Անահիտ Աճէմեան
Անահիտ Աճէմեան անգլերէն՝ Anahid Ajemian | |
---|---|
| |
Ծնած է | 26 Յունուար 1924 |
Ծննդավայր |
Մենհեթըն, Նիւ Եորք, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ Նիւ Եորք, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Մահացած է | 13 Յունիս 2016 (92 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Մենհեթըն, Նիւ Եորք, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Քաղաքացիութիւն | Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Ուսումնավայր | Ճուլիարտ Վարժարան |
Մասնագիտութիւն | երաժշտութեան ուսուցիչ, ջութակահար |
Աշխատավայր | Քոլումպիա Համալսարան |
Ամուսին | Ճորճ Աւագեան |
Անահիտ Աճէմեան (26 Յունուար 1924, Մենհեթըն, Նիւ Եորք, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Նիւ Եորք, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ - 13 Յունիս 2016, Մենհեթըն, Նիւ Եորք, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ամերիկահայ ջութակահարուհի։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է Նիւ Եորք։ Աւարտած է Նիւ Եորքի Ճուլիարտ երաժշտական բարձրագոյն դպրոցը։ Անոր երաժշտութեան ուսուցիչը եղած է պերլճիքացի ջութակահար Էտուարտ Տեթիէրին։
1946 թուականին մասնակցած է «Ուոլթըր Նաումպըրկ» հիմնարկութեան կազմակերպած մրցոյթին եւ մրցանակը շահած է։ Նոյն թուականի Նոյեմբեր 19-ին Նիւ Եորքի քաղաքապետարանին մէջ իր առաջին ելոյթը մեծ գնահատանքի արժանացած է, եւ «Մատմուազէլ» ամսագիրը զինք շնորհած է «Նշանակալի ձեռքբերում» մետալըՙ հռչակելով անոր երաժշտութեան բնագաւառին մէջ «Տարուան երիտասարդ կինը»[1]։
Քրոջ` դաշնակահարուհի Մարոյի հետ հանդէս եկած է համերգներով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի, Եւրոպայի շարք մը քաղաքներու մէջ[2]։
Անահիտ 1940-ական թուականներուն Նիւ Եորքի մէջ «Հայ երաժշտութեան բարեկամներ» յանձնախումբի համահիմնադիրներէն է։ Այնուհետեւ, 1960-ական թուականներուն ջութակահար Մեթիւ Ռայմիտի հետ հիմնած է «Երգահաններու լարային քառեակը», որ կարճ ժամանակուան ընթացքին միջազգայնօրէն ճանաչցուած է, շրջելով մօտ 26 երկիրներ, ինչպէս՝ Խորհրդային Միութիւն, Հնդկաստան, Ճափոն, Աւստրալիա, Ափրիկէ, Չինաստան[3]։
Անահիտ Աճէմեան երկար ժամանակ ժիւրիի անդամ եղած է Քոլոմպիայի համալսարանի երաժշտական բաժանմունքի կազմակերպած մրցումներուն։
Ընտանիք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ամուսինը՝ Ճորճ Աւագեան, արտադրող, ճազի նշանաւոր դէմքերէն։
- Հայրը՝ Լեւոն Աճէմեան
- Մայրը՝ դաշնակահարուհի Սիրուն Երկանեան
- Քոյրը՝ Մարօ Աճէմեան, դաշնակահարուհի[4][5]։