Արշաւիր Շահխաթունի

Արշաւիր Շահխաթունի
Ծնած է 19 Փետրուար 1885(1885-02-19)[1]
Ծննդավայր Գիւմրի, Երեւանի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն[1]
Մահացած է 4 Ապրիլ 1957(1957-04-04)[1] (72 տարեկանին)
Մահուան վայր Փարիզի 16-րդ շրջան, Փարիզ
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
 Ֆրանսա
Ազգութիւն Հայ[1]
Մասնագիտութիւն դերասան, ժապաւէնի բեմադրիչ
Ծնողներ հայր՝ Վաղարշակ Շահխաթունեան

Արշաւիր Շահխաթունի (բուն անունով՝ Արշաւիր Շահխաթունեան, 19 Փետրուար 1885(1885-02-19)[1], Գիւմրի, Երեւանի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն[1] - 4 Ապրիլ 1957(1957-04-04)[1], Փարիզի 16-րդ շրջան, Փարիզ), դերասան, բեմադրիչ եւ համր ժապաւէնի դիմայարդար։ Շահխաթունի եղած է համր ժապաւէնի հայ առաջին դերասանը:

Արշաւիր զաւակն է դերասան եւ թատերական գործիչ Վաղարշակ Շահխաթունեանի:

Կենսագրայան գիծեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանծ է Կիւմրի։ Ան իր նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ եւ ապա մեկնած է Թիֆլիս, ուսումը շարունակելու տեղի զինուորական ուսումնարանէն ներս, ուրկէ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք անցած է Պաքու, կատարելու համար իր զինուորական ծառայութիւնը:

Թատերական գործունէութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շահխաթունիի թատերական գործունէութիւնը սկիզբ առած է 1905 թուականին, Պաքուի մէջ, ուր ստանձնած է փոքր դերեր: Ապա անցած է ծննդավայր Կիւմրի, ուր փայլած է դերասանական շնորհը։

1908-1909 թուականներուն եղած է Թիֆլիսի Հայոց թատերական ընկերութեան եւ ապա Պաքուի Մշակութային միութեան թատերախումբի անդամ: Մինչեւ 1913 թուականը զանազան թատերախումբերու հետ ելոյթներ ունեցած է:

Շահխաթունի 1913 թուականին ընդունուած է Մոսկուայի Գեղարուեստական թատրոն, ուր ստանձնած է դերեր. նոյն ընթացքին սկսած է դերեր ստանձնել ժապաւէններու մէջ։

Նկարահանումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1913-1914 թուականներուն նկարահանուած է՝

  • «Բելա»,
  • «Մեր ժամանակներու հերոսները»,
  • «Կովկասի նուաճումը»,
  • «Խանդ»,
  • «Փոթորիկ»,
  • «Իսմայիլ պէյ» եւ տարբեր ժապաւէններու մէջ:

Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին Շահխաթունի ձգելով բեմական կեանքը վերադարձած է բանակ եւ որպէս սպայ մասնակցած է կովկասեան ճակատումներուն: Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հաստատումէն ետք նշանակուած է Երեւանի զինուորական հրամանատար եւ պաշտօնավարած է մինչեւ 1920 թուականը՝ մինչեւ խորհրդային կարգերու հաստատում:

Խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք Շահխաթունի որոշ ժամանակ ապրած է Պոլսոյ մէջ եւ մասնակցած է թատերական ներկայացումներու, ապա տեղափոխուած է Պուլկարիա, ուրկէ անցած է Փարիզ:

Փարիզի մէջ դերեր ստանձնած է՝

  • «Միշել Ստրոկով»,
  • «Նափոլէոն»,
  • «Մարդը Սպանիոյ նաւից» եւ այլ ժապաւէններու մէջ:

Ֆրանսահայ թատերախումբերու մաս կազմելով ներկայացուցած է Շիրվանզատէի «Նամուս»ը, Լեւոն Շանթի «Հին աստուածներ»ը եւ այլ թատրերգութիւններ[2]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։