Երուսաղէմի Պաշարում (1187)
Երուսաղէմի պաշարում, տեղի ունեցած է 20 Սեպտեմբեր, 1187-էն մինչեւ 2 Հոկտեմբեր, Հատտինի ճակատամարտի ընթացքին խաչակիրներու հիմնական ուժերուն ջախջախումէն ետք[1]: Վերջ գտած է քրիստոնեաներու կողմէ քաղաքին յանձնումով՝ Այուպեան ուժերուն, քաղաքին բնակիչները փրկագինի փոխարէն քաղաքէն դուրս բերելու պայմանով։ Քաղաքին յանձնումը առիթ կը հանդիսանայ Երրորդ խաչակիրներու արշաւանքի կազմակերպման[2]:
Նախապատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]4 Յուլիս, 1187-ին տեղի ունեցած Հատտինի ճակատամարտի ներքին տարաձայնութիւններէն տկարացած խաչակիրները ջախջախիչ պարտութիւն կը կրեն։ Ազնուականութեան մեծ մասը, որոնցմէ է նաեւ Երուսաղէմի արքայ`Կի տը Լուզինեանը գերի կ'իյնան։ Հազարաւոր գերի ինկած իսլամներ ազատ կ'արձակուին[3][4][5]: Սեպտեմբերի կէսերուն Սալահ Էլ Տինը կը գրաւէ Աքքան, Եաֆֆան, Նապլուսը, Տորոնը, Սիտոնը, Պէյրութը եւ Ասքալոնը։ Ճակատամարտի ընթացքին փրկուածները եւ փախստականները ապաստան կը գտնեն Տիւրոսի մէջ` միակ քաղաքը, որ տակաւին չէր յանձնուած Սալահ Էլ Տինի Քոնրատ Մոնֆերացիի ժամանման շնորհիւ:
Իրավիճակը Երուսաղէմի մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տիւրոսի մէջ ամրապնդուած Պալիան տը Իպելին կը խնդրէ Սալահ Էլ Տինէն, որ իրեն թոյլատրէ անխափան երթալ Երուսաղէմ, իր կինը` Մարիա Քոմնենոսն ու զաւակները քաղաքէն դուրս բերելու նպատակով։ Սալահ Էլ Տին կը թոյլատրէ Պալիանի մտնել Երուսաղէմ, այն պայմանով, որ վերջինս իր դէմ զէնք պիտի չբարձրացնէ եւ դիմադրութիւն պիտի չկազմակերպուի, նաեւ Պալիանի արտօնութիւն չի տար Երուսաղէմի մէջ մնալ մէկ օրէն աւելի։ Սակայն քաղաք մտնելուն պէս, պատրիարք Հեռակլեսը, թագուհի Սիպիլան եւ քաղաքի բնակիչները կը խնդրեն Պալիանէն գլխաւորել քաղաքի պաշտպանութիւնը։ Հեռակլես Պալիանի կը յայտնէ, որ ան պարտաւոր է յանուն հաւատքի մնալ քաղաքին մէջ, եւ կ'առաջարկէ անոր ազատիլ Սալահ Էլ Տինի հետ կապուած պայմանագրութենէն։ Պալիան կը համաձայնի։
Ան իր որոշումը կը յայտնէ Սալահ Էլ Տինի: Այնուամենայնիւ, Սալահ Էլ Տին կը թոյլատրէ Պալիանի դուրս բերել իր ընտանիքը քաղաքէն։ Որովհետեւ Պալիան Երուսաղէմի մէջ կը վայելէր ամենամեծ հեղինակութիւնը միւս ազնուականներուն հետ բաղդատած, ըստ ժամանակագիր Իպն Էլ Ասիրի խօսքերու, իսլամները զինք կ՛ընդունէին «քիչ թէ շատ արքային հաւասար»:
Երուսաղէմ ողողուած էր իսլամներով փրկուած փախստականներով։ Քաղաքին մէջ մնացած էր ընդամէնը 14 ասպետ, եւ Պալիանը կ'որոշէ ասպետի կոչում շնորհել 60 զինագործի։ Պալիան կը պատրաստուէր քաղաքի պաշտպանութիւնը կազմակերպել՝ սննդամթերք եւ նիւթական հաւաքելով։ Սալահ Էլ Տին Տիւրոսի կարճատեւ եւ անյաջող պաշարումէն ետք, 20 Սեպտեմբեր-ին Երուսաղէմ կը ժամանէ։
Պաշարումը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սալահ Էլ Տին Պալիանի հետ բանակցութիւններ կը նախաձեռնէ Եուսուֆ Պատիտի միջնորդութեամբ. վերջինս ուղղափառ հոգեւորական մըն էր, որ յոյս ունէր քաղաքի նուաճման պարագային շատ արտօնութիւններ ստանալ իսլամներէն։ Սալահ Էլ Տին կը նախատեսէր քաղաքը գրաւել առանց արիւնահեղութեան, ինչպէս նաեւ լաւ պայմաններ կ'առաջարկէ[6], սակայն քաղաքի իշխանութիւնը կը հրաժարի քաղաքը յանձնելէ եւ պաշարումը կը սկսի։
Իսլամներու բանակը կանգնած էր Դաւիթի աշտարակի եւ Դամասկոսեան դարպասներու առջեւ։ Սարակինոսներու նետաձիգները անդադար քաղաքի պատերը կը գրոհէին։ Պաշարողական մեքենաները պատերուն կը մօտենային, սակայն քաղաքի պաշտպանները արտօնութիւն չէին տար Սալահ Էլ Տինի ուժերուն պատերուն տակ ամրապնդուիլ։ Վեց օրուան ընթացքին գրոհները ապարդիւն կ'ըլլան։ Սարակինոսները ծանր վնասներ կը կրեն իւրաքանչիւր խուժումի ընթացքին, մինչդեռ խաչակիրները ընդամէնը քանի մը մարտիկ կորսնցուցած էին միայն։ 26 Սեպտեմբեր-ին, Սալահ Էլ Տին իր ճամբարը կը տեղափոխէ դէպի քաղաքի միւս կողմը` Ձիթենեաց լերան մօտ պարիսպները շատ բարձր չէին, ուստի քրիստոնեաները հակայարձակումի կարողութիւնը չունէին։ Պատերը պաշարողական մեքենաներու անդադար համազարկերու կ՛ենթարկուէին։ 29 Սեպտեմբեր-ին պատին մէկ մասը կը փլչի, սակայն սարակինոսները չեն կրնար ներխուժել քաղաք։ Պալիան կը մեկնի Սալահ Էլ Տինի մօտ բանակցելու՝ քաղաքը յանձնելու նիւթին շուրջ։ Սալահ Էլ Տին կը համաձայնի: Քաղաքը պէտք էր խաղաղութեամբ յանձնուէր իսլամներուն՝ 1099-ի սպանդը չկրկնելու նպատակով։ Եւրոպացիներուն համար Սալահ Էլ Տին կը սահմանէ 20 բեզանտ (Բիւզանդական դրամ) տղամարդոց, 10 բեզանտ կիներուն եւ 5 բեզանտ երեխաներուն համար։ Բոլոր անոնք որոնք վճարելու կարողութիւնը չունէին, սահմանուած գինը պէտք է վաճարէին ստրկութեամբ, սակայն տեղացի քրիստոնեաները կրնային մնալ քաղաքին մէջ[7].:
Պալիանի վերադարձէն ետք կ'որոշուի 7000 աղքատի փրկագին վճարել՝ Հենրի Բ. Պլանտագենետի կողմէ ուղարկուած դրամական միջոցներէն։ Պալիան նորէն կը հանդիպի Սալահ Էլ Տինի եւ կ'որոշուի գինը նուազեցնել մինչեւ տասը բեզենտ տղամարդու, հինգ կիներու եւ մէկ երեխաներու համար։ Պալիան կ'ըսէ, որ այս գինը դարձեալ շատ բարձր է եւ Սալահ Էլ Տին կ'որոշէ ազատ արձակել քաղաքի բոլոր բնակիչները 100.000 բեզանտի դիմաց։ Պալիան յաջորդ հանդիպման ընթացքին Սալահ Էլ Տինի կը հաղորդէ, որ այս գինը անհաւանական է, եւ կարողութիւնը կ'ունենայ զինք համոզելու, որ գինը նուազեցնէ, ապա Սալահ Էլ Տին 30.000 բեզանտի դիմաց ազատ կ'արձակէ 7000 մարդ, յետոյ անոր եղբայրը անվճար ազատ կ'արձակէ 3000 մարդ։ Ի վերջոյ Սալահ Էլ Տին ազատ կ'արձակէ բոլոր տարեց մարդիկը[8]:
Երուսաղէմի Յանձնումը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]2 Հոկտեմբեր-ին Պալիան քաղաքը կը յանձնէ։ Կը յայտարարուի, որ իւրաքանչիւր բնակիչ ունի մէկ ամիս ժամանակ փրկագինը վճարելու համար։ Սալահ Էլ Տինը իր եղբօր օրինակով ազատ կ'արձակէ շարք մը ստրուկներ։ Պալիան եւ Հեռակլես սեփական միջոցներով կը վճարեն շատերու փրկագինը։ Փախստականները կը հեռացնեն երեք շարքով` առաջին շարքին կ՛ուղեկցէին Տաճարականները, երկրորդին` Հիւանդախնամները, իսկ երրորդ շարքին՝ Պալիանն ու Հեռակլեսը։ Ըստ իսլամ ժամանակագիր` Իմատ էտ-տինու Էլ Սպահանի, Հեռակլես իր հետ կը տանի եկեղեցւոյ գանձերը եւ մեծ թիւով մասունքներ։
Փախստականներէն ոմանք կը հաստատուին Տրիպոլիի կոմսութեան մէջ, մէկ մասը` Կիլիկիոյ, Անտիոքի, Բիւզանդիոնի եւ Եգիպտոսի մէջ, իսկ միւս մասը իտալական նաւերով կը տեղափոխուին Եւրոպա:
Սալահ Էլ Տին կը թոյլատրէ քրիստոնեաներուն ուխտագնացութեան երթալ Երուսաղէմ: Քրիստոնեաներու ձեռքը կ'անցնի Սուրբ Ծննդեան տաճարը: Ասկէ ետք Սալահ Էլ Տին կ'երթայ եւ կը գրաւէ Պելվուառա, Կեռակ եւ Մոնրէալ ամրոցները, յետոյ դարձեալ անյաջող կը պաշարէ Տիւրոսը: 1187-ին կը հասուննան նոր խաչակիրներու արշաւանքի ծրագիրներ, իսկ 1189-ին կը սկսի Երրորդ խաչակիրներուխաչակիրներու արշաւանքը:
Արուեստ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հաթթինի ճակատամարտը եւ Երուսաղէմի պաշարումը կը ներկայացուի (դէպքերու խիստ փոփոխմամբ) Ռիտլի Սքոթի Երկնային արքայութիւն ֆիլմին մէջ։
Գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Amin Maalouf, The Crusades Through Arab Eyes. London, 1984.
- "Crusades." Encyclopædia Britannica. Encyclopædia Britannica Online. Encyclopædia Britannica, 2011. Web. 24 Oct. 2011. <http://www.britannica.com/EBchecked/topic/144695/Crusades>.
- James A. Brundage, The Crusades: A Documentary Survey. Marquette University Press, 1962.
- Kenneth Setton, ed. A History of the Crusades, vol. I. University of Pennsylvania Press, 1958 (available online).
- Peter W. Edbury, The Conquest of Jerusalem and the Third Crusade: Sources in Translation. Ashgate, 1996.
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Crusades» 2011
- ↑ «Kingdom of Jerusalem» 2009
- ↑ Saladin and the Fall of Jerusalem By Geoffrey Regan Page 135
- ↑ God’s War: A New History of the Crusades By Christopher Tyerman Page 230 [1]
- ↑ Knights of Jerusalem: The Crusading Order of Hospitallers 1100—1565 By David Nicolle Page 73 [2]
- ↑ Lust for Power By Dick W. Zylstra Page 67
- ↑ Frommer’s Israel By Robert Ullian Page 102
- ↑ Lust for Power By Dick W. Zylstra Page 97