Jump to content

Վաղարշաւան

Բնակավայր
Վաղարշաւան
Երկիր  Մեծ Հայք[1]
Հիմնադրուած է՝ 2-րդ դար[1]
Կը գտնուի ափին Արաքս[1]

Վաղարշաւան (ծանօթ է նաեւ Բասենոյ բերդ կամ Բասենոյ քաղաք անուններով), կը գտնուի Արաքսի եւ Մուրցի միախառնման հանգուցակէտին վրայ:

Հիմնած է հայոց Վաղարշ Բ․ թագաւորը, իր ծնած վայրին վրայ, ուր մայրը զինք ծննդաբերած է ձմեռոց երթալու ժամանակ:

Արաքսի ափով երկարող տարանցիկ ճամբու վրայ գտնուելով Վաղարշաւան բազմամարդ աւան դարձած եւ պարսպապատուած է: Հրեաներ եւս բնակեցուած են հոն եւ Վաղարշաւան վաճառաշահ քաղաք դարձած է: Մինչեւ ԺԱ. դար բարեկարգ բնակավայր մը եղած է:

Սելճուքներ 1048-1049-ին աւերած են զայն, որմէ ետք անշուք գիւղի մը վերածուած է: Աւերակները կը գտնուին ներկայ Քէօփքիւքէօյ գիւղին մօտակայքը[2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1 2 3 Հայկական սովետական հանրագիտարանԵրևան: 1985. — հատոր 11. — է. 252.
  2. «ՀԱՅԱՍՏԱՆ. ԱՐՄԱՏՆԵՐ ԵՒ ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ - Aztag Daily»։ archive.aztagdaily.com։ արտագրուած է՝ 2023-03-13
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։