Նուր (Եուսէֆ Զէյտան)
Նուր կամ Նու՜ր (Արաբերէն՝ نور) Եգիպտացի վիպասան, իմաստասէր (փիլիսոփայ), Արաբագէտ, Իսլամագէտ, հրապարակախօս, յօդուածագիր, ուսուցչապետ (փրոֆէսօր), դասախօս Եուսէֆ Զէյտան-ի {«Մուհալ», «Կուանթանամո», «Նուր»} եռաբանութեան վերջին եւ աւարտական վէպն է, եւ ընդհանուր արմամբ իր հինգերորդ գեղարուեստական գործը՝ «Օձին ստուէրը» (Արաբերէն՝ ظلّ الأفعى, Զիլլ Ուլ-Աֆաա), «Ազազել» կամ «Ազազիլ» (Արաբերէն՝ عزازيل), Նապաթեացին (Արաբերէն՝ النبطي), «Մուհալ» (Արաբերէն՝ مُحال), «Կուանթանամո» (Արաբերէն՝ جوانتانامو, կարգ մը երկիրներու մէջ կը գրուի՝غوانتانامو)-էն ետք։[1]
Համաբնագիր (քոնեքսթ)
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Նուր» վէպի դէպքերու ընթացքին, Եուսուֆ (Արաբերէնի գրաբարով այսպէս կը հնչուի, ի տարբերութիւն խօսակցականի՝ «Եուսէֆ Զիտան» տարբերակին) Զէյտանը կը պնդէ թափանցել եւ ուսումնասիրել կիներուն ալուցքերն ու խորքերը։ Վէպին դէպքերը կը դառնան մէկ կերպարի ուղեծիրին մէջ, որ ընթերցողին կը պատմէ ու կը վիպէ, իր տեսակէտը եւ մնացած իրեն շրջապատող կերպարներուն հետ իր փոխյարաբերութեան արդիւնքը։ Այստեղ չկան ուրիշ զուգահեռ իրար հետ միջահատուող, եւ գլխաւոր հետ հիւսուող պատմութիւններ, այլ բոլորը հերոսէն ճիւղաւորուող եւ դարձեալ անոր վերադարցող թելեր են։[1]
Ուրուագիծ (համառօտ նկարագրութիւն)
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գիրքը Եուսուֆ Զէյտանի ամէնանշանաւոր վէպերէն կամ անգամ գործերէն է:[2]
Կանգառ մը անցեալի յուշերուն վրան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Նուր»-ը մենաթատերգութիւններու (մոնոտրամա) շարքէն կը դասուի, այստեղ պատմասանը «Նուրա» կերպարն է (Արաբերէն՝ نورا), վէպի հերոսուհին, որուն ընթերցողը առաչին անգամ կը հանդիպի ու կը ծանօթանայ եռաաբանութեան նախորդ երկու վէպերուն մէջ, ուր Աղեքսանդրիացի ցնծալի, վառվռուն եւ ազատաբարոյ համալսարանական աղջիկ մըն էր։ Իսկ «Նուր» վէպին մէջ, գրողը զանոր կը վերաներկայացնէ ընթերցողին երբ արդէն մայրացած էր՝ «Նուր» անունով աղջնակի մը։ Նուրան կը պատմէ անցեալի իր յիշատակներու մասին, եւ այն ժամանակներուն մասին որ անցուց Մուհամմատ կոչուած երիտասարդին հետ, երբ կը սիրահարուի անոր հետ եւ անոր կը նուիրէ իր ունեցածներէն ամէնաթանկարժէք բանը։ [1][2]
Արաբ Կնոջ Տառապանքը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վէպին մէջ Եուսուֆ Զէյտանը նաեւ վեր կը բերէ կնոջ տառապանքները Արաբական հասարակութեանց մէջ ընդհանուր արմամբ, եւ Եգիպտական հասարակութեան մէջ մասնաւոր առմամբ։ Քանզի այս ընկերութեանց մէջ կինը իր շրջապատին գերին կը մնայ, այն շրջապատը որ անոր կը ձեւաւորէ ինչպէս որ կը կամենայ, եւ անոր կը դարձնէ դիւրամատչելի որս մը տղամարդոց հեշտանքներուն եւ նայուածքներուն։ Այստէղ Զէյտան նաեւ կը ներկայացնէ թէ ինչպէս կինը կը մնայ իր վրան մշտապէս ծախսող անձին պատանդը։[2]
Եռաբանութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Եուսէֆ Զիտանը կը խօսի իր եռաբանութեան (Արաբերէն՝ ثلاثيّة), (Անգլերէն՝ Trilogy) մասին, արուեստական եւ գրական պատճառներուն մասին որոնք մղեցին իրեն որ եռաբանութեան ձեւով գրէ այս վէպերը ու կ՚ըսէ․ «Գրական ստեղծագործութեանց ձեւը, այն գործիքներէն մէկն է, զոր կը գործածէ հեղինակը, որպէսզի աւանդէ յարմար բնագիր մը, այն ինչով որ կ՚ուզէ ըսել։ Ոչ միայն վիպական քերթողութեան մէջ, այլ մնացած բոլոր ստեղծագործական ձեւերուն եւ գրական գործերուն մէջ»։ Եուսէֆ Զէյտանի եռաբանութեան մէջ չկան իրար յաջորդող սերունդներ, ոչ ալ ընթարձակ ժամանակաշրջան մը, այլ անոր դէպքերը կը տարածուին ինիսուկաններու սկիզբէն մինչեւ այժմու հազարամեակի (ԻԱ /21-րդ դար) սկիզբները։[3]
Տե՛ս Նաեւ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Եուսուֆ Զէյտան։
- Կուանթանամո (Վէպ)։
- Մուհալ (Վէպ)։
- Թահա Հուսէյն։
- Նախա-Իսլամական Բանաստեղծութեան Մասին։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ 1,0 1,1 1,2 Goodreads-Կուտրիտզ / نور - Նուր / Եուսէֆ Զէյտան/يوسف زيدان goodreads.com
- ↑ 2,0 2,1 2,2 نبذة عن رواية نور ليوسف زيدان - تمام طعمة - موقع موضوعԱկնարկ մը Եուսուֆ Զէյտանի Նուր վէպին վրայ - Թամամ Թաամէհ - Մօուտուը կայքէջ
- ↑ أقلام الهند - Աքլամ Ալ-Հինտ يوسف زيدان وثلاثيته: دراسة تحليلية - Եուսէֆ Զէյտանն ու իր Եռաբանութիւնը՝ Վերլուծական Ուսումնասիրութիւն محمّد شفيع الزمان - Մուհամմատ Շաֆիի Ուլ-Զաման