Ականջային Արիւնահոսութիւն

Ականջային արիւնահոսութիւն, ըսելով կը հասկնանք այն արիւնահոսութիւնը, որ յայտնուելէ ետք արտաքին ականջին մէջ կ'ուղղուի ականջէն դուրս։ Ականջի արիւնահոսութիւնը կրնայ ըլլալ պարզ երեւոյթ մը եւ կամ ազդանշանը ականջային որոշ մտահոգիչ եւ բարդ հիւանդութեան մը։ Ականջի արիւնահոսութեան հիմնական սկզբնաղբիւրներն են՝ ականջի արտաքին, միջին եւ ներքին բաժինները։

Յաւելեալ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ականջային արիւնահոսութիւնը կը յառաջանայ ականջային, ուղեղային եւ գանկային հետեւեալ հիւանդութիւններով եւ պատճառներով.

  • Գանկային արտաքին հարուած.

Գանկային արտաքին հարուածով ականջի երեք բաժիններուն մէջ կրնան յառաջանալ ոսկրային կոտրուածքներ, որոնք կը վնասեն տեղայնական երակները եւ զարկերակները ու կը յառաջացնեն արիւնահոսութիւն։ Ականջի երեք բաժիններու ոսկրային կոտրուածքով արիւնահոսութեան հետ միատեղ կրնան զարգանալ հետեւեալ ախտանշանները՝

  1. Ականջի թմբկաթաղանթի (ear drum) պատռուածք.
  2. Լսողական տկարութիւն.
  3. Գլխապտոյտ, գլխացաւ.
  4. Ականջաբզզիւն (tinnitus).
  5. Դէմքի անդամալուծութիւն։

Ոսկրային կոտրուածքներու տարողութեան եւ վայրին համաձայն վերոյիշեալ ախտանշանները կրնան զարգանալ առանձնաբար, մասնակի եւ կամ ամբողջապէս։

  • Ներքին ականջին մօտ զարգացող ուղեղային ուռեր.

Այս ուռերը կը մաշեցնեն գանկի ոսկրային պատը եւ ներքին ականջի խլնաթաղանթը ու կը յառաջացնեն արիւնահոսութիւն։

  • Ներքին ականջի ախտաբանական երեւոյթներ.
  1. Ոսկրային կոտրուածք գանկային արտաքին հարուածի հետեւանքով.
  2. Վատորակ ուռեր.
  3. Անբնական երակազարկերակային հանգոյցներ (A-V fistula)։

Ախտանշաններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Ներքին ականջի արիւնահոսութեան ընդհանրապէս կ'ուղեկցին հետեւեալ ախտանշանները.
  1. Լսողութեան տկարացում.
  2. Ականջաբզզիւն.
  3. Գլխապտոյտ, գլխացաւ։
  • Միջին ականջի ախտաբանական երեւոյթներ.
  1. Սուր եւ մնայուն բորբոքումներ.
  2. Լաւորակ ուռեր, օրինակ՝ փոլիփներ (polyps).
  3. Վատորակ ուռեր՝ քաղձկեղ.
  4. Անօթային ուռեր (hemangioma, glomus tympanicum).
  5. Անբնական երակազարկերակային հանգոյցներ.
  6. Միջին ականջի գերճնշում, որ կը յառաջանայ հետեւեալ պատճառներով.
  • Լեռ մագլցիլ կամ արագ վայրէջք կատարել.
  • Օդանաւային ճամբորդութիւն.
  • Աւազանի կամ ծովու մէջ սուզուիլ.
  • Սուր բորբբոքում։
  • Մարմնական ընդհանուր արիւնահոսային հիւանդութիւններ, օրինակ՝ սպիտակարիւնութիւն (leukemia) եւ ժառանգական արիւնահոսային հիւանդութիւն (hemophilia).

Միջին ականջի արիւնահոսումին կ'ուղեկցին ընդհանրապէս հետեւեալ ախտանշանները.

  1. Լսողութեան տկարութիւն.
  2. Ականջաբզզիւն.
  3. Գլխացաւ եւ գլխապտոյտ.
  4. Թմբկաթաղանթի վնասպատռուածք։
  • Արտաքին ականջի ախտաբանական երեւոյթներ.
  1. Սուր եւ մնայուն բորբոքումներ.
  2. Մորթային որոշ հիւանդութիւններ.
  3. Լաւորակ ուռեր, օրինակ՝ փոլիփներ.
  4. Վատորակ ուռեր՝ քաղցկեղ.
  5. Ականջացնցուղին (external ear canal) մէջ զետեղուած սրածայր օտար մարմիններ, որոնք կը վիրաւորեն արտաքին ականջի մորթը.
  6. Ականջացնցուղի վիրաւորում ականջացնցուղը մաքրելու ընթացքին.

Անիկա ամէնէն յաճախակի պատճառն է ականջի արիւնահոսութեան։ Մեզմէ շատեր յաճախ կը փորձեն մաքրել իրենց ականջացնցուղը զանազան միջոցներով, որոնք կը գրգռեն եւ կը վիրաւորեն ականջացնցուղին մորթը եւ ականջաթմբուկը։

  1. Անօթային ուռեր.
  2. Անբնական երակազարկերակային հանգոյցներ.
  3. Արտաքին որեւէ տեսակի հարուած.
  4. Մարմնական ընդհանուր արիւնահոսային հիւանդութիւններ։
  • Արտաքին ականջի արիւնահոսութեան կ'ուղեկցին ընդհանրապէս հետեւեալ ախտանշանները.
  1. Լսողութեան տկարացում.
  2. Ականջաբզզիւն.
  3. Թմբկաթաղանթի պատռուածք։

Ներքին եւ միջին ականջի արիւնահոսութեամբ ականջի թմբկաթաղանթը ճնշումի կ'ենթարկուի եւ կը ծակի։ Իսկ կուտակուած արիւնը կ'ուղղուի դէպի արտաքին ականջացնցուղ, ապա՝ դուրս։

Ախտաճանաչում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Ականջային արիւնահոսութեան պատճառին ախտաճանաչումը խիստ կարեւոր է։ Անիկա կը կատարուի հետեւեալ գործընթացով.
  1. Ականջադիտակով արտաքին ականջի բժշկական քննութիւն.
  2. Միջին եւ ներքին ականջի, ինչպէս նաեւ գանկի եւ ուղեղի զանազան տեսակի նկարահանումներ.
  3. Ներքին ականջի եւ ուղեղի զարկերակային գունաւոր նկարահանումներ (angeography).
  4. Արեան որոշ քննութիւններ։

Դարման[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ականջային արիւնահոսութեան դարմանումը կախեալ է ախտաճանաչուած ախտապատճառէն։

Միջին եւ ներքին ականջի, ինչպէս նաեւ գանկային ախտապատճառներով յառաջացած արիւնահոսումը կը դարմանուի վիրաբուժական միջոցառումներով։

Ինչպէս նախապէս յիշուեցաւ, ականջի արիւնահոսութեան կարեւորագոյն եւ յաճախակիօրէն տեսնուած ախտապատճառը արտաքին ականջի ֆիզիքական հարուած-վնասն է։ Հոս արիւնահոսութիւնը կը կասեցուի ականջախցանային (ear plug) ճնշումով։ Այս առնչութեամբ հետեւեալ թելադրանքները օգտաշատ են.

  1. Շատ զգուշութեամբ մաքրել ականջացնցուղը.
  2. Չմաքրել ականջացնցուղին մէջ կուտակուած չորցած կամ նորահոս արիւնը.
  3. Ուշադրիր ըլլալ, որ ջուր չմտնէ ականջացնցուղին մէջ.
  4. Շուտով դիմել մասնագէտ բժիշկին՝ ականջաբոյժին։

Աղբիւր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]