Ալլա Լեւոնեան

Ալլա Լեւոնեան
Background information

Ալլա Ժորա Լեւոնեան, (26 Յունիս 1975(1975-06-26), Ավշար, Արարատի շրջան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն): Ալլա Հայ երգչուհի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտ մըն է (2011

Կրթութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ալլա Լեւոնեան 1992 թուականին աւարտած է Ավշար գիւղի միջնակարգ դպրոցը: 11 տարիներ ուսանած է արուեստի երաժշտական դպրոցին, դաշնամուրի բաժնին մէջ։ Յաճախած է նաեւ Երեւանի Գրողներու միութեան «Պիոներ կանչ» թերթի «Բողբոջ» խմբակը։

Դպրոցական տարիներուն յաճախած է մանկական երաժշտական եւ նկարչական խմբակներ։ 2003-2007 թուականներուն ընթացքին սորված է Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցին մէջ:

Ստեղծագործական գործունէութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ալլա Լեւոնեան 1993 թուականին մասնակցած է «Արձագանգ»-ի կատարած «Բոհեմ» մրցոյթ-փառատօնին՝ իր հեղինակած ու ստեղծած «Օտարական» եւ «Վերադարձիր» երգերով եւ արժանացած 1-ին դիրքին ու մրցանակին։ 1994 թուականին իր հեղինակած «Կը գտնեմ» երգով մասնակցած է ամէն տարի տեղի ունեցող «Ասուպ» մրցոյթ-փառատօնին, որմէ յետոյ ընդունուած է Հայաստանի Երգի պետական թատրոնի խումբին մէջ:

1997-1999 թուականներուն ընթացքին, «Ես եմ», «Հայաստան» եւ «Հոյնար» երգերով մասնակցած է «Այո» մրցոյթ-փառատօնին եւ 3 տարիներ շարունակ յաղթած ու շահած է 1-ին դիրքը։ 1999 թուականէն սկսեալ ունեցած է ընդարձակ համերգային գործունէութիւններ հայրենիքին մէջ եւ արտասահման։ Աշխատած է նաեւ Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռին մէջ եւ ունեցած է իր սեփական հաղորդումը։ «Պիոներ կանչ» թերթին մէջ տպագրոած են Ալլային բանաստեղծութիւնները։

Ալլա Լեւոնեան թողարկած ու հրատարակած է 5 ձայնասկաւառակներ եւ ունեցած է շուրջ 17 նկարահանումներ:

Պարգեւներ եւ մրցանակներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «Հայաստանի Հանրապետության պատվավոր կոչումներ շնորհելու մասին»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-07-02-ին։ արտագրուած է՝ 2018-09-24