Jump to content

Քրտինք

Քրտինքի կաթիլներ

Քրտինք, կ'արտադրուի ենթամորթին մէջ քրտնաբեր գեղձերու կողմէ եւ կ'արտաթորուի մորթէն դուրս դէպի մորթին մակերեսը[1]:

Քրտնաբեր գեղձերը կը ղեկավարուին ինգնագործ ջղային դրութեան կողմէ (autonomus nervous system):

Քրտինքը կազմուած է ջուրէ, որ որոշ քանակութեամբ աղ կը պարունակէ: Քրտինքի միջոցով մարմինին ջուրի կորուստը կը կոչուի «գիտակցական-զգալական կորուստ» (sensible loss): Այս գիտակցական կորուստէն անկախ, մարմինը շարունակ եւ անգիտակցաբար ջուր կը կորսնցնէ հիմնականօրէն մարմինի մակերեսէն՝ մորթէն մօտաւորապէս ժամական 50 մլ.: Այս կորուստը կը կոչուի «անգիտակացական-անզգալական կորուստ» (insensible loss):

Քրտինքը կ'արտադրուի շարունակ որոշ քանակութեամբ մը: Սակայն մթնոլորտային ջերմութեան բարձրացումով եւ մարմնական ֆիզիքական աշխատանքով, քրտինքին արտադրութիւնը եւ արտաթորումը կը բազմապատկուի եւ կրնայ մտահոգիչ դառնալ:

Մարմինի ջուրի կորուստը քրտինքի միջոցով կը նպաստէ մարմինի ջերմնականոնաւորման (heat regulation): Քրտինքով տեղի կ'ունենայ մարմինի ջերմատուութիւնը (heat dissipation, loss), այլ խօսքով, ջերմի կորուստ, որ կ'իրականանայ մորթին մակերեսէն քրտինքի շոգիացումով: Մէկ խօսքով՝ մարմինը կը զովանայ եւ մարմինին ջերմաստիճանը կը նուազի:

Քրտնելու Պայմաններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քրտնաբեր գեղձերը ուղեղի հրամանով գործի կը լծուին եւ կը սկսին առատ քրտինք արտադրել երբ մարմինը ջերմատուութեան պահանջ ունենայ:

Անապատի տաք եւ չոր օդի պարագային, ենթամորթին մէջ գտնուող քրտնաբեր գեղձերը առատ քրտինք կ'արտադրեն, արտաթորուած քրտինքը մարմինի մակերեսէն կը շոգիանայ եւ տեղի կ'ունենայ ջերմատուութիւն:

Պաղ եղանակներուն քրտնաբեր գեղձերը նուազ քրտինք կ'արտադրեն, հետեւաբար մարմինի ջուրի ու ջերմի կորուստ չի պատահիր:

Քրտինքի արտադրութեան քանակը կը տարուբերի զանազան պայմաններու բերումով:

Պէտք է արձանագրել անապատի 100 ֆերընհայթ աստիճան տաքութեան ենթակայ ըլլալու եւ տարբեր պայմաններու բերումով քրտինքի արտադրութեան աստիճանական նուազումը՝ առաւելագոյնէն նուազագոյնը.

  1. Առաւելագոյն՝ Մերկ արեւու տակ քալել,
  2. Հագուստով քալել արեւուն տակ, շալկելով 15 քկ. ծանրութիւն,
  3. Հագուստով քալել արեւուն տակ,
  4. Մերկ արեւուն տակ նստիլ,
  5. Հագուստով արեւուն տակ գետինը պառկիլ,
  6. Հագուստով քալել գիշերը,
  7. Հագուստով նստիլ արեւուն տակ,
  8. Հագուստով նստիլ շուքին,
  9. Նուազագոյն՝ Հագուստով նստիլ գիշերը:

Քրտնաբեր գեղձերը երկու տեսակ են.

Մակերեսային գեղձերը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քրտնաբեր գեղձեր, որոնք կը գտնուին ամբողջ մարմինի մակերեսին վրայ։ Այս գեղձերը կը գործեն ծնունդէն անմիջապէս ետք եւ քրտինք կ'արտադրեն, որ ամբողջութեամբ կազմուած է առանց հոտի ջուրէ: Այս քրտնաբեր գեղձերն են, որոնք ունին շատ կարեւոր դերակատարութիւն մարմինի ջերմութեան կարգաւորման աշխատանքին մէջ, մանաւանդ՝ մթնոլորտային բարձր ջերմութեան եւ ծանր մարմնամարզանքի ընթացքին:

Հիւնադագին երեւոյթներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քրտնաբեր գեղձերու այս խմբաւորումը կը յայտնուի հետեւեալ հիւանդագին երեւոյթներով՝

Գերքրտնութիւն (hyperhydrosis)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս պարագան կը յատկանշուի բնականէն աւելի քրտինքի արտադրութեամբ: Գերքրտնութիւնը կը յայտնուի երկու ձեւերով՝

Տեղայնական (localized) գերքրտնութիւն, որ կը տեսնուի մարմինի որոշ բաժիններուն վրայ, մասնաւորաբար՝ ափերուն, անութներուն (axilla) եւ ներբաններուն վրայ։ Անիկա կը պատահի առաւելաբար՝ ճնշուածութենէ, յուզական եւ զգացական խանգարումներէ եւ վախէ տառապող անհատներու մօտ:

Շրթունքներու եւ բերանի շուրջը պատահած գերքրտնութիւնը կը կոչուի քիմքային գերքրտնութիւն (gustatory hyperhydrosis): Անիկա կը պատահի համեմներով հարուստ եւ տաք կերակուրներ ուտելու ընթացքին:

Համայնական (generalized) գերքրտնութիւն, որ կը տեսնուի ամբողջ մարմինին վրայ եւ կը պատահի առանց գերաշխատանքի եւ մարմնամարզանքի:

Անոր բուն ախտապատճառը տակաւին յստակ չէ: Սակայն հետեւեալ հիւանդագին երեւոյթները նկատուած են իբրեւ հաւանական ախտապատճառներ՝

Խլիրդ (քաղցկեղ), մարմնական բորբոքումներ, գերվահանագեղձութիւն, շաքարի նուազում, մակուղեղի (pituitary gland) գերաշխատանք, յղութիւն, դաշտանադադար, աւշագեղձերու ուռ (lymphoma), սպիտակարիւնութիւն (leukemia), սիրտի ներքին պատեանի բորբոքում (endocarditis) եւ կարգ մը դեղեր:

Համայնական գերքրտնութիւնը կը դարմանուի հետեւեալ միջոցառումներով՝

  • Հիմնական հիւանդութեան դարմանում, ախտաճանաչումը տեղի ունենալէն ետք,
  • Քրտնաբեր գեղձերու վիրահատում,
  • Կիրարկել կողմնակի եւ երկրորդական դարմանամիջոցներ՝ յաճախակի պաղ ջուրով լոգանք, յատուկ օծանելիքներու գործածութիւն, տաք միջավայրէ հեռու մնալ, զովացուցիչ կազմածներու գործածութիւն:

Սակաւաքրտնութիւն (hypo-hydrosis)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս պարագային քրտնաբեր գեղձերը բնականէն նուազ քրտինք կ'արտադրեն: Այս երեւոյթը ընդհանրապէս տեղայնական է, այսինքն՝ անիկա մարմինի մէկ բաժինին մէջ կը պատահի: Սակաւաքրտնութեան դրդապատճառներն են՝

  • Տեղայնական մորթի վնաս-հարուած (trauma).
  • Շողարձակում,
  • Գեղձերու հիւծում (atrophy), որ կը պատահի մորթային կարգ մը հիւանդութիւներու պարագային՝ պնդամորթութիւն (scleroderma),
  • Որոշ դեղերու գործածութիւն,
  • Շաքարախտաւորներու մօտ ջղախտութեան (neuropathy) զարգացումով:

Քրտնախաշ (miliaria)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քրտնախաշի պարագային քրտինք կ'արտադրուի, բայց քրտինքի հոսքը դէպի մարմինի մակերեսը տեղի չ'ունենար քրտնաբեր գեղձերու խողովակներուն խցումով եւ անիկա կը մնայ մորթին մէջ։ Այս հիւանդութիւնը կը յատկանշուի մորթային փշտիկներու յայտնաբերումով, որ կը յառաջանայ առաւելաբար տաք եւ խոնաւ միջավայրի մէջ ապրելով եւ կամ հաստ հագուստներ հագնելով:

Քրտնախաշի դարմանումը տեղի կ'ունենայ հետեւեալ միջոցառումներով՝

  • Հեռու մնալ տաք միջավայրերէ,
  • Զով պահել մորթը, զովացուցիչ կազմածներ գործածել,
  • Յաճախակի լոգանք՝ պաղ ջուրով,
  • Լոգանքէն ետք լաւ չորցնել մարմինը,

Արգելք հանդիսանալ աւելորդ քրտինք ունենալուն:

Որոշ-Վայրերու Գեղձերը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քրտնաբեր գեղձեր, որոնք կը գտնուին մարմինի որոշ վայրերու մէջ միայն: Այս վայրերն են՝ անութները, կրծքապտուկներու շրջապատը (areola), սեռային արտաքին օրկանները եւ ականջացնցուղները: Քրտնաբեր գեղձերը այս վայրերուն մէջ կ'աշխուժանան եւ կը սկսին գործել արբունքի շրջանին ու կ'արտադրեն իւղոտ, կպչուն, թանձր եւ բուրող քրտինք: Կը կարծուի որ այս հեղուկին հոտը սեռային գրգռութիւն կը յառաջացնէ:

Քրտնաբեր գեղձերու այս խմբաւորումը կը յայտնուի երկու հիւանդագին երեւոյթներով՝

Պրոմհայտրոսիս (Bromhidrosis)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս հիւանդութեան պարագային ենթական կ'ունենայ անբնական մորթի հոտ մը, որ հետեւանքն է քրտնաբեր գեղձերու արտադրութեան կազմալուծումին եւ բորբոքումին կարգ մը ցպիկներու ներկայութեամբ:

Հիտրատինայթիս (Hidradenitis)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անիկա քրտնաբեր գեղձերու թարախոտ եւ երկարատեւ բորբոքումն է, որ կը յատկանշուի ցաւով, անհաճոյ հոտով եւ մորթի մակերեսին վրայ յայտնուած թարախոտ եւ ուռած փշտիկներով:

Այս երկու հիւանդութիւնները կը դարմանուին հակամանրէական դեղերով:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Mosher HH (1933)։ «Simultaneous Study of Constituents of Urine and Perspiration»։ The Journal of Biological Chemistry 99 (3): 781–790։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-09-18-ին։ արտագրուած է՝ 2016-04-26