Գրական Արձակի Լեզուաոճական Միջոցներ
Գրական արձակի լեզուաոճական միջոցներն են՝ դարձուածքը, լակոնական ոճ կամ լակոնիզմը, թեւաւոր խօսքը (աֆորիզմ) եւ hռետորական խօսքը։
Դարձուածք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Դարձուածքը բառերու կայուն կապակցութիւն է, ուր բառերը իրենց առօրեայ իմաստով չեն ընկալուիր։ Կ՛օգտագործուի խօսքը առաւել պատկերաւոր դարձնելու համար։ Օրինակ՝ «Երկինքէն աստղեր իջեցնել» (ամենակարող ըլլալ), «Եօթերորդ երկինք բարձրանալ» (ցնծութեան մէջ ըլլալ)։ Ժողովրդական բանահիւսութեան ու առօրեայ խօսքին մէջ դարձուածքը մեծ տեղ կը գրաւէ, ինչպէս՝ «Օր ու արեւ չտեսնել», «Ձեռքը երկար է», «Աչքը ճամբուն մնաց», «Սիրտը կոտրուեցաւ» եւ այլն։ Դարձուածքները տեղական բնոյթ ունին, այսինքն այլ լեզուով խօսողը զանոնք չի կրնար հասկնալ, հետեւաբար թարգմանական թիւրիմացութիւն կ՛առաջանայ, եթէ բառացի թարգմանուի։
Լակոնական Ոճ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Լակոնական ոճ կամ լակոնիզմը կարճ, կտրուկ, մտքի սեղմ ու յստակ արտայայտութիւն է։ Ըստ աւանդութեան, այն յատուկ էր Լակոնիայի սպարտացիներուն, որոնք վաղ տարիքէն կը վարժեցուէին խօսիլ կարճ ու դիպուկ։
Լակոնական ոճի յայտնի օրինակ է Հռոմի սենատին Յուլիոս Կեսարի ուղղած զեկուցագիրը՝ «Եկայ, տեսայ, յաղթեցի» («veni, vidi, vici»)։ Գեղարուետական խօսքի մէջ լակոնական ոճը կ՛ենթադրէ առանց աւելորդ բառերու սեղմ ու կուռ միտք։
Թեւաւոր Խօսք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թեւաւոր խօսքը (աֆորիզմ) սեղմ, լակոնիկ ոճով կազմուած աւարտուն ու խոր խօսքեր, ասոյթներ, իմաստուն միտքեր են, որոնք լայն գործածութիւն ստացած են, կ՛ըսուին յատուկ պարագաներու հետ կապուած եւ կը գործածուին գրական գործերու մէջ։ Թեւաւոր խօսքի աղբիւր են հին աշխարհի պատմութենէն, ժողովրդական բանահիւսութենէն, դիցաբանական առասպելներէն առնուած ասոյթներ։ Անոնց ետին յաճախ կը հասկցուի դէպք մը, այսինքն անոնք յաճախ խտացումներ են յայտնի անձերու, քաղաքական գործիչներու խօսքերէն կամ անոնց մասին գրական գործերէ ու պատմութիւններէ։ Յայտնի է Յուլիոս Կեսարի խօսքը՝ «Եկայ, տեսայ, յաղթեցի», Նափոլիոնի խօսքը՝ «Մեծէն մինչեւ ծիծաղելին քայլ մըն է»։ Յայտնի թեթեւոր խօսքեր են՝ «Աւգեան ախոռներ», «Աքիլլէսեան գարշապար», «Բոլոր ճամբաները Հռոմ կը տանին», «Լուկկուլոսեան խնճոյք», «Ռուբիկոնն անցնիլ», «Պիւռոսեան յաղթանակ» եւ այլն։ Հայ իրականութեան մէջ յայտնի թեւաւոր խօսք է «Գիտակցուած մահը անմահութիւն է» (Եղիշէ)։ Կան նաեւ բառեր, որ ասոյթի արժէք ունին, ինչպէս՝ «Էւրիկա», որ կը նշանակէ բան մը յայտնագործել, «Քաջ Նազար», այսինքն՝ վախկոտ ու պարծենկոտ։
Հռետորական Խօսք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արձակ գրուածքի կամ բերանացի խօսքի բարձր ոճի միջոցներէն է նաեւ հռետորական խօսքը։ Հռետորական կամ ճարտասանական ոճը տարածուած էր հին աշխարհի մէջ, համալսարաններու մէջ (ինչպէս նաեւ միջնադարու Հայաստանի) կը դասաւանդուէր եւ մրցանքներ կը կատարուէին։ Ճարտասանութեան նպատակն էր տուեալ նիւթը այնպիսի հնարանքներով մատուցել, որ տպաւորիչ ու համոզիչ ըլլայ։ Հետեւաբար ան ունէր իր կանոնները, խօսքի իմաստային որեւէ կողմը ընդգծելու կերպերը։ Անոնցմէ են՝ հռետորական հարցումը, բացաcանչութիւնը, դիմումը, կոչը։ Հռետորական ձեւերու առատ գործածութիւն կայ Սիամանթոյի, նաեւ՝ Վարուժանի ստեղծագործութեանց մէջ։
- Հռետորական հարցումը կը տարբերի սովորական հարցումէն։ Նպատակ ունենալով զօրացնել խօսքին յուզական ազդեցութիւնը, ճարտասանը հարցում կ’ուղղէ, որուն պատասխանը ինք կու տայ, կամ այն կը հասկցուի հարցումէն։ Օրինակ՝ «Եւ մի՞թէ հնարաւոր է իրապէս սիրել հայրենիքը, առանց զայն լաւ ճանչնալու»։
Ի՜նչ ես գազազում, ի՛մ վիրաւոր սիրտ,
Որ գազազում ես, ի՞նչ պիտի անես. Աշխարհը իրեն ճամբով կ’ընթանայ, Դո՛ւ խեղճ, դո՛ւ անզօր, ի՞նչ պիտի անես։ |
- Հռետորական բացաcանչութիւնը կ՛ընդգծէ տուեալ բառին, արտայայտութեան նշանակութիւնը, անոր տալով առաւել յուզական երանգ։
Ո՜հ, կայծ տուէք ինձ, կա՜յծ տուէք, ապրի՜մ,
Ի՜նչ երազէ ետք գրկել ցուրտ շիրի՜մ… |
Ո՜վ մարդկային արդարութիւն, թո՛ղ ես թքնեմ քու ճակատիդ… - Սիամանթօ
|
- Հռետորական դիմումին ու կոչին մէջ հեղինակը կամ իր հերոսը խօսքը կ’ուղղէ ոեւէ մարդու, հաւաքականութեան կամ անշունչ առարկայի, զգալիօրէն բարձրացնելով ձայնին յուզական երանգները։ Օրինակ.
Հէ՜յ պարոններ, ականջ արէք թափառական աշուղին,
Սիրո՜ւն տիկնայք, ջահէ՛լ տղերք, լա՛ւ ուշք դրէք իմ խաղին… |
Բնաբան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բնաբանը (էպիկրաֆ) գեղարուեստական երկի կամ անոր մէկ մասին սկիզբը դրուող արձակ կամ չափածոյ հատուած է։ Սովորաբար առնուած կ’ըլլայ այլ հեղինակի, երբեմն ալ նոյնինքն գրողի ստեղծագործութենէ մը եւ կը յուշէ տուեալ երկին հիմնական գաղափարը, նիւթը։ Րաֆֆին «Խենթը» վէպին սկիզբը դրուած են ժողովրդական ասոյթներ, ինչպէս՝ «Խենթը մի քար գլորեց փոսը, հարիւր խելօք հաւաքուեցան, չկարողացան դուրս հանել»։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ա. Ջրբաշեան, Գրականութեան տեսութեան արդի խնդիրներ: Ուսումնական ձեռնարկ, ԵՊՀ հրատ., Երեւան։