Պոնի Թայլըր

Պոնի Թայլըր

Պոնի Թայլըր ծնած է 8 Յունիս, 1951 թուականին, Միացեալ Թագաւորութեան մէջ։ Ան կալլէսեան երգչուհի է եւ ճանչցուած է իր յատուկ հաստ եւ կոշտ ձայնով: Թայլըր ուշադրութիւն գրաւեց երբ 1977 թուականին հրատարակեց իր The World Starts Tonight ալպոմը եւ երգերը, օրինակ՝ Lost in France եւ More Than a Lover: Անոր 1978 թուականին հրատարակած երգը, (It's a Heartache) գրաւեց 4-րդ դիրքը Անգլիոյ ամենալաւ երգերու ցանկին մէջ, իսկ 3-րդ դիրքը Միացեալ նահանգներու 100 տարբեր երգերու ցանկին մէջ:

1980-ական թուականներուն, ան անցաւ ռոք երգերու ժանրին Ճիմ Սթէյմանի հետ (որ երգ գրող էր): Ան գրեց Պոնիին ամենայաջող երգը՝ Total Eclipse of the Heart: Այս երգը դարձաւ Անգլիոյ երեգրու ցանկին մէջ ամենաշատ սիրուած երգերէն մէկը: Ճիմ նաեւ գրեց Պոնիին Holding Out for a Hero երգը: 1990-ական թուականներուն, հրատարակելով 3 ալպոմներ, ան ճանչցուեցաւ Եւրոպայի մէջ։ 2003 թուականին, Թայլըր կրկին արձանագրեց իր Total Eclipse of the Heart երգը Քարին Անթոննի հետ, որ Ֆրանսայի երգերու ցանկին մէջ գրաւեց առաջին դիրքերը:

Անոր ամենանոր ալպոմը հրատարակուեցաւ 2013 թուականին, որուն անուննէ Rocks and Honey: Այս ալպոմը կը պարունակէ Believe in Me երգը, որ ան կատարեց եւրատեսիլի (Eurovision) մրցանակին 2013 թուականին, եւ ներկայացուց Անգլիան:

Թայլըրի երկու Total Eclipse of the Heart եւ It's a Heartache երգերը, անոր ամենաշատ ծախուած երգերն են ունենալով աւելի քան 6 միլիոն օրինակ: Անոր գործերուն համար, ան շահեցաւ 3 Կրեմմիի պաշտօնակարգութիւն ինչպէս նաեւ ուրիշ տարբեր մրցանակներ:

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պոնի ծնած է Ուայլզի մէջ, Միացեալ Թագաւորութիւն: Ան մեծցաւ 3 քոյրերու եւ 2 եղբայրներու հետ[1]: Անոր ընտանիքը ունեցած է տարբեր նախասիրութիւններ երաժշտութեան մէջ, եւ այսպիսով ան ծանօթացաւ Էլուիս Փրեսլիի եւ Տը Պիթըլզ (The Beatles)-ի երգերուն[2]: Պոնիին բոլոր ընտանիքը բողոքոկան է, եւ անոր առաջին կատարողութիւնը եղաւ եկեղեցիին մէջ երբ ան փոքր էր[3]:

Ան դպրոցը ձգելով, անցաւ աշխատելու նպարատունի մը մէջ[4]: 1969 թուականին ան մասնակցեցաւ երգի մրցումի մը, որուն 2-րդ դիրքը գրաւեց եւ այսպիսով ան որոշեց դառնալ երգչուհի[5]: Ան եղաւ օգնական երգչուհի Պոպպի Ուայն եւ Տը Տիքսիզին, իսկ ետքը ան հիմնեց իր անձնական խումբը որուն անունն էր Imagination[6]:

Գործընթացք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թայլըր 1979 թուականին հրատարակեց ուրիշ ալպոմ մը, որուն անունն էր Diamond Cut: Ալպոմին մէջ գտնուող երգերու մեծամասնութիւնը գրուած է Ռոննի Սքոթի եւ Սթիւ Ուոլֆի կողմէ:

Այս ալպոմը մեծ յաջողութիւն գտաւ Շուէտի մէջ, սակայն 200 երգերու ցանկին մէջ, այդ գրաւեց 145-րդ դիրքը: Այդ ալպոմին ամենալաւ երգերն են՝ My Guns Are Loaded եւ Too Good to Last:

Պոնիի առաջին շրջապտոյտը որպէս երգչուհի եղաւ Ճափոն, 1979 թուականին, եւ ան ներկայացուց Անգլիան երգահանդէսի մը, Թոքիոյ մէջ:

Թայլըր իր 6-րդ ալպոմին համար (Secret Dreams and Forbidden Fire) աշխատեցաւ Ճիմ Սթէյնմանի հետ: Ճիմ իր դերը կատարեց Պոնիին ամէնէն յաջող երգին մէջ, որն էր "Holding Out for a Hero" եւ հրատարակուեցաւ 1984 թուականին: Այս ալպոմը միայն 106-րդ դիրքը գրաւեց Ամերիկիոյ 200 երգերու ցանկին մէջ, սակայն մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ Եւրոպայի մէջ[7]:

Թայլըր Ռուսիոյ մէջ, 6 Մայիս 1997 թուականին:

Angel Heart ալպոմը հրատարակուեցաւ Հոկտեմբեր 1997 թուականին: Պոհլէն այդ 14-երգ-պարունակող ալպոմին մէջէն, գրած է 11-ը, իսկ միւս 3-ը գրուած է Ճերի Ուիլիամզի, Ֆրանքի Միլլըրի, Քրայկ ՃոյնըրիՌոպերթ Ճոհնի եւ Անթոնի Միթմանի կողմէն:

1997 թուականին, անցնելով Գերմանիա, ան արձանագրեց "He's the King" երգը ֆիմի մը համար, որուն անունն էր՝ Der König von St. Pauli.: Թայլըր այդ ֆիլմին մաս կը կազմէ այս երգը երգելով, որ ետքը հրատարակուեցաւ Դեկտեմբերին 95-րդ դիրքը գրաւելով:

Պոնի Թայլըրը Մաթ Փրայորի հետ երգահանդէսի մը 27 Մայիս 2006 թուականին:

Պոնին հարձազրոյցի մը մէջ, իր 15-րդ (Wings) ալպոմին համար ըսաւ թէ: «Առաջին անգամ ըլլալով իմ ընդհանուր գործընթացքիս մէջ, ես մղուած եմ իմ աշխատանքիս մէջ որպէսզի ունենամ աւելի լաւ արդիւնք:»: Իր նուագախումբին հետ, անոնք գրեցին 2 նոր երգեր՝[8] "Louise" եւ "Celebrate" որոնք հրատարակուեցան 2005 թուականին իր նոր ալպոմին մէջ:

Պոնի Թայլըր Լեհաստանի մէջ 1 Մայիս, 2011 թուականին:

Սեպտեմբեր 2006 թուականին, Պոնին առաջին անգամ իր կատարողութիւնը կատարեց Ամերիկեան հեռատեսիլին վրայ Լիւսի Լաուլես դերասանուհիին ընկերակցութեամբ. Անոնք երգեցին "Total Eclipse of the Heart", իսկ ցուցադրութեան անունն էր՝ Celebrity Duets[9]: Իսկ 2011 թուականին կրկին այս երգը կատարելով ան մասնակցեցաւ Շուէտի հեռատետիլի ցուցադրութեան մը: Եւ ետքը կատարեց "It's a Heartache" երգը[10]:

Թայլըրի Rocks and Honey ալպոմը հրատարակուեցաւ 6 Մայիս, 2013 թուականին Անգլիոյ մէջ, եւ գրաւեց 52-րդ դիրքը:

Պոնի Թայլըրը, 2013 Եուրովիժընի երգի մրցանքին գրաւեց 19-րդ դիրքը ներկայացնելով Անգլիան, բայց կը գիտնայ Ազրպէյճան ներկայացնող երգիչին անարդար շարժումին մասին: Ազրպէյան, իր ներկայացուցիչին համար, քուէներ եւ կէտեր գնեց ուրիշ երկիրներէ, ու այս միջոցով գրաւեց 2-րդ դիրքը, սակայն այս պատճառով փոփոխութիւններ կատարուեցան դատական կազմին կողմէ եւ այդ տարիէն ետք որոշուեցաւ բոլոր նիշերը գումարել երգիչին կատարողութենէն անմիջապէս ետք, իսկ Պոնին այս ամբաստանութեան նկատմամբ իր դժգոհութիւնները յայտնեց Ֆրանսական թերթի մը[11]:

Ազդեցութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնելով երաժշտական ընտանիքի մը մէջ, Թայլըր մեծցաւ ծանօթանալով տարբեր երաժշտութիւններու: Եւ Պոնի կ'ըսէ թէ ան կը վերյիշէ իր մայրը օփերա կ'երգէր տունին մէջ։ Թայլըր մինչեւ 16 տարեկան կը յաճախէր բողոքոկան եկեղեցին, եւ իր առաջին երաժշտական կատարողութիւնը եղաւ այդ եկեղեցիին մէջ[12]:

Թայլըր երբ փոքր էր, կը նախասիրէր Ճանիս Ճոփլին եւ Թինա Թըրնըր երգիչները: Սակայն ետքը իր պատանի տարիքին, ան կ'ազդուի հետեւեալ երգիչներեն՝ Արեթհա Ֆրանքլին, Ուիլսըն Փիքեթ եւ Թոմի Սթիլ:

Անոր գործընթացքին ժամանակ, ան մտիկ կ'ընէր տարբեր նուագախումբերու, օրինակ՝ Guns N' Roses: Ան նաեւ հետաքրքրութիւն ցոյց կ'ուտայ տարբեր երաժիշտներու հանդէպ, օրինակ՝ Էմինեմ եւ Ատել:

Ալպոմներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ընտանիք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

39 տարեկանին, Թայլըր եւ իր ամուսինը (Ռոպերթ) կ'որոշեն զաւակ ունենալ սակայն այս մէկը չյաջողեցաւ եւ չկրկնուեցաւ: Թայլըրի մի քանի հարազատներն ալ նաեւ յաջողեցան երաժշտական գործընթացքին մէջ։ Թայլըր նաեւ եղած է շատ քիչ արեւմտեան երաժիշտներէն, որ իրենց գործընթացքին ժամանակ շրջապտտեցան Ռուսիա, խորհրդային միութեան ժամանակ:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Lewis Roz (17 November 2012)։ «Bonnie Tyler: My family values»։ The Guardian (Guardian Media Group)։ արտագրուած է՝ 5 January 2015 
  2. Bruce, Ken; Tyler, Bonnie (13 September 2013)։ Bonnie Tyler - Tracks Of My Years։ London: BBC։ Իրադարձությունը կատարվել է 06:32։ արտագրուած է՝ 27 June 2015 
  3. «Singing roots to Total Eclipse»։ BBC News (BBC)։ 23 September 2009։ արտագրուած է՝ 27 June 2015 
  4. Saner Emine (13 May 2013)։ «Bonnie Tyler: 'I'm not part of the 80s, I'm part of now'»։ The Guardian (Guardian Media Group)։ արտագրուած է՝ 29 June 2015 
  5. «Bonnie Tyler: 'Forget being a star - do it for the love of it'»։ The Guardian (Guardian Media Group)։ 10 May 2009։ արտագրուած է՝ 27 June 2015 
  6. «Bonnie Tyler biography»։ BBC։ 17 November 2008։ արտագրուած է՝ 27 June 2015 
  7. Ford Tom (12 June 1986)։ «Recordings – Reviews by Blade Staff Writers»։ Toledo Blade (Block Communications)։ արտագրուած է՝ 2 July 2015 
  8. «Bonnie Tyler – Louise»։ AllMusic. All Media Network։ արտագրուած է՝ 2 August 2014 
  9. «Lucy Lawless and Bonnie Tyler»։ Los Angeles Times։ 28 September 2006։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 19 April 2015-ին։ արտագրուած է՝ 7 March 2014 
  10. Bonnie Tyler & Niklas Paulström – Total eclipse of the heart Archived 2014-01-04 at the Wayback Machine. TV4 Play. Retrieved 22 March 2013
  11. «Արուեստի Աշխարհէն. Եուրովիժըն Կը Յայտարարէ Օրէնքի Փոփոխութիւն»։ aztag - Armenian (en-US)։ արտագրուած է՝ 2016-03-29 
  12. «Singing roots to Total Eclipse»։ British Broadcasting Company։ արտագրուած է՝ 22 June 2014 

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կաղապար:Commons category