Jump to content

Ռոպինսոն Քրուզօ

Ռոպինսոն Քրուզօ
Robinson Crusoe
1719-ին հրատարակուած գիրքին շապիկը
Հեղինակ Տէյնիել Տեֆօ
Երկիր Մեծն Բրիտանիա
Լեզու Անգլերէն
Հրատարակչական թուական
25 Ապրիլ 1719
Գիրքի տեսակ Արկածային

Ռոպինսոն Քրուզօ (անգլերէն՝ Robinson Crusoe), Տանիէլ Տեֆոյի վէպերէն մէկուն հերոսը։

Վէպերուն առաջին երկուքը հրատարակուած են 1719-ին։

Գիրքը Ռոպինսոն Քրուզօ[1] անունով յօրինուած անձնաւորութեան մը մասին է, որ նաւաբեկութենէ ետք ողջ մնացած է եւ յայտնուած՝ անմարդաբնակ կղզիի մը մէջ, ուր ապրած է երկար տարիներ։ Վէպը մեծ ազդեցութիւն ձգած է անգլիական եւ համաշխարհային մշակոյթին վրայ։

Տեֆոյի գիրքը կը պատմէ կղզիին մէջ Քրուզոյի ջանասէր աշխատանքին, մարդակերներու եւ անգլիացի ապստամբներու անձնակազմին հետ բախումներու, անոր փրկութեան եւ ցամաքային վտանգաւոր ճամբորդութեան մասին՝ Լիզպոնէն տուն բերելու այն հարստութիւնը, որ կուտակուած էր անոր բացակայութեան ընթացքին:

Հակառակ այն բանին, որ գործարար Քրուզոն կրնայ կառուցել իր սեփական կահ կարասին եւ ցանկապատերը, սակայն անոր հետաքրքրութիւնը կապ չունէր ձեռային աշխատանքին հետ: Այդ կապուած էր դասակարգային նուիրապետութեան պահպանման եւ «անկլօ-սաքսոններու տիրապետութեան» ընդլայնման:

Քրուզօ իր նեղ, փոքր կղզիին մէջ միապետ կը դառնայ.

Իմ կղզիս բնակեցուած էր, եւ ես ինքզինքս շատ հարուստ կը նկատէի հպատակներով. ես թագաւորի տեսք ունէի:


Տեֆոյի վէպին վերջաւորութեան Քրուզօ հարուստ է, բայց անոր հարստութիւնը կուտակուած է ոչ թէ իր աշխատանքով, այլ` Պրազիլի իր ագարակին մէջ գտնուող իր ստրուկներուն շնորհիւ[2]:

Ռոպինսոն Քրուզոյի նկատմամբ ազգայնամոլ, շովինիստական մօտեցումը շատ ընտրողական մոլուցք է հին Յունաստանի եւ Հռոմի մշակոյթներով եւ լրիւ մեկուսացում` հակառակ սեռէն. կրթական համակարգի շքեղ վերջաւորութեան, աւարտ, որ սերունդներու համար վերապահուած էր բացառապէս տղաներուն. թունաւոր խառնուրդ: Բրիտանական կայսրութեան փլուզումէն երկար ժամանակ ետք անիկա միջոց մըն էր, որ նախատեսուած էր յաւերժացնել ցեղապաշտութիւնը, այրերու գերակայութիւնը եւ չշահուած իրաւունքը, որոնց հիման վրայ կայսրութիւնը կը գոյատեւէր:

Ռոպինսոն Քրուզոյի տեղը այս խառնուրդին մէջ պայմանաւորուած էր անոր կարգավիճակով` իբրեւ (հաւանաբար) անգլիական առաջին վէպի եւ մշակոյթի ծիրերուն մէջ գրականութեան տրուած կարգավիճակով: Պարզ ուրուագիծով, ուժեղ հակապատկեր գոյներով, որոնք կը գերակայեն որեւէ հոգեբանական նրբերանգ, Քրուզօ կը դառնայ կայսրութեան դրօշ մը եւ կը ճամբորդէր առեւտրականներու, միսիոնարներու եւ զօրավարներու պայուսակներուն մէջ:

Ռոպինսոն Քրուզոյի նախատիպը եղած է իրական մարդ մը՝ սկովտացի նաւաստի Ալեքսանտր Սելկիրքը, որ «Cinque Ports» (Սենք Փոր) նաւուն նաւաստի էր։ Ան չորս տարի ապրած է անմարդաբնակ կղզիի մը մէջ[3]։

Փետրուար 1719-ին, Ռոպինսոն Քրուզօ գիրքին հրատարակութենէն երկու ամիս առաջ, հեղինակը` Տանիէլ Տեֆօ կ'առաջարկէ «Ուիքլի Ժուռնալ»ին, որ Հարաւային ծով ընկերութիւնը (Լատինական Ամերիկայի սպանական գաղութներուն տարեկան քանի մը հազար ափրիկեցի ստրուկ հայթայթող) պէտք է վերահսկէ բրիտանական գաղութին հիմնադրման՝ Օրինոկօ գետաբերանին, ներկայիս Վենեզուելայի ափին: Կառավարութենէն կը պահանջուի «կահաւորել վեց մարտանաւ եւ 4000 կանոնաւոր ուժեր` որոշ ճարտարագէտներով, 100 միաւոր թնդանօթներով եւ ռազմական պահեստներով` աջակցելու համար. եկամուտը, որ ան կը բերէ թագաւորութեան, ամբողջութեամբ կը փոխուի»:

Տեֆօ կ'որոշէ տեղադրել յօրինուած կղզին, ուր ապաստանած է Քրուզօն, Օրինոկոյի գետաբերանէն շուրջ 40 մղոն հեռաւորութեան վրայ, եւ զայն ապահովել աւելի բարենպաստ կլիմայով, քան` իրական կղզին, ուր նաւաբեկումէն ետք հաստատուած էր Ալեքսանտր Սելկիրքը` Քրուզոյի ենթադրեալ նախատիպարը:

Վերահրատարակութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1719-ի ամրան գիրքը կը վերահրատարակուի երեք անգամ, եւ Տեֆօ կը հրատարակէ շարունակութիւնը`«Ռոպինսոն Քրուզոյի աւելի հեռու արկածները», որուն 1720-ին կը յաջորդէ երրորդ հատոր մը՝ «Լուրջ մտորումներ Ռոպինսոն Քրուզոյի կեանքին եւ զարմանալի արկածներու ընթացքին»:

Մինչեւ ԺԹ. դարու վերջաւորութիւնը Քրուզոյի բնօրինակը կը վերատպուի քանի մը հարիւր հրատարակութիւններով:

Ի. դարուն, Տեֆոյի բնօրինակը գլխիվայր կը շրջուի, բազմաթիւ ուրիշներու շարքին՝ Հ. Ճ. Ուէյլզ, Ժան Ժիրոտու, Ուիլ.Կոլտինկ, որոնք կ'արտացոլացնէին ցեղերու, սեռերու, կայսերապաշտութեան, բանականութեան, կլիմայի եւ բնութեան նկատմամբ վերաբերմունքը:

Պատշաճեցումներ կ'ըլլան նաեւ` բեմի, շարժապատկերի, պատկերասփիւռի եւ առցանց խաղերու համար, սակայն անգլիական մշակոյթին մէջ Ռոպինսոն Քրուզոյի իւրայատուկ կարգավիճակը հիմնականին մէջ կը բխի երեխաներու համար անցեալին հրապարակուած ամփոփումներէն եւ վերապատումներէն:

Էմիլի գիրքին մէջ (1762) Ժան-Ժաք Ռուսօ կը նկարագրէ Քրուզոն` իբրեւ «բնական կրթութեան մասին երբեւէ գրուած ամէնէն երջանիկ ճառը»: Այդուհանդերձ, բովանդակութիւնը, որ պիտի տրամադրէ «Էմիլիի խրատը եւ զուարճանքը», պէտք է «զերծ մնայ իր ամբողջ ոչնչաբանութենէն»: Քրուզոյի ասպարէզի` իբրեւ ստրկավաճառի, Պրազիլի մէջ հողատիրոջ եւ ագարակատիրոջ, զանց առնուած են:

Բազմաթիւ այլ մանկավարժներ համաձայն են, որ Քրուզոյի կղզիին պատմութիւնը իտէալական էր ինքնավստահութեան ապահովման, միջոցներու զգուշ կառավարման եւ ընդհանուրին նկատմամբ վստահութեան արժանիքները ուսուցանելու համար: Այն փաստը, որ վէպը կրնար օգտագործուիլ առեւտուրի կայսրութեան համար, հետագայ խորհուրդ էր:

1900-ին Քեմպրիճի համալսարանի հրատարակութեան ներածականը կը մղէր ընթերցողները հիանալու «հնարամտութեան, գործունակութեան եւ գործնական ողջախոհութեան այն յատկանիշներով, որոնք Մեծն Բրիտանիան դարձուցած  են աշխարհի ամէնէն մեծ գաղութարար ուժը»:

1903-ին վաստակաւոր կրթական մշակ Թոմաս Քոթոլֆին Ռուպեր կը յայտարարէ. «Անկլօ-սաքսոններու տիրապետութիւնը պահպանելու եւ ընդարձակելու համար նոյնիսկ Ոտնագնդակը այնքան չ'ըներ, որքան Տեֆոյի Ռոպինսոն Քրուզոյի ոգին, որ կարելի է ամփոփել այս խորհուրդին մէջ. «Երբեք մի՛ նայիր, որ ուրիշները ընեն քեզի համար այն, որ դուն կրնաս ընել քեզի համար»[4]:

Պատկերազարդումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ռոպինսոն Քրուզոյին կեանքը անբնակ կղզիին վրայ

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Ուր Ռոպինսոնը (անգլերէն՝ Robinson) հերոսին մօր օրիորդական մականունէ ստացած անունն է (անգլերէնախօս երկիրների մէջ անուանակոչութեան տարածուած եղանակ մը), իսկ Քրուզօն գերմանական Քրէյզներէն (գերմաներէն՝ Kreutznaer) սերած մականուն է:
  2. Ռոպինսոն Քրուզոյին կեանքը եւ զարմանալի արկածները
  3. Արտամոնով Սերգէյ (1986)։ XVII-XVIII դարերու արտասահմանեան գրականութեան պատմութիւն։ Երեւան: Երեւանի համալսարանի հրատարակչութիւն։ էջ 305։ ISBN 4603020000-30 
  4. Ռոպինսոն Քրուզօ

Արտաքին Յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]