Jump to content

Մարօ Աճէմեան

Մարօ Աճէմեան
Ծնած է 9 Յուլիս 1921(1921-07-09)
Ծննդավայր Ժընեւ, Զուիցերիա
Մահացած է 18 Սեպտեմբեր 1978(1978-09-18) (57 տարեկանին)
Մահուան վայր Հիւսթըն, Թեքսաս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[1]
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ուսումնավայր Ճուլիարտ Վարժարան
Մասնագիտութիւն դաշնակահար

Մարօ Աճէմեան (9 Յուլիս 1921(1921-07-09), Ժընեւ, Զուիցերիա - 18 Սեպտեմբեր 1978(1978-09-18), Հիւսթըն, Թեքսաս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[1]), հայազգի դաշնակահարուհի, Անահիտ Աճէմեանի քոյրը։

Մարօ Աճէմեանը ծնած է 1921 Ժընեւ։ Որոշ աղբիւրներու մէջ ծննդեան թուականը նշուած է 1922։ Մէկ տարի անց ընտանիքը կը տեղափոխուի ԱՄՆ եւ կը հաստատուի Նիւ Եորք քաղաքին մէջ։ Վեց տարեկանին Նիւ Եորքի մէջ ԵրաժշտութԵան շաբաթ մրցոյթին Մարօն յաղթող կը յայտարարուի։ Ան կ'ուսանի Ճուլիարտ երաժշտանոցին մէջ, ուր հետագային կը հիմնուի իր անունով կրթաթոշակ[2]: Մ. Աճէմեան ելոյթ կ՛ունենայ 4 ամերիկացի երգահաններու Ճոն Քեյճի, Ալան Յովհաննէսի[3], Ռիչարտ Եարտումեանի, Պէն Վեպըրի հետ։ Մարօ եւ Անահիտ Աճէմեան քոյրերը աշխարհահռչակ կը դառնան յատկապէս Արամ Խաչատրեանի ստեղծագործութիւններու կատարումներով: Մ. Աճէմեան կը մահանայ սրտի անբաւարարութեան պատճառով՝ 57 տարեկանին [4]:

  • Մայրը՝ դաշնակահարուհի Սիրուն Երկանեան:
  • Հայրը՝ Լեւոն Աճէմեան
  • Քոյրը՝ ջութակահարուհի Անահիտ Աճէմեան Աւագեան[5]:
  • Անահիտ Աճէմեանի ամուսինը՝ Ճորճ Աւագեան ճազի առաջատար յայտնի մասնագէտ է:[6]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]