Եւգինէ Եփրեմեան

Եւգինէ Եփրեմեան
Ծնած է 1934
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան
Քաղաքացիութիւն  Պէյրութ
Ուսումնավայր Բեյրութի գեղարվեստի ակադեմիա?
Փարիզի Գեղարուեստի Բարձրագոյն Դպրոց
Մասնագիտութիւն քանդակագործ

Եւգինէ Եփրեմեան-Տը Կրեֆին (1934, Պէյրութ, Լիբանան), քանատահայ քանդակագործ, գեղանկարիչ։

Ծնած է ծնած է Պուրճ Համուտի Նոր Մարաշ թաղին մէջ: Աւարտելէ ետք Սահակեան բարձրագոյն վարժարանը, յաճախած է Աքատեմի Լիպանեզ տէ Պօզա՛ր, քանդակի բաժին, ապա մեկնած է Փարիզ ու աշխատած` Էքոլ Նասիոնալ Սիւփերէօր տէ պօ զ՛ան-ի մէջ, աշակերտելով երկու նշանաւոր արձանագործներու` Քութիւրիէրի եւ Քոլամարինիի:

60-ականներուն ամուսնացած է ու ընտանեօք մեկնած` Քանատա, ուր կ'ապրի ու կը ստեղծագործէ:

Եւգինէ իրագործած է բազմաթիւ նշանաւոր անձերու կիսանդրիները` Փարիզ եւ Քանատա[1]:

Ստեղծագործութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Ջրկիր կանայք,
  • Մայր եւ որդի,
  • Թմբկահարը,
  • Հանգստացող կինը,
  • Մայրը երեխայի հետ,
  • Կոմիտաս Վարդապետ Սողոմոնեանի քանդակը[2],
  • Ամուսնին՝ Տան տը Կրեֆի, դիմաքանդակը,
  • Զարեհ Որբունիի դիմաքանդակը,
  • Երգահան Կարպիս Ափրիկեանի դիմաքանդակը[3]։

Ցուցահանդէսներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տուած է անհատական ցուցահանդէսներ` Մոնրէալ, Փարիզ, Թորոնթօ, Օթավա եւ Նիւ Եորք` արժանանալով բարձր գնահատանքի:

Մասնակցած է հետեւեալ սալոններուն.

  • Գերիրապաշտ սալոն, Փարիզ,
  • Արձանագործութեան միջազգային սալոն-թանգարան Ռոտենի մէջ, Փարիզ,
  • Աշնանային սալոն եւ Ապրող Արուեստ, Մոնրէալ,
  • Հայ արուեստագէտներու սալոն, Մոնրէա։

23 անձնական ցուցահանդէսներ տուած է 2007-էն մինչեւ 2015 թուական, զանազան երկիրներու մէջ: Իր գործերը կը զարդարեն բազմաթիւ հաւաքածոներ եւ կը գտնուին թանգարաններու մէջ[1]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]