Գրիգոր Դաւիթեան
Գրիգոր Դաւիթեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 12 Դեկտեմբեր 1886 |
Ծննդավայր | Սեբաստիա |
Մահացած է | Ապրիլ 1924 (37 տարեկանին) |
Մասնագիտութիւն | բժիշկ |
Գրիգոր Դաւիթեան ( 12 Դեկտեմբեր 1886, Սեբաստիա - 1924 (Ապրիլ)), բժիշկ:
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Դաւիթեան զաւակն էր դատական պաշտօնեայ Ստեփան Դաւիթեանի, մօր կողմանէ ժառանգած էր Ակնայ ամիրայական ընտանիքներէն՝ Միսաքեաններու արիւնը: Նախնական կրթութիւնը Սեբաստիա ընելէ վերջ, ուսումը կը շարունակէ Պոլիս, Ռոպէրթ գոլէճի մէջ, ուր կը ծանօթանայ իրեն տարեկից Միհրան Գարակէօզեանի հետ, ծանօթութիւն մը՝ որ ապագային պիտի սերտանար աւելի սեղմ կապերով:
Երեք տարի գոլէճ մնալէ վերջ (1885-1888) առանց աւարտելու կ’անցնի Փարիզ ու կը հետեւի բժշկական համալսարանի դասընթացքին, զոր կ’աւարտէ 1894-ին:
Գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Իր արձակուրդներու ընթացքին քանիցս ճամբորդութիւններ կ’ընէ Անգլիա, Սկովտիա: Իր երիտասարդ տարիներու կրած ազդեցութիւններով կը բացատրուի այն պարագան որ ինք միշտ հիացող մը եղած է անկլօսաքսոն կրթութեան վրայ:
1895-ին կը վերադառնայ Պոլիս: Բերայի հայ շրջանակի մէջ առաջին մէկ օրէն ուշադրութիւն կը գրաւէ իր հանրանուէր պատրաստակամութիւնը. յաջողաբար կ’անդամակցի Բերայի Աղքատախնամին իբրեւեւ բժիշկ-ատենապետ, Բերայի Ազգային վարժարաններու հոգաբարձութեան եւ թաղական խորհուրդին:
1908-ին Օսմանական Սահմանադրութիւնը խանդավառած էր թրքահայ կեանքը, հանրային գործերը նոր թափ առած էին:
Տքթ. Դաւիթեան, որ խղճամիտ եւ խելացի գործունէութեամբ ու իր անշահախնդիր ուղիղ նկարագրով համակրանքի մթնոլորտ մը ստեղծած էր իր շուրջը, 1 Մարտ 1908-ին կը հրաւիրուի Ազգային Հիւանդանոցի բժշկապետութեան պաշտօնին ու միանգամայն Ազգ. Կեդրոնական վարժարանին խնամակալ ժողովի անդամակցութեան:
Անիկա Ազգային Հիւանդանոցի բժշկապետութիւնը կը վարէ 13 տարի, մինչեւ 1921: Այդ երկրորդ շրջանին, թէեւ ծանրաբեռնուած յաճախ շատ աւելի պատասխանատու պարտականութիւններով, ան իր պաշտօնը կը վարէ բժշկական կոչումի լայն ու մարդկային հակացողութեամբ մը: Այս երկար շրջանին ան Ազգին տունը կը ջանայ օժտել կարելիին չափով, բժշկական տիպար սպասարկութեամբ. հիւանդանոցը փորձարկութեան դաշտ մը կ’ըլլայ հայ բժշկական ուսանողներու, որոնք կը հետեւէին տեւականապէս Տքթ. Դաւիթեանի դարմանումներուն: Այդ ուսանողներէն մէկ քանին իրմէ վերջ. մինչեւ այսօր նոյնքան ձեռնհասութեամբ կը վարեն Ազգ. հիւանդանոցի բժշկական հոգատարութիւնը:
1911-1912 թուականներուն, Պոլսոյ Հայ բժշկական Միութեան կազմութիւնն ալ կը պատկանի որքան Տքթ. Թորգոմեանի եւ Տքթ. Մատթէոսեանի նոյնքան ալ Տքթ. Դաւիթեանի նախաձեռնութեան:
Ազգ. Կեդրոնական վարժարանի խնամակալութեան մէջ ան վարած է, 1908-էն մինչեւ 1914, ատենապետի պաշտօնը. Վեցամեայ այդ շրջանին վարժարանը խմորումներու ենթարկուած էր, խնամակալութեան մէջ կային հակոտնեայ տարեր. Տքթ. Դաւիթեան յաջողեցաւ սակայն անկողմնակալ հաւասարակշռութիւն մը ստեղծել անոնց միջեւ ու վարժարանը բարձրացնել նոր պահանջներու համապատասխան մակարդակի:
1913-ին Պոլսոյ մէջ պահանջը զգացուեցաւ գործօն եւ բանիմաց նոր Քաղաքական Ժողովի մը: Տքթ. Դաւիթեան նկատուեցաւ յարմարագոյն անձերէն մէկը: Ինքը ստանձնեց վարչութեան ատենապետութիւնը:
1915-ի աքսորէն հրաշքով զերծ մնաց:
1918 Հոկտեմբերեան զինադադարին Տքթ. Դաւիթեան համախորհուրդ Օրմանեան արքեպիսկոպոսի –որ ատենապետն էր լուծեալ կրօնական ժողովին, եւ Հայկ Խօճասարեանի, որ ատենապետն էր լուծեալ Ազգ. Ժողովին – Տքթ. Դաւիթեան թելադրեց պարտ. փոխանորդ Գաբրիէլ եպ. Ճէվահիրճեանի որ թագրիրով պահանջէ կառավարութենէն Ազգ. Սահմանադրութեան վերահաստատումը:
19 Փետրուար 1919-ին երբ աքսորական պատրիարք Զաւէն Սրբազան Պոլիս կը հասնի չկրցաւ յարմարագոյն թեկնածու մը գտնել Քաղաքական Ժողովին՝ քան Տքթ. Դաւիթեանը...:
Նոր վարչութիւնն էր որ կազմակերպեց խնամատարութիւնը, որ աստիճանաբար պիտի վերածուէր ինքուրոյն եւ չափազանց կարեւոր օրկանի մը: Որոշ թիւրիմացութիւններ ստիպեցին սակայն այդ Քաղաքական Ժողովը, որ 1919-ի յունիսին իր հրաժարականը ներկայացնէր:
Նորընտիր վարչութեան մէջ սակայն նմանապէս Տքթ. Դաւիթեանը եղաւ գլխաւոր դերակատարը, ըլլալով Բ. ատենապետ եւ երտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու...:
Տքթ. Դաւիթեանի նախաձեռնութեան կը պատկանի այդ օրերու «Տեղեկատու Դիւան»ի կազմակերպութիւնը, որ վարչութեան լուծումէն վերջն անգամ երկար ժամանակ իր հսկողութեան տակ պահեց այդ Դիւանը: Իր հանրային գործունէութեան վերջին փուլը եղած է իր մասնակցութիւնը Ազգ. Խնամատարութեան:
Տքթ. Դաւիթեան իր կեանքի վերջին տարիներուն, յոգնած՝ Ազգային մթնոլորտը թունաւորող թիւրիմացութիւններէն, սփոսանք փնտռեց այլապէս իր սրտին մօտիկ գործի մը մէջ։ Պոլսոյ մէջ Տիարք Արամ եւ Սարգիս Գարակէօզեաններու հիմնած որբանոցի (Հաուըրտ Գարակէօզեան ՀՕՄի) տնօրէնութիւնը կը ստանձնէ, որ 5 Նոյեմբեր 1921-ին կը բացուի Գուզկունչուգ, ուր կը փոխադրուի Տքթ. Դաւիթեան ընտանեօք:
1922-ի աշնան Քէմալական արշաւանքին Պոլսոյ վրայ՝ Տիար Միհրան Գարակէօզեանի հաւանութեամբ, Տքթ. Դաւիթեան ՀՕՄը յարմարագոյն տեղ մը փոխադրելու համար Ռումանիա կ’անցնի յարմարագոյն շէնք մը գտնելու նպատակով իր որոնումները ապարդիւն կ’անցնին սակայն:
1923-ին երիկամունքի անողոք հիւանդութիւն մը կը ստիպէ Տոքթէօրը անցնիլ Վիեննա, ապա Փարիզ եւ վերջապէս 1924-ի գարնան Գլամառ կ’անցնի, ուր այդ տարին Ապրիլի վերջերը կը փակէ իր աչքերը եւ 30-ին իր մարմինը կ’ամփոփուի Փէռ Լաշէզ:
Իր մահէն քիչ ետք, 1924 Յուլիսին Տիար Միհրան Գարակէօզեան կը գնէ Ֆրանսա, Կոտինիէռի շաթօն ուր կը վերաբացուի 1924 Հոկտեմբերին Գարակէօզեան ՀՕՄը:
Տոքթէօրին սկսած գործը կը շարունակեն այնուհետեւ, նոյնպէս նուիրումով եւ նոյնքան խղճմտութեամբ այրի տիկին Արուսեանկ Դաւիթեան եւ իր զաւակ պ. Նուպար Դաւիթեան:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1939, Պուքրէշ, Հատոր Դ., էջ 607: