Jump to content

Ալիս Աբգարիոս

Ալիս Աբգարիոս
Ծնած է 1886
Ծննդավայր Պէյրութ, Սուրիոյ վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1952
Մահուան վայր Պէյրութ, Լիբանան
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
 Լիբանան
Ուսումնավայր Բեյրութի գերմանական վարժարան?
Մասնագիտութիւն մանկավարժ
Ծնողներ հայր՝ Ճան (Եուհաննա) Աբգարիոս, մայր՝ Աֆիֆե Գանավաթի?

Ալիս Աբգարիոս, ծնած է 1886-ին Պէյրութ: Մանկութեան շրջանը անցուց եղբբօրը՛ Միշէլին եւ անոր բարեկամներուն հետ։ Հաճոյք կ'առնէր տղոց յատուկ խաղ խաղալով, ինչպէս հոլ դարձնել, դրուձիկ շինել եւ գնդակ խաղալ, որոնց բոլորին մէջ ալ տաքը կը գերազանցէր։ Այլ աղջիկներու նման պուպրիկով կամ ուրիշ իգական սեռի յատուկ խաղեր չէր խաղար։ Ահա իր այս ընթացքն է որ կազմաորեց իր ապաւայ կեանքը տալով անոր առնականութիւնը, եւ զինուորական տիսբլինը հետեւելու իղձ։

1891-էն 1899 յաճախեց Պէյրութի Ւերմանական վարժարանը եւ ուսանեցաւ արաբերէն, ֆրասերէն, անգլերէն եւ գերմաներէն։ 1900-ին երբ իր ընտանիքով մեկնեցաւ Գահիրէ, հոն հետեւեցաւ յատուկ դասընթացքներու։ 1912-իէն 1914 երկու տարի Անգլիա մնաց, ուր շարունակեց իր ուսումը, բայց Առաջին Ընդհանուր պատերազմին պաճառաւ ստիպուեցաւ գալ Եգիպտոս եւ ապա անցնիլ Պէյրութ:

Պէյրութի մէջ տեսնելով թէ դպրոցները կը գոցուէին, խորհեցաւ թէ ազգային վարժարան մը օրուայ պէտք մը դարձած էր։ Բրեկամուհիի մը օգնութեամբ 1917-ին սկսաւ Ահլիա վարժարանը զոր նախ կոչեց Սուրիական բողոգական վարժարան։ Զուգահեռ ասոր, ուզելլով նոր շարժում մը ստեղծել, սկսաւ սկաուտական, շարժումը։ միեւնոյն ժամանակ զինուորական իշխանութենէն առտօնութիւն առաւ Պրիդիշ Սիրիան վարժարանի ընդարձակ բակը գործածելու որպէս սկաոգտական վարժութեանց վայր։ Այդ վարժարանի գրադարանին մէջ գտաւ նախնական գիրք մը կբրլ կայսերու հոմնագիրքը, իսկ սկուտիզմքի խմբագիրներէն մին։ Աղջիկներ մարզելու իր այս գաղափարը լաւ ընդունելութիւն գտաւ եւ իր առաջնորթութեամբ սկսաւ քաղաքին զանազան մասերուն մէջ խումբեր կազմուիլ։ Անմիոչապէս որ թղթատարական կազմակերպութիւններ սկսան գործել եւ կարելի եղաւ Անգլիոյ հետ թղթակցիլ, գրեց սկաուտութեան Կեդրոնատեղին՝ տեղեկագրելով իր գործունէուլիւնը։ պէտք եղած քաջալերութիւն տրուեցաւ իրեն։ կերի կայտի գնդամէտ եւ սկաուտամէտ տիտղոսը։ 1923-ին դարձեալ Անգլիա աիցելեց, ուր սկաուտական պէտք էղած դաստիրակութիւնը ըստանալէ յետոյ՝ նշանակուեցաւ Լիբանան-Սուրիոյ սկաուտական ընդհանուր մարզապան։

Վերադառնալով Պէյրութ, սկաուտական շարժումին այնպիսի խթան մը տուաւ եւ այնպիսի ձեռնահասօրէն կազմակերպեց գործե ոբր քանի մը ամսուայ ընթացքին աւելի քան հազար աղջիկներ արձանագրուեցցան զանազան խումբերու մէջ։ Բազմաթիւ ճամ բարէնըր եւ տողանցքներ կազմակերպեց զոյգ երկիրներու զանազան վայրերէն բերուած արական եւ իգական սեռի սկաուտներիով, որոնք մեծ յաջողութեամբ պսակուեցան եու թերթերու եւ ժողովուրդին որուայ սիւթ եղան։ Սկաուտական նման հաւաքոյթէ եւ շատ փայլուն տողանցքէ մը յետոյ տեղւոյն վրայ վարյատրուեցաւ Լիբանանեան Արժանեաց Շքանշանով՝ Հանրապէտութեան նախագահ Ն.Վ.Շարլ Տէպպասի կողմէ որ անձամբ ներկայ կը գտնուէր հնաթիսսուդեանց։

1919-ին ուղղեց հանրային գորղունէութենէ հրաժարիլ եւ գնաց Պաղեստին եղբօրեը Պարօն Միշէլին քով։ սակայն մահմետական կանանց յատուկ կազմակերմութիւն մը ուզելով Դամասկոսի մէջ աղջկանց վարժարանը բանաալ, զինք հրաւիրեց։ Սիրով ընդունեց եւ կազմամակերպչական գրողը աւարտելէն յետոյ դարձեալ գնաց Պաղեստին հանքչելու։ սակայն կերեւի Որ Աբգարիոս հանքչելու կամ հանգստանալու համար չէր ստեղծուած։ Անգամ մը եւս տիկիններ հետեւեցան իրեն։ Այս անգամ յոյն օթոտոքա յարանունութեան յատուկ կանանց յանձնախումբ մը խնդրըց իրմէ որ Թրիփօլիի մէջ աղջկանց յատուկ վարժարան մը բանայ եւ կառաւարէ։ 1936-ին ընդունեց այս առաջարկը եւ ցարդ կը վարէ այե դպրոցը որ Լիբանանին բազմաթիւ զարդացած եւ արժէքաւոր աղջիկներ տուած է։

Կարելի է Օրիորդ Աբքարիոսի եւ իր գործունէութեան մասին գիրք մը գրել, այնքան զոհաբերութեամբ եւ նուիրոումով աշխատեցաւ ու տակաւին կ'աշխատի իր սիրելի հայրենիքին՝ Լիբանանի իգական սեռի զարգացման յառաջդիմութեան համար։

Օրիորդ Աբքարիոս Լիբանանի եւ Սուրիոյ իգական սեռի շատ արժէքաւոր եւ լաւագոյն ներկայացուցիչներէն մին է։

ըլլալով ուսեալ եւ զարգացման անձ, իր գործգունէութիւնը չսահմանեցին լոկ հրապարակային ձեռնարկներու, այլ տարաւ նաեւ գրական աշխատանք։ Անգլերէն լեզուով 268 էջնոց գիրք մը գրեց սկաուտիզմի մասին, որ յետոյ արաբերէնի թարքմանուեցաւ Տօքթօր Ճապուրի կողմէ։ Այս գիրքը իր տեսակի մէջ միակն է։

Օրիորդ Աբքարիոսի նման մէկը, որ բազմաթիւ տարիներ բեղուն եւ եռանդուն հանրային գործունէութիւն մը ունեցած, չէր կրնար մամուլի եւ հանրութեան ուշադրութենէն ու գնահատանքէն վրիպիլ։ որով արաբական աշխարհի-չենք ըսէր լոկ Լիբանան եւ Սուրիա-այլ՝ համայն արաբական աշխարհի մամուլը գնահատանքով խօսեցաւ Օրիորդ Աբքարիոսի եւ իր ազգօգուտ գորղունէութեան շուրջ։ Լիբանանէն, Սուրիայէն, Իրագէն եւ նոյնիսկ հեռաւոր Եգիպտոսէն թերթեր ձայնակցեցան իրարու։ իր մասին գրուած յոդուածներու լոկ մէկ չնչին տոկոսին թարգմանոգթիւնն իսկ էջեր պիտի գրաւէր։ Բնտրեցէք սա քանի մը արաբերէն ու Ֆրանսերէն հրատարակութեանց հատեւեալ թիւերը եւ դուք պիտի տեսնէք թէ ինչ է արաբական աշխարհի կարծիքը այս մեծանուն հայուհիին մասին.-

«Էլ Պիան» օրաթերթ, 26 Յունիս 1925: «Էլ հուրրիա» ամսագիր, Օգոստոս 1925, Պաղտատ: «Ալ Արուս» Յուլիս 1925, Դամասկոս: «Ալ Ռայա» Յունիս 1928, Պէյրութ: «Ալ Հիլալ » Յուլիս 1925, Գահհիրէ: «Ալ Արզ» Օգոստոս 1925, Պէյրութ: «Լը Րէվէյ» Ֆրանսերէն, 2 Յունիս 1928, Պէյրութ: «Լա Սիրէ» Ֆրանսերէն, 2 Յունիս 1928, Պէյրութ: Սակայն մենք երկու մէջբերումներ կ՛ըկնենք հէտէւեալ կարեւոր եւ լուրջ թերթերէն, որոնցմէ ընդերցողը կրնայ գաշափար մը կազմել Օրիորդ Աբքարիոսի մասին արաբական մտաւորական աշխարհի ունեցած կարծիքին շուրջ։

  1. «Սարսափներու Գիրքը», գործ Իսքենտէր Աբգարիոսի, հրատարակուած Անգլերէնով։ Թրքմ. հայերէնի։ տողերս գրողին կողմէ, 1933-ին։
  2. « Մուաժամ Էլ Մաթպուաթ Ալ Արապիա Մուարրաապա», (Արաբերէն եեւ արաբերէնին թարքմանուած գիրքերու բաարարան), գործ՝ Ժօզէֆ Իլեան Սարգիսի: Հրատ. գաահիրէ 1928, սիւնակներ 23 եւ 24:
  3. «Ազկապատում», հատոր գ. մասեր 2442 եւ 2443:
  4. «Պատմութիւն Երուսաղեմի», Աստուածատուր Յովհանէսսեան, հրատարակուած երուսաղեմ 1890-ին, էջ 395, 398, 399, 417, եւ 424:
  5. «ֆհրիս Տար Էլ Քութուպ Էլ Մասրիա» «Ձուցակ Եգիպտական Գրադարանի):
  6. «Թարիխ Էլ Ատիպ էլ Արապիա», (Պատնութիւն Արաբ գրականութեան): հէղինակ Պրօկլման, հատոր Բ., էջ 495 եւ յաւելուած է 1937-ի հատոր Բ.ին, էջ 768:
  7. «fifty three years in Syria», by h. Jessup vol. 2. page 499.
  8. «Անձնական Տեսակցութիւններ հետեւեալներու Հետ.-

Պարօն Ուատի Աբգարիոս, որդին Իսքէնտէրի Պարօն Միշէլ Աբգարրիոս, որդին Ճան Աբգարիոսի կոմս Ֆիլիպ Թառռազի Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]