Jump to content

Աննա Աւստրիացի

Աննա Աւստրիացի
սպ.՝ Ana de Austria
Ծննդեան անուն սպ.՝ Ana María Mauricia de Austria y Austria-Estiria
Ծնած է 22 Սեպտեմբեր 1601
Ծննդավայր Վալիատոլիտ, Քասթիլիա եւ Լիոն
Մահացած է 20 Յունուար 1666(1666-01-20)[1][2][3][…] կամ 1666
Մահուան վայր Փարիզ
Քաղաքացիութիւն Ֆրանսա Սպանիա
Կրօնք Հռոմի Կաթոլիկ եկեղեցի
Մասնագիտութիւն Իշխող թագուհի
Վարած պաշտօններ governor of Brittany?
Ամուսին Լուի Արդար
Ծնողներ հայր՝ Ֆիլիփ III, մայր՝ Մարկարիթա Աւստրիացի
Երեխաներ Լուի 15-րդ եւ Philippe, Duke of Orléans?
Ստորագրութիւն

Աննա Աւստրիացի, (ֆրանսերէն՝ Anne d'Autriche անգլերէն՝ Ana María Mauricia de Australia (de Habsburgo), Ֆրանսայի թագուհի, Ֆրանսայի թագաւոր Լուի ԺԳ. Արդարի կինը (18 Հոկտեմբեր 1615-էն): «Աւստրիացի» մականունը կը նշանակէ միայն ծագումով աւստրիական Հապսպուրկեան տոհմին պատկանիլը:

Լուի 13-րդ Արդար , Աննա Աւստրիացու ամուսինը

Սպանիոյ թագաւոր Ֆիլիփ Գ.-ի եւ իր կնոջ՝ Մարկարիթա Աւստրիացիի դուստրը: Աննան կրտսեր քրոջ՝ Մարիա Աննայի հետ բարձր կրթութիւն ստացած էր՝ սորված լատիներէն, եւրոպական լեզուներու հիմունքներ, կարել, պարել, գրագրութիւն, կրօնի պատմութիւն եւ Հապսպուրկեան տոհմի ծագումնաբանութիւն:

1612-ին Սպանիոյ թագաւոր Ֆիլիփ Գ. ամուսնական պայմանագիր մը կնքէ, որու համաձայն՝ Ֆրանսայի երիտասարդ թագաւոր Լուի Ժգ. Արդարը կ'ամուսնանայ Սպանիոյ արքայադուստր Աննային հետ: Այս ամուսնութիւնը անհրաժեշտ էր դիւանագիտական ​​նպատակներով, քանի որ այդ օրերուն Սպանիան եւ Ֆրանսան պատերազմի եզրին էին: Ամուսնական պայմանագիրով նախատեսուած էր նաեւ, որ արքայադուստր Աննան կ'ամուսնանայ Լուիի հետ միայն այն ատեն, եթէ վերջինիս քոյրը՝ Իզապելլան դառնայ Աննային կրտսեր եղբօր՝ արքայազն Ֆիլիփ Դ.-ի (Սպանիոյ թագաւոր) կինը:

1615-ի վերջը 14-ամեայ Աննան կը մեկնի Ֆրանսա եւ 18 Հոկտեմբերին կ'ամուսնանայ Լուի Ժգ.-ի հետ: Սկիզբը թագաւորը հիացած էր իր կնոջմով, որ իրապէս կը համարուէր Եւրոպայի առաջին գեղեցկուհին, բայց որոշ ժամանակ մը ետք կը պարզուի, որ երիտասարդ զոյգը ընդհանրապէս պատրաստ չէր ընտանեկան կեանքին: Անոնց յարաբերութիւնները հետզհետէ կը սառին: Աննան կը հակի դաւաճանութեան, սադրանքներու եւ բանսարկութիւններու: Թագուհին կ'աջակցէր Ռիշելիոյ դէմ դաւադրութիւններուն:

Այս բոլորին վրայ կ'աւելնայ նաեւ այն իրողութիւնը, որ Լուի Ժգ.-ի եւ Աննայի ամուսնութեան 23 տարիները անպտուղ էին, եւ միայն 1638 ու 1640 թուականներուն, քանի մը անյաջող յղութիւններէ ետք, Աննա կը ծնի երկու որդի, ապագայ Լուի Ժդ.-ն եւ Ֆիլիփ Ա. Օռլիանցին (Ֆրանսա):

1643-1651 թուականներուն Աննա Աւստրիացին փոխարքայ կը նշանակուի մանկահասակ Լուի Ժդ.-ին, սակայն ըստ էութեան, պետութիւնը կը ղեկավարէր Ճուլիօ Մազարինին, զոր Աննա առաջին նախարար նշանակած էր: 1661-ին, Մազարինիի մահէն ետք, երբ Լուի Ժդ. կը սկսի ինքնուրոյն ղեկավարել երկիրը, զինք կը հեռացնեն թագաւորական խորհուրդէն: Մայր թագուհին այլեւս քաղաքական ազդեցութիւն չ'ունենար թագաւորական գործերուն վրայ: Աւելի ուշ ան կը հեռանայ Վալ տը Կրասի աբբայութիւն:

Աննա Աւստրիացի կը մահանայ 20 Յունուար 1666-ին կրծքագեղձի քաղցկեղէն:

Գրականութեան մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Աննա Աւստրիացին 1643-1646 թուականներու մետաղադրամներուն վրայ
Ֆրանսայի առաջին նախարար եւ կարտինալ Ճուլիօ Մազարինին

Աննա Աւստրիացիի եւ Լուի Ժգ.-ի յարաբերությունները կը դառնան (հայր) Ալեքսանտր Տիւմայի «Երեք հրացանակիրներ» յայտնի վէպին նիւթերէն մէկը: Աննա Աւստրիացիի կերպարին կը հանդիպինք նաեւ Տիւմայի «Քսան տարի անց» եւ «Վիքոնթ տէ Պրաժելոն, կամ Տասը տարի անց», «Կարմիր սֆինքսը» վէպերուն եւ «Լուի Ժդ.» կենսագրական գիրքին մէջ: «Կանանց պատերազմ» վէպին մէջ նոյնպէս յիշատակում կայ իր մասին: Անոր կերպարը կայ նաեւ անգլիացի գրող Էվէլին Էնթոնիի «Քարտինալին սէրը», Գէորգ Պորնի «Աննա Աւստրիացին, կամ թագուհիին երեք հրացանակիրները», Շառլ Տալիարտի «Աննա Աւստրիացիին առաջին սէրը» եւ Ճուլիէթա Պենցոնիի «Պետական ​​գաղտնիքներ» շարքէն «Թագուհիին ննջասենեակը» վէպերուն մէջ:

Շարժանկարի մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]