Մարի Պէյլերեան

Մարի Պէյլերեան
Ծնած է 31 Մարտ 1877(1877-03-31)[1]
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1915[2]
Մահուան վայր Կոստանդնուպոլիս[1]
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Ուսումնավայր Էսայեան Վարժարան[2]
Մասնագիտութիւն Խմբագիր, ուսուցիչ, հասարակական գործիչ, ֆեմինիստ
Աշխատավայր Արտեմիս[2]
Ազգային Կեդրոնական Վարժարան
Էսայեան Վարժարան
Հնչակ[2]
Վարած պաշտօններ գլխաւոր խմբագիր
Կուսակցութիւն Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն[2]

Մարի Պէյլէրեան (31 Մարտ 1877(1877-03-31)[1], Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1915[2], Կոստանդնուպոլիս[1]), հայ խմբագիր, մանկավարժ եւ հասարակական գործիչ։ Հնչակեան գործիչ յեղափոխական-մարտական, Մեծ Եղեռնի նահատակ:

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պէյլերեան կրթուած, եւ ապա դասաւանդած է Կոստանդնուպոլսոյ Եսաեան վարժարանին մէջ։ Եղած է Կոստանդնուպոլսոյ 18 սեպտեմբեր 1978 թուականի «Պապը Ալիի» խաղաղ ցոյցի կազմակերպիչներէն, որիուն պատճառով հետապնդուած եւ անցած է ընդհատակ։ 1896 թուականին, ձերբակալութենէն խուսափելով, ապաստանել է Եգիպտոսի մէջ։ Պաշտոնավարելով Աղեքսանդրիոյ հայկական վարժարանին՝ 1902-1903 թուականներուն հիմնած ու խմբագրած է «Արտէմիս» ընտանեկան, գրական ամսահանդէսը։ 1908 թուականին Օսմանեան սահմանադրութեան վերահաստատումէն ետք, Պէյլերեանը վերադարձած է Թուրքիա, դասաւանդած է Իզմիրի Կեդրոնական, ապա Եվդոկիայի հայկական վարժարաններուն մէջ։ Զոհուած է Մեծ եղեռնի ժամանակ։

Մարի Պէյլերեանի հրապարակախօսական, մանկավարժական երկերուն, գրական ստեղծագործութիւններուն մէջ արծածուած են հայրենիքի ազատութեան, հայ կնոջ իրաւահաւասարութեան, մտաւոր եւ ֆիզիքական դաստիարակութեան հարցերը։

Իր հերթին Պէպօ Սիմոնեան կ՚արձանագրէ.

Մառի Պէյլէրեան որպէս գրագիտուհի կանանց շարժումի ռահվիրաներէն է արեւմտահայ իրականութեան մէջ։ Կանանց շարժումին եւ անոր պաշտպանութեան նուիրուած իր յօդուածները, որոնք բաւական մեծ աղմուկ առաջացուցած են իրենց ժամանակի պահպանողական եւ սահմանափակ մտայնութեան տէր պայմաններուն մէջ, կը յատկանշուին ոչ միայն համարձակ դատողութեամբ, այլ` կանանց շարժումը յառաջադէմ մտածողութեամբ առաջնորդելու յանդգնութեամբ:

Հրատարակութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իր գրութիւնները հրատարակուած են իր «Արտեմիս» պարբերականին մէջ. նաեւ 1914-ին Իզմիր հրատարակուած է իր գրութիւններէն ժողովածու մը՝ «Դէպի վեր» խորագրեալ։

«Դէպի վեր» կը մէկտեղէ հետեւեալ գրութիւնները.

Ոտանաւորներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • «Արցունքներ՝ Իզմիրլեան Հայրիկի յիշատակին»,
  • «Մանուկներուն»,
  • «Տանջուածներուն»,
  • «Էջ մը ապագայ հայ պատմութենէն»,
  • «Քանդուած օճախներ»,
  • «Անէծք»,
  • «Հին օրերէն, կռուին սէրը»,
  • «Պէտէւին»,
  • «Երկու սէր»,
  • «Խորտակուած կուռքեր»,
  • «Սիրտս ամպած է այսօր»,
  • «Վերջին գիշերը»։

Բանաստեղծութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • «Փառք ձեզ»,
  • «Խաղաղութեան խօսքեր»,
  • «Երկու սէր» (արձակ բանաստեղծութիւն),
  • «Վիրաւոր հայրենիքը կը խօսի» (արձակ բանաստեղծութիւն),
  • «Չարչարանքի շաբաթ» (արձակ բանաստեղծութիւն),
  • «Արցունքներ» (նահատակի յիշատակին արձակ բանաստեղծութիւն)։

Արձակ գրութիւներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • «Վեղարաւորը» (նորավէպ),
  • «Զիւպէյտա՜» (նորավէպ),
  • «Զաւակը» (նորավէպ),
  • «Սելիմ աղան» (պատմուածք),
  • «Խենթի մը վէպը» (պատմուածք),
  • «Մէճէ» (պատմուածք),
  • «Կեսուրը» (պատմուածք),
  • «Ս. Կոյսն Հռիփսիմէ» (պատմուածք),
  • «Մի վախնար դուք չէք հատնիր» (յուշ՝ 1895-ի հայկական հալածանքներու վաղորդայնին),
  • «Հին տարին եւ նոր տարին» (Տրամախօսութիւն),
  • «Գութ, սէր, ողորմութիւն» (տրամախօսութիւն)

Յօդուածներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • «Կնոջ ազդեցութիւնը. Պատերազմը եւ կիները»,
  • «Դաստիրակուհւոյ մը խօսքերը»,
  • «Մանկավարժական. կինը կրթական գործին մէջ»,
  • «Դարձեալ երկու սէր»,
  • «Հանրային գործիչը հանրային կարծիքին առջեւ»,
  • «Կանանց բաժինը. կինը եւ հանրային կարծիքը»,
  • «Կարծիքներ հայ յեղափոխութեան վրայ»,
  • «Իրապաշտ թէ իտէալիստ»,
  • «Զաւակը»,
  • «Արցունքներ Հայկ Մարտիկեանի յիշատակին»։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 AV Production — 2010.
  2. 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 2,5 2,6 Հայկական հարց / խմբ. Կ. ԽուդավերդյանՀայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1996. — է. 79.