Ողնայարի Կողմնածռութիւն
Ողնայարի Կողմնածռութիւն, հին յունարէնով «scoliosis» կը նշանակէ շեղութիւն կամ ծռութիւն։ Ողնայարի կողմնածռութիւնը-ողնկողմնածռութիւնը հիւանդութիւն մըն է, որ կ'ընդգրկէ նեարդամկանակմախքային համակարգը (neuromusculskeletal): Անոր հետեւանքով տեղի կ'ունենայ ողնայարի յարաճուն (progressive) կորութիւն եւ ոլորում։ Ողնայարը կը ստանայ երեք ուղղութեամբ անբնական երեւոյթ, այլ խօսքով՝ պարուրաձեւութին (helical): Յաճախ ողնայարը կը նկարագրուի որպէս գալարաձեւ եւ պարուրաձեւ սանդուղ (spiral stairs): Ողնկողմնածռութիւնը տեղի կ'ունենայ մէկէ աւելի ողնոսկրներու (vertebrae) հաւաքական ծռութեամբ։ Ան տեսնուած երեւոյթ մըն է բոլոր տարիքներու մէջ, առանց սեռի խտրութեան, բայց առաւելաբար աղջիկներու մօտ։
Ողնկողմնածռութիւնը կը յայտնուի տարբեր ժամանակաշրջաններու մէջ, այսպէս՝ մանուկներու մօտ երեք տարեկանէն առաջ, երեխաներու՝ 4-10 տարիքին, պատանիներու՝ արբունքի սկզբնաւորութեան եւ երիտասարդութեան ընթացքին։ Անիկա առաւելաբար կը յայտնուի 10-16 տարեկան պատանիներու մօտ, որոնց 60-80 տոկոսը կ'ըլլան աղջիկներ։
Յաւելեալ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ողնկողմնածռութիւնը կը յառաջանայ երեք ախտապատճառեալ ձեւերով.
- Ժառանգական-ծինային (hereditary-genetic) պատճառներ, որոնց հետեւանքով ողնկողմնածռութիւնը կը յայտնուի ծնունդէն անմիջապէս ետք, այսինք՝ որպէս ընդոծին (congenital) երեւոյթ։
- Երկրորդական հիւանդութիւններու եւ ախտապատճառներու հետեւանքով։ Այս հիւանդութիւններէն կարեւորագոյններն են՝ ուղեղային անդամալուծութիւն, նեարդամկանայն հիւծում (atrophy), ողնայարի ֆիզիքական հարուած-վնաս, ողնայարի ոսկրային ուռ, ողնայարի վիրահատում, ոսկրափխրում եւ կարգ մը համախտանիշներու (syndromes) արտայայտութիւն։
- Ինքնախտային (idiopathic) ձեւով, այսինքն անյայտ պատճառներով։
Ողնկողմնածռութեան պարագաներուն 65 տոկոսը կը պատահի անորոշ պատճառներով, 15-25 տոկոսը՝ ընդոծին ձեւով եւ 10 տոկոսը՝ երկրորդական պատճառներով։
Ախտանշաններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ողնկողմնածռութեան ախտանշաններն են.
- Մարմինի տձեւութիւն (deformity).
- Ողնայարի ծռութիւն դէպի աջ կամ ձախ, դէպի առաջ կամ ետ.
- Անհամաչափ ուսեր եւ կողոսկրներ (ribs).
- Միակողմանի ցցուն ուս եւ կողոսկրներ.
- Անհաւասար կոնքեր, բազուկներ եւ սրունքներ.
- Անհամադաս մկանային կազմուածք ողնայարին երկու կողմերը.
- Կռնակի եւ կուրծքի մկաններու տկարութիւն եւ պրկուածութիւն.
- Մորթային որոշ անբնական երեւոյթներ։
Ողնայարի լանջային (thoracic) բաժինի կորնթարդ (convex) ծռութիւնը դէպի աջ կը յառաջացնէ աջ ուսի ցցուածութիւն-բարձրացում։ Իսկ գօտկային (lumbar) բաժինի կորնթարդ ծռութիւնը դէպի ձախ կը յառաջացնէ նոյնպէս աջ ուսի ցցուածութիւն։
Ողնկողմնածռութենէ տառապող անհատները կռնակի եւ սրունքներու առաւել ցաւ կ'ունենան, քան առողջ անհատներ։
Յառաջացած կողմնածռութենէ տառապող անհատը կրնայ ունենալ որոշ բարդութիւններ, յատկապէս՝ շնչահեղձութիւն թոքերու ճնշումով, թոքերու ծաւալի նուազում, սիրտի ճնշուածութիւն եւ մարմնական շարժումներու սահմանափակում։ Այս բոլորը կը պատահին, որովհետեւ ողնայարի կորնթարդ ծռութիւնը ճնշում կը բանեցնէ թոքերուն, սիրտին եւ կրծքավանդակի մկաններուն վրայ եւ արգելք կը հանդիսանայ անոնց ազատ եւ բնական կծկումներուն եւ աշխատանքին։
Ողնկողմնածռութեան ախտաճանաչումը կը կատարուի ընդհանրապէս առաջին անգամ ծնողքին կողմէ։ Անոնք կը նշմարեն իրենց զաւակին մարմինի անբնական դիրքորոշումը, կուզութիւնը եւ ուսի ցցուածութիւնը, մանաւանդ երբ ան կը ծռի դէպի առաջ։ Մանկաբոյժը երկրորդ անձն է, որ իր բժշկական քննութեան ընթացքին կը նշմարէ մանուկի մը մարմինի անբնական կազմուածքը, անհամադասութիւնը եւ ողնկողմնածռութիւնը։ Վերջնական եւ ամբողջական ախտաճանաչումը կը կատարուի մասնագէտ բժիշկի մը կողմէ։ Ան կը կատարէ մարմնական ընդհանուր քննութիւն, նեարդամկանային համակարգի քննութիւն եւ ողնայարի ամբողջական Ք ճառագայթային նկարում, ներառեալ՝ համակարգչային շերտագրական (CT scan) եւ մակնիսարձագանգային (MRI) նկարումներ։
Տե՛ս Նաեւ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աղբիւր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Asbarez» օրաթերթ, Յօդուածներ, դտկ. Կարպիս Հարպոյեան, 30 Յունուար 2015: