Ազատուհի Գալայճեան-Սիմոնեան
Ազատուհի Սիմոնեան Գալայճեան | |
---|---|
Ծննդավայր | Լիբանան |
Քաղաքացիութիւն | Լիբանանցի |
Ազգութիւն | Հայ |
Կրօնք | Հայ Առաքելական եկեղեցի |
Աշխատավայր | կրթական մշակ, դասախօս,գրող, հրապարակագիր եւ հասարակական գործիչ |
Ամուսին | Պէպօ Սիմոնեան |
Երեխաներ | երկու որդի |
Ազատուհի Գալայճեան Սիմոնեան լիբանանահայ կրթական մշակ, մտաւորական, դասախօս, բանախօս, գրող, հրապարակագիր, հասարակական գործիչ: Հեղինակ հատորներու:
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ազգային գործիչ, մտաւորական, կրթական մշակ, դաստիարակ, բանաստեղծ, գրող Պէպօ Սիմոնեանի կինը՝ Ազատուհի Գալայճեան Սիմոնեան, ընտանիքի մայր ու կին ըլլալը ներդաշնակելով իր ուսուցչական ասպարէզին հետ, 47 տարիներ Լիբանանեան Ամերիկեան համալսարանի L.A.U.-էն ներս անգլերէն լեզու եւ գրականութիւն ուսուցանեց արաբին, լիբանանցիին, հայուն եւ այլազգի ուսանողներուն:
Ազատուհի Գալայճեան Սիմոնեան 1960-էն ի վեր անգլերէն լեզուի ու գրականութեան մնայուն դասախօս եղած է Լիբանանեան Ամերիկեան համալսարանին (L.A.U.) մէջ, ուրկէ հանգստեան կոչուած է 2007-ին:
Ան իր համալսարանական ուսումը ստացած է Հայկազեան համալսարանէն 1957-ին, Պէյրութի Կանանց Քոլէճէն, այժմու՝ L.A.U. 1960-ին, Միացեալ Նահանգներու Միշիկընի համալսարանէն՝1963-ին եւ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն՝ 1980-ին, ստանալով Պսակաւոր Արուեստից BA եւ Մագիստրոս Արուեստի MA տիտղոսներ, Անգլերէն լեզուի ուսուցման մասնագիտութեան եւ Անգլիական Գրականութեան մէջ:
1982-ին Լոնտոնի Անգլիոյ «Reading» համալսարանի, Միացեալ Նահանգներու Columbia եւ UCLA, Գանատայի Concordia եւ York Համալսարաններուն մէջ հետեւած է անգլերէն լեզուի ուսուցման նորագոյն մեթոտներու շուրջ յատուկ ծրագիրներու եւ դասընթացքներու:
«Տարուան լաւագոյն ուսուցիչը»
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ազատուհի Գալայճեան Սիմոնեան իր ուսուցչական ասպարէզին հետ 47 տարիներ Լիբանանեան Ամերիկեան համալսարանի L.A.U.-էն ներս անգլերէն լեզու եւ գրականութիւն ուսուցանեց արաբին, լիբանանցիին, հայուն եւ այլազգի ուսանողներուն:
Լիբանանեան Ամերիկեան համալսարանի L.A.U.-ի ուսանողներուն կողմէ գնահատուեցաւ իր բարեխղճութեան, բծախնդրութեան եւ ուսանողին առաւելագոյն չափով օգտակար ըլլալու նուիրումին համար: Ուսանողները իրենց գնահատանքը արտայայտեցին Ապրիլ 2000-ին, զինք հռչակելով «Տարուան լաւագոյն ուսուցիչը»:
Հայ ուսանողներու կրթանպաստներու ապահովումը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ազատուհի Գալայճեան Սիմոնեան Լիբանանեան Ամերիկեան համալսարանէն L.A.U. ներս, բացի իր դասախօսի հանգամանքէն, ստանձնած է նաեւ ազգային պարտաւորութիւն մը՝ հայ ուսանողներու հանդէպ: Ան դարձած է հայ ուսանողութեան խորհրդատուն եւ բարեկամը իր պաշտօնավարութեան բոլոր տարիներուն: Միշտ զօրավիգ կանգնած է հայ ուսանողին, խրախուսելով զայն իր յաջողութիւններուն առիթով եւ ձեռք մեկնած՝ անոր դժուարութիւններու յաղթահարման մէջ։ Մեծ եղած է իր ներդրումը կրթանպաստներու ապահովման գծով:
Ազատուհի Գալայճեան Սիմոնեանի յանձնարարականները Կիւլլապի Կիւլպէնկեան, Գալուստ Կիւլպէնկեան, ՀԲԸՄ եւ այլ ազգային հաստատութիւններուն ուղղուած, ինչպէս նաեւ իր ազդու միջամտութիւնը համալսարանէն ներս գործող նիւթական օժանդակութեան եւ կրթանպաստի մարմիներուն մօտ, ապահոված են կարեւոր նպաստ՝ հայ ուսանողներու ուսումնական կեանքի նուաճումին: Այսօր մեծ թիւով շրջանաւարտներ երախտագիտութեամբ կը յիշեն Ազատուհի Գալայճեան Սիմոնեանի բարերար դերակատարութիւնը իրենց համալսարանական ուսման ապահովման գծով:
Լիբանանի Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան գոլէճի 20 տարիներու անգլերէն լեզուի բաժանմունքի փորձառու համակարգող եւ նուիրեալ ծառայող
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ազատուհի Գալայճեան Սիմոնեան իր ամուսնոյն՝ գրող՝ Պէպօ Սիմոնեանի Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան գոլէճի որպէս տնօրէն պաշտօնավարած քսան տարիներու ընթացքին, 1975 - 1995, անգլերէն լեզուի եւ գրականութեան ուսուցման իր մասնագիտութիւնը ի սպաս դրած է գոլէճի անգլերէն լեզուի բարձր մակարդակի նուաճման, որպէս բաժանմունքի փորձառու համակարգող:
Ազգային, Մշակութային եւ Ընկերային ծառայութեան գլխաւոր ներդրումը իր բեմական ելոյթներու ընդմէջէն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ազատուհի Գալայճեան Սիմոնեան գործօն ներկայութիւն է հայ ազգային կեանքին մէջ դասախօսութիւններով եւ հրապարակային զրոյցներով, ինչպէս նաեւ մամուլին մէջ հրատարակած յօդուածներով, մանկավարժական, հոգեբանական, ընտանեկան, մշակութային ու դաստիարակչական նիւթերու շուրջ:
Ազատուհի Սիմոնեան Գալայճեանի հայ բեմերէն եւ համագումարներէն իր ելոյթներով կը տպաւորէր ունկնդիրները: Կանուխէն իր մէջ յայտնուած շնորհք էր բեմական խօսքը, տարիներու ընթացքին կատարելագործուելով հռետորական արուեստի մակարդակին հասաւ: Բանաւոր խօսքի հաղորդականութեան տիրապետած ըլլալով Լիբանան կամ այլուր հրաւիրուեցաւ իբրեւ բանախօս կամ դասախօս: |
Ճինիշեան եւ Հաուըրտ Գարակէօզեան Հաստատութիւններու խորհրդատու մարմնի անդամ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ազատուհի Գալայճեան Սիմոնեանի ընկերային ծառայութիւնը կ'ընդգրկէ Ճինիշեան Յիշատակի ձեռնարկի 1999-2006 եւ Հաուըրտ Գարակէօզեան մանկախնամ հաստատութեան 2008-էն սկսեալ խորհրդատու մարմնի անդամութիւնը:
Հրատարակութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]ՀԱՅ ԿԻՆԸ, ԸՆՏԱՆԻՔԸ, ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ, Ազատուհի Սիմոնեան, Անթիլիաս, 182 էջ, 1988:
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ, Ազատուհի Սիմոնեան, 120 էջ, Անթիլիաս, 1995:
Ազատուհի Գալայճեան Սիմոնեանի երկու հատորները «Հայ Կինը, Ընտանիքը, Երիտասարդը» 1988-ին եւ «Երիտասարդութիւն եւ Դաստիարակութիւն» 1995-ին հրատարակուած են Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Բաժանմունքի կողմէն:
Ան հրատարակած է ուսումնասիրութիւն մը անգլերէն լեզուով, հայ առաջին ֆէմինիստ գրող՝ Սրբուհի Տիւսաբի մասին, 2000 թուականին եւ 2013-ին «Հայ Կինը եւ Մշակոյթը» հատորը, որ կը մեկտեղէ հեղինակին անգլերէն եւ հայերէն գրուած յօդուածներն ու ուսումնասիրութիւնները հայ կին դէմքերու մասին, որոնք ծառայած են հայ մշակոյթին եւ յատկապէս հայ գրականութեան: Յիշեալ բազմաբովանդակ հատորին մէջ միատեղուած են հեղինակին յօդուածները, նուիրուած` հայ ականաւոր դէմքերուն, ի թիւս` Ուիլիըմ Սարոյեանի, Եղիշէ Չարենցի, Յովհաննէս Թումանեանի, Արշիլ Կորքիի եւ այլն: Անդրադառնալով հայ մշակոյթի տարբեր բնագաւառներուն՝ գրականութեան, գեղանկարչութեան, քանդակագործութեան եւ այլն` Ազատուհի Գալայճեան Սիմոնեանը այդ իւրաքանչիւր բնագաւառի ուսումնասիրութեան մէջ կը ցուցաբերէ իր բարձր գիտելիքները եւ իր հոգեմտային նրբազգաց ընկալման տաղանդը:
Հեղինակը «Հայ Կինը եւ Մշակոյթը» հատորին մէջ ամփոփեր է տարիներու ընթացքին հրատարակուած իր յօդուածները, որոնք գրաւելով ընթերցողի ուշադրութիւնը, տպագրուեր են Լիբանանի «Ազդակ», «Արարատ», «Զարթօնք», «Խօսնակ», «Երիտասարդ Հայուհի», Լիբանանեան Ամերիկեան համալսարանի L.A.U., Կանանց հիմնարկի պարբերականներուն, Միացեալ Նահանգներու «Երիտասարդ Հայաստան» եւ «Նոր Կեանք» թերթերուն մէջ:
L.A.U. –ի կանանց հիմնարկի AL-RAIDA պարբերաթերթի եւ «Երիտասարդ Հայուհի» ամսաթերթի աշխատակից
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ազատուհի Գալայճեան Սիմոնեան անգլերէն լեզուով եւս կը գրէ յօդուածներ ու կը ներկայացնէ ուսումնասիրութիւններ հայ կին արժէքներու մասին, L.A.U. –ի կանանց հիմնարկի AL-RAIDA պարբերաթերթին մէջ:
Ան գլխաւոր աշխատակից եղած է «Երիտասարդ հայուհի» ամսաթերթին 1965 թուականէն սկսեալ:
Հայ Կնոջ տարուան համագումարը՝ Լիբանան 2010 թուական
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը 2010-ը թուականը հռչակեց «Հայ Կնոջ Տարի», որուն եզրափակիչ նախաձեռնութիւնը եղաւ 25 Նոյեմբերին կայացած Տիկնանց Համագումարը։
Համագումարի զեկուցաբերներէն՝ Ազատուհի Գալայճեան Սիմոնեան ներկայացուց՝ «Ո՞ւր է հայ կինը ներկայ աշխարհի կնոջական շարժումներուն յարաբերաբար» նիւթը:
Խորհրդաժողովներ, գիտաժողովներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]29 Ապրիլ 2017 Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի հանդիսասրահին մէջ, հայ կնոջ դերին ծիրն ու հզօրացումը խորհրդաժողովին Ազատուհի Գալայճեան Սիմոնեան իր մասնակցութիւնը բերաւ զեկոյցով՝ «Հայ կինը առաջնորդող տարբեր դերերու մէջ՝ հայոց պատմութեան ընթացքին եւ Հայ Կնոջ Ներկայ Մարտահրաւէրները եւ Դերերը» կլոր սեղանին:
12 Ապրիլ 2018 Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնին մէջ՝ Գահիրէ, Եգիպտոսի մէջ կազմակերպած «ԵԳԻՊՏՈՍԻ, ՍՈՒՏԱՆԻ ԵՒ ԵԹՈՎՊԻՈՅ ՀԱՅԵՐԸ» Գիտաժողովին, Ազատուհի Գալայճեան Սիմոնեան առաջին նիստին ելոյթ ունեցաւ իր զեկոյցով (անգլերէն) ներկայացնելով՝ «Արտէմիս, Կանանց Իրաւունքներու Պաշտպան Թերթը»: Ի տեղեկութիւն՝ Մարի Պէյլերեան 1902-1904 թուականներուն հիմնած ու խմբագրած է «Արտէմիս» ընտանեկան, գրական հանդէսը։
Ազատուհի Գալայճեան Սիմոնեան իր զեկոյցով (անգլերէն) ներկայացուց «Արտէմիս Կանանց Իրաւունքներու Պաշտպան Թերթ»-ի խմբագիր Մարի Պէյլերեանի մտահոգութիւնը՝ որակեալ ուսուցիչներու բացակայութեան մասին եւ կանանց իրաւունքները յուզող հարցերը:
Beylerian’s editorials in “Artemis” expressed her concern for the lack of qualifications of the teachers. - Ազատուհի Սիմոնեան Գալայճեան
|
Շքանշան, Հայրապետական Կոնդակ, Օրհնութեան Գիր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]2010-ին Ազատուհի Գալայճեան Սիմոնեան պարգեւատրուեցաւ «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով եւ Հայրապետական Կոնդակով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ,Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցած յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին:
2018-ին Ազատուհի Գալայճեան Սիմոնեան արժանացաւ Օրհնութեան Գիրին Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ.Կաթողիկոսին կողմէ, առ ի գնահատանք Լիբանանահայ գաղութին իր երկար տարիներու դաստիարակչական, մշակութային եւ ազգային գործունէութեան։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Հայ Կինը Եւ Մշակոյթը» (Հեղինակ` Ազատուհի Սիմոնեան-Գալայճեան) «The Armenian Woman And Culture» Azadouhi Simonian Kalaidjian)
- Հայ Իրականութեան Մէջ Հայ Կնոջ Նշանակելի Դերը[1]
- ՀԱՅ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹՅԱՆ ՄԵՋ ՀԱՅ ԿՆՈՋ ՆՇԱՆԱԿԱԼԻ ԴԵՐԸ
- Արամ Ա. Վեհափառ «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշան շնորհեց Տիկ. Ազատուհի Սիմոնեանը
- ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍ - ԼԻԲԱՆԱՆ Archived 2019-02-23 at the Wayback Machine.
- Արեւմտահայաստանի եւ Արեւմտահայութեան Հարցերու Ուսումնասիրութեան Կեդրոն
- A letter From Mrs. Azadouhie Simonian(AEC alumna-class of 1955)
Տե՛ս նաեւ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹԻ ԿԱԶՄԱՒՈՐՄԱՆ ԵՒ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԳՈՐԾԻՆ ՄԷՋ ԻՐԵՆՑ ՆՊԱՍՏԸ ԲԵՐԱԾ ՀԱՅՈՒՀԻՆԵՐ[permanent dead link]