Օձին Ստուերը (վէպ)
Օձին Ստուերը կամ Օձին Շուքը (Արաբերէն՝ ظل الأفعى) Եգիպտացի վիպասան, փիլիսոփայ, Արաբագէտ, Իսլամագէտ, հրապարակախօս, յօդուածագիր, ուսուցչապետ (փրոֆէսօր), դասախօս Եուսէֆ Զէյտան-ի անդրանիկ վէպը, հրատարակուած 2006 թուականին «Տար Ալ-Շուրուք» հրատարակչատան կողմէն։[1]
Վէպի Համապատկերը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վէպը կը պատմէ կնոջ դիրքին ու պատկերին մասին Արեւելեան մշակոյթին մէջ եւ մասնաւորապէս Արաբական մշակոյթին մէջ (եւ անոր նախորդած քաղաքակրթութեանց՝ Միջագետք, Եգիպտոս, Մեծ-Սուրիա եւն․․․)։ Վէպը կը պատմագրէ կնոջ պատկերը՝ թէ ինչպէս Սրբադասման գահին բազմելէն ետք (Սուրբ-Էգը), ցած նահանջեց իր բարձրագոյն դիրքէն եւ դասուեցաւ պղծութեանց (անսուրբերուն) շարքին։ Վէպը նպատակ չունի նուաստացնել կամ թերագնահատել իրար յաջորդած վերոյիշեալ քաղաքակրթութեանց (որոնք երբեմն կը կոչուին Սեմական, եւ ոմանք կը տեսնեն թէ աւելի ճիշդ է որ Ափրոասիական կոչուին) կարեւորութիւնը, այլ կը ներկայացնէ թէ ինչպէ՞ս արատաւուեցաւ կինը, եւ կը խրախուսէ որ մարդը վերաբացայայտէ ինքն իրեն, եւ շտկէ իր մտապատկերը մարդկային բնութեան (մարդեղելութեան) մասին, եւ ուղղէ կնոջ կերպարանքը։[2]
Մէջբերումներ Վէպէն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Մայրութիւնը բնազդ է، իսկ հայրութւնը մշակոյթ։ Մայրութիւնը ստուգութիւն է, իսկ հայրութիւնը հաւանականութիւն է (կարելի բայց ոչ ստոյգ)։ Մայրութիւնը արմատական է կնոջ մէջ, իսկ հայրութիւնը ձեռքբերուած ճիւղ։
Տե՛ս Նաեւ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Եուսուֆ Զէյտան
- Մուհալ (Վէպ)
- Կուանթանամո (Վէպ)
- Նուր (Վէպ)
- Թահա Հուսէյն
- Նախա-Իսլամական Բանաստեղծութեան Մասին
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ عرض لرواية ظل الأفعى من موقع يوسف زيدان Հրատարակուած 1 Յունուար 2006 Archived 2016-10-25 at the Wayback Machine.
- ↑ Օձին Ստուերը / ظل الأفعىԵուսէֆ Զէյտան/يوسف زيدان goodreads.com