Jump to content

Քիոլնի Տաճար

Քիոլնի տաճար (գերմաներէն՝ Kölner Dom), դասական գոթական ոճով կառուցուած կաթողիկէ տաճար գերմանական Քիոլն քաղաքին մէջ: Աշխարհի ամենաբարձր եկեղեցիներու շարքին մէջ կը զբաղեցնէ երրորդ հորիզոնականը: Անիկա Համաշխարհային ժառանգութեան առարկայ կը հանդիսանայ:

Քիոլնի տաճարի կառուցումը ընդգրկած է երկու փուլ՝ 1248-1437 թուականները եւ 1842-1880-ական թուականները[1]: Կառուցումէն ետք տաճարը ունեցաւ 157 մետր բարձրութիւն եւ չորս տարի շարունակ եղած է աշխարհի ամենաբարձր շինութիւնը:

Գերմանիոյ ամենաշատ այցելու ունեցող տաճարներէն մէկը կը համարուի: Ամէն օր, միջին տուեալներով, կ'այցելեն շուրջ 20,000 այցելուներ[2]:

Նախակարապետ Եկեղեցիներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տաճարի ներկայիս տարածքը, ամենայն հաւանականութեամբ, թերեւս հռոմէական տիրապետութեան ժամանակ, հանդիսացած է Քիոլնի մէջ բնակող քրիստոնեաներու հոգեւոր-կրօնական կեդրոնը: Քաղաքի հիւսիսային մասին մէջ, հարիւրամեակներու ընթացքին, կառուցուած են մի քանի եկեղեցիներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը նախորդին կը գերազանցէր իր չափերով: Այդ եկեղեցիները կը գտնուէին Քիոլնի վանքերու ու մենաստաններու օղակին մէջ, որ կը հանդիսանար «սուրբ Քիոլնը»:

Եկեղեցւոյ տարածքին մէջ յայտնաբերուած առաւել հին տաճարի պատերը

Այդ եկեղեցիներու մնացորդները այսօր կարելի է տեսնել Քիոլնի տաճարի ստորին հատուածին մէջ, ուր կատարուած են հնագիտական ուսումնասիրութիւններ[3]: Այդ տարածքը կ'ընդգրկէ աւելի քան 4,000 քառակուսի քիլոմեթր: Ամենահիներէն շատ քիչ բան պահպանուած է: Յայտնաբերուած են միայն յատակի եւ պատի որոշ հատուածներ: Գրեթէ 500-ական թուականներուն կառուցուած պարզունակ աւազանի տակ եղած է ութանկիւն մկրտարան, որուն վրայ կար բալդախին՝ վարագոյր՝ գահի վրայ: 540-ին այստեղ ուղարկաւորուած են կին եւ ութամեայ տղայ մը: Գերեզմանէն յայտնաբերուած թանկարժէք իրերը կը վկայեն, որ մահացածները Մերովինկներ հարստութեան Տէօդեբերտ Ա. արքայի ընտանիքի անդամներն են:

Քիոլնի տաճարը 2015-ի Դեկտեմբերին

Արդէն մի քանի տարի ետք, նոյն վայրին մէջ կը սկսի նոր, աւելի մեծ եկեղեցւոյ շինարարութիւնը: Այդ եկեղեցւոյ սուրբ սեղանի դիմաց դրուած էր քարէ պատրաստած գահը՝ 5.70 մեթր տրամագիծով: Միջերկրածովեան աւազանի եկեղեցիներուն մէջ այդպիսի կառոյցները կ'օգտագործուէին ոչ միայն քարոզներ կարդալու համար, այլեւ հանդիսավոր արարողակարգեր ընելու, օրինակ թագադրում, աստիճաններու դասում: 8-րդ դարու վերջին եկեղեցւոյ արեւմտեան մասին մէջ կառուցուած են օղակաձեւ երգեցողութեան պատշգամներ: Հին տաճարը Քիոլնի ամենամեծ եկեղեցիներէն մէկն էր: Անիկա դարձաւ քիոլնեան եպիսկոպոսութեան նստավայրը: Անոր կեդրոնական նաւի լայնութիւնը կը հասնէր 12 մեթրի: Նավին կցուած էին վեցմետթանոց այլ նաւեր՝ կողքերէն: Կամարաշարով երեք նաւերը կը կապուէին իրարու: Արեւելեան եւ արեւմտեան նաւերուն կը հարէին ցած լայնակի շինութիւններ, որոնց արեւելեան մասին մէջ կը գտնուէին ոչ մեծ պատշգամները: Այդ պատշգամները կ'աւարտէին կիսաշրջանաձեւ խորանով: Արեւելեան պատշգամները նուիրուած էին Մարիամ Աստուածածինին, իսկ արեւմտեանները՝ Սուրբ Պետրոսին: Ատոնց կողքին կային երկու կլոր աշտարակներ: Որոնց առջեւ կը գտնուէր ընդարձակ ներքին բակը՝ շրջապատուած ժամերգութեան համար նախատեսուած կցակառոյցներով: Բակի կեդրոնը կար ջրհոր, որուն պատերը ցայսօր պահպանուած են տաճարի դիմաց գտնուող ստորգետնեայ ինքնաշարժներու կառատան մէջ:

1248-ին[4] Քիոլնի արքեպիսկոպոս Քոնրատ ֆոն Հոխշտադենը դրաւ ապագայ տաճարի առաջին հիմնաքարը: Անիկա դարձաւ եւրոպական պատմութեան մէջ ամենաերկարատեւ շինարարութիւնը: Քիոլնը, Սրբազան Հռոմէական կայսրութեան ամենահարուստ եւ քաղաքականապէս հզօր քաղաքը, որոշում կայացուց ունենալ իր մայր տաճարը՝ օրինակ վերցնելով Ֆրանսայվն: Ու պէտք է կառուցուելիք տաճարի չափերը գերազանցէր մինչ այդ կառուցուած բոլոր տաճարներու մասշտաբներուն:

Կար նաեւ մէկ այլ պատճառ նոր եկեղեցի կառուցելու համար: Քիոլնի արքեպիսկոպոս Ռայնալտ ֆոն Դասելը, որ Ֆրիտրիխ Ա. Շիկամորուս կայսեր կանցլերն ու զօրապետն էր, ստացաւ կայսրէն Սուրբ մոգերու մասունքները, որոնք նախքան կը պահուէին Միլանի տաճարին մէջ: 1164-ին[5] Ռայնալտ ֆոն Դասելը մեծ շուքով բերաւ մասունքները Քիոլն: Ատոնց համար աւելի քան տասը տարի պատրաստուեցաւ յատուկ մասունքարան արծաթէն, ոսկիէ եւ թանկարժէք քարերէ: Այդ մասունքարանը՝ Երեք արքաներու, կը համարուի մոզանեան արուեստի դպրոցի գլուխգործոց: Բարձր աստիճանը, որուն հասաւ Քիոլնը արեւմտաեւրոպական քրիստոնէական աշխարհին մէջ այդ մասունքներու հետեւանքով, պէտք է կառուցեր համապատասխան մակարդակի տաճար մը:

Քիոլնի տաճարը

Հիմքի ձեւը, որ կառուցուեցաւ 1248-ին, փոխ առնուեցաւ այդ ժամանակ Ֆրանսայի մէջ կառուցուող եկեղեցիներու ձեւէն: Շինութեան մէջ շատ լոյս ներթափանցելու համար զանգուածային պատերու փոխարէն սկսան կիրառել որմնասիւներ: Իսկ որպէսզի պատերը կարողանան պահել վիթխարի որմնասիւներու ծանրութիւնը, կառուցուեցան յատուկ քառանկիւնի հարթ որմասիւներ եւ կամարներ, այսպէս ըսուած կամարաորմահեցային համակարգ: Այս պարագային կամարները ունէին ոչ թէ կիսակլոր տեսք, այլ կեդրոնը ունէին սրուածքներ, որ թոյլ կու տար հաւասարակշիռ պահել ամբողջ ծանրութիւնը: Այս վիթխարի շինարարական յօրինուածքը պէտք է մարդկանց մօտ յառաջացնէր երկիւղածութեան եւ ակնածանքի պահեր՝ հանդէպ Երկնային արքայութեան:

Տաճարի շինարարութիւնը սկսաւ անոր արեւելեան մասէն: Շուրջ 70 տարի ետք կառույցն ու պատշգամներու դրուագումը աւարտեցաւ: Կառուցումը ընթացաւ առաջին ճարտարապետ Կերհարդ ֆոն Ռիլրի գծագիրերի հիման վրայ: Ներքին պատշգամներու յարակից մասերուն մէջ, ուր տեղադրուած է գլխաւոր խորանը՝ սեւ մարմարէ, կը սկսին ճեմասրահն ու անոր պսակաձեւ հարող ժամատները: Ներքին տարածութիւնը զարդարուած է խոյակներով, որոնց վրայ ոսկեջրուած բնանկարագրական տերեւներ են: Մեծ պատուհանները դրուագազարդ են:

Ժամատներու շուրջը կառուցուած են կոնտրֆորսներ, որոնք կը յառաջացնեն գետնախարիսխի տպաւորուիուն: Անոնց միջեւ լաւ կը դիտուին գլխաւոր պատշգամներու պատուհանները, որոնք դրուագազարդուած են ճակտոններով:

Միայն պատշգամներու եւ անոնց ներքին բաժանումներու կառուցումէն ետք՝ տաճարի հիւսիսային հատուածին մէջ ցարդ գտնուող Քարոլինկներու տաճարի արեւմտեան մասը քանդուեցաւ: 14րդ դարուն կառուցուեցան հարաւային նաւերը եւ Հիւսիսային աշտարակի երկրորդ յարկը[6]: 15րդ դարուն աւարտեցաւ Հարաւային աշտարակի երրորդ յարկը: Այստեղ տեղադրուեցան 1448-49 թուականներուն ձուլուած «Պրետիտոզա» եւ «Սպեցիոզա» անուանումներով զանգերը: Միայն ատկէ ետք սկսաւ կառուցուիլ հիւսիսային կողմնային նաւը: 16րդ դարու սկիզբը աւարտեցաւ կեդրոնական նաւի շինարարութիւնը եւ կապուեցաւ ծածկը: Այսպիսով աւարտեցաւ տաճարի միջնադարեան կառուցման փուլը[7]:

Յուղարկաւորումներ Տաճարին Մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Երեք արքաներու մասունքարանը

Քիոլնի բոլոր արքեպիսկոպոսները չեն յուղարկաւորուած տաճարին մէջ եւ բոլոր գերեզմանաքարերը չեն տեղափոխուած այստեղ Հին տաճարէն: Տեղափոխուածներու թիւին կը պատկանի արքեպիսկոպոս Գերոյի գերեզմանը (969-976 թուականներ): Արքեպիսկոպոսի սարկոֆագը դագաղով հանդերձ վերայուղարկաւորուած է տաճարի Սուրբ Ստեփանոս ժամատան մէջ: Գերեզմանաքարը կը ներկայացնէ սպիտակ մարմարիոնէ տախտակ՝ ագուցուած կարմիր եւ կանաչ ծիրանաքարով: Սարկոֆագը կը թուագրուի 1265-ին: Անյայտ անձի գերեզմանաքար ալ պահպանուած է Սուրբ Ագնէսի ժամատան մէջ, որ կը թուագրուի մօտաւորապէս 1085-ին: Բոլոր սարկոֆագները տեղադրուած են արեւելեան հատուածին մէջ:

Խաչաձեւ ժամատան հիւսիսային պատին այսօր տեղադրուած է արքեպիսկոպոս Էնկելպերտ Ա. (1216-1225) պառկած ֆիգուրը[8]: Անիկա չի համարուիր մահարձան, քանի որ արքեպիսկոպոսի մասունքները մինչեւ 1633 պահպանուած են այն սարկոֆագին մէջ, ուր են Գերոյի մասունքները: Այդ իսկ պատճառով, որպէսզի պահպանուի արքեպիսկոպոսի յիշատակը, կը պատրաստեն այդ արձանը եւ կը տեղադրեն 1665-ին: Այսօրուան վայրը անիկա տեղափոխուած է ընդամէնը 19րդ դարուն: Ի տարբերութիւն միջնադարեան այլ մահարձաններու, այստեղ արքեպիսկոպոսը պատկերուած է եկեղեցական հանդերձով:

Արքեպիսկոպոս Քոնրադ Հոխշդատցին (1238-1261), որ 1248-ին տեղադրած է գոթական եկեղեցւոյ հիմքերը, թաղուած է Առանցքայի ժամատան մէջ: Իսկ երբ որոշուեցաւ, որ գերեզմանի վրայ պիտի տեղադրուի երեք մոգերու մասունքներով արկղը, սարկոֆագը տեղափոխուեցաւ Սուրբ Յովհաննէս ժամատուն: 1845-ին տեղադրուած սարկոֆագին մէջ պառկած է արքեպիսկոպոսի պրոնզաձոյլ ֆիգուրը՝ պատրաստած 13րդ դարու գերմանացի վարպետներու կողմէ: Արքեպիսկոպոսը, որ մահացած է 63 տարեկան հասակին, կտակած էր, որ զայն պատկերեն երիտասարդ եւ գեղեցիկ: Վարպետները այդպէս ալ կ'ընեն:

Եկեղեցւոյ ներսէն հատուած մը

Արտասովոր տեսք ունի Ֆիլիփ Հայնսբերգցի արքեպիսկոպոսի (1167-1191) սարկոֆագը: Անոր պառկած ֆիգուրը փորագրուած է կրաքարի վրայ եւ պատուած է ներկի շերտով: Շրջապատուած է պատերու պսակով, դարպասներով: Կենդանութեան օրերուն արքեպիսկոպոսը աշխատած է Քիոլնի պաշտպանական պատերու շինարարութեան վրայ, ուստի, 1330-ին, անոր մահէն 140 տարի ետք, այդպիսի շքեղ գերեզման կառուցած են որպէս երախտիք քիոլնեցիներու կողմէ:

Միւս գերեզմաններէն կը տարբերի նաեւ արքեպիսկոպոս Ֆրիտրիխ Սաարվերդենացիի (1370-1414) սարկոֆագը: Անիկա կը պատկերէ արքեպիսկոպոսին պառկած վիճակին մէջ, որուն երկարութիւնը կը հասնի 2.20 մեթրի: Սարկոֆագը տեղադրուած է Աստուածամօր ժամատան մէջ՝ խորանին կից:

Այստեղ է նաեւ կոմս Կոթֆրիտ Արսնբերգցիի՝ 1371-ին կառուցած գերեզմանը: Գերեզմանը ճաղավանդակներով առանձնացուցած է, ատիկա եղած է այն նկատառումով, որ մեռեալի հարազատները չվնասեն սարկոֆագը, քանի որ մեռնելէն առաջ կոմսը իր ինչքը կտակած է ոչ թէ իրենց՝ հարազատներուն, այլեւ Քիոլնի արքեպիսկոպոսին: Մինչեւ այսօր ալ, ամէն տարի, Արնսպըրկ քաղաքէն դելեգացիա կու գայ եւ դրասանգ կը զետեղեն կոմսի շիրիմաքարին:

Մասունքներ Եւ Գանձեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հին խորանը[9], որ այսօր Սուրբ հաղորդութեան ժամատունն է, օծուած է 1277-ին Ալպերթ Մեծի ձեռամբ: Անիկա կը գտնուէր տաճարի հիւսիսային հատուածին մէջ ու ունէր եւս կցակառոյց մը, ուր 13րդ դարուն կը պահպանուէին տաճարի գանձերը:

Վեցանիստ շինութիւնը, որ ինկած է տաճարի հիմքերուն մէջ, կը ծառայէ որպէս պահոց՝ սուրբ մասունքներու համար: Այս «սրբութիւններու պալատը» որպէս առանձին բաժանմունք, առանձնացուած է պրոնզէ ձուլածոյ թերթիկներով: Տաճարի եւ այդ պալատի միջեւ կը գտնուին մուտքերը եւ տաճարի կրպակը: Գոթական հիմքերու հարեւանութեամբ գտնուող աստիճանները կը տանին դէպի տաճարի ստորգետնեայ հատուածը:

«Սրբութիւններու պալատը» վերին յարկին վրայ պատուած է ապակեայ առաստաղով, որմէ կը բացուի տեսարան դէպի տաճարը: Բաժանմունքի կեդրոնում դրուած է Սուրբ Էնկելպըրտի արկղիկը, ուր 1663-ին զետեղուած են 1225-ին մահկանացուն կնքած արքեպիսկոպոսի մասունքները:

Տաճարի վիտրաժներէն մէկը

Տաճարին մէջ կը պահպանուին նաեւ Սուրբ Պետրոսի գաւազանը իր գաւազանագլխիկով, որ կը թուագրուի 4րդ դարուն, Սուրբ Պետրոսի մասունքարանն ու Երեք մոգերու արկղիկը:

Գանձարանի հիմնական հաւաքածուն ցուցադրուած է յատուկ ցուցափեղկերու վրայ: Ատոնք կը լուսաւորուին նկուղներու կամարակապ պատուհաններէն: Առաջին ցուցանմուշներէն կը համարուին եպիսկոպոսի ցուպն ու սուրը՝ Քիոլնի արքեպիսկոպոսութեան խորհրդանիշները: Միւս գանձերը կը պատկանին միջնադարեան պատմութեան ժամանակաշրջանին: Ինչպէս նաեւ կան 18րդ եւ 19րդ դարերու նմուշներ: Առաւել հետաքրքրական ցուցանմուշներու շարքին կը դասուին գոթական ծիսակարգային խաչն ու մասունքատուփը: Այս յարկաբաժինին վրայ կը գտնուի նաեւ Երեք արքաներու մասունքատուփ-արկղը եւ առաւել թանկարժէք գիրքերով գրադարանը:

Մէկ յարկ վար կը գտնուի վիմագիր արձանագրութիւններու հաւաքածուն: Այստեղ մեկտեղուած է նաեւ եկեղեցական հանդերձներու հաւաքածուն: Մէկ կողմին վրայ այստեղ սենեակը կը խորանայ դէպի հռոմէական պաշտպանական պատը: Իսկ ձախ անկիւնին վրայ անիկա կ'ընդհատուի գոթական հին տաճարի հիմքերու մօտ: Կամարներու տակ գտնուող որմնախորշերուն մէջ կը գտնուին երկու ցուցափեղկեր, որոնց վրայ դրուած են Ֆրանկոնիայի գերեզմաններու պեղումներէն գտնուած գտածոները: Այդ գերեզմանոցին մէջ յայտնաբերուած են 540-ին մահացած կնոջ եւ տղա-երեխայի գերեզմանները Մերովինգներու տոհմէն:

Այս յարկին վրայ կը գտնուին նաեւ արձաններ, Սուրբ Պետրոսի միջնադարեան շքամուտքը: Եկեղեցական հանդերձներէն աչքի կ'իյնայ արքեպիսկոպոս Քլեմենս Օգոստոս Բաւարացիի պատուերով կարուած հագուստները՝ «Capella Clementina» անուանումով: Ատոնցմէ մէկը 1742-ին ան ընծայած է եղբօրը՝ արքայ Քառլ Ալպրեխտին:

Տաճարի աշտարակը

Երեք Մոգերու Մասունքներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1164-ին Հոհենշտաուֆեն արքայոտոհմի կայսր Ֆրիտրիխ Ա. Շիկամորուսը Քիոլնի արքեպիսկոպոս Ռայնալտ ֆոն Դասելին նուիրեց Երեք մոգերու՝ Մելքոնի, Գասպարի եւ Պաղտասարի մասունքները: Այդ ժամանակէն սկսեալ քաղաք սկսան այցելել մեծաթիւ ուխտաւորներ ամբողջ Եւրոպայէն՝ երկրպագելու սուրբ մասունքներուն: Ուխտագնացութիւնները դէպի Քիոլն հսկայական դեր խաղացին ինչպէս կրօնական, այնպէս ալ տնտեսական առումներով: Երեք մոգերու թագերը մինչեւ այսօր ալ կը զարդարեն քաղաքի զինանշանը:

1190-էն մինչեւ 1220 ինկած ժամանակահատուածը Նիքոլաուս Վերդունացին՝ այդ ժամանակներու ամենայայտնի ոսկերիչներէն մէկը, իր արուեստանոցին մէջ ստեղծեց ոսկիէ արկղիկը, ուր պիտը պահպանուէին սրբագոյն մասունքները: Երեք մոգերու մասունքարանը ունի հետեւեալ չափերը. բարձրութիւն՝ 1.53 մեթր, լայնութիւն՝ 1.10 մեթր, երկարութիւն՝ 2.20 մեթր: Արկղի փայտեայ պատեանը պատուած է ոսկեջրած պղնձեայ եւ արծաթեայ թիթեղներով: Ֆիգուրները իրականացուած են քանդակադրոշմի (չեկանկա) եղանակով: Միայն արկղիկի առաջին հատուածը ամբողջութեամբ պատրաստուած է ոսկիէ թերթիկներէ: Եզրազարդերը դրուագուած են ոսկեջրած արծինի թերթիկներով:

Երեք մոգերու մասունքարանի դրուագներէն

Յատկապէս տպաւորիչ են փոքրիկ սիւնաշարերը՝ ոսկեջրած արծինով, որոնք նրբօրէն նախշազարդուած են: Արկղիկը զարդարուած է 1000 թանկարժէք քարերով ու մարգարիտներով: Կան 300-էն աւելի անտիկ գեմմաներ ու կամեյաներ, որոնք տուեալ ժամանակահատուածին կը համարուէին ամենաարժէքաւոր զարդերը: Ճիշդ է, արկղիկի պատրաստման համար օգտագործուած են բազմաթիւ թանկարժէք մետաղներ ու քարեր, բայց մեծ է նաեւ ատոր կրօնական յօրինուածքը: Երկայնական հատուածներուն մէջ պատկերուած են հինկտակարանեան արքաները եւ մարգարէները: Վերին հատուածին մէջ կը գտնուին առաքեալները: Այստեղ նրբօրէն կը ցուցադրուի, որ Նոր Կտակարանը կը հիմնուի Հինի վրայ: Ներքեւի մասին մէջ պատկերուած են Քրիստոսի խարազանման եւ խաչելութեան տեսարանները: Իսկ ատոնց վերեւի հատուածին մէջ՝ սուրբ նահատակներ, Դիոկղետիանոսի զօհերը դարձած, նաբորի եւ Ֆելիքսի պատկերներն են ու օրհնեալ Յիսուսի առաքինութիւնները՝ յոյսը, հաւատը եւ սէրը:

Արկղիկի առջեւի հատուածի կեդրոնը պատկերուած են Տիրամայրն ու անոր գիրկը՝ մանուկ Յիսուսը: Անոնց ձախէն խոնարհած են երեք մոգերը: Աւելցուած է նաեւ չորրորդ անձը՝ Գերմանիոյ կայսր Օտտոն Դ.ն, որ մեծ հանգանակութիւն տուած է տաճարին ու այդ արկղի պատրաստման: Մարիամ Աստուածածինէն աջ պատկերուած է Յիսուսի մկրտութիւնը Յորդանան գետին մէջ: Իսկ քիչ մը աւելի վեր կը յայտնուի Ահեղ դատաստանի պատկերը:

Սուրբ մասունքարանը ունի յատուկ բացուող դռնակ: Ամէն տարի 6 Յունուար-ին[10], երեք մոգերու յիշատակման տօնին, արկղիկը կը բացուի ու հաւատացեալներուն կը ցուցադրուի ներսը, ճաղերու ետեւը գտնուող սուրբերու գանկերը: Ի դէպ բոլոր երեք գանկերու վրայ ամրացուած են ոսկիէ, թանկագին քարերով թագեր:

Միլանի Տիրամայր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Միլանի Տիրամայրը

Արքեպիսկոպոս Ռայնալտ ֆոն Դասելը Միլանէն Քիոլն բերաւ Տիրամոր քանդակը: Անիկա այսօր տեղադրուած է Երեք մոգերու մասունքարանէն ոչ հեռու: Տիրամօր արձանը կը համարուի հրաշագործ եւ խորը պաշտամունքի մաս կը կազմէ հաւատացեալներու շրջանին: Այս արձանի նախօրինակը ըստ երեւոյթին այրած է հրդեհի ժամանակ 1248-ին: Իսկ արդէն 1290-ին ստեղծուած է նոր արձանը, որ հասեած է մինչեւ մեր օրերը եւ կը զարդարէ Քիոլնի տաճարը: Արձանը ժողովուրդը կ'անուանէ «Միլանեան մատոննա»: Նախքան անիկա կանգնած էր Տիրամօր ժամատան խորանին: Անոր վրայ կը տարածուէր հարուստ զարդարանքներով ամպհովանին, որուն մէկ հատուածը այսօր ալ կը պահպանուի տաճարի ստորին յարկերուն վրայ գտնուող գանձարաններէն մէկուն մէջ: 19րդ դարուն Մարիամ Աստուածածինի արձանը հանուեցաւ նախկին տեղէն եւ տեղադրուեցաւ նոր, յատուկ պատրաստուած վայրին մէջ: Այդ ժամանակահատուածին կը պատկանին նաեւ արձանի վրայ ագուցուած գայիսոնն ու թագը:

Միլանեան Տիրամայրը կը համարուի քանդակագործական արուեստի հիանալի նմուշ մը: Անիկա տիպիկ դասական գոթական ոճի աշխատանք իրմէ կը ներկայացնէ: Անոր ստեղծողները կը համարուին այն քանդակագործները, որոնք կառուցած են տաճարի առաքեալներու քարի արձանները ներքին պատշգամպներուն: Զգուշօրէն եւ վայելչագեղօրէն է Տիրամայրը գրկած է նորածին Քրիստոսը: Կազմուածքը քանդակուած է նրբագեղ ու նուրբ: Հագուստի ծալքերը ուսերէն կը ձգուին մինչեւ ոտքերը: Արձանը ներկուած է խայտաբղետ գոյներով:

Գերոյի Խաչելութիւնը

Այս երկումեթրանոց բարձրութեամբ կաղնեփայտէն պատրաստած խաչ է[11], որ եկեղեցւոյ նուիրած է Քիոլնի արքեպիսկոպոս Գերոն (969-976 ): Վերջինս Օտտոն Ա. Մեծ կասեր վստահելի անձն էր ու դեսպանորդը: Խաչի ստեղծման մտահղացումը արքեպիսկոպոսի մօտ յառաջացաւ այն բանէն ետք, երբ վերադարձաւ Բիւզանդիա կատարած այցելութենէն: Այդ ժամանակ մեծադիր խաչելութիւնները թերեւս եւրոպական եկեղեցիներուն մէջ յայտնի չէին:

Այս խաչելութեան իւրայատկութիւնը ոչ այնքան անոր հսկայական չափերով պայմանաւորուած է, որքան այդ ժամանակին ոչ բնորոշ պատկերներու իրականութեամբ: Խաչի վրայ կը գտնուի Փրկիչի անկենդան մարմինը: Անոր գլուխը փոքր-ինչ հակուած է դէպի առաջ, իսկ աչքերը փակուած են: Քրիստոսի մարմինի վրայ ակներեւ կը դիտուին մկանները իրենց մանրամասնութեամբ, ջիլերն ու ոսկորները: Քանդակագործը Յիսուսը պատկերզծ է ոչ իր փառքի գագաթնակէտին, այլ մահուան ժամին: Ինչպէս կը հաւատան քրիստոնեաները, Մահը մարդկային ցեղին կը բերէ փրկութիւն: Խաչափայտն ու լուսապսակը դրուագուած են ապակիէ զարդերով:

Թիւեր Եւ Փաստեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ամենամեծ զանգի ղօղանջը
Ընդհանուր երկարութիւնը (արտաքին) 144.58 մեթր
Ընդհանուր լայնքը (արտաքին) 86.25 մեթր
Նաւի ճակատի լայնութիւնը 39.95 մեթր
Ներքին նաւի լայնութիւնը 45.19 մեթր
Արեւմտեան ճակատի լայնութիւնը 61.54 մեթր
Հիւսիսային աշտարակի բարձրութիւնը 157.18 մեթր
Հարաւային աշտարակի բարձրութիւնը 157.14 մեթր
Աստիճաններէն մինչեւ ծայրաձող 509 (97.25 մետր = 152.5 մեթր ծովու մակարդակէն հաշուած)
Զանգեր 11 (8 զանգեր հարաւային աշտարակին մէջ, 3 զանգեր կեդրոնական աշտարակին մէջ), ամենամեծ զանգը՝ «Decke Pitter»[12][13][14][15]
Նաւի ճակատի բարձրութիւնը 69.95 մեթր
Կեդրոնական աշտարակի բարձրութիւնը 109.00 մեթր
Կեդրոնական ներքին նաւի բարձրութիւնը 43.35 մեթր
Կողմնային նաւերու բարձրութիւնը 19.83 մեթր
Տաճարի մակերեսը (մօտաւորապէս) 7914 մեթր²
Պատուհաններու մակերեսը (մօտաւորապէս) 10000 մեթր²
Տանիքի մակերեսը (մօտաւորապէս) 12000 մեթր²
Տաճարի ծաւալը 407000 մեթր³
Օգտագործուած քարերու զանգուած (մօտաւորապէս) 300000 տոննա
Պահպանութեան տարեկան ծախսեր 10 միլիոն €
Հասցէ Domkloster 4, 50667 Köln

Լեգենդներ Տաճարի Վերաբերեալ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Տաճարի ճարտարապետ Գերհարդը, որուն ուժերէն վեր կատարած էր շինարարութիւնը, օգնութեան կը դիմէ Սատանային: Վերջինս նոյն պահին կը յայտնուի եւ գործարք մը կ'առաջարկէ. անիկա է՝ ճարտարապետը պիտի կարողանայ կառուցել տաճարը, բայց աւարտէն ետք վաճառելու է հոգին իրեն: Գործարքը պիտի կատարուէր մինչեւ աքաղաղի առաջին կանչը: Ճարտարապետը անել վիճակի մէջ կը գտնուէր, ուստի համաձայնուեցաւ: Սակայն այդ զրուցին թաքուն ականջալուր եղած է ճարտարապետի կինը: Ան որոշում փրկած է ամուսինին հոգին եւ ստանալ շինարարութեան համար անհրաժեշտ գծագիրերը: Առաւօտ շուտ կ'արթննայ, ծուղրուղուի կը կանչէ աքլորի փոխարէն: Սատանան նոյն պահին կը յայտնուի, կու տայ սպասուած գծագիրերը: Սուտը արագ կը բացայայտուի, սակայն արդէն ուշ էր:
  • Գոյութիւն ունի առաջին լեգենդի շարունակութիւնը: Երբ սատանան կ'իմանայ խաբէութեան մասին, կ'ըսէ. «Կու գա՛յ աշխարհի վերջը այն ժամանակ, երբ դրուի այս տաճարի վերջին քարը»: Այդ օրէն մինչեւ հիմա տաճարնը ամբողջութեամբ չէ կառուցուած:
  • Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ժամանակ, երբ գրեթէ ամբողջութեամբ ռմբակոծումէն աւերուած էր Քիոլնը, հրաշալի կերպով տաճարը չի տուժեր:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Centre UNESCO World Heritage։ «Cologne Cathedral - UNESCO World Heritage Centre»։ whc.unesco.org (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2016-02-11 
  2. «Cologne Cathedral»։ www.cologne-tourism.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-08-08-ին։ արտագրուած է՝ 2016-02-11 
  3. Baptismal font behind cathedral
  4. Arnold Wolf]: „Trachyt vom Drachenfels“ Archived 2010-07-06 at the Wayback Machine. auf koelner-dom.de
  5. Schelbert, S. 89–106.
  6. Wim Swaan gives the latest date as 1560, but a date of 1520 is considered more probable by other scholars.
  7. «Քյոլնի մայր տաճար»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-02-05-ին։ արտագրուած է՝ 2016-07-06 
  8. A social and religious history of the Jews, Salo Wittmayer Baron, 2nd Edition, Columbia University Press, 1965, p. 174
  9. Joan Holladay, Iconography of the High Altar in Cologne Cathedral, (1989)
  10. Borger, S. 33.
  11. Arthistory, University of Pennsylvania
  12. The World Peace Bell in Newport, Kentucky is larger, but turns around its center of mass rather than its top.
  13. The World Peace Bell in Newport, Kentucky is larger, but turns around its center of mass rather than its top.
  14. The World Peace Bell in Newport, Kentucky is larger, but turns around its center of mass rather than its top.
  15. The World Peace Bell in Newport, Kentucky is larger, but turns around its center of mass rather than its top.

Արտաքին Յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]