Jump to content

Խրուաթիա

Խրուաթիա
Խորվաթիայի դրոշ? Զինանշանը


Կը ներառնէ Մեճիմուրիէ, Տուպրովնիք- Ներեթուա, Իսթրիա, Սփլիթ- Տալմաթիա, Վուքովար-Սիրմիա, Շիպենիք Քնին, Օսիժեք- Պարանիա, Զատար, Պրոտ- Փոսավինա, Փոզեկա-Սլավոնիա, Վիրովիթիքա-Փոտրավինա, Լիքա- Սենա, Փրիմորէ-Կորսքի, Պելովար-Պիլոկորա, Քոփրիվնիքա, Վարազտին, Քարլովաչ, Սիսաք- Մոսլավինա, Քրապինա Զաղորիէ, Զաղրէպ եւ Զաղրէպ
Պետական լեզու Խրուաթերէն[1]
Մայրաքաղաք Զաղրէպ
Օրէնսդիր մարմին Խրուաթիոյ Խորհրդարան
Երկրի ղեկավար Զորան Միլանովիչ?
Կառավարութեան ղեկավար Անտրէ Փլենքովիչ
Ազգաբնակչութիւն 3 871 833 մարդ (2021)[2]
Օրհներգ Խորվաթիայի օրհներգ?
Կարգախօս Full of life եւ Llawn bywyd
Հիմնադրուած է 25 Յունիս 1991 թ.
Արժոյթ Եւրօ
Ժամային համակարգ UTC+1
Հեռաձայնային համակարգ +385
Համացանցի յղում .hr?
Մարդկային ներուժի զարգացման թիւ 0,858[3]
Lua–ի սխալ՝ expandTemplate: template "ref-hr" does not exist։

Խրուաթիա (Խրուաթիոյ Հանրապետութիւն), պետութիւն՝ Հարաւ արեւելեան Եւրոպայի մէջ՝ Ատրիաթիք ծովու ափին։ Հիւսիս-արեւելքէն սահմանակից է Հունգարիոյ, արեւելքէն՝ Սերպիոյ, հարաւ-արեւելքէն՝ Պոսնիա եւ Հերցեկովինային եւ Չեռնոկորիային, իսկ հիւսիս-արեւմուտքէն՝ Սլովենիոյ։ Մայրաքաղաքը Զակրեպն է, որ նաեւ երկիրին քսան վարչատարածքային միաւորներէն՝ նահանգներէն մէկն է։ Խրուաթիոյ տարածքը կը կազմէ 56, 594 Քմ² է, իսկ բնակչութիւնը՝ աւելի քան 4 միլիոն մարդ։ Բնակչութեան ճնշող մեծամասնութիւնը Խրուաթներ են, որոնք կը դաւանին կաթոլիկ քրիստոնէութիւնը։

Հարաւային սլավոնները Խրուաթիոյ մերօրեայ տարածքին հաստատուած են Զ. դարուն եւ Թ. դարուն հոն ստեղծած երկու անկախ իշխանութիւններ։ 925-ին Տոմիսլավ Ա.-ի գահակալութեամբ կը սկսի երկիրին պատմութեան թագաւորական շրջանը, որ կը շարունակուի շուրջ երկու հազարամեակ։ Խրուաթիան իր հզօրութեան գագաթնակէտին կը հասնի Պետար Կրեշիմիր Դ.-ի եւ Դմիտար Զվոնիմիրի կառավարման տարիներուն, երբ խրուաթները իրենց իշխանութիւնը կը տարածեն Պալքանեան թերակղզիին ամբողջ հիւսիսային շրջաններուն վրայ։ 1102-ին Խրուաթիան դաշնային պետութեան ստեղծման մասին պայմանագիր կը կնքէ դաշնակից Հունգարիոյ թագաւորութեան հետ։ Օսմանեան բռնագրաւումներէն զերծ մնալու նպատակով երկիրին բարձրագոյն ժողովը 1527-ին Հապսպուրկի թագաւոր Ֆերտինանտ Ա.-ը կ'ընտրէ Խրուաթիոյ գահակալ։ Առաջին համաշխարհային պատերազմին ելքը կանխորոշելով՝ Հոկտեմբեր 1918-ին Զակրեպը կը հռչակուի Աւստրօ-Հունգարիոյ փաստացի անկախ սլովեններու, խրուաթներու եւ սերպերու միացեալ թագաւորութեան մայրաքաղաք։ Նոյն տարուան Դեկտեմբերին այդ տարածքներուն մէջ կը ձեւաւորուի Հարաւ-Սլավիա պետութիւնը։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին գերմանական բանակին կողմէ Հարաւ-Սլավիոյ բռնագրաւումէն ետք, Խրուաթիոյ տարածքին կը հաստատուի ամբողջատիրական վարչակարգը։ Պատերազմի աւարտէն ետք Խրուաթիոյ անկախ պետութիւնը անկում կ'ապրի եւ վերջինիս տարածքին կը հռչակուի Խրուաթիոյ Հանրապետութիւնը՝ իբրեւ Հարաւ-Սլավիոյ դաշնային բաղադրիչ։ Մերօրեայ Խրուաթիոյ անկախ պետականութիւնը ստեղծուած է 25 Յունիս 1991-ին՝ քառամեայ անկախութեան պայքարէ ետք[4][5]։

Նախապատմութիւն եւ Հնագոյն ժամանակներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Խրուաթիոյ տարածքը վաղ ժամանակներէն ի վեր բնակեցուած է հնագոյն մարդոցմով։ Հիւսիսային Խրուաթիոյ մէջ յայտնաբերուած են բրածոներ, որոնք թուագրուած են հին քարէ դարու ժամանակաշրջանին։ Խրուաթիոյ գրեթէ բոլոր երկրամասերուն մէջ յայտնաբերուած են նեոլիթի (նոր քարէ դար) եւ էնէոլիթի (պղինձէ քարէ դար) ժամանակաշրջաններու մնացորդներ, որոնց

Խրուաթական Ք.Ա.․ 2-1-ին դարու պրոնզէ հին յունական արձանիկ է։ Կը պահուի Լուվր, Փարիզ։

ճնշող մեծամասնութիւնը յայտնաբերուած է հիւսիսային Խրուաթիոյ գետնահովիտներուն մէջ։ Տարածաշրջանին քաղաքակրթութեան զարգացման վրայ ամէնէն ակնառու հետքը ձգած է Ստարչեւոյի, Վուչետոլի եւ Պատենի մշակոյթները։ Շատ աւելի ուշ տարածաշրջանին ի յայտ կու գան առաջին պետական կազմաւորումները եւ անիկա պայմանաւորուած էր Տանուպի աւազանին բնակող իլլիրիացիներու կողմէ Խրուաթիոյ տարածքին նուաճմամբ։

Ք.Ա. 9-րդ դարուն մերօրեայ Խրուաթիոյ տարածքը կը նուաճուի Հռոմէական կայսրութեան կողմէ։ Նախքան գահէն ինքնակամ հրաժարիլը Վալերիանոս Դիոկղետիանոս կայսրը կը կառուցէ մեծ թագաւորական պալատ մը։

Դարաշրջանի աւարտին՝ 7-րդ դարու առաջին տասնամեակին, կը սկսի աւարներու եւ խրուաթներու գաղթը։ Հաստատելով Ատրիաթիքի աւազանին մէջ՝ վերջիններս կը կոտորեն տեղի բնակչութիւնը եւ կ'աւերեն գրեթէ բոլոր հռոմէական քաղաքները։ Ողջ մնացածները կը հեռանան աւելի բարենպաստ հատուածներ՝ ափամերձ գօտիներ, կղզիներ, մէկ մասն ալ՝ լեռներ։ Խրուաթներու եւ աւարներու վայրագութիւններէն փրկուածները Խրուաթիոյ ծայրամասային շրջաններուն կը հիմնեն գիւղեր եւ քաղաքներ։

Միջնադարեան Ժամանակահատուած

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Խրուաթիոյ մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ գրանցուած Տուպրովնիք քաղաքին պատմական կեդրոնը։
Քորճուլան Ատրիաթիքի հնագոյն քաղաքներէն մէկն է։ Քորճուլայի պատմական կեդրոնը ներառուած է Խրուաթիոյ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ։

Ըստ Ժ. դարու Բիւզանդիոնի գահակալ Կոստանդին Ծիրանածինի «կայսրութեան կառավարման մասին» գործին մէջ՝ խրուաթները մերօրեայ Խրուաթիոյ տարածքին հաստատուած են միայն Է. դարուն։ Թ. դարուն արդէն խրուաթները Ատրիաթիք ծովու ափին կը հիմնեն երկու իշխանապետութիւններ։

Քրիստոնէական ուսմունքը խրուաթներու շրջանին տարածուած է Է. դարուն, սակայն խրուաթները քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն կ'ընդունին միայն Թ. դարուն։ Առաջին զտարիւն խրուաթ գահակալը, որուն իշխանութիւնը ընդունուած է Հռոմի Պապին կողմէ, եղած է Պրանիմիրը։ 925-ին Հռոմի պապ Յովհաննէս Ժ.-ի օրհնութեամբ Տոմիսլավ իշխանը կը թագադրէ արքայական թագով՝ ստեղծելով խրուաթիոյ թագաւորութիւնը։ Ռազմի դաշտին խրուաթական հեծելազօրը պարտութեան կը մատնէ հունգարական եւ պուլկարական բանակները՝ ընդարձակելով տէրութեան սահմանները։ Միջնադարեան խրուաթեան թագաւորութիւն իր հզօրութեան գագաթնակէտին կը հասնի ԺԱ. դարուն։

ԺԶ. դարուն տարածաշրջանին կ'աշխուժանայ Օսմանեան կայսրութեան սպառնալիքն ու Վենետիկի հանրապետութեան դէմ պայքարը՝ ափամերձ տարածքներու վերահսկողութեան համար։ 1428-ին վենետիկեան նաւատորմը իր գերիշխանութիւնը կը հաստատէ ամբողջ Տալմաթիոյ մէջ (բացառութեամբ Տուպրովնիքի, ուր կը ստեղծուի ինքնավարութիւն)։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 12 // (unspecified title) — 1990.
  2. https://dzs.gov.hr/vijesti/objavljeni-konacni-rezultati-popisa-2021/1270
  3. Human Development ReportՄիավորված ազգերի կազմակերպության զարգացման ծրագիր, 2022.
  4. Igor Salopek (December 2010)։ «Krapina Neanderthal Museum as a Well of Medical Information»։ Acta Medico-Historica Adriatica (Hrvatsko znanstveno društvo za povijest zdravstvene kulture) (2): 197–202։ ISSN 1334-4366։ PMID 21682056։ արտագրուած է՝ 15 Հոկտեմբեր, 2011 
  5. Tihomila Težak-Gregl (April 2008)։ «Study of the Neolithic and Eneolithic as reflected in articles published over the 50 years of the journal Opuscula archaeologica»։ Opvscvla Archaeologica Radovi Arheološkog zavoda (University of Zagreb, Faculty of Philosophy, Archaeological Department) (1): 93–122։ ISSN 0473-0992։ արտագրուած է՝ 15 Հոկտեմբեր, 2011