմուածքներու:

Որպէս հիւր դասախօս, ան մասնակցեր է մօտակայ նահանգներու մշակութային ձեռնարկներուն: Չնայած թէ հանգստեան կոչուած էր, բայց դարձեալ, շրջան մը շաբաթը երեք անգամ կը ծառայէ իր սիրելի դպրոցին:

Զարմինէ Պօղոսեանի երէց եղբայր Զաւէնը, ժողովուրդէն ճանչցուած եւ յարգուած լուսահոգի Արժ. Տ. Վրթանէս Ա. Քհնյ. Գալայճեանի կէս դարէն աւելի 63 տարի կը մարմնաւորէր իր ողջութեան հոգեւորական մը՝ անմոռանալի յիշատակները տարածուած Լիբանանի մէջ՝ Անթիլիաս, Պէյթ Մէրի, Պիքֆայա, Յորդանանի մէջ՝ Երուսաղէմ, Ամման, Հրեշտակապետաց, Թարգմանչաց Վարժարան, Սիոն Ամսագիր, Սուրիոյ մէջ՝ Հալէպի Ս. Վարդան, Կիլիկեան Վարժարան, Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ Ուոքիկըն, Էլպէրոն, Եունեըն Սիթի, Ճամբար Նուպար, Ճամբար Վարդան, եւ ապա վերջին չորս տասնամեակներու ընթացքին Մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ հովուական ծառայութիւններու, ինչպէս նաեւ ազգային, բարեսիրական գործունէութիւններու շարանով մը՝ Հայրենիքէն ներս:

Մամուլի աշխատակից

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Զարմինէ Պօղոսեան մնայուն աշխատակիցն է հայ մամուլին եւ մասնաւորաբար ռամկավար ազատական թերթերուն` «Պայքար», «Զարթօնք», «Նոր Օր», «Ապագայ», ինչպէս նաեւ` վերջին տարիներուն` «Հայրենիք»ին ու «Նոր Մարմարա»ին։ Գրական գեղարուեստական գործերով աշխատակցած է գրական հանդէսներու, ինչպէս` «Շիրակ»ին, «Գեղարդ»ին ու «Նոր Ապրիլ»ին։

2017-էն ի վեր անդամ է Նարեկ ամսաթերթի խմբագրական կազմին: ՆԱՐԵԿ-ը պաշտօնական տեղեկատուն է Նիւ Եորք քաղաքի Պէյսայտ շրջանին մէջ գտնուող Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ, որ արդէն իր ոսկեայ տարեդարձը տօնած եւ թեւակոխեց 65-ամեայ երթը Յունուար 2019-ին: Զարմինէ Պօղոսեան ամէն ամիս կանոնաւորաբար Հայերէն էջ կը պատրաստէ զանազան նիւթերու շուրջ:

Թէքէեան Մշակութային Միութեան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նիւ Եորք հաստատուելու առաջին օրէն Զարմինէ Պօղոսեան ամուսնոյն` Միսաքին հետ մաս կը կազմէ Թէքէեան Մշակութային Միութեան վարչութեան։

Շքանշան, Հայրապետական կոնդակ, գնահատագիր,շնորհակալագիր եւ մետալներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Զարմինէ Պօղոսեանի ծառայութիւնը գնահատած է՝ Ամերիկայի Հայոց նախկին Առաջնորդ Խաժակ Արք. Պարսումեանը «Վերածնունդ Դպրութեանց Առաջնորդական» շքանշանով:

Նոյեմբեր 16, 1997–ին Զարմինէ Պօղոսեան արժանացաւ Քուինզ Շրջանի քաղաքապետ՝ Քլէր Շուլմանի պատւոյ գնահատագրով մեծարելով իրեն եւ հռչակել «Զարմինէ Պօղոսեանի Օր», որպէս բացառիկ մանկավարժ, իր ցուցաբերած բացառիկ նուիրումին եւ մանուկներու դաստիարակութեան հանդէպ ունեցած իր նախանձախնդրութեան համար եւ իր ծառայութեան տասնամեակին առթիւ:

Բազմավաստակ հայուհիին ի պատիւ մեծարանքի հանդէսն էր որ տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 24, 2014, Ուրբաթ երեկոյեան, «Նորթ Հեմբսթէտ Գաունթրի Գլապ»ի շքեղ սրահին մէջ, Նիւ Եորք, բարձր հովանաւորութեամբ` Ամերիկայի Հայոց նախկին Առաջնորդ Խաժակ Արք. Պարսամեանի եւ կազմակերպութեամբ` վարժարանի հոգաբարձութեան եւ բազմամեայ դաստիարակ-մանկավարժ Տիկին Զարմինէ Պօղոսեանին շնորհուած էր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ.Կաթողիկոս Հօր Հայրապետական Կոնդակ եւ «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը գնահատելու համար իր մանկավարժական բազմամեայ ծառայութիւնը, որ սկսած էր Հալէպի Կրթասիրաց Վարժարանէն:

2017 տարին Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ Վարժարանի (Ս.Ն.Ա.Վ.) ընտանիքին համար նշանակալից տարի է՝ Ոսկեայ Յոբելինական Տարի:

Ստացած է բազմաթիւ պատուոգրեր,շնորհակալագրեր, գնահատագրեր

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]