Jump to content

Յովհաննէս Տէվէճեան

(Վերայղուած է Արմէն Սեւան-էն)
Յովհաննէս Տէվէճեան
Ծնած է 15 Յունուար 1892(1892-01-15)
Ծննդավայր Մաշկերտ, Ակն, Խարբերդի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 4 Մայիս 1976(1976-05-04) (84 տարեկանին)
Մահուան վայր Պուէնոս Այրես, Արժանթին
Ուսումնավայր Ներսէսեան վարժարան
Պէրպէրեան Վարժարան
Մասնագիտութիւն հանրային գործիչ, քաղաքական գործիչ, գրագէտ, լրագրող, մանկավարժ
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Յովհաննէս Տէվէճեան (Արմէն Սեւան, 15 Յունուար 1892(1892-01-15), Մաշկերտ, Ակն, Խարբերդի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 4 Մայիս 1976(1976-05-04), Պուէնոս Այրես, Արժանթին), հասարակական-քաղաքական գործիչ, գրող, լրագրող, մանկավարժ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ։ Հրանդ Տէվէճեանի եղբայրը։

Յովհաննէս Տէվէճեան ծնած է Մաշկերտ (Արաբկիր)։ 1903 թուականին ընտանիքի հետ տեղափոխուած է Հալէպ:

1907-1911 տարիներուն երկրորդական ուսումը ստացած է մանկավարժ Ռէթէոս Պէրպէրեանի Կ. Պոլսոյ մէջ հիմնած Պէրպէրեան վարժարանին մէջ:

1911-1914 տարիներուն հետեւած է Կ. Պոլսոյ Իրաւաբանութեան պետական համալսարանի դասընթացներուն:

Երբ 1914-ին կը պայթի Ա. Համաշխարհային պատերազմը, խուսափելու համար թուրք բանակին մէջ զինուորագրուելէ, կ՛անցնի Պուլկարիա եւ անոր հայաշատ Փլովտիւ քաղաքը կը հաստատուի եւ կը զբաղի ուսուցչութեամբ:

1918-ին, Հայաստանի անկախութենէն ետք, կը հաստատուի Երեւան եւ մինչեւ Հայաստանի խորհրդայնացումը՝ կը ստանձնէ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի քարտուղարի պաշտօնը:

Հայաստանի խորհրդայնացումէն (2 Դեկտեմբեր 1920) ետք, 18 Փետրուար 1921-ին, ի հետեւումն ապստամբութեան հետեւանքով կազմուած Փրկութեան կոմիտէի քարտուղարի պաշտօնը կը ստանձնէ, եղած է Լեռնահայաստանի Հանրապետութեան արդարադատութեան եւ կրթութեան նախարար: Այնուհետեւ, 1922-ին ողջ մնացած իր գաղափարակից ընկերներուն հետ կ՛անցնի արտասահման եւ կը վերադառնայ Պուլկարիա:

Բ. Համաշխարհային պատերազմի (1939-1945) վերջաւորութեան, երբ խորհրդային բանակը կը ներխուժէ Պուլկարիա եւ Ռումանիա, Յովհաննէս Տէվէճեան, իր գաղափարակից ընկերներուն նման, կը ձերբակալուի եւ կը քշուի Խորհրդային Միութեան աքսորավայրերը:

Յ. Տէվէճեանն ու Նժդեհը եղած են գաղափարական ընկերներ, յետոյ յայտնուած են նոյն բանտախցիկը, միասին ճաշակած են խորհրդային վարչակարգի, յատկապէս՝ ստալինեան բռնատիրութեան շրջանի դառնութիւնները: Երբ 1953ին կը մեռնի Ստալինը, ողջ մնացած քաղաքական բանտարկեալները 1955-ին ներման կ՛արժանանան եւ կ՛ուղարկուին իրենց բնակավայրերը[1]:

Կու գայ օրը, երբ պատմութեան դատարանով, իր ոսկերոտիքը կ՚երթան իրենց հարազատ հանգստարանը գտնելու այնքան սիրած ու պաշտած իր Սիւնիքի ծաղկուն հովիտներուն մէջ, հայրենի լեռներու բուք ու բորանին կողմէ շեփորուած հերոսական քայլերգին ունկնդիր...
- Յովհաննէս Տէվէճեան

Յովհաննէս Տէվէճեանը տեղեկանալով, որ 1948-ին իր ընտանիքի անդամներ գաղթած են Հարաւային Ամերիկա եւ հաստատուած՝ Արժանթին, 1956-ին կը մեկնի հոն, կը միանայ անոնց, ուր եւ կ՛ապրի ու կը ստեղծագործէ Արմէն Սեւան ծածկանունով[1]:

Տէվէճեանը խմբագրած է քանի մը թերթեր Սոֆիայի մէջ՝ «Հայաստան» (1918) եւ «Արաքս» (1925-1934)[2], Պուքրէշի մէջ՝ «Արազ» շաբաթաթերթը՝ Յակոբ Սիրունիի հետ, եւ այլն, բանտէն ազատելէ ետք՝ «Արմենիա» օրաթերթը (Պուէնոս Այրէս):

Մահացած է 1976 Մայիսին, Պուէնոս Այրէս:

  • «Նահատակ գրողներ», Սոֆիա, 1931:
  • «Երգեր բանտէն», Պուէնոս Այրէս, 1959:
  • «Նահատակ գրագէտներ», Պուէնոս Այրէս, 1961։
  • «Բանտարկեալի մը յուշերը․ Տառապանքի տարիներ Գ. Նժդեհի հետ», Պուէնոս Այրէս, 1970[1]։
  • «Վերջալոյսի տաղեր», Պուէնոս Այրէս, 1972:
  • «Կեանք եւ երազ», Պուէնոս Այրէս, 1973:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 1,2 «Հաւատարմութիւնը Ամէն Բանէ Վեր»։ Asbarez - Armenian (en-US)։ 2008-08-19։ արտագրուած է՝ 2020-05-19 [permanent dead link]
  2. «Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր - Հ.Յ.Դ. ՄԱՄՈՒԼԻ ՑՈՒՑԱԿ. (1890-1990)»։ digilib.aua.am (Հայերէն)։ արտագրուած է՝ 2020-05-19 

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]