ՆԱԹՕ-Ռուսաստան Դաշնութիւն Յարաբերութիւններ
ՆԱԹՕ-Ռուսաստանի Դաշնութիւն Յարաբերութիւններ, Հիւսիսատլանտեան ռազմական դաշինքի եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան միջեւ յարաբերութիւնները սկզնաւորած է 1991 թուականին Հիւսիսատլանտեան Համագործակցութեան Խորհուդի շրջանակներուն[1][2]: 1994 թուականին Ռուսաստանը միացաւ Համագործակցութիւն յանուն խաղաղութեան (անգլ. Partnership for Peace) ծրագրին եւ այդ պահէն սկսած ՆԱԹՕ-ն եւ Ռուսաստանը ստորագրած են համագործակցութեան վերաբերեալ շարք մը կարեւոր փաստաթուղթեր[3] : Ռուսաստան ՆԱԹՕ խորհուրդը ստեղծուած է 2002 թուականին անվտանգութեան եւ համատեղ ծրագրերու հարցերով զբաղուելու համար: Համագործակցութիւնը Ռուսաստանի եւ ՆԱԹՕ-ի միջեւ այժմ կը զարգանայ քանի մը գլխաւոր ուղղութիւններով. պայքար ահաբեկչութեան դէմ, ռազմական համագործակցութիւն, համատեղ գործողութիւններ եւ համագործակցութիւն Աֆղանիստան, արդիւնաբերական համագործակցութիւն եւ զէնքերու չտարածման դէմ ծարագրեր[4]: 2014 թուականին Ապրիլ 1-ին ՆԱԹՕ-ն միակողմանիօրէն որոշեց դադրեցնել համագործակցութիւնը Ռուսաստանի Դաշնութեան հետ՝ ի պատասխան Ուքրանիական ճգնաժամին Ռուսաստանի դերակատարութեան[5]: 2017 թուականի Փետրուարի 18-ի Ռուսաստանի Դաշնութեան արտաքին գործերու նախարար Սերգէյ Լաւրովը ըսաւ, որ ՌԴ-ն կողմանկից է ՆԱԹՕ-ի հետ ռազմական համագործացկութեան վերսկսմանը[6]: 2017 թուականի Մարտի վերջերուն խորհուրդը ՆԱՏՕ-ի անդամ պետութիւններու արտագործնախարարներուն ժողովի հրաւիրեց՝ Պրիւսելի մէջ[7]:
Հետսառըպատերազմեան համագործակցութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պերլինի պատի անկումէն յետոյ ՆԱԹՕ-ն եւ ԽՍՀՄ-ը սկսան բանսարկութիւններ վարել տարբեր մակարդակներով, այդ փուլին՝ գէնքի եւ զինամթերքի վերահսկողութեան պայմանագրերու վերաբերեալ: ՎՍՀՄ արտագործնախարար Էտուարտ Շեւարդնաձենն 1989 թուականի Դեկտեմբեր 19-ին կատարեց առաջին այցելութիւնը ՆԱԹՕ-ի կենդրոնակայան: Այցին յաջորդեցին բանակցութիւններ ՆԱԹՕ-ի եւ ԽՍՀՄ-ի ռազմական ղեկավարութեան միջեւ[9]: Պաշտօնական յարաբերութիւնները եւ համագործակցութիւնը Ռուսաստանի եւ ՆԱԹՕ-ի միջեւ սկիզբ առած է 1991 թուականին Հիւսիսատլանտեան Համագործակցութեան խորհուրդի շրջանակին մէջ: Յարաբերութիւնները աւելի խորացան, երբ 1994 թուականին Յունիսի 22-ին Ռուսաստանը միացաւ Համագործացկութիւն հանուն խաղաղութեան ծրագրին[10]: 1997 թուականի Մայիս 27-ին՝ ՆԱԹՕ-ի Փարիզեան գագաթնաժողովի ժամանակ, ՆԱԹՕ-ն եւ Ռուսաստանը ստորագրեցին «Փոխադարձ յարաբերութիւններու, համագործացկութեան եւ անվտանգութեան հիմնարար ակտը»[11], որ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման ամուր հիմք կը հանդիսանայ: Կողմերը յայտարարեցին, որ միմեանց չեն դիտարկեր որպէս հակառակորդներ, եւ հենուելով քաղաքական յարաբերութիւններու բարձրագոյն մակարդակի վրայ պատրաստ են կառուցելու երկարատեւ խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն Եւրատլանտեան տարածաշրջանի համար: 2009 թուականին Դեկտեմբերին ՆԱԹՕ-ն դիմեց Ռուսաստանի օգնութեան խնդրանքով՝ Աֆղանիստան գործողութիւններ իրականացնելու համար: Մասնաւորապէս անհրաժեշտ էր Ռուսաստանի թոյլատուութիւնը իր տարածքի վրայով զօրքի եւ զինամթերքի փոխադրման համար, ինչպէս նաեւ կը խնդրէր ողղաթիռներ տրամադրել[12]: Ռուսաստան մերժեց այս խնդրանքները, բայց կը շարունակէր թոյլ տալ իր տարածքով ոչ ռազմական մատակարարումները[13]: Սառը պատերազմէն յետոյ ան երկրորդ համատեղ զօրավարժութիւնն էր կողմերու միջեւ:2011 թուականի Յունիս 6-ին ՆԱՏՕ-ն եւ Ռուսաստանը իրականացուցին իրենց առաջին զօրավարժութիւնը: Սառը պատերազմէն յետոյ ան երկրորդ համատեղ զօրավարժութիւնն էր կողմերու միջեւ[14]: 2012 թուականին Ապրիլին Ռուսաստան տեղի կ'ունենայ բողոքի ցոյցեր ՆԱՏՕ-ին ներգրաւուածութեան վերաբերեալ՝ գլխաւորապէս կազմակերպուած ձախամետ ուժերու կողմէ[15]:
Համագործակցութեան դադարը եւ ռազմական գործողութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]2014 թուական
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]2014 թուականին Մարտի սկիզբին ՆԱԹՕ -ի եւ Ռուսաստանի միջեւ լարուածութիւնը աճեցաւ Ուքրանական ճգնաժամի եւ ռուսական զորքերու Ղրիմ մտնելէն յետոյ. ՆԱԹՕ-ն կոչ ըրաւ Ռուսաստանի դադրեցնել գործողութիւնները եւ յայտարարեց, որ որ կ'աջակցի Ուքրանական տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան պահպանմանը[16]:2014 թուականի Ապրիլ 1-ին արտգործնախարարներու խորհուրդը յայտարարեց, որ կը դադրի քաղաքացիական եւ ռազմական համագործակցութիւնը Ռւսաստանի հետ[5][17]: Նոյն թուականին գարնանը Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ կը ծրագրէր լրացուցիչ զօրքեր ուղարկել Ղրիմ՝ համալրելու Սեւ Ծովու նաաւտորմի ուժերը[18][19]: Նման քայլը ՆԱԹՕ-ի համար ահազանգ էր. Նոյեմբերին ՆԱԹՕ-ի ռազմական գերագոյն հրամանատար ամերիկեան ժեներալ Ֆիլիպ Պրեդլովը յայտարարեց, որ դաշինքը խստօրէն կը հետեւի ռուսական բանակի գործողութիւններուն, քանի որ կար զանգուածային ոչնչացման, մասնաւորապէս միջուկային, զէնք օգտագործելու վտանգը[20]: Դեկտեմբերին ՈԴ ԱԳՆ Սերգեյ Լաւրով յայտարարեց, որ այն օրինաչափ գործողութիւն էր, քանի որ Ղրիմը դարձած է պետութեան մաս մը եւ ունի նման զէնքեր «Միջուկային զէնքի չտարածման պայմանագրին» համապատասխան[21]:
Սեպտեմբեր ամսուն Ուելսըն տեղի ունեցած ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովի ժամանակ ՆԱԹՕ-Ուքրանիա յանձնաժողովը ընդունեց Համատեղ յայտարարութիւն, որ խստօրէն կը դատապարտէր Ռուսաստանի անօրէն գործողութիւները եւ Ղրիմի զաւթը[22]: Յուլիս ամսուն ԱՄՆ-ը պաշտօնապէս մեղադրեց Ռուսաստանի 1987 թուականին. Միջին հեռահարութեան միջուկային ուժերու պայմանագիրը»: 2015 թուականին Յունիսի սկիզբները ԱՄՆ-ի Պետական տեպարտամենտը յաղորդ տարածեց, որ Ռուսաստանը չէ ողղած պայմանագրի խախտումը[23]: ԱՄՆ-ի կառավարութեան 2014 թուականի Հոկտեմբերին հաղորդագրութիւնը կը պնդէր, որ Ռուսաստանը ունէր 1.643 միջուկային մարտագլխիկներ. աւելի շատ քան ԱՄՆ-ը[24][25]: 2014 թուականի վերջերուն ՐԴ նախագահ Վլատիմիր Բուդին հաստատեց նոր ազգային ռազմական հայեցակարգը, որ բնորոշեց ՆԱԹՕ-ի ռազմական ներուժի աւելացումը Ռուսաստանի սահմանին՝ որպէս գլխաւոր ռազմական սպառնալիք[26][27]:
2015 թուական
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]2015 թուականի Փետրուարի սկիզբներուն ՆԱԹՕ-ի դիւանագէնտները կը նշէին, որ Ռուսաստանի միջուկային պոտենցիալը ՆԱԹՕ-ի դէմ օգտագործելու մտավախութիւնը երթալէն կ'աճի[28]: Ի պատասխան Մեծն Պրիդանիոյ պաշտպանութեան նախարարը առաջարկեց, որ Պրիդանիա թարմացնէ իր միջուկային զինանոցը[29]: 2015 թուականի Յունիսին ռուսական անկախ ռազմական վերլուծաբանին վերլուծումներու նոյն միտքը ամերիկեան մամուլին մէջ կը շրջագայի. «Բոլորը պէտք է հասկնան, որ մենք կ'ապրինք ամբողջովին տարբեր աշխարհ քան երկու տարի առաջ էր: Այդ աշխարհը որ մենք կորսնցուցինք, կարելի էր անոր անվտանգութիւնը ապահովել պայմանագրերի միջոցով: Այժմն մենք ականատես ենք բոլորովին այլ իրավիճակի, ուր սեփական անվտանգութիւնը ապահովելու հիմնական միջոցը ռազմական կարողականութեան մեծցնելն է»[30]: ՆԱԹՕ-Ռուսաստան լարուածութիւնը աճեցաւ 2015 թուականի Նոյեմբեր 24-էն յետոյ, երբ Թուրքիոյ զինուած ուժերը վնասած էին ռուսական ռազմական ինքնաթիռ մը, որ կ'ենթադրուի հատած էր Թուրքիոյ սահմանը[31]: Ռուս պաշտօնեաները հերքեցին ինքնաթիռի՝ սահմանին վրայ եղած ըլլալու տեղեկութիւնը: Դէպքէն կարճ ժամանակ անց ՆԱԹՕ-ն հրաւիրեց արտահերթ նիստի մը քննարկելու համար պատահարը: 2015 թուականի Դեկտեմբեր 2-ին ՆԱԹՕ-ի անդամ պետութիւնները պաշտօնապէս հրաւիրեցին Մոնդենեկրոյին միանալ իրենց եւ համագործակցելու բոլոր բնագավառներէն ներս [32]:
2016 Թուական
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ռուսաստան-ՆԱԹՕ Խորհուրդի հանդիպումէն կարճ ժամանակ առաջ, որ առաջին էր 2014 թուականէն ի վեր[33], Ռուսաստանի ԱԳՆ Սերկէյ Լաւրով նշեց, որ կը նկատուի ռազմական աճ, որ աննախադէպ է Սառը պատերազմէն յետոյ[34][35]: Հանդիպումէն ետք ՆԱԹՕ-ի մօտ Ռուսաստանի դեսպանը ըսաւ, որ Ռուսաստանը անյարմարութիւններ չունի համագործակցութեան դադրեցումէն յետոյ[36]: ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Եան Սթոլթենչերքը ըսաւ, որ ՆԱԹՕ-ն եւ Ռուսաստանը ունին էական անհամաձայնութիւններ, եւ այդ հանդիպումը չհարթեց զանոնք[37][38][39]:
2016 թուականին՝ Վարշավայի մէջ տեղի ունեցած ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովի ժամանակ, հաստատուեցաւ չորս բատալիոն՝ 3000-4000 զօրքեր, Պալթեան պետութիւններ եւ արեւելեան Լեհաստան ուղարկելու որոշումը: Կը նախատեսուէր նաեւ ընդլայնել ծովային եւ ռազմաօդային ուժերը նախկին խորհրդային բլկի պետութիւններու անվտանգութիւնն ապահովելու համար[40]: Գագաթնաժողովը վերահաստատեց ՆԱԹՕ-ի նախկին որոշումները, որոնք կը նախատեսէին դադրեցնել քաղաքացիական եւ ռազմական համագործակցութիւնը ՆԱԹՕ-ի եւ Ռուսաստանի միջեւ, սակայն շարունակել մնալ բաց քաղաքական երկխօսութեան համար[41]: 2016 թուականի Յուլիսին Ռուսաստանի ռազմական ղեկավարութեան հաղորդեց, որ Ս-400 հակաօդային պաշտպանութեան համակարգ պէտք է տեղակային Ղրիմի Թեոդոսիա քաղաքին նոյն թուականի Օգոստոսին՝ մեծցնելով ռուսական ուժերու պաշտպանութիւնը[42][43]:
2017 Թուական
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]2017 թուականի Յուլիսին ՆԱԹՕ-Ռուսաստան խորհուրդի հանդիպում տեղի ունեցաւ Պրիւսիոյ մէջ: Հանդիպումէն յետոյ ՆԱԹՕ-ի գլախաւոր քարտուղար Յան Սթոլթենբերգը ըսաւ, որ Դաշնակիցները եւ Ռուսաստանը անկեղծ եւ կառուցողական քննարկումներ ունեցան Ուքրանիայի, Աֆղանիստանի եւ Ռիսերկերի նուազեցման վերաբերեալ[44]: Երկու կողմերը քննարկեցին նաեւ Պելառուսիա կայանալիք ռուսական եւ ՆԱԹՕ ի 2017 թուականի զօրավարժութիւնները[45]:
ՆԱԹՕ-Ռուսաստան Խորհուրդ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]ՆԱԹՕ-Ռուսաստան Խորհուրդը ստեղծուած է 2002 թուականի Մային 28-ին ՆԱԹՕ-ի՝ Հռոմի գագաթնաժողովի ժամանակ: Խորհուրդը դիւանագիտական գործիք էր անվտանգութեան հարցերու լուծման եւ միացեալ նախագիծերու իրականացման համար[46][47]: Համատեղ որոշումներ եւ գործողութիւններ կը նեռարուին՝ պայքարը ահաբեկչութեան դէմ[48][49], ռազմական գօրավարժութիւններ[50] եւ անձնական վարժեցում[51]), համագործակցութիւն Աֆղանիստան, արդիւնաբերական համագործակցութիւն եւ այլ ասպարէզներ: ՆԱԹՕ-ի անդամները եւ Ռուսաստանի ղեկավարութիւնը դրականօրէն գնահատեցին Խորհուրդի աշխատանքը 2008 թուականի Ապրիլին տեղի ունեցած Պուխարեստի գագաթնաաժողովի ժամանակ. թէպէտ երկու կողմերն ալ ունին տարաձայնութիւններ խորհուրդի գործունէութեան ճշգրիտ արդիւնքներու վերաբերեալ: 2009 թուականին Յունուարի ՆԱԹՕ-ի Ռուսաստանի ներկայացուցիչ Տմիդրի Ռոգոզինը ըսաւ, որ Ռուսաստան-ՆԱԹՕ խորհուրդը մէկ մարմին է, որտեղ գիտական խորհրդակցութիւններ տեղի կ'ունենան: ԱՄն-ի պաշտօնեաներէն մէկը կիսեց այս կարծիքը եւ աւելի գործնական գործունէութիւն իրականցնելու յոյս յայտնեց:
Շահերու հակամարտութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վրաստանի պատերազմ եւ Հարաւային Օսեթիայի ու Աբխազիոյ ճանաչում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ռուսաստան եւ ՆԱԹՕ-ի յարաբերութիւնները լարուեցան 2008 թուականի ամրան ռուս-վրացական պատերազմի պատճառով: Աւելի ուշ Հիւսիւս ատլանտեան դաշինքի խորհուրդը քննադատեց Ռուսաստանի կողմէն Հարաւային Օսեթիայի եւ Աբխազիոյ ճանաչումը՝ որպէս անկախ պետութիւնններ[52]: ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարը յայտարարեց, որ այս ճանաչումը կը ոտնահարէ ՄԱԿ-ի շարք մը բանաձեւեր: Ի պատասխան Ռուսաստանը յայտարարեց, որ ճանչնալը կը բխի իրավիճակէն եւ կատարուած է ՄԱԿ-ի Կանոնադրութեանը եւ Հելսինկեան եզրափակիչ ակտին համապատասխան[53]: Ռուսաստան լրատուամիջոցները անընդհատ յղումներ կը կատարեեն Գոսովոյի անկախութեան ճանաչման գծով: Յարաբերութիւնները աւելի լարուեցին 2009 թուականի Մայիսին, երբ ՆԱՏՕ-ն վտարեց երկու ռուս դիւանագէտներ, զանոնց մեղադրելով որպէս լրտեսներ: Մինչեւ 2011 թուական Ռուսաստանի խորհրդարանական ընտրութիւնները նախագահ Տմիթրի Մետվեդեւը յայտարարեց, որ Ռուսաստանը պիտի չի մտնէ պատերազմի մէջ, սակայն Վրաստանի անդամակցութեամբ ՆԱԹՕ-ն աւելի կ'ընդլայնուէր դէպի արեւելք[54]:
ՆԱԹՕ-ի հակահրթիռային պաշտպանութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ռուսաստան կը պնդէ, որ ԱՄՆ-ի հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգերը, որոնք տեղակայուած են Լեհաստան եւ Քրուաթիա, վտանգ կը ներկայացնեն Ռուսաստանի անվտանգութեան: 2009 թուականին ԱՄՆ-ի նախագահ Պարաք Օպամա չեղարկեց Լեհաստանի եւ Քրուաթիոյ վերոյիշեալ նախագծերը, երբ Ռուսաստան սպառնաց ԱՄՆ-ին ռազմական պատասխան տալ, իսկ Լեհաստանին զգուշացուցին, որ համաձայնելով տեղակայել հակահրթիռային համակարգը, ան ինքնին կը վերածուի թիրախի Ռուսաստանի կողմէն միջուկային յարձակման համար: Ռուսաստանը զգուշացուց նաեւ Թուրքիոյ չտեղակայել նման համակարգ Սուրիոյ սահմանի մօտ[55][56]: 2010 թուականին Փետրուարին Ռումանիան յայտարարեց ԱՄՆ-ի հակահրթիռային համակարգի տեղակայման համաձայնագրի մասին, որ Ռուսաստանը մեկնաբանեց որպէս իր ազգային անվտանգութեան սպառնալիք[57]:
Ռուսաստանի` ՆԱԹՕ-ին միանալու առաջարկներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ռուսաստանի՝ ՆԱԹՕ-ի անդամ դառնալու գաղափարը արծարծուած է տարբեր ժամանակներուն եւ ռուս եւ արեւմտեան ղեկավարներու կողմէն[58]: 1990 թուականին՝ Գերմանիոյ վերամիաւորման բանակցութիւններու ժամանակ, ԽՍՀՄ ղեկավար Միքայէլ Գորբաչով ըսաւ. «Դուք կ'ըսէք , որ ՆԱԹՕ-ն ուղղուած չէ մեր դէմ, ան անվտանգութեան ապահովման կառուցուածք ունի: Հետեւաբար մենք եւս կ'առաջարկենք միանալ ՆԱԹՕ-ին»: ԱՄՆ-ի պետքարտուղար Պեյքերը զայն որակեց «երազանք»[59]:
2009 թուականի Մարտին Լեհաստանի արտգործնախարար Սիկորսկին առաջարկեց Ռուսաստանը ներառել ՆԱԹՕ-ի մէջ: Ապա լեհական լրատուամիջոցներէն մէկուն տուած հարցազրոյցի ժամանակ ան պնդեց, որ զուտ հիպաթետիկ առաջարկ էր, որ գոյութիւն ունեցած է դերեւս 1990-ական թուականներէն: Քլինթոնի վարչակազմի իշխանութեան ներքոյ կար երկմտանք, թէ արդեօք Ռուսաստանը պէտք է լինի ՆԱԹՕ-ի անդամ կամ ինչ պայմաններով[60]: Այնուամենայնիւ Ռուսաստանի ղեկավարութիւնը յստակ ձեւակերպեց, որ չի պատրաստուիր դառնալ ՆԱԹՕ-ի անդամ, այլ զուտ կը ցանկայ շարունակել համագործակցութիւնը: 2010 թուականին սկիզբներուն այդ առաջարկը բաց նամակի ձեւով կրկնուեց Գերմանիայի պաշտպանութեան փորձագէտներ Կլաուս Նոյմանի, Ֆրանք Էլպի, Ուլրիիխ Վեյզերի եւ նախկին պաշտպանութեան նախարար Ուոլքեր Ռուհի կողմէն: Նամակի հեղինակները կը նշէին, որ ՆԱԹՕ-ն ունի Ռուսաստանի կարիքը Ասիական տէրութիւններուն հակակշռելու համար[61]: 2010 թուականին Սեպտեմբերին Նիու-Եորք տեղի ունեցաւ ՆԱԹՕ-Ռուսաստան Խորհուրդի հանդիպումը, որ 2008 թուականին յարաբերութիւններու կասեցումէն յետոյ առաջինն էր: Հանդիպման նախօրէին ԱՄՆ-ի մշտական ներկայացուցիչը ՆԱԹՕ-ի նշեց Ռուսաստանի ՝ ՆԱԹՕ-ին միանալու հիպորթետիկ հաւանականութեան մասին[62]:
Գաղափարախօսութիւն եւ քարոզչութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ռուսաստանը եւ ՆԱԹՕ-ն նշած են, որ ներգրաւուած են քարոզչական պատերազմի մէջ, եւ երկուքն ալ հիմնած են բազմաթիւ լրատուաջոցներ, որոնք կ'օգնեն տարածել իրենց ուղերձները[63]: Ռուսաստանը ստեղծած է օրինակ «Սպուտնիկ», «Ռուսական լրատուական գործակալութիւն», «Ռուսաստանն այսօր» միջազգային հեռարձակման կայանները, ինչպէս նաեւ ներքին լրատուական ցանցերը[64][65]: ՆԱԹՕ-ի անդամ պետութիւնները եւս ստեղծեցին միջազգային հեռարձակաման կայաններ[66]. օրինակ «Ամերիկեան ձայնը» եւ «Պի.Պի.Սի ծառայութիւնը»: Ռուսական լրատուամիջոցները, մասնաւորապէս հակամերիկեան, քարոզչութիւն կ'իրականացնեն[67][68]: 2014 թուականին Ռուսաստանը դադրեցուց Ամերիկեան ձայնի ռատիօհեռարձակումները այն բանէն յետոյ, երբ ռատիօն քննադատեց Ռուսաստանի գործողութիւնները Ուքրանիոյ դէմ: 2015 թուականի Յունուար 19-ին Եւրամիութեան Անվտանգութեան եւ արտաքին յարաբերութիւններու բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիկա Մոգերինին յայտնեց, որ ԵՄ-ը կը ծրագրէ ստեղծել ռուսերէն լեզուով հեռարձակուող Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներու՝ Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Պելառուսի, Մոլտովիոյ, եւ Ուքրանիոյ համար[69]: Վլատիմիր Բուդին ներկայացուցած է «Եւրասիականացումը» եւ[70] «Պուտինիզմը» որպէս արեւմտեան տէրութիւններու քարոզչամեքենայի հակակշիռ[71]: Բուդինը եւ Ռուսաստանը՝ որպէս ամբողջութիւն, կորսնսուցած են արեւմուտքի յարգանքը այդ արժէքներու վերաբերեալ, որու արդիւնք ստեղծուած է «արժէքային ճեղքուածք» Ռուսաստանի եւ Արեւմուտքի միջեւ[72]: 2016 թուականի Մարտին Բուդինի մամլոյ քարտուղար Տմիդրի Պեսկով ըսաւ, թէ Ռուսաստան քարոզջական պատերազմի մէջ է անգլիալեզու լրատուամիջոցներու դէմ[73]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «NATO’s Relations With Russia»։ NATO Public Diplomacy Division, Belgium։ 6 April 2017։ արտագրուած է՝ 26 May 2017
- ↑ «NATO Strategic Concept for the Defence and Security of the Members of the North Atlantic Treaty Organization»։ NATO Public Diplomacy Division, Belgium։ 20 November 2010։ արտագրուած է՝ 26 May 2017
- ↑ «NATO PfP Signatures by Date»։ NATO Public Diplomacy Division, Belgium։ 10 January 2012։ արտագրուած է՝ 22 April 2016
- ↑ Cook Lorne (25 May 2017)։ «NATO: The World's Largest Military Alliance Explained»։ www.MilitaryTimes.com։ The Associated Press, US։ արտագրուած է՝ 26 May 2017
- ↑ 5,0 5,1 «Ukraine Crisis: NATO Suspends Russia Co-operation»։ BBC News, UK։ 2 April 2014։ արտագրուած է՝ 2 April 2014
- ↑ «Russian Foreign Minister Lavrov: NATO Expansion Led to Tension in Europe Unprecedented in Last 30 Years»։ Russia Today։ 18 February 2017։ արտագրուած է՝ 26 May 2017
- ↑ Barnes, Julian E., "Russian, NATO Diplomats Discuss Military Deployments in Baltic Sea Region" (subscription required), The Wall Street Journal, US, 30 March 2017. Retrieved 2017-03-30.
- ↑ «The Permanent Mission of Russia to NATO»։ Natomission.ru։ արտագրուած է՝ 2011-12-04
- ↑ NATO Declassified - Old adversaries become new partners
- ↑ «The NATO-Russia Archive - Formal NATO-Russia Relations»։ Berlin Information-Center For Translantic Security (BITS), Germany։ արտագրուած է՝ 22 April 2016
- ↑ NATO։ «NATO - Official text: Founding Act on Mutual Relations, Cooperation and Security between NATO and the Russian Federation signed in Paris, France, 27-May.-1997»։ NATO։ արտագրուած է՝ 22 April 2016
- ↑ NATO chief asks for Russian help in Afghanistan Reuters Retrieved on 9 March 2010
- ↑ Moscow denies NATO access to Afghanistan Russia Today Retrieved on 9 March 2010
- ↑ «Russian and Nato jets to hold first ever joint exercise»։ Telegraph.co.uk։ 1 June 2011։ արտագրուած է՝ 22 April 2016
- ↑ Kramer Andrew E. (21 April 2012)։ «Russians Protest Plan for NATO Site in Ulyanovsk»։ The New York Times
- ↑ «NATO warns Russia to cease and desist in Ukraine»։ Euronews.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 3 March 2014-ին։ արտագրուած է՝ 2 March 2014
- ↑ «Statement by NATO foreign ministers, 1 April 2014»
- ↑ New subs, warships, SAMs, troops to be deployed in Crimea RT, May 06, 2014.
- ↑ «Россия усилит Черноморский флот новыми кораблями»։ RIA Novosti (Russia)։ 2014-05-06։ արտագրուած է՝ 2015-12-03
- ↑ «NATO 'very concerned' by Russian military build-up in Crimea - INTERNATIONAL»։ արտագրուած է՝ 22 April 2016
- ↑ «Crimea»։ Interfax-Ukraine։ արտագրուած է՝ 22 April 2016
- ↑ Joint Statement of the NATO-Ukraine Commission, 4 September 2014.
- ↑ Gordon Michael R. (2015-06-05)։ «U.S. Says Russia Failed to Correct Violation of Landmark 1987 Arms Control Deal»։ The New York Times (US)։ արտագրուած է՝ 2015-06-07
- ↑ «Russia’s deployed nuclear capacity overtakes US for first time since 2000»։ RT (Moscow)։ 2014-10-06։ արտագրուած է՝ 2014-12-28
- ↑ Matthew Bodner (2014-10-03)։ «Russia Overtakes U.S. in Nuclear Warhead Deployment»։ The Moscow Times (Moscow)։ արտագրուած է՝ 2014-12-28
- ↑ «Russia’s New Military Doctrine Hypes NATO Threat»։ արտագրուած է՝ 22 April 2016
- ↑ Putin signs new military doctrine naming NATO as Russia’s top military threat National Post, December 26, 2014.
- ↑ «Insight - Russia's nuclear strategy raises concerns in NATO»։ Reuters։ 4 February 2015։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 6 February 2015-ին։ արտագրուած է՝ 6 February 2015
- ↑ Croft Adrian (6 February 2015)։ «Supplying weapons to Ukraine would escalate conflict: Fallon»։ Reuters։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 6 February 2015-ին։ արտագրուած է՝ 6 February 2015
- ↑ MacFarquhar, Neil, "As Vladimir Putin Talks More Missiles and Might, Cost Tells Another Story", New York Times, June 16, 2015. Retrieved 2015-06-17.
- ↑ «NATO-Russia Tensions Rise After Turkey Downs Jet»։ The New York Times։ 24 November 2015։ արտագրուած է՝ 29 November 2015
- ↑ «ATO Invites Montenegro to Join, as Russia Plots Response»։ The New York Times։ 2 December 2015։ արտագրուած է՝ 2 December 2015
- ↑ НАТО созрело для диалога с Москвой Nezavisimaya gazeta, 14 April 2016.
- ↑ «TASS: Russian Politics & Diplomacy - Lavrov: Russia will not allow NATO to embroil it into senseless confrontation»։ TASS։ 14 April 2016
- ↑ «Лавров: РФ не даст НАТО втянуть себя в бессмысленное противостояние»։ РИА Новости։ 14 April 2016
- ↑ Грушко: позитивной повестки дня у России и НАТО сейчас нет RIA Novosti, 20 April 2016.
- ↑ Nato-Russia Council talks fail to iron out differences The Guardian, 20 April 2016.
- ↑ «U.S. launches long-awaited European missile defense shield»։ CNN politics։ 12 May 2016։ արտագրուած է՝ 24 August 2016
- ↑ «US holds joint war games in Romania amidst missile shield rift with Russia»։ RT news։ 16 May 2016։ արտագրուած է՝ 24 August 2016
- ↑ NATO agrees to reinforce eastern Poland, Baltic states against Russia Reuters, 8 July 2016.
- ↑ Warsaw Summit Communiqué See para 11.
- ↑ Russia to deploy S-400 missiles in Crimea next month RT, 15 July 2016.
- ↑ «Триумф» в Крыму Gazeta.ru, 17 July 2016.
- ↑ Press point by NATO Secretary General Jens Stoltenberg following the meeting of the NATO-Russia Council nato.int , 13 July 2013.
- ↑ Russia tells NATO to stop 'demonising' planned war games Archived 2017-08-16 at the Wayback Machine. Reuters, 13 July 2017.
- ↑ NATO-Russia council Statement[permanent dead link]
- ↑ «NATO's relations with Russia»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-10-16-ին։ արտագրուած է՝ 2017-08-15
- ↑ «NATO-Russia council on Terrorism»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2009-02-08-ին։ արտագրուած է՝ 2017-08-15
- ↑ NATO-Russia to practise anti-terrorist response[permanent dead link]
- ↑ «RFS and NATO ships joint manoeuvres»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2009-02-08-ին։ արտագրուած է՝ 2017-08-15
- ↑ «Allies and Russia attend U.S. Nuclear Weapons Accident Exercise»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2008-08-28-ին։ արտագրուած է՝ 2017-08-15
- ↑ «NATO Press Release (2008)108 – 27 Aug 2008»։ Nato.int։ արտագրուած է՝ 2011-12-04
- ↑ «NATO Press Release (2008)107 – 26 Aug 2008»։ Nato.int։ արտագրուած է՝ 2011-12-04
- ↑ «Russia’s 2008 war with Georgia prevented NATO growth – Medvedev | Russia | RIA Novosti»։ En.ria.ru։ 2011-11-21։ արտագրուած է՝ 2011-12-04
- ↑ John Pike։ «Russia Warns Against NATO Missiles on Syrian Border»։ արտագրուած է՝ 22 April 2016
- ↑ «Turkish Request for Missiles Strains Ties With Russia - Al-Monitor: the Pulse of the Middle East»։ Al-Monitor։ արտագրուած է՝ 22 April 2016
- ↑ «US, Romania break ground on missile defense system»։ RT International։ արտագրուած է՝ 22 April 2016
- ↑ Could NATO Membership For Russia Break Impasse In European Security Debate?, 5 February 2010.
- ↑ «A Broken Promise?»։ Foreign Affairs։ October 2014։ արտագրուած է՝ 2016-01-06
- ↑ «Sikorski: Russia in Nato? Why Not»
- ↑ Ex-minister wants to bring Russia into NATO Der Spiegel Retrieved on 9 March 2010
- ↑ 5 Reasons Why Russia Will Never Join NATO Archived 2010-11-19 at the Wayback Machine. The Moscow Times, 19 November 2010.
- ↑ Dejevsky Mary (11 April 2014)։ «News of a Russian arms buildup next to Ukraine is part of the propaganda war»։ The Guardian։ արտագրուած է՝ 25 December 2014
- ↑ Spiegel Staff (30 May 2014)։ «The Opinion-Makers: How Russia Is Winning the Propaganda War»։ Der Spiegel։ արտագրուած է՝ 25 December 2014
- ↑ Tetrault-Farber Gabrielle (12 May 2014)։ «Poll Finds 94% of Russians Depend on State TV for Ukraine Coverage»։ The Moscow Times։ արտագրուած է՝ 25 December 2014
- ↑ Matlack Carol (4 June 2014)։ «Does Russia's Global Media Empire Distort the News? You Be the Judge»։ Bloomberg։ արտագրուած է՝ 25 December 2014
- ↑ Remnick David (11 August 2014)։ «Watching the Eclipse»։ The New Yorker։ արտագրուած է՝ 2 January 2015
- ↑ Kruscheva Nina (29 July 2014)։ «Putin’s anti-American rhetoric now persuades his harshest critics»։ Reuters։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2 January 2015-ին։ արտագրուած է՝ 2 January 2015
- ↑ «Mogherini: EU may establish Russian-language media»։ Reuters։ 19 January 2015։ արտագրուած է՝ 20 January 2015
- ↑ Neyfakh Leon (9 March 2014)։ «Putin’s long game? Meet the Eurasian Union»։ Boston Globe։ արտագրուած է՝ 21 January 2015
- ↑ Rohde David, Mohammed Arshad (18 April 2014)։ «Special Report: How the U.S. made its Putin problem worse»։ Reuters։ արտագրուած է՝ 20 December 2014
- ↑ "Russia Redefines Itself and Its Relations with the West" Archived 2020-04-10 at the Wayback Machine., by Dmitri Trenin, The Washington Quarterly, Spring 2007
- ↑ «В Кремле рассказали о состоянии информационной войны с англосаксами»։ արտագրուած է՝ 22 April 2016
Գրականություն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Bohm Michael (19 November 2010)։ «5 Reasons Why Russia Will Never Join NATO»։ The Moscow Times։ Independent Media Sanoma Magazines։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 19 November 2010-ին։ արտագրուած է՝ 19 November 2010
- Stent Angela (2014)։ The Limits of Partnership: U.S.-Russian Relations in the Twenty-First Century
- Forsberg, Tuomas, and Graeme Herd. "Russia and NATO: From Windows of Opportunities to Closed Doors." Journal of Contemporary European Studies 23#1 (2015): 41-57.
- Unverdi, Gurbet Behram. "To what extent is the gradual deterioration in NATO-Russia relations between 1991-2014 causally related to NATO՛s eastward expansion in Eastern-Europe?." (MA thesis, Leiden University 2015). online
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- NATO-Russia council.(անգլերէն)(ռուս.)(ֆր.)