Jump to content

Նարեկ ամսաթերթ

Կաղապար:Տեղեկաքարտ պարբերական

Նարեկ ամսաթերթ Narrec Newsletter անգլերէն-հայերէն տեղեկատու Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց Հայց. Եկեղեցւոյ

Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց Հայց. Եկեղեցւոյ Նարեկ ամսաթերթ Նարեկ անուան տակ հրատարակուող տեղեկատուն՝ որուն առաջին թիւը 1955 Յունուար ամիսէն սկսեալ կը տպուէր եւ կը տարածուէր համայնքի հայ ընտանիքներու տուներէն ներս, այս տարի իր 65-րդ տարին կը թեւակոխէ Յունուար 2019-ին:

Չորս էջնոց այս ամսաթերթ- ապա երկշաբաթեայ- տեղեկատուն սկսած էր հրատարակուիլ Յունուարին, շրջանի հայ ընտանիքները տեղեակ պահելու համայնքին գործունէութեան մասին, երբ տակաւին եկեղեցւոյ շէնքը գոյութիւն չունէր եւ Ս. Պատարագի արարողութիւնը կամ այլ եկեղեցական խորհուրդներ կը կատարուէին մերձակայ Ֆլաշինկ շրջանի Եպիսկոպոսական եկեղեցւոյ մը մէջ:

Առաջին թիւին առաջին էջէն իսկ կը կարդանք հետաքրքրական կոչ մը -ժողովուրդին ուղղուած- գլխաւոր հիմնադիրներէն Զարեհ Գաբիկեանի գրչով- որպէսզի համայնքը մասնակից դառնայ եւ «ջանայ գեղեցիկ, յատկանշանական եւ իմաստալից անուն մը» գտնէ տեղեկատուին համար: Վերջապէս երեք տարի ետք Յունուար 1958-ին Արժ. Տ. Վարդան Քհնյ. Մկրեանի օրով տեղեկատուն կը մկրտուի ՆԱՐԵԿ անունով եւ լոյս կը տեսնէ ամիսը երկու անգամ դառնալով երկշաբաթաթերթ:

Նարեկ ամսաթերթ-ը, ինչպէս գիտենք բոլորս, Գրիգոր Նարեկացիի ծննդավայրն է, «Ի Խորոց Սրտի Խօսք Ընդ Աստուծոյ» աղօթագիրքին հեղինակը: Թերթիկը ՆԱՐԵԿ կոչելով խմբագրական կազմը կը յուսար եւ կը յուսայ, որ ժողովուրդը ոչ միայն յիշէ մեր մեծ աղօթող սուրբը, այլ՝ համայնքը կարենայ արձագանգ հանդիսանայ եկեղեցւոյ մէջ աղօթող տիպար համայնքային գործունէութեան մը:

1957 թուականի Յունիս ամսուան թիւէն կը կարդանք Տէր Վարդանին պատգամը, ուր Տէր Հայրը հպարտութեամբ կը յայտարարէ թէ «իր սիրտը ուրախութեան ալիքով մը կ'ուռի երբ կը տեսնէ, որ 241 փոքրիկներ արձանագրուած են Կիրակնօրեայ դպրոց եւ անոնց շարանը ուսուցիչներով եւ ծնողներով կը լեցնէ եկեղեցին: Հոգիդ կը խայտայ երբ կը տեսնես, որ նոր եկեղեցին իր սրահով եւ դասարաններով արդէն նեղ կու գայ ամէն Կիրակի աւելցող փոքրիկներուն համար»:

Իսկ 1959-ի Մայիս ամսուան թիւով կը կարդանք երջանկայիշատակ Ամենայն Հայոց Հայրապետ՝ Տ. Տ. Վազգէն Ա.ի մօր՝ Տիրամայր Սիրանուշ Պալճեանի նամակը ուր ան կոչ կ'ուղղէ բոլոր հայ մայրերուն, որ ինչքան ալ նեղ պայմաննրու եւ տարբեր երկիրներու մէջ ապրին - «Կ'ուզեմ որ ըլլաք ձեր տան մէջ մէյ-մէկ դաստիարակներ: Ես ալ օտար հողի վրայ անյաջող պայմաններու տակ ապրած եմ, սակայն նուիրուած եմ զաւկիս Հայեցի դաստիարակութեան: Սիրելի Հայ մայրեր սիրեցէք եւ սիրցուցէք Հայ եկեղեցին, Հաաստանը եւ Հայ լեզուն- մենք այնքան գրական գոհարներ ունինք, մի՛ զրկէք ձեր զաւակները այդ հարստութենէն»: Այս բոլորը տեղեկութիւնները քաղուած են հակիրճ այցի մը տալով Նարեկ ամսաթերթ ՆԱՐԵԿ տեղեկատուին էջերուն մէջ արձանագրուած լուրերէն: Տեղեկատուին ծննդեան օրերէն լոյս տեսած բոլոր թիւերուն ամփոփումը հատորի մը մէջ խնամքով կազմուած է, որ սկսած էր Յունուար 1955-ին եւ հինգ տարուայ ընթացքին լոյս տեսած 24 թիւ, վերջինը ունենալով Դեկտեմբեր 15,1959-ի թիւը:

Տարիներու հոլովոյթով խմբագրի պաշտօնով անուրանալի է հանգուցեալ Օրդ. Մարիամ Սելվինազեանի հոգատար եւ ծայրայեղ բծախնդրութիւնը այս թերթին իւրաքանչիւր թիւին լոյս տեսնելուն հետ կապուած՝ որ հաւատարմօրէն վարեց մինչեւ իր անսպասելի մահը 2017 թուականին: Այժմ իր տեղը արժանաւորապէս կ'արդարացնէ Բժշկուհի Լին Չէթինը:

65-ամեայ Նարեկ ամսաթերթ-ը ժամանակակից դարձած է, էլէքթրոնային օրինակներով երիտասարդացած՝ մեր տուները աշխուժօրէն եւ կանոնաւորաբար կ'այցելէ ամէն ամիս... համակարգիչի ճամբով ալ- որուն 64-րորդ տարուան 12-րդ թիւը տեսանք անցնող Դեկտեմբերին: Ներկայիս քսան էջնոց ՆԱՐԵԿ-ը կ'առաքուի 1300 ընտանիքներու հասցէներուն եւ 1100 էլէքթրոնային հասցէներու:

2017-էն ի վեր Զարմինէ Պօղոսեան անդամ է ՆԱՐԵԿ ամսաթերթի խմբագրական կազմին: Նարեկ ամսաթերթ-ը պաշտօնական տեղեկատուն է Նիւ Եորք քաղաքի Պէյսայտ շրջանին մէջ գտնուող Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ, որ արդէն իր ոսկեայ տարեդարձը տօնած՝ թեւակոխեց 65-ամեայ երթը Յունուար 2019-ին: Զարմինէ Պօղոսեան ամէն ամիս կանոնաւորաբար Հայերէն էջ կը պատրաստէ զանազան նիւթերու շուրջ: