Jump to content

Եղիա Արշակունի

Եղիա Արշակունի
Ծնած է 1897
Ծննդավայր Սիսիան, Հայաստան
Մահուան պատճառ Հայոց ցեղասպանութիւն
Կրթութիւն Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան
Մասնագիտութիւն բժիշկ

Եղիա Արշակունի (1897, Սիսիան, Հայաստան), հայ բժիշկ։

Եղիա Արշակունի ծնած է 1897-ին, Ատանայի Գոզանի գաւառի՝ Սիս քաղաքին մէջ։ 1912-ին աւարտած է նախակրթարան։ 1912-1915 թուականներուն ուսանած է ամերիկացի միսիոնարներու Տարսոնի Սէն Փօլ Քոլէճին մէջ։ 1915-ին՝ ուսումը կիսատ ձգելով, ծնողներուն հետ աքսորուած է Սուրիա` Հալէպ, ապա Հոմս, ուր հօր հետ զբաղ­ած է զա­նա­զան առեւտ­րա­կան գոր­ծե­րով։ Քա­ղա­քին բրի­տա­նա­կան գրա­ւու­մէն ե­տք ծա­ռա­յած է բրի­տա­նա­կան բա­նա­կին որ­պէս թարգ­մա­նիչ։ Այդ ըն­թաց­քին մեծ դեր կա­տա­րած է հայ կա­նանց եւ որ­բե­րուն հաւա­քե­լու դժուա­րին գոր­ծին մէջ։ Որոշ ատեն մը եղած է Հոմ­սի որ­բա­նո­ցի ու­սու­ցիչ, ապա` տնօրէնը։ 1919-ին մեկնած է Կիլիկիա եւ Տարսոնի Քոլէճի մէջ շարունակած իր ուսումնառութիւնը։ 1921-ին, աւարտելով ուսումը, մեկնած է Պէյրութ։ 1921 - 1924 թուականներուն ուսանած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի ատամնաբուժական բաժանմունքին մէջ։ Ուսման տարիներուն գործուն մասնակցութիւն ունեցած է Հայ ուսանողական միութեան աշխատանքներուն։ 1924 - 1925 թուականներուն աշխատած է Կիպրոսի Լառնաքա քաղաքին մէջ։ 1926-ին մեկնած է Յունաստան եւ շարունակած է ատամնաբուժութիւնը։ Շուտով բարեխիղճ եւ հմուտ ատամնաբոյժի համբաւ ձեռք բերած է։ Քոքինիոյ մէջ մասնակցած է ազգային եւ հասարակական կեանքին։ Գործուն աջակցութիւն ցուցաբերած է Միսաք Քէլէշեանին՝ «Սիս-Մա­տե­ան» գիրքը կազմելու եւ հրատարակելու հարցով։

  • Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։