Տուֆակերտ Նստարան

Տուֆակերտ նստարանը Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանին մէջ։

Տուֆակերտ նստարան, կը գտնուի Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանի այգիի խորքը՝ ստուերոտ թթենիի ներքոյ։ Նուէր Աւետիք Իսահակեանի ծննդեան 80-ամեակին։

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իսահակեանը Յովհաննէս Թումանեանի դստերը՝ Թամարին, յայտնած է այգիին մէջ նստարան ունենալու իր ցանկութիւնը։ Թամարը մասնագիտութեամբ ճարտարապետ էր եւ անոր առաջարկութեամբ, Հայաստանի ճարտարապետներու միութիւնը, Ռաֆայէլ Իսրայէլեանի նախագիծով[1], տուֆակերտ նստարան կը նուիրէ Իսահակեանին։ Ճարտարապետները իրենք կը բերեն նստարանը։

Վարպետը շատ կը սիրէր աշխատասենեակէն դուրս գալ պատշգամբ, իջնել այգի, նստիլ նստարանին եւ նայիլ բնութեան փոխուող պատկերներուն[2]։

Նստարանի զարդամիտքեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նստարանը ունի ծնող զոյգ բուսանախշ թիկնակներ։ Մէջքի թիկնակի ալիքանախշերը կապուած են ջուրի պաշտամունքին հետ, որոնք Ռաֆայէլ Իսրայէլեանի ճարտարապետական ձեւուածքներու առանձնայատկութիւններէն են։ Նոյնը կարելի է ըսել թեւի թիկնակներու եզրերու ալիքանախշերու վերաբերեալ, սակայն, ի տարբերութիւն մէջքի հենակի թեւքերուն, թիկնակներու ալիքանախշերը հակառակ ուղղութեամբ թեքուած են։ Հիմնականին այս կապուած կ՚ըլլայ դրական եւ բացասական առասպելական ուժերու հետ, որոնք եւս բացառութիւն չեն Ռ. Իսրայէլեանի գործերուն մէջ, այս նաեւ մէկ այլ դիտարկմամբ կապուած է Սասնա ծռերուն հետ, ուր եւս ջուրն ու ջուրի պաշտամունքը վիպերգութեան հիմնանիւթն են։ Այսպիսով սոյն տուֆակերտ նստարանը բացի հիմնական գործառոյթը կատարելէն, ունի նաեւ հետաքրքիր զարդամտային լուծումներ, որոնք այս նստարանը ուղղակի կը վերածեն Յուշարձանի։ Բացի անկէ սոյն յուշարձանի վրայ կ՚առանձնանան ծաղկային նշանները. սրանք որպէս պտուղ կը ներկայանան, իսկ ծնող զոյգ նախշամտքի հետ՝ եռանկիւնի նշան կը խորհրդանշեն, քրիստոնէութեան շրջանին այդ եռանկիւնին կը բնորոշուի սուրբ երրորդութեան եւ ընտանիքի խորհրդանշաններուն հետ։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «Տուֆակերտ նստարան Աւ. Իսահակեանի առանձնատան բակին մէջ | Ռաֆայէլ Իսրայէլեանի կենսագրական կայք»։ www.rafaelisraelyan.com (հայերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-04-18-ին։ արտագրուած է՝ 2017-05-23 
  2. «Աւետիք Իսահակեանի 10 իրերը»։ mediamax.am (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2017-05-23