Jump to content

Ֆեթհիէ Չեթին

Ֆեթհիէ Չեթին
Ծնած է 4 Մայիս 1950(1950-05-04)[1] (75 տարեկան)
Ծննդավայր Մատէն, Սեբաստիոյ Նահանգ (վիլայէթ), Օսմանեան Կայսրութիւն
Քաղաքացիութիւն  Թուրքիա
Ուսումնավայր Անկարայի համալսարան, իրավաբանության ֆակուլտետ?
Ազդուած է Հրանդ Տինք
Մասնագիտութիւն իրաւապաշտպան, գրագէտ, լրագրող և փաստաբան

Ֆեթհիէ Չեթին (4 Մայիս 1950(1950-05-04)[1], Մատէն, Սեբաստիոյ Նահանգ (վիլայէթ), Օսմանեան Կայսրութիւն), իրաւաբան, գրող եւ մարդկային իրաւանց պաշտպան[2]։

Չեթին ծնած է Խարբերդի Մատէն քաղաքին մէջ։ Աւարտած է Անգարայի համալսարանի իրաւաբանութեան բաժանմունքը։ Հիմնադիրն է «Մարդկային իրաւանց կեդրոն» կազմակերպութեան։

Մատէն քաղաքին մէջ մեծնալով՝ Ֆեթհիէ Չեթինը որեւէ պատճառ չունէր կասկածելու, թէ ինք թրքական մահմետական արմատներէ այլ բան ունի, մինչեւ որ իր մօր կողմի մեծ մայրը՝ Սէհէրը, իրեն յայտնեց, որ իր իսկական անունը Սէհէր չէ. ծնունդով ինք Հայ Քրիստոնեայ մըն էր, որուն անունն էր Հերանուշ Գատարեան։

Հերանուշը ծնած էր Յովհաննէս եւ Իսկուհի Գատարեաններու զաւակը, եւ առնուած էր իր մօր գիրկէն Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին տեղի ունեցած մահուան երթի մը ընթացքին։

Այս ժառանգութիւնը ոգեշնչեց Չեթինի առաջին գիրքը, որ յուշագրութիւն մըն էր եւ հրատարակուեցաւ 2004 թուականին՝ «Մեծ Մայրս. Հայ Թրքական Յուշագրութիւն» (My Grandmother: An Armenian Turkish Memoir) վերնագրով։

Յուշագրութիւնը կը հետեւի Հերանուշի կեանքին՝ իր թոռնուհիի աչքերով, Չեթինի մանկութեան յիշատակներէն մինչեւ Հայոց Ցեղասպանութեան սարսափելի իրադարձութիւնները, զորս մեծ մայրը իրեն յայտնեց որպէս չափահասի։

Չեթին յայտնաբերեց, որ Հերանուշի գիւղի բոլոր տղամարդիկը կոտորուած էին 1915 թուականին, իսկ կիներն ու զաւակները ստիպուած էին աքսորի երթալ, բազում մղոններ քալելով թուրք զինուորներու հետ, որոնք պատրաստ էին վերցնելու ետ մնացողները։

Այս երկար երթին ընթացքին Հերանուշը առնուած էր իր մօր գիրկէն եւ որդեգրուած էր թուրք ժանտարմայի մը կողմէ։ Այս որդեգրումէն էր, որ Չեթինի մեծ մայրը ընդունեց Սէհէրի ինքնութիւնը, այն գոհունակ, մահմետական տնային տիկինին անձնաւորութիւնը, որ մեծցուց Չեթինին։

Մեծ մօրը փորձառութիւնները սկիզբ տուին Հերանուշի ընտանիքին որոնումներուն, որոնք փախած էին Նիւ Եորք։ «Մեծ Մայրս» գիրքը կ'ուսումնասիրէ մեծ մօր եւ թոռնուհիի միջեւ ստեղծուած կապը՝ յայտնութեան ժամանակէն մինչեւ Հերանուշի մահը։

The Independent թերթը կը նկարագրէ գիրքը որպէս «Գրաւիչ եւ մտածել տուող... Պարզ ու նրբագեղ... Այս յուզիչ վկայութիւնը կը գերազանցէ քաղաքականութիւնը եւ հայկական ողբերգութիւնը կեանքի կը կոչէ նրբանկատութեամբ, ինչպէս նաեւ տրտմութեամբ»։

Ազդեցութիւնը Թուրքիոյ Մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Մեծ Մայրս» գիրքը, որ Անգլերէնի թարգմանուած է Մորին Ֆրիլիի կողմէ, դարձած է պահանջուած ընթերցանութեան նիւթ Թուրքիոյ բարձրագոյն կրթութեան որոշ առաջադիմական հաստատութիւններու մէջ, ինչպէս՝ Սապանճը Համալսարանը։

Today's Zaman թերթի համար գիրքը վերաքննող Հիւ Փոփը կը բնութագրէ զայն որպէս «Թուրքիոյ մէջ միտումի մը մասը, որ կը զբաղի ժխտման, ազգայնականութեան եւ քաղաքական հետեւանքներու մտավախութիւններու պատմութեամբ», կապուած «կորսուած հայերուն» հետ։

Որպէս իրաւաբան՝ Չեթինը ներկայացուցած է սպաննուած Թուրք-Հայ թերթի խմբագիր Հրանդ Տինքի ընտանիքը։

2010 թուականի Սեպտեմբերին Ֆեթհիէ Չեթին այցելեց Աւստրալիա որպէս հրաւիրեալ հիւր՝ Սիտնիի գրախանութներէն մէկուն մէջ իր «Մեծ Մայրս» յուշագրութեան մասին հանրային քննարկումի մը համար։ Ան նաեւ մեկնեցաւ Մելպուռն՝ որպէս հրաւիրեալ հիւր՝ Մելպուռնի Գրողներու Փառատօնին։

Հրատարակած է․

  • «Մեծ մայրս»,
  • «Թոռներ»
  • «Ամօթ կը զգամ. Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութիւնը»։

Չեթին ճանաչում գտած է 2004-ին, «Մեծ Մայրս» (թրք.՝ Anneannem) անուանմամբ ինքնակենսագրական վիպակին հրատարակումէն ետք։ Վիպակը կը պատմէ Ֆեթհիէին մեծ մօր՝ Հրանուշի մասին, որ մազապուրծ լինելով 1915 թուականի Եղեռնէն եւ շարունակած էր իբրեւ իսլամ` Սեհեր անունով[2]։

Չեթին 19 տարեկանին միայն իմացած է իր հայկական արմատներուն մասին[4]։

  • Ամերիկայի հայ ազգային կոմիտէի «Ազատութեան մրցանակ», 2015[5]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1 2 Babelio — 2007.
  2. 1 2 «Բոլորին Գիտցած «Գաղտնիք»-ը` Իսլամացած Հայերը»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2015-12-18։ արտագրուած է՝ 2022-02-25
  3. (անգլերեն) Fethiye Çetin, 2025-08-13, https://en.wikipedia.org/w/index.php?title=Fethiye_%C3%87etin&oldid=1305654434, վերցված է 2025-11-29
  4. «Հրանդ Տինքի դատի փաստաբան Ֆեթհիէ Չեթին այցելեց «Հորիզոն»ի խմբագրատուն»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2022-02-25-ին։ արտագրուած է՝ 2022-02-25
  5. Contributor Guest (2015-09-03)։ «Fethiye Cetin to Receive Freedom Award at 9th Annual ANCA Eastern Region Banquet»։ The Armenian Weekly (անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2022-02-25

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]