Jump to content

Քուէյթի Ազգային Վարժարան

Քուէյթի Ազգային Վարժարան, կառուցուած է Քուէյթ Ազգային Առաջնորդարանին կողմէ 1960-ին։

ՔՈՒԷՅԹԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քուէյթի մէջ 1950-1960 ական թուականներուն սկսաւ կազմուիլ փոքրաթիւ հայկական գաղութ, Պարսկաստանէն, Սուրիայէն եւ Լիբանանէն ժամանած յատկապէս աշխատանք որոնող հայ երիտասարդներով: 50-ականի վերջը եւ 60-ականի սկիզբը, այդ թիւը կը հասնի մօտաւորապէս հազար հոգիի, որոնց մէջ արդէն իսկ ամուսնացած զոյգեր կային եւ այդ պատճառով միտք կը յղանայ անհատ ազգայիններու մօտ վարժարան մը բանալու: Եւ որովհետեւ միայն հայերով դժուար պիտի ըլլար այդ ծրագիրը իրականացնել, վարժարանը կը հիմնուի, որպէս ՙԱրաբ-Հայկական վարժարան՚ անունով:

Արաբ - Հայկական վարժարանի Հիմնադիր անհատները, Տնօրէնութիւնը եւ Ուսուցչական կազմը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հիմնադիր անհատները՝ Երուանդ Թէրզեան, Յարութիւն Սահակեան, Միհրան Զաքարեան, Վարդան Գարակէօզեան, Տիգրան Մաճարեան եւ Պօղոս Յովակիմեան այդ աշխատանքը յաջողութեամբ կ՚աւարտեն եւ 20 Հոկտեմբեր 1960 թուակիր եւ թիւ 14 թուահամար պաշտօնական արտօնագրով կը հիմնեն Արաբ- Հայկական վարժարանը:

Այդ օրերու կրթական նախարար Նորին Վսեմութիւն Շէյխ Ապտալլա Ճապէրը 5000 ռուբիէ նուիրատութեամբ եւ վերոյիշեալ ազգայիններու իւրաքանչիւրին որոշ գումարի մը նուիրատութեամբ կը գնուին գոծածուած գրասեղաններ, գրատախտակներ եւ այլ անհրաժեշտ իրեր եւ կը վարձուի Սալմիէյի անապատային շրջանին մէջ իրար կից երկու արաբական տուներ, իւրաքանչիւրը երեք սենեակ եւ մէկ կառատուն ու յարակից բաժիններ (խոհանոց, բաղնիք), որոնց բակերը իրարմէ անջատող կեդրոնական պատը քանդելով կ՚ունենան մօտ 300 քառակուսի մեթր տարածութեամբ բակ մը եւ փոքր դպրոցի մը յարմարութիւններով օժտուած ուսումնական յարկ մը: Դպրոցի տնօրէն կը նշանակուի Պրն. Յարութիւն Սահակեան, որը դպրոցի արտօնագրի առնչութեամբ աշխատած էր: Տնօրէնի աշխատակիցները կ՚ըլլան քանի մը հայ տիկիններ՝ Նեկտար Յակոբեան, Նուարդ Աստուրեան, Վարդանոյշ Եումշագեան եւ քանի մը օտար ուսուցիչներ:

Դպրոցը կ՚ունենայ մանկապարտէզի չորս կարգեր՝ ծիլ, բողբոջ, կոկոն եւ ծաղիկ, ու նախակրթարանի երկու կարգեր միայն առաջին եւ երկրորդ դասարաններ, ընդամէնը երկու հարիւր տասը աշակերտ-աշակերտուհիներ, որոնցմէ հարիւր քառասունը օտար՝ փաքիստանցի, արաբ, հնդիկ, իսլամ եւ քրիստոնեայ խառն, իսկ մնացած եօթանասունը՝ հայ աշակերտներ:

Առաջին տարին դպրոցը ուսումնական մասնաւոր ծրագիր մը չէ ունեցած եւ ոչ ալ դասացուցակ: Այլ իւրաքանչիւր ուսուցչուհի իր փափաքին եւ ընտրութեամբ դասանիւթ մը տուած է: Բոլոր տուեալները ցոյց կու տան, որ այդ տարիներուն հիմնադիր անհատներուն կողմէ յղացուած ծրագիրը դպրոց մը բանալու, ունեցած է ոչ թէ հայկական կրթօճախի մը հիմնումը, որպէս նպատակ, այլ մասնաւոր ձեռնարկութիւն մը սեփական շահ ապահովող: Համենայն դէպս սխալ ծրագրումի կամ ընդհանրապէս գոյութիւն չունեցող ծրագրով սկսուած գործը մէկ տարուայ ընթացքին հսկայական բաց մը կը ստեղծէ նիւթական տեսակետէ՝ մօտաւորապէս 3750 Ք.Տ.-ի: Վարժարանը ունեցած է տնօրէն մը, վեց ուսուցիչներ, 2 վարիչ եւ 2 տնտես: Կրթաթոշակ գանձուած է 3-էն 4 Ք.Տ.:

Դպրոցը հազիւ փակուած՝ տնօրէնը անվերադարձ կը ճամբորդէ: Հիմնադիր մարմինը, որը անկախ մարմին մը եղած է ոչ հաշուետու համայնքի ղեկավար մարմնին կ՚իյնայ նիւթական ծանր պարտաւորութեան տակ եւ ճարահատ կը դիմէ աջակցութեանը՝ օրուան եկեղեցական իշխանութեան:

Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան կազմ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը, պարոնայք՝ Երուանդ Պարսումեան, Յակոբ Սողոմոնեան, Յակոբ Տէրտէրեան, Յակոբ Օհաննէսեան եւ Յովհաննէս Թորիկեան սիրով կ’ընդառաջեն դպրոցի հիմնադիր մարմնին նիւթական օժանդակութեամբ մը նախ, եւ ապա խառն ժողովով մը, որմէ կը յառաջանայ նոր հոգաբարձական կազմ մը՝ պարոնայք՝ Երուանդ Թէրզեան, Տիգրան Մաճարեան, Միհրան Զաքարեան, Մինաս Զէյթունցեան, Կարապետ

Դպրոցի Ազգայնացումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը, պարոնայք՝ Երուանդ Պարսումեան, Յակոբ Սողոմոնեան, Յակոբ Տէրտէրեան, Յակոբ Օհաննէսեան եւ Յովհաննէս Թորիկեան սիրով կ’ընդառաջեն դպրոցի հիմնադիր մարմնին նիւթական օժանդակութեամբ մը նախ, եւ ապա խառն ժողովով մը, որմէ կը յառաջանայ նոր հոգաբարձական կազմ մը՝ պարոնայք՝ Երուանդ Թէրզեան, Տիգրան Մաճարեան, Միհրան Զաքարեան, Մինաս Զէյթունցեան, Կարապետ Կարապետեան, Յարութիւն Փիլիպոսեան, Վիգէն Շաղզոյեան, Անդրանիկ Քէօֆթէճեան, Ժոզէֆ Սապպաղեան եւ Դաւիթ Թահմազեան:

Կ’որոշուի դպրոցը ազգայնացնել եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ առաքուելիք նոր հոգեւոր հովիւը կը նշանակեն տնօրէն:

1961-1962 տարեշրջանին կը վերաբացուի դպրոցը՝ կքած նիւթական ծանր բեռան տակ: Հոգաբարձութեան կարգադրութեամբ արձանագրութիւնները կը կատարէ Տիկ. Վարդանոյշ Եումշագեան՝ նախորդ տարուան պայմաններով: Ուսուցչական կազմին վրայ կու գան աւելնալու Մանկապարտէզպանուհի Տիկ. Վէրգին Կարապետեան, օրիորդներ՝ Պարտագճեան եւ Իրլանտուհի մը, որպէս անգլերէնի ուսուցչուհի: Աշակերտութեան թիւը զգալիօրէն կը նուազի 120 աշակերտի՝ փոխան նախորդ տարուայ 210-ի:

Այս դժուարին կացութեան մէջ, 28 Դեկտեմբեր 1961-ին, կը ժամանէ երիտասարդ նոր ընծայ՝ Տէր Պարոյր Քհնյ. Սարգիսեանը, ձեռնադրուած յատկապէս Քուէյթի հայ գաղութին համար: Արժանապաիւ Տէր հայրը իր ընտանիքի եօթը անդամներուն հետ միասին կը հաստատուին դպրոցէն ներս իրենց յատկացուած սենեակի մը մէջ: Նոյն յարկին մէջ իրենց դրացի ունենալով Տիկ. Վարդանոյշ Եումշագեանը իր ընտանիքով, մեքենավարեր՝ Պրն. Սարգիսն ու Ժանը, ատաղձագործ ու դերասանապետ Գրիգոր Պարտագճեանը:

Արժանապատիւ Տէր հօր ժամանման կը զուգադիպի Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի արձակուրդները: Դպրոցը կը վերաբացուի Տէր Հօր տնօրէնութեամբ:

Ան առաջին հերթին դպրոցի պիւտճէն հաւասարակշռելու մտահոգութենէն մղուած, նախ ինք կը տրամադրուի բոլորովին ձրիօրէն գործելու այդ տարին եւ ապա պաշտօնէ կ’արձակէ հայ եւ արաբ երկու ուսուցչուհիներ: Կը դադրեցնէ դպրոցէն ներս աշակերտներուն կաթ եւ կարկանդակ բաժնելու սովորութիւնը, կը քաջալերէ նախքան իր ժամանումը սկսուած հանգանակութիւնը, ապա անմիջապէս կը ներկայացուի տրամախօսութիւն մը «Եօթանասուննոց Փեսան»՝ պրն. Գրիգոր Պարտագճեանի ղեկավարութեամբ եւ մասնակցութեամբ երիտասարդներ՝ Աւետիս Պուլղուրճեանի, Մանուէլ Մէլէտեանի եւ այլոց, որոնք նախորդ տարեշրջանին ներկայացուցած էին նաեւ «Թիւ 5 Խելաքարը» տրամախօսութիւնը:

Դպրոցին նիւթական մարզը բաւականին ապահոված, Արժ. Տէր հայրը կը մշակէ նաեւ ուսումնական ծրագիր, առաւելաբար զարկ տալով հայերէնին: Կը պատրաստէ դասացուցակ, կը դասաւանդէ կրօնի եւ երգի դասերը, հայերէնի եւ հայոց պատմութեան նիւթերը կը յանձնէ Տիկ. Վարդանոյշին, թուաբանութիւն, աշխարհագրութիւն եւ գիտութիւն բոլորն ալ հայերէն լեզուով Տիկ. Նուարդ Աստուրեանին, իրլանտուհին անգլերէն լեզու, արաբ ուսուցչուհի մը արաբերէն, թուաբանութեան եւ պատմութեան նիւթերը արաբերէն լեզուով աւանդելի: Նախակրթարանի ուսուցչուհիները իրենց ազատ պահերուն պէտք է օգնէին նաեւ վարիչ մանկապարտիզպանուհի Տիկ. Վէրգին Կարապետեանին:

Այս տարի, առաջին անգամ ըլլալով, ամավերջի հանդէս մը կը կազմակերպուի: Տոմսերը բաւական սուղ կը վաճառուին՝ 3 Ք.Տ. դարձեալ ապահովելու համար վարժարանին այնքան անհրաժեշտ նիւթականը: Տեղին է նշել, որ վարժարանի վարձքը ամիսը կը կազմէր 90 Ք.Տ.:

1961-1962 ուսումնական տարեշրջանի հանգանակութիւնը եւ տագնապը եւ նոր վարչութեան ընտրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1961-1962 ուսումնական տարեշրջանը կը փակուի 2400 Ք.Տ.ի բացով մը: Այս անգամ Արժ. Տէր հայրը կը կազմէ նուիրահաւաք յանձնախումբ. յանձինս մեծայարգ՝ Ներսէս Շաղզոյեանի, Միհրան Զաքարեանի, Բաբգէն Մարտիրոսեանի, Տիկ. Վարդանոյշ Եումշագեանի եւ Նուարդ Աստուրեանի, որոնք Արժ. Տէր հօր հետ միատեղ կը պտըտին թաղէ-թաղ, տունէ-տուն եւ խանութէ-խանութ՝ դրամ հաւաքելու դպրոցին բացը փակելու համար: Հանգանակութիւնը սպասուած արդիւնքը կու տայ եւ կը գոյանայ 1600 Ք.Տ.:

1962-ին արժանի է յիշատակել, որ տագնապ մը կ’առաջանայ Տէր հօր եւ գործող մարմիններու (Եկեղեցւոյ իշխանութեան եւ դպրոցի հիմնադիր մարմնին) միջեւ: Տէր Պարոյր Քհնյ. Սարգիսեան կ’առաջարկէ, որ գործող երկու մարմիններն ալ հրաժարին եւ իրենց տեղը տան ժողովրդային ընտրութեամբ ստեղծուած մարմնի մը, որը պատասխանատու պիտի ըլլար գաղութին ազգային, եկեղեցական, կրթական, ընկերային եւ այլ հարցերուն: Երկրորդ, դպրոցի հիմնադիր մարմնէն քանի մը անձեր՝ Տէր հօր ընկերակցութեամբ, անյապաղ պէտք էր ներկայանային կրթական նախարարութեան եւ ներկայացնէին Արժ. Տէր հայրը, որպէս տէրն ու տնօրէնը դպրոցին:

Ասոնցմէ առաջինը, եկեղեցւոյ իշխանութիւնը սիրով ընթացք կու տայ Արժ. Տէր հօր առաջարկին եւ իր հաւաքական հրաժարականը կը դնէ անոր տրամադրութեան տակ խոստանալով շարունակել իր պաշտօնը ցնոր տնօրինում: Իսկ դպրոցի հիմնադիր մարմնէն քանի մը անձեր կ’ընդիմանան Տէր հօր առաջարկին եւ չեն ներկայացներ իրենց հրաժարականը: Տէր հայրը ինք կը հրաժարի տնօրէնի պաշտօնէն եւ կը խոստանայ վերադառնալ միայն այն ատեն, երբ ընդունին իր առաջարկները: Այս վիճակին մէջ ուշ գիշերին բոլորն ալ իրենց հաւաքական հրաժարականը կը ղրկեն ներկայացուցիչներու միջոցաւ Տէր հօր եւ կը խնդրեն, որ յաջորդ օրն իսկ պատրաստ ըլլայ Տէր հայրը, իրենց հետ միասին ներկայանալու կրթական նախարարին: Մարմինները կը շարունակեն իրենց գործունէութիւնը մինչեւ ընտրութիւն, որը տեղի կ’ունենայ 30 Օգոստոս 1962-ին: Որոշուած օրը, 21 տարիքը բոլորած աւելի քան 550 երիտասարդներ, կը ներկայանան քուէ տալու: Ընտրութիւնները կ’անցնին կազմակերպուած ու կ’ընտրուին հետեւեալ իննը ազգայինները՝ Երուանդ Պարսումեան, Ներսէս Շաղզոյեան, Կրիշ Յովսէփեան, Ժան Մելիտոնեան, Միհրան Զաքարեան, Պօղոս Մխճեան, Ալեքսան Տաղլեան, Յակոբ Սողոմոնեան եւ Յակոբ Օհաննէսեան: Ընտրութեան արդիւնքը Արժ. Տէր հայրը բացատրական նամակով մը կը ղրկէ Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Զարեհ Հայրապետին, առ ի վաւերացում: Վեհափառ հայրապետը զայն կը վաւերացնէ եւ կը կոչէ Քուէյթի հայ համայնքի վարչութիւն: Նոր ստեղծուած մարմինը անմիջապէս կը նշանակէ դպրոցի հոգաբարձութիւնը հետեւեալներէն՝ Արսէն Շամոյեան (ատենապետ), Գուրգէն Աֆարեան, Սահակ Թուճեան, Արտաշէս Պաղտասարեան, Գաբրիէլ Թասլագեան, Վասիլ Ագլեան եւ Ժագ Արթինեան: Այսպիսով վարժարանը կը գործէ որպէս ազգային ընտրովի մարմնի ենթակայ եւ հաշուետու:

1962-1963 Տարեշրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ուսումնական այս տարեշրջանը պէտք է համարել դպրոցի պատմութեան մէջ, որպէս նոր շրջան, դպրոցը արդէն Ազգային վարժարան է՝ ենթակայ Ազգային իշխանութեանց: Նշանակուած է հոգաբարձական նոր կազմ: Իսկ վարժարանի շէնքը կը պարպուի հոն ապրող բնակիչներէն: Սակայն ծնողները տակաւին վերապահութեամբ կը մօտենան դպրոցի հանդէպ: Արժ. Տէր հայրը կ’այցելէ տունէ-տուն եւ կը թելադրէ ծնողներուն, որ հայկական վարժարան ղրկեն իրենց զաւակները: Այս տարեշրջանին վարժարանը կ’ունենայ 150 աշակերտ` հայ եւ արաբ, նախակրթարանի եւ մանկապարտէզի մէջ:

Նախակրթարանի բաժինը կ’ունենայ երրորդ դասարան: Այս տարեշրջանին ուսուցչական կազմը կը համալուի եւս երկու նորեկ հայ ուսուցչուհիներով յանձինս` Օրդ. Արաքսի Գալէմքեարեանի եւ Լուսին Զուլումեանի: Օրդ. Արաքսի, Տէր հօր օգնականի պաշտօնին առընթեր, կը ստանձնէ նաեւ հայերէն եւ հայոց պատմութեան նիւթերու դասաւանդումը՝ Բ եւ Գ կարգերուն: Մանկապարտիզպանուհի կը դառնայ Տիկին Վարդանոյշ Եումշագեան:

Այս տարեշրջանին Ֆահահիլի շրջանի 12 հայ աշակերտութեան համար կը գնուի նոր փոխադրակառք մը:

Ուսումնական համեմատաբար յաջող շրջան մը կ’ըլլայ 1962-1963 տարին: Ծնողներու վստահութիւնը կ՚ապահովուի:

1963-1964 Տարեշրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1963-1964 տարեշրջանին յատկանշական փոփոխութիւն մը չ’ըլլար ուսուցչական կազմէն ներս: Վարժարանը կ’ունենայ 4-րդ կարգ: Աշակերտութեան թիւը կը հասնի 165-ի: Կը նշանակուի նոր հոգաբարձական կազմ՝ Արտաշէս Պաղտասարեան, Արամ Սեփէթճեան, Պերճ Աբրահամեան, Յովհաննէս Պարտագճեան, Բաբգէն Մարտիրոսեան, Յարութիւն Փիլիպոսեան եւ Գաբրիէլ Թասլագեան:

1964-1965 Տարեշրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1964-1965 տարեշրջանին դպրոցը կը փոխադրուի Ռըմէյսիէ, այժմու Եկեղեցւոյ շէնքը: Աւելի ընդարձակ եւ դպրոցի յարմարութիւն ունեցող շէնք մը, 100 Ք.Տ. ամսական վարձքով: Վարժարանը կ’ունենայ Ե. կարգ: Արժ. Տէր հօր օգնականուհի կը հրաւիրուի Օրդ.Մարի Սարգիսեան (Օհաննէսեան), որ նոյն ժամանակ կը ստանձնէ հայերէն եւ հայոց պատմութիւն դասաւանդելու պարտականութիւնը: Աշակերտութեան թիւը կը հասնի 180-ի: Տնօրէնութեան եւ կրթական նախարարութեան փոխադարձ կապերը սերտ կ’ըլլան: Այս վերջինին օտար վարժարաններու բաժնի պատասխանատու Սէյէտ Ֆէհմի Էլ Ղոսէյն միշտ դրական գնահատական կ’արձանագրէ վարժարանին առնչութեամբ:

Այս տարեշրջանին հոգաբաձութիւնը վարժարանին նիւթական վիճակը աւելի բարւօքելու եւ հայ երիտասարդութիւնը դպրոցին շուրջ հաւաքելու իրար հետ ծանօթացման ու շաբաթը գէթ օր մը իրարու հետ անցընելու հնարաւորութիւնը ստեղծելու մտահոգութեամբ, կ’որոշէ թոմպոլայի խաղեր կազմակերպել Ուրբաթ օրերը: Այս առնչութեամբ կը հրաւիրուի Պրն. Ժան Փամպուքեան, որ հոգաբարձութեան մասնակցութեամբ ամէն Ուրբաթ, երեկոյեան կանուխ ժամերէն սկսեալ մինչեւ ուշ գիշեր, կանոնաւոր կերպով կը կազմակերպեն թոմպոլայի խաղեր դպրոցի բակին մէջ: Այս հաւաքները գաղութէն ներս մեծ հետաքրքրութիւն կը ստեղծեն եւ առիթ կ’ընծայեն, որ ամէն Ուրբաթ աւելի քան հինգ հարիւր երիտասարդներ դպրոց հաւաքուին: Դպրոցը կ’ապահովէ նիւթական կոկիկ գումար մը:

Տարի մը տեւող այս ձեռնարկը մատնութեան մը հետեւանքով կը դադրեցուի պետութեան հրահանգով:

Կառավարութեան հրաւէրով Այս տարեշրջանին՝ հայրենի արուեստագէտներ կ’այցելեն դպրոց

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1964-ի Նոյեմբերին, կառավարութեան հրաւէրով, Քուէյթ կը ժամանեն խումբ մը արուեստագէտներ, որ շաբաթ մը ամբողջ Քիֆանի դպրոցին մէջ ելոյթներ կու տան: Հայերէնի արուեստագէտները՝ Էլիա Մինասեան, Նորայր Մնացականեան, Ճիւան Գասպարեան, Հրաչիկ Աբգարեան, Հրաչիկ Մուրատեան եւ ուրիշներ, Հինգշաբթի առաւօտ կը ժամանեն դպրոց Ազգային իշխանութեան փափաքին ընթացք տալով եւ աւելի քան երկու ժամ տեւող իրենց յայտագրով մեծ խանդավառութիւն կը ստեղծեն աշակերտութեան մօտ:

Յատկանշելի իրադարձութիւն՝ քուէյթահայութիւնը կ’օժտուի իր կրօնական պահանջները բաւարարող համեստ շինութեամբ մը՝ եկեղեցիով մը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երրորդ յատկանշելի իրադարձութիւն մը, որը թէեւ կրօնական բնոյթ կը ներկայացնէ, սակայն սերտօրէն կապուած է դպրոցի հետագայ ճակատագրին հետ: Այսպէս մինչեւ 1965-ի Փետրուարը մեր եկեղեցւոյ արարողութիւնները՝ պատարագ ամէն Ուրբաթ, պսակ եւ թաղման արարողութիւնները կը կատարուէին բողոքականներու եկեղեցիին մէջ, այս վերջիններու կրօնական ժողովին բարեհաճ արտօնութեամբ, տարեկան փոքր նիւթական նուէրի մը դիմաց:

1965-ի Յունուարին, բողոքական եկեղեցին գրաւոր կերպով կը յայտնէ, որ այսուհետեւ եկեղեցին ազատ ժամ չունի տրամադրելի ու կը խնդրուի մեզմէ, որ մեր գոյքերը փոխադրենք: Նոյն տարին Մեծ Եղեռնի յիսնամեակը ըլլալով համայնքի վարչութիւնը որոշած էր արժանի շուքով տօնել այդ թուականը: Պէյրութէն յատկապէս հրաւիրուած էր Գարեգին Եպս. Սարգիսեանը (հետագային Կաթողիկոս) պատարագելու եւ հանդիսութեան բանախօսելու: Դժուարին այս կացութեան մէջ կ՚որոշուի Տէր հօր առաջարկը, որ դպրոցին բակին մէկ մասը 11 մեթր լայնք եւ 25 մեթր երկայնքի վրայ պատրաստել սրահ մը եւ վերածել զայն եկեղեցիի: Համայնքի վարչութիւնը անմիջապէս կը վաւերացնէ առաջարկը եւ կ’ամբողջացնեն առանց քաղաքապետարանի արտօնութեան: Մատնութեան որպէս արդիւնք, քաղաքապետարան կը կանչուի Տէր հայրը, սակայն Տէր հայրը կը համոզէ, թէ նոր շինութիւնը անհրաժեշտութիւն մըն է դպրոցին, որպէս սրահ եւ ճաշարան: Քաղաքապետարանի կողմէ կ’արտօնուի պայմանով, որ այլ ապօրինի շինութիւնները քանդուին այդ տարածքէն ներս:

Ահա այսպիսով քուէյթահայութիւնը կ’օժտուի իր կրօնական պահանջները բաւարարող համեստ շինութեամբ մը՝ եկեղեցիով մը, որը թէեւ հեռու է հայկական ճարտարապետական կառոյց մը ըլլալէ, ոչ գմբէթ ոչ զանգակատուն:

Հետագային այս շինութիւնը պատճառ պիտի դառնայ դպրոցի փոխադրութեան:

1974թ մինչեւ օրս նորաշէն վարժարանը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1974-ին դպրոցի հողի սեփականացումէն ետք նորաշէն վարժարանը մինչեւ օրս կը գործէ Ալ Սուրրա տարածքին մէջ:

Քուէյթի Ազգային վարժարանը անցած է աւելի քան հինգ տասնեակ տարիներու ճանապարհ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քուէյթի Ազգային Վարժարանը, որ Ծոցի Արաբական երկիրներու միակ ամէնօրեայ վարժարանն է, հիմնադրուած է 1960-ին: 1965-ին կու տայ նախակրթարանի, 1970-ին՝ միջնակարգի, իսկ 1980-ին՝ երկրորդականի առաջին հունձքերը: Դպրոցը անխափան կը գործէ նոյն հանգրուաններով (մանկապարտէզէն մինչեւ ԺԲ. կարգ)՝ դառնալով արաբական գաղութներու ամէնէն կարեւոր կրթական հաստատութիւններէն մԵկը:

Մինչեւ 1990՝ իրաքեան բանակի ներխուժումը Քուէյթ, աշակերտութեան թիւը կը հասնի 800-ի, իսկ պատերազմի հետեւանքով հայութեան թիւը կտրուկ կը նուազի եւ յետեւապէս աշակերտութեան թիւն ալ կը նուազի ընդհուպ մինչեւ 125, մեծ զոհողութիւններու գնով դպրոցը կանգուն կը պահուի եւ հետզհետէ կը գտնէ իր բնական վիճակը:

2014թ աշակերտութեան թիւը 443 է: Քուէյթի Ազգ. Վարժարանը, յաչս պետութեան, նոյն շէնքին մէջ գործող երկու տարբեր վարժարաններու կարգավիճակ ունի: Մանկապարտէզէն մինչեւ Թ. կարգ կը նկատուի օտար վարժարան, որ կ’իրագործէ Քուէյթեան հանրային վարժարաններու ծրագիրը եւ ազատ է հայերէնի, հայոց պատմութեան ու կրօնի դասաւանդութիւններուն մէջ, իսկ ճեմարանը (Թատամոն) ունի արաբական դպրոցի կարգավիճակ, բայց կրնայ հայագիտական նիւթեր դասաւանդել (հայ գրականութիւն եւ հայ դատ):

Դպրոցի նիւթական ամբողջ կարիքները կը հոգայ հայ գաղութը: Պետական նպաստ չկայ: Ընդհակառակը դպրոցը պարտաւոր է հայթայթել երկրի կրթական հաստատութիւններուն համար նախատեսուած կամ կիրարկութեան մէջ դրուող բոլոր պայմանները (շէնքային, ուսումնական, վարչական, առողջապահական, ընկերային եւ այլն):

Աշակերտները ամբողջութեամբ հայեր են: Մակարդակի առումով մրցունակ է եւ աշակերտները պետական աւարտական քննութիւններուն կ’ապահովեն լաւ արդիւնքներ: Վերջին չորս տարիներուն ունինք 100 տոկոս յաջողութիւն եւ պետական գնահատանքի արժանացած աշակերտներ: Մեր աշակերտները իրենց համալսարանական կրթութիւնը կը շարունակեն ե՛ւ Քուէյթի ե՛ւ այլ երկիրներու մէջ: Նախքան սուրիական տագնապը մեծ թիւով աշակերտներ Սուրիոյ, յատկապէս Հալէպի համալսարանի տարբեր ճիւղերու մէջ կ’ուսանէին, վերջին երկու տարիներուն հիմնականին մէջ ուղղուեցան Երեւան (23 ուսանող), Պէյրութ (15 ուսանող), եւ այլ երկիրներ՝ Յորդանան, Գերմանիա, Գանատա եւ այլն… անշուշտ մեծագոյն մասը կ’ուսանին Քուէյթի զանազան համալսարաններու մէջ: Պէտք է նշել, որ սուրիական տագնապին պատճառով Քուէյթի հայկական վարժարան տեղափոխուած է 17 աշակերտ:

Ազգային վարժարանի յիսնամեայ ճանապարհը՝ 2010-2011 տարեշրջանը յայտարարելով Յիսնամեակի տարեշրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յիսնամեակի հանդիսութիւններուն նախագահութիւնը ստանձնեց, գաղութի անձնուրաց բարերար, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ասպետ՝ պրն. Մելիք Մելիքսէթեան, որն ամենայն վեհանձնութեամբ եւ պատրաստակամութեամբ ընդառաջեց խնդրանքին:

2010 թուականի Նոյեմբեր ամսուն, լոյս տեսաւ յիսնամեակի տեղեկագիրքը, որուն մէջ մանրամասնօրէն ներկայացուած էր միամեայ ծրագիրներ, հարցազրոյցներ: Տեղեկագիրքի ծանուցումներու բաժնին մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերին ինչպէս Քուէյթէն, նոյնպէս ալ Հայաստանէն, Ամերիկայէն, Ֆրանսայէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն, Քաթարէն եւ Արաբական Էմիրութիւններէն շատ գործարարներ, իսկ կարգ մը ազգայիններ յատուկ խօսքերով իրենց շնորհաւորական մաղթանքները փոխանցեցին Ազգային վարժարանի մեծ ընտանիքին:

Սուրիահայ բազմավաստակ մանկավարժ, գրականագէտ եւ լեզուագէտ՝ պրն. Յակոբ Չոլաքեան ստանձնեց Ազգային վարժարանի յուշամատեանի պատրաստութեան աշխատանքը, որ լոյս տեսաւ 17 Մայիս 2011-ին, մեկենասութեամբ Մելիքսէթեան եղբայրներու: Յուշամատեանի աշխատանքներուն օժանդակելու համար Գործադիր մարմինը յառաջացուց յուշամատեանի օժանդակ յանձնախումբ մը:

17 Մայիս 2011-ին, տեղի ունեցաւ Ազգային վարժարանի յուշամատեանի շնորհանդէս եւ յուշակոթողի բացման արարողութիւն: Սոյն ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս, գերաշնորհ՝ Տէր Շահէ եպս. Փանոսեան, Սփիւռքի նախարար՝ տիկ. Հրանոյշ Յակոբեան, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ՝ պրն. Աղուան Վարդանեան, ՀՀ Արտակարգ եւ Լիազօր դեսպան՝ պրն. Ֆատէյ Չարչօղլեան:

Քուէյթի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով լոյս տեսաւ հասցէատետր, որն իրար կամրջեց անցեալի եւ ներկայի քուէյթահայերը:

Քուէյթի Ազգային վարժարանի աշակերտները նուէր ստացան հայերէն Աստուածաշունչի պատկերազարդ հատորներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Չորեքշաբթի, 25 Հոկտեմբեր 2017ին Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեան այցելեց Քուէյթի Ազգային վարժարան, ընկերակցութեամբ Քուէյթի Աստուածաշունչի Ընկերակցութեան Տնօրէն Շէյխ Եուսէֆ Սապրիի եւ Արժ. Տ. Արտակ Ա. Քհնյ. Քէհեայեանի ու իւրաքանչիւր աշակերտի (առաջինէն վեցերորդ) նուիրեց նշեալ գեղատիպ գիրքը, քաջալերելով ներկայ սերունդը կարդալու Աստուծոյ խօսքը, հասկնալու եւ կեանքի վերածելու անոր պատգամները