Jump to content

Աշոտ Մատաթեան

Աշոտ Մատաթեան
Ծնած է 8 Սեպտեմբեր 1884(1884-09-08)
Ծննդավայր Թեհրան, Իրան
Մահացած է 22 Ապրիլ 1965(1965-04-22) (80 տարեկանին)
Մահուան վայր Պոլիս, Թուրքիա
Մասնագիտութիւն դերասան, բեմադրիչ, թարգմանիչ

Աշոտ Մատաթեան (8 Սեպտեմբեր 1884(1884-09-08), Թեհրան, Իրան - 22 Ապրիլ 1965(1965-04-22), Պոլիս, Թուրքիա), հայ դերասան, բեմադրիչ, թարգմանիչ։

Մատաթեան ծնած է Թեհրան, փոքր տարիքին Պոլիս կը փոխադրուի, ուր կը յաճախէ Սկիւտարի ազգային եւ Պէրպէրեան վարժարանները:

Գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աշոտ Մատաթեան առաջին անգամ 1903-ին բեմ կը բարձրանայ, դերուսցոյց Ռէշատ Ռըտվանի Չափրաստճեանի կազմած փատերախումբին մէջ։ Շրջան մըն ալ կը մասնակցի Մնակեան թատերախումբին: Ենովք Շահէին հետ, Օսմանեան Սահմանադրութենէն ետք, կը հիմնէ «Ազատ բեմ» թատերախումբը՝ Շահին Յովհաննիսեան, Շանտանճեան, Արմէն Աժտէրեան, Եդուարդ Չափրաստ, օր. Էլիզ Պիննէմէճեանեւ ուրշներ:

Կարճ շրջան մը յուշարարութիւն կ՛ընէ Զարիֆեանի խումբին մէջ։ Ապա կը մասնակցի պատահական ներկայացումներու:

Սեւ ծովու փոքրասիական եզերքները թատերական պտոյտ մը կը կազմակերպէ՝ Շահին Յովհաննիսեանին հետ:

Կը մասնակցի հայ տրամաթիք թատերախումբի թատերապտոյտներուն, դէպի Իզմիթ եւ Իզմիր:

Պատերազմի ընթացքին, իբրեւ յեղափոխական, կը տարագրուի Հալէպ: Իսկ զինադադարին՝ տարագիր երիտասարդներով, կը կազմէ «Մելպոմէն» թատերախումբը ու կը շրջի Կիլիկիան:

1919-ին Պոլիս կը վերադառնայ ու կը նշանակուի դերուսցոյց հայ տրամաթիք ընկերութեան թատերախումբին, զոր կը վարէ մինչեւ մահ:

Քեմալական յաղթանակէն ետք կը մնայ Պոլիս եւ երկար տարիներ կը տարապի հայ թատրոնի կարօտով՝ հայերէն լեզուով ներկայացումները արգիլուած ըլլալուն պատճառով: Արտօնութիւն ձեռք բերուելէն ետք կը կազմէ «Սթիւտիօ» թատերախումբը.ապա Պոլիսէն կը մեկնի Պէյրութ, ուր կը սարքէ պարբերական ներկայացումներ: