Jump to content

Զարեհ Մութաֆեան


Ծնած է 15 Մարտ 1907
Ծննդավայր Սամսոն
Մահացած է 11 Մայիս 1980
Մահուան վայր Փարիզի 20-րդ շրջան, Փարիզ, Ֆրանսա[1]
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
 Ֆրանսա
Ուսումնավայր Պրերա Գեղարուեստի ԹանգարանԿատեգորիա:Վիքիդատա։Կատեգորիայի կարիք ունեցող հոդվածներ
Ազդուած է Յովհաննէս Այվազովսկի, Էլ Կրէքո, Ռամպրանտ վան Ռէյն, Փիթըր Փոլ Ռուպընս եւ Պիեռ Բոնար?
Մասնագիտութիւն Նկարիչ
Երեխաներ Գլոտ

Զարեհ Մութաֆեան (15 Մարտ 1907, Սամսուն Օսմ.Կայսրութիւն - 11 Մայիս 1980, Փարիզ), հայ նկարիչ եւ մտաւորական։

Ծնած է Սամսոն՝ Սեւ Ծովու ափին։ Իր ընտանիքին բոլոր անդամները, 1915-ի Ցեղասպանութեան ժամանակ, սպանդի ենթարկուելով կը զոհուին[2]։ Մանկութիւնը կ՛անցուցնէ որբանոցներու մէջ եւ կ՛ապրի թափառական կեանք մը՝ Յունաստանէն Իտալիա, ուր Միլանոյի Գեղարուեստի Ակադեմիային մէջ (Beaux-Arts) կը կատարելագործէ իր արուեստը։ Այնուհետեւ Մութաֆեան կը հանգրուանէ Զուիցերիա եւ վերջապէս կը հաստատուի Փարիզ, ուր շուտով ընդգրկուելով այն օրերու մտաւորական շրջանակին մէջ, նկարչութեան զուգահեռ կը նուիրուի նաեւ գրականութեան։

Կ՛ունենայ բազմաթիւ ցուցահանդէսներ, որոնք մեծապէս կը գնահատուին արուեստի մարդոց կողմէ։ 40 տարիներու ընթացքին ան կը ճանչցուի է թէ՛ իբրեւ հայ մտաւորական եւ թէ իբրեւ ֆրանսացի արուեստագէտ. կը յաջողի գերազանցել իր ցաւը՝ միաժամանակ խորանալով եւրոպական մշակոյթի մէջ եւ պահպանելով իր արեւելեան ոգին. ան կը հանդիսանայ Ցեղասպանութեան խորհրդանիշ մը։ Այս նիւթին վերաբերեալ յիշատակի ցուցահանդէս մը կը կազմակերպէ 1965-ին, Մեծ Եղեռնի 50ամեակին առիթով։

Հայերէնով մտածող արուեստագէտը կը ներշնչուի իտալացի դասական մեծերու գործերէն, ֆրանսացի գունանկարիչներէն (coloristes), տպաւորապաշտներէն եւ ապա՝ Պոնարէն եւ Մաթիսէն[2]։ Ան բացի Եւրոպայի եւ աւելի ուշ Միացեալ Նահանգներու զանազան շրջաններէն, ցուցահանդէսներ կ՛ունենայ նաեւ Խորհրդային Հայաստանի մէջ (1967-ին եւ 1971-ին)։

Էապէս խորհրդանշական պատկերներ գծած արուեստագէտը ծանօթ է իր դիմանկարներով, ծովանկարներով եւ գունաւոր տեսարաններով։ «Վերապրողներ» թեման միշտ կը հետապնդէ զինք իր կեանքի տարբեր հանգրուաններուն, շատ քիչ անգամ ուղղակի անդրադառնալով Ցեղասպանութեան նիւթին, որուն նկատմամբ զուսպ վերաբերում կ՛ունենայ[2]։

Զարեհ Մութաֆեանի կեանքին ու գործին նուիրուած է ժապաւէն մը, զոր կը պարունակէ փաստաթուղթեր, լուսանկարներ, դիտուած՝ Արթօ Փեհլիվանեան մասնագէտին ոսպնեակով։

Ստեղծագործական գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • «Ջարդը»
  • «Մահը եւ Կեանքը»
  • «Հայ Մամիկը»
  • «Արշակ Չօպանեան»
  • «Մարիամ Տամլամեան»
  • «Նաուէր»
  • «Վենետիկ. Մեծ Ջրանցքը»[3]

Կը ստեղծէ հայաստանեան պատկերներու շարք՝

  • «Տաթեւ»
  • «Արարատ եւ Արաքս»
  • «Արարատ»
  • «Էջմիածին»

Կը հրատարակէ գիրքեր, կը կազմակերպէ ցուցահանդէսներ՝ «Հայաստանը Մութաֆեանի աչքերով» (1968-1975)։

Անհատական ցուցահանդէսներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մէջբերումներ Զարեհ Մութաֆեանէն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արուեստը ամէն մէկ ձգտումին մէջ կը ծնի, կ’երիտասարդանայ ու կը ծերանայ, բայց չի մեռնիր, միշտ կը վերածնի, ինչպէս օրուան արեւը[5]։

  • Հայերգութիւն վրձինով եւ գրչով (ֆրանսերէն, հայերէն), Վենետիկ, 1982
  • Նկարչութեան դասական դպրոցները եւ արդի ձգտումները, Փարիզ, 1982

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]