Jump to content

Հրայր Ճէպէճեան

Հրայր Ճէպէճեան
Ծնած է 8 Փետրուար 1957-ին
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան
Մասնագիտութիւն Արեւտրական Գիտութիւն՝ պսակաւոր արուեստի վկայեալ, Երկրագործական Տնտեսագիտութիւն՝ Մագիստրոս Գիտութեան վկայեալ, Նիւ Եորքի Աստուածաբանական Ճեմարան՝ Դոկտորական վկայական:
Աշխատավայր Աստուածաշունչի Ընկերութեան Միջին Արեւելեան Երկիրներու Ներկայացուցիչ:
Ամուսին Դոկտ. Արտա Պոյնէրեան ճէպէճեան
Երեխաներ երկու զաւակներ՝ Վահէ եւ Ալիք

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան, 1957-ին: Աստուածաշունչի Ընկերութեան Միջին Արեւելեան Երկիրներու Ներկայացուցիչ:

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան ծնած է Պէյրութ, 1957-ին: Նախնական եւ երկրորդական ուսումը ստացած է Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանին մէջ:

1981-ին աւարտած է Հայկազեան Համալսարանը՝ ստանալով Պսակաւոր Արուեստից վկայականը՝ Արեւտրական Գիտութեան:

1984-ին Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն Մագիստրոս Գիտութեան վկայականը՝ Երկրագործական Տնտեսագիտութեան:

14 Մայիս 2014-ին ստացած է Դոկտորական վկայականը՝ յաջողութեամբ պաշտպանելէ ետք իր աւարտաճարը՝ «Քրիստոնէական յոյսի պատգամին ընկալումը եւ կիրարկումը հնդիկ աշխատաւորներու կողմէ՝ անոնց արտերկեայ աշխատանքային կեանքին մէջ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ»:

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան իր վկայականը ստացաւ Նիւ Եորքի Աստուածաբանական Ճեմարանէն՝ Աստուածաշունչի Յանձնառութիւն (Bible Engagement) ճիւղին մէջ, որ կը ձգտի քաջալերել Աստուածաշունչը կարդալու եւ հասկնալու՝ մեկնելով անհատին եւ հաւաքականութեան լեզուական եւ ընկերամշակութային տուեալներէն:

Աստուածաշունչի Ընկերութեան Արաբական Ծոցի երկիրներու Խնամակալ Մարմինը ուրախ է յայտարարելու, թէ Ընկերութեան Ընդհանուր Քարտուղար՝ Հրայր Ճէպէեճեան, 14 Մայիս, 2014-ին ստացած է Դոկտորական վկայականը, յաջողութեամբ պաշտպանելէ ետք իր աւարտաճարը
- [1] Խնամակալ Մարմին Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութիւն

՝

Ամուսնացած է Դոկտ. Արտա Պոյնէրեան ճէպէճեանի հետ եւ ունին երկու զաւակ՝ Վահէ եւ Ալիք:

2005-էն ի վեր անոր աշխատանքային նստավայրը եղած է Նիկոսիա,Կիպրոս:

Եկեղեցական հրատարակչական կազմակերպութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան մաս կը կազմէ միջազգային քրիստոնէական միջ_եկեղեցական հրատարակաչական կազմակերպութեան՝ Միացեալ Աստուածաշունչի Ընկերութեան, որ կը գործէ աւելի քան 200 երկիրներու մէջ:

Պաշտօն եւ գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան Ընդհանուր Քարտուղարն է միջազգային քրիստոնէական միջ եկեղեցական հրատարակչական կազմակերպութեան՝ Միացեալ Աստուածաշունչի Ընկերութեան՝ Արաբական Ծոցի տարածաշրջանին: Ան կը գործէ այս կազմակերպութեան հետ աւելի քան 36 տարիներէ ի վեր:

Հիմնադիր, խորհրդատու եւ ատենապետ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1991-1996 տարիներուն Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան Եղած է նաեւ հիմնադիր եւ խորհրդատու-կազմակերպող Հայաստանի Աստուածաշունչի Ընկերութեան:

2006-2014 եղած է ատենապետը Միջին Արեւելքի Աստուածաշունչի Ընկերութեան Խորհուրդին:

Եկեղեցական գործունէութիւն եւ համագումարներու մասնակցութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան ունի միջ-եկեղեցական լայն գործունէութիւն եւ մասնակցութիւն: Ճամբորդած ու տակաւին աշխարհով մէկ տեղ եւ մասնակցած բազմաթիւ միջազգային եւ միջ եկեղեցական քրիստոնէական համագումարներու եւ ներկայացուցած զանազան դասախօսութիւններ՝ կրօնական, սուրբ գրային եւ Միջին Արեւելեան քրիստոնէական ներկայութեան մասին:

Միութենական, գաղութային ու համահայկական գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան ունի ազգային, միութենական, գաղութային ու համահայկական բեղուն գործունէութիւն՝ նկատի ունենալով, որ մօտէն ճանչցած եւ այցելած է բազմաթիւ հայկական գաղութներ աշխարհով մէկտեղ։

Անդամակցութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի Անդամակցութիւնը՝

  • 1980-էն ի վեր Պէյրութի Էշրէֆիէի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ:
  • 1988-1993 եւ 1997-2005 Եղած է վարչական անդամ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան (ՄԱՀԱԵՄ) Կեդրոնական Մարմնին,
  • 1988-1994 եւ 1996-2003 Ազունիէի Ազգային Բուժարանին,
  • 1990-2005 Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի Հոգաբարձութեան,
  • 1991-էն ի վեր Պէյրութի Աստուածաբանական Ճեմարանի Խնամակալութեան,
  • 1991-2005 Հայկազեան Համալսարանի խնամակալութեան,
  • 1996-էն ի վեր ՄԱՀԱԵՄի Հրատարակչական Մարմնին,
  • 2000-էն ի վեր Ատենապետն է Հայ Աւետարանական Արմիս Մշակութային յանձնախումբին,Պէյրութ, Լիբանան,
  • 2004-2007 Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման 90 ամեակի Լիբանանահայ Կեդրոնական Մարմնին,
  • 2007-էն ի վեր Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի Վարչութեան, Կիպրոս:

Մամուլի աշխատակցութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1980-էն ի վեր Կ'աշխատակցի լիբանանահայ, հայրենի եւ սփիւռքահայ բազմաթիւ Մամուլի օրկաններու հետ՝ գրաւոր եւ անտիպ, ստորագրելով ազգային, մշակութային եւ Աստուածաբանական նիւթերով յօդուածներ:

Հրատարակչական հատորներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2010-ին հրատարակեց իր առաջին հատորը՝ «Հայուն Գոյապայքարի Ճանապարհը», ուր ամփոփուած է իր 30 տարիներու յօդուածներու հաւաքածոն:

«Հայուն Գոյապայքարի Ճանապարհը» անուան տակ, այդ էջերուն մէջ կը ցոլացնէ ո՛չ թէ միայն Աւետարանի քարոզիչի մը դիմանկարը, այլ նախ հայ մարդուն, ապա ընդհանրապէս բոլոր զրկեալներու ու տառապեալներու ցաւերուն կուրծք բացած մարդասէր հեղինակ մը։[2]
- Նոր Մարմարա թերթի խմբագիր Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ


Որքան ալ ան ման գայ սակայն իր նախընտրած հինգ ինքնութիւններու կամ հինգ մշակութային աւանդներու աշխարհին մէջ, մենք կը զգանք որ Ճէպէճեան ամէն բանէ առաջ համամարդկային սիրոյ մտածողութեան տէր գործիչ է, ուստի աշխարհի վրայ տառապող բոլոր ազգերը կը մտնեն անոր տեսողութեան կիզակէտէն ներս։ Այս բոլորին մէջ քաղաքական կեանքը եւ քաղաքական ծուռ իրագործութիւններու դէմ բողոքը բացակայ չէ։[2]
- Նոր Մարմարա թերթի խմբագիր Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ


2017-ին կը հրատարակէ «Երիտասարդ Ընտանիքին Աստուածաշունչը» պատկերազարդ հատորը:

Չորեքշաբթի, 25 Հոկտեմբեր 2017-ին Տոքթ. Ճէպէճեան այցելեց Քուէյթի Ազգային վարժարան, ընկերակցութեամբ Քուէյթի Աստուածաշունչի Ընկերակցութեան Տնօրէն Շէյխ Եուսէֆ Սապրիի եւ Արժ. Տ. Արտակ Ա. Քհնյ. Քէհեայեանի ու իւրաքանչիւր աշակերտի (առաջինէն վեցերորդ) նուիրեց նշեալ գեղատիպ գիրքը, քաջալերելով ներկայ սերունդը կարդալու Աստուծոյ խօսքը, հասկնալու եւ կեանքի վերածելու անոր պատգամները։ Արդ, մեր զաւակներուն հոգեւոր ու բարոյական արժէքները ներկայ աշխարհի հոսանքներուն դիմաց ամրօրէն պահելու եւ Աստուածաշունչը դարու պահանջքներուն համահունչ ձեւով ու ոճով երիտասարդութեան հրամցնելու հրամայականէն մեկնած՝ Արաբական Ծոցի Երկիրներու Աստուածաշունչի ընկերակցութեան Տնօրէն՝ Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեան, սիրայօժար ստանձնեց «Երիտասարդ Ընտանիքի Աստուածաշունչը» սքանչելի հատորի հրատարակութեան ողջունելի աշխատանքը:[3]
- horizonweekly.ca Հորիզոն Շաբաթաթերթ Գանատա


ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔԵՐ ԻՆՉՊԷՍ ՈՐ ՏԵՍԱՅ գիրքը՝ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան մէջ, տեղի կ'ունենայ Արաբական ծոցի երկիրներու Աստուածաշնչեան ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար, աստուածաբանութեան Դոկտ., գրող, հրապարակախօս Հրայր Ճէպէճեանի «Սփիւռքահայ կեանքեր՝ ինչպէս որ տեսայ» գիրքին շնորհահանդէսը: 2018-ին լոյս տեսած այս գիրքը սփիւռքի մէջ արդէն ունեցած է շնորհահանդէսներ եւ այս մէկը եղաւ գիրքին հայաստանեան ներկայացումը՝ ընթերցասէր հասարակութեան եւ սփիւռքի հետ առընչուող պաշտօնեաներուն:

Հրայր Ճէպէճեանի նօթերի այս վերջին հաւաքածուն՝ «Սփիւռքահայ կեանքերը՝ ինչպէս տեսայ», ընկերային խորունկ հայեացքի ծանրակշիռ, մէկ ամբողջական շնչի ուսումնասիրութիւն է՝ լայնահուն աչք, որ բացուած է ազգային նորօրեայ երկփեղկ կեցութիւններու վրայ։ Գիրքը գիտնականի ազգային, ընկերային-մանկավարժական, հայկական ծանօթ-անծանօթ տարաշերտ երեսներով մտահոգութիւններու, գրամշակութային մեկնական եւ, ի հա՛րկէ, վեհագնայ քրիստոնէական շահագրգռութիւնների վերելքի դերբուկ ճանապարհն է։ Այն հնարաւորութիւն կու տայ ընթերցողին հաղորդակից դարձնելու տեսողութեան նոր հարթութեան կամ, ինչպէս յաճախ ընդունուած է այս պարագային՝ օտար բառ գործածել, նոր «ռելիէֆի»։
- Փրոֆեսոր ՍՈՒՐԷՆ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ Բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր,«Սփիւռք» գիտա-ուսումնական կեդրոնի տնօրէն


Հայկական Ազգագրական Պատկերներ՝ Տեսիլք, Կամք եւ Յոյս

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2023-ին, լոյս տեսաւ «Հայկական Ազգագրական Պատկերներ՝ Տեսիլք, Կամք եւ Յոյս» վերնագրով գիրքը, որուն մէջ տեղ գտած են Հրայր Ճէպէճեանի յօդուածները՝ 2018-2022 տարիներու ընթացքին։ Պէյրութ, Համազգայինի «Վահէ Սեթեան» հրատարակչատուն:

ՄԱՆԿԱ-ն Կամուրջ Հայ գիրքի եւ Հայ Մանուկի

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ արժանընտիր Գահակալ` Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, հայրապետական Սրբատառ կոնդակով, 2011 տարին հռչակած էր “Հայ Մանուկի Տարի”: Այս առթիւ, ընդառաջելով Վեհափառ Հայրապետի սրբազան կոչին, Արաբական Ծոցի երկիրներու Աստուածաշունչի Ընկերակցութեան գրասենեակի ընդհանուր պատասխանատու եւ գործադիր քարտուղար՝ Պրն. Հրայր Ճէպէճեան, անձամբ նախաձեռնեց մանուկներու եւ պատանիներու համար նախատեսուած ՄԱՆԿԱ-ՄԵՍԻԱ գրքի Հայերէն տարբերակի հրատարակութեան գործին, որ այսօր, արդէն իսկ մեր տրամադրութեան տակ է եւ մաս կը կազմէ հայ հոգեւոր գրականութեան մատենաշարին:[4]

ՄԱՆԿԱ-ն հայացուած օրինակն է Անգլերէն լեզուով Ճափոնի մէջ հրատարակուած առաջին բնագրին: Իր տեսակին մէջ, ՄԱՆԿԱ-ն եզակի գիրք է: Նոր սերունդին ճաշակով դասաւորուած Աստուածաշունչի գունազարդ հրատարակութիւն մըն է ան, որուն նպատակն է, Աստուծոյ խօսքը տանիլ դէպի մանուկին ու պատանիին հոգեկան աշխարհը: ՄԱՆԿԱ-ն կ՛ընդգրկէ Քրիստոսի ծնունդէն մինչեւ խաչելութիւն ու յարութիւն երկարող ժամանակաշրջանը եւ իր մէջ կ՛ամփոփէ Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի կարեւորագոյն դրուագներն ու տնօրինական դէպքերը: Անկասկած, ՄԱՆԿԱ-ն գունագեղ ծաղկեփունջն է Նոր Կտակարանին:
- Արամ Քհնյ. Տէյիրմէնճեան, Շարժա, Միացեալ Արաբական Էմիրութիւններ, 5 Յուլիս 2012


Օրինակներ ստանալու համար դիմել.- HRAYR JEBEJIAN, 6 DAMASKINOU STREET, FLAT 301, 1070 NICOSIA, CYPRUS Price USD 20 including postage.

ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԻՆ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վերջերս Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութեան Տնօրէն Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան, զանազան գաղթօճախներու դպրոցներ այցելելով, աշակերտներուն կը բաշխէ, հետաքրքրաշարժ, յատուկ պատրաստուած՝,Հայ Մանուկին Անձնական Աստուածաշունչը» Գիրքը:

Մանուկի կամ աշակերտի մը համար, Աստուծոյ շունչը՝ Աստուածային գոյութեան խորհուրդին ըմբռնումը եւ հասողութիւնը՝ իր մտքին ու հոգիին մէջ բնակիլը եւ մաս կազմելը, ուսումնական աշխարհին մէջ եւ մանաւանդ նախակրթարանի առաջին տարիներուն՝ որպէս կրօնագիտութեան դաս՝ կը մնայ ուսուցման ամենադժուարին նիւթը, մնացեալ բոլոր նիւթերուն եւ առարկաներուն կողքին:[5]

Այս ուսուցողական հարուստ դրութեամբ ,Method»-ով ընկալուած պատմութիւն մը, ոչ թէ միայն մանուկի յիշողութեան մէջ անմոռանալի տպաւորութիւն կը ձգէ, այլ միեւնոյն ժամանակ, իր մտային ենթագիտակցութեան պաստառին վրայ, ուրուագծային պատկերով մը կþարտացոլուի իր գծագրութիւնը եւ այդ պատկերին պատմութիւնը:

Գիրքը սակաւաթիւ ուսումնական գիրքերէն է, որ այսքան մանրամասն՝ ուսուցողական դրութեան՛ նրբին մասնագիտացած յատկանիշերը կը բացատրէ, օժանդակելու համար, նիւթին ըմբռնումին եւ ընկալման:

Գիրքը ուսուցանողը, նախ քան դասագիրքը դասաւանդելու սկսիլը, պէտք է պատրաստած ըլլայ, բոլոր անհրաժեշտ օժանդակ իրերը՝ որոնք յիշուած են գիրքին մէջ:

Գիրքը ունի հրաշալի կատարեալ բացատրողական ուղեցոյց յառաջաբան, որ մանուկին եւ իրեն ընկերակցող օժանդակ անձին ձեռքէն բռնած կþառաջնորդէ զիրենք Սուրբ Գիրքէն ընտրուած եւ ներկայացուած պատմութեան պատգամին խորհուրդին՝ ընթերցանութեամբ բացատրութեամբ գաղափարներու մեկնաբանութեամբ յստակացնելով կրկնելով հարց ու փորձերով պատմելով եւ մանրամասնելով:
- ԶԱՒԷՆ Գ. ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ Աթէնք, Նոյեմբեր 7, 2014


«Հայ Մանուկներու Անձնական Աստուածաշունչը» Գիրքի Շնորհահանդէսը՝ Քուէյթի Մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նախագահութեամբ Քուէյթի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Մասիս Ծ. վրդ. Զօպուեանի, Ուրբաթ, 26 Սեպտեմբերի յետմիջօրէին, Ազգային առաջնորդարանի «Արագած» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հրայր եւ Արտա Ճեպեճեաններու պատրաստած «Հայ Մանուկին Անձնական Աստուածաշունչը» գիրքին շնորհահանդէսը, որուն ներկայ գտնուեցան Քուէյթի Աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ վերապատուելի Էմմանուէլ Ղարիպ, Ամերիկայի եւ Հոլանտայի Աստուածաշունչի ընկերութեանց համաշխարհային ծրագիրներու վարիչները, Արաբական Ծոցի երկիրներու Աստուածաշունչի ընկերութեան հոգաբարձութենէն անդամներ եւ պաշտօնեաներ, Քուէյթի ազգային իշխանութեան անդամները, միութենական ներկայացուցիչներ եւ խումբ մը հաւատացեալներ:[6]

Շնորհահանդէս` Հրայր Եւ Արտա Ճեպեճեաններու Պատրաստած «Հայ Մանուկին Անձնական Աստուածաշունչը» Գիրքին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, երէկ` երեկուշաբթի, 9 յունիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ մանուկին անձնական Աստուածաշունչը» խորագրեալ գիրքի շնորհահանդէսը:

«Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան նախագահ դոկտ. Հրայր Ճեպեճեանի եւ լեզուաբան դոկտ. Արտա Ճեպեճեանի սոյն նախաձեռնութիւնը, որ տպագրուած է Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան մէջ եւ որուն խմբագրական աշխատանքներուն սատարած է Նորա Բարսեղեան, դիւրամատչելի ձեւով կը ներկայացնէ Աստուածաշունչի Հին եւ Նոր Կտակարաններու դրուագները եւ ձրիօրէն պիտի տրամադրուի հայ մանուկներուն», ըսաւ ան` ընդգծելով, որ սոյն գիրքը մեծապէս կը նպաստէ մանուկի բարոյագիտական եւ քրիստոնէական ընդհանուր դաստիարակութեան: Ապա ան խօսքը փոխանցեց Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանին: Շահան արք. Սարգիսեան բարձր գնահատեց դոկտ. Հրայր եւ Արտա Ճեպեճեան ամոլի գործունէութիւնը` նշելով, որ անոնք երկար տարիներէ ի վեր լծուած են Քրիստոսի խօսքի տարածման:[7]

«Մանուկներու բացատրական Աստուածաշունչ` կեանքի մեծ հարցումներ փոքրիկ ընթերցողներու համար» Գիրքը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արաբական ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի նախաձեռնութեամբ եւ ջանքերով հայերէնով լոյս տեսաւ «Մանուկներու բացատրական Աստուածաշունչ` կեանքի մեծ հարցումներ փոքրիկ ընթերցողներու համար» գիրքը [8]:

Գիրքը ամբողջութեամբ Աստուածաշունչէն է, սակայն չի հետեւիր Աստուածաշունչի Ծննդոց գիրքէն մինչեւ Յայտնութիւն Յովհաննու շարքին, որովհետեւ նիւթերու վրայ հիմնուած է, եւ այդ պատճառով անունը դրինք «Մանուկներու բացատրական Աստուածաշունչ», որովհետեւ մանուկներու հարցումներուն բացատրութիւնները կը տրուին հոն: Գիրքը բաժնուած է երեք մասերու. ա) «Դուն», այսինքն` մանուկը եւ պատանին, բ) «Դուն եւ ուրիշը», այսինքն` մանուկը եւ իր անմիջական ընտանիքը, բարեկամները, գ) «Մանուկը եւ աշխարհը», ուր մանուկը կ՛ապրի եւ ականատես կ՛ըլլայ բնութեան աղէտներուն, երկրաշարժին, աշխարհի պատերազմական վիճակին եւ կը սկսի մտածել, թէ այս բոլորը ինչո՛ւ կը պատահին: Այս երեք բաժիններուն իւրաքանչիւրին մէջ ենթաբաժանումներ կան:Գիրքը 7-12 տարեկան մանուկներու եւ պատանիներու համար է: Լաւ կ՛ըլլայ, եթէ գործածուի` ծնողք-զաւակ, մեծ ծնողք-թոռնիկ, ուսուցիչ-աշակերտ, որպէսզի ծնողքը, մեծ ծնողքը կամ ուսուցիչը կարդան եւ բացատրեն մանուկին կամ պատանիին: Իւրաքանչիւր պատմութեան համար նշուած է Աստուածաշունչի ո՛ր գիրքէն առնուած ըլլալը, որպէսզի մեծերը, եթէ կ՛ուզեն յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալ այդ պատմութեան մասին, վերադառնան Աստուածաշունչին եւ յաւելեալ լուսաբանութիւններ ունենան, որպէսզի աւելի լայն ձեւով կարենան բացատրել մանուկին կամ պատանիին: Գիրքին հեղինակները` Սուզըն Ճաշ եւ Քրիսթինա Շնըրլ, հոգեւոր հովիւներ են Շթութկարթի «Օլկա» մանուկներու հիւանդանոցին մէջ, ուր տարիներու ընթացքին եւ իրենց փորձառութիւններէն մեկնած` մօտէն ծանօթացած են փոքրիկներու փնտռտուքներուն: Անոնք հաւաքած են այդ հարցումները եւ ներկայացուցած են զանոնք աստուածաշնչական պատմութիւններու միջոցով: Իսկ Մաթիաս Ուեպըր ներկայացուցած է պատմութիւնները պարզ եւ գեղեցիկ գծագրութիւններու միջոցով: 120 էջերով պատկերազարդ գիրքը կը բաղկանայ երեք մասերէ` «Դուն», «Դուն եւ ուրիշները» եւ «Դուն եւ աշխարհը»: Իւրաքանչիւր բաժին ունի իր ենթաբաժինները: Օգտագործուած աստուածաշնչային բոլոր հատուածները զետեղուած են գիրքին վերջաւորութեան:
- Դոկտ. Հրայր Ճեպեճեան Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան Քարտուղար


Գիտական-Աստուածաբանական ուսումնասիրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ճէպէճեան ունի գիտական-Աստուածաբանական ուսումնասիրութիւններ՝որուն վերջին երեք աշխատասիրութիւնները ամփոփուած են երկու համաշխարհային հանրագիտարաններու մէջ՝հրատարակուած 2018ին ՝Անգլերէն լեզուով։” Encyclopedia of Christianity in the Global South” եւ “Christianity in North Africa and West Asia”.

2019 թուականին հրատարակեց իր երրորդ հատորը՝Անգլերէն՝«Bible Engagement:Discovery of Faith, Hope and life» ՝որ Աստուածաբանական-Աստուածաշնչական գիտական-ակադեմական աշխատանք է։

Սուրբ գրային հրատարակչութիւններու աշխատակցութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2003-2006 տարիներուն ան աշխատած է Պարսկաստանի հայ եւ ասորի եկեղեցիներու սուրբ գրային հրատարակութիւնները համադրելու աշխատանքով։

Պարգեւատրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան « Մայրենի Դեսպան» շքանշանով՝մեկնելով իր երկար տարիներու Ազգային-եկեղեցական ու Աստուածաշնչային գործունէութիւններու համար։

իմ խորին շնորհակալութիւնը կ’ուզեմ յայտնել Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին այս անակնկալին համար. անձնապէս շատ երախտապարտ եմ ու զգացուած: Մայրենիի դեսպան… կը նշանակէ, որ հայ ժողովուրդի ազգային, մշակութային, լեզուական ինքնութեան պահպանման ջատագովն ես: Եւ սա ձեւով մը, իմ մարտահրաւէրն է, առաքելութիւնը, թէկուզ որ կ’աշխատիմ Աստուածաշնչեան ընկերութեան մէջ, որն իրեն յատուկ ծրագիրները ունի: Բայց Աստուածաշնչեան ընկերութիւնը եւ անոր առաքելութիւնը նաեւ ազգային, մշակութային ինքութեան հետ կրնայ համընկնիլ: Ու ես Աստուածաշունչի միջոցով կը փորձեմ հայկական տարբեր գաղութներու մէջ տեսնել, թէ ուր է հայը, ինչ է հայը, ինչն է հայու մարտահրաւէրները եւ ինչպէս պէտք է հայն իր ազգային ինքնութիւնը պահպանէ:[9]
- Դոկտոր Հրայր Ճէպէճեան


Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով գնահատեց հրապարակագիր ու Ծոցի երկիրներու Աստուածաշունչի Ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի մտաւորական ու ծառայական աշխատանքը:

  • Կիրակի, 19 Դեկտեմբեր 2021-ին, Ս. եւ Անմահ Պատարագէն անմիջապէս ետք, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի դահլիճին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով գնահատեց հրապարակագիր ու Ծոցի երկիրներու Աստուածաշունչի Ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի մտաւորական ու ծառայական աշխատանքը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Կաթողիկոսարանի Հայագիտական Կեդրոնի պատասխանատու Ահարոն Շխրտմեան: Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համահայկական առաքելութիւնը: Այս ծիրէն ներս ան կեդրոնացաւ յատկապէս Կաթողիկոսարանի մշակութային առաքելութեան՝ անդրադառնալով զանազան բնագաւառներուն: Ահարոն Շխրտմեան նաեւ յիշեց, թէ Վեհափառ Հայրապետը ո՛չ միայն նախաձեռնողն է կարեւոր աշխատանքներուն ու եզակի իրագործումներուն, այլ նաեւ գնահատողը անոնց իրագործման մասնակից դարձող մտաւորականներուն: Ներկայ հաւաքը, պատուելու համար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանը, պերճախօս վկայութիւն մըն է այս ուղղութեամբ:

Բացման խօսքին յաջորդեց Նորին Սրբութեան պատգամը: Վեհափառ Հայրապետը Արամ Ա իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ մարդը արժէք կը դառնայ ոչ թէ իր ունեցածով, այլ ծառայութեան ճամբով իր տուածով՝ նախ Աստուծոյ ապա իր եկեղեցւոյ ու ազգին: Նորին Սրբութիւնը նաեւ յիշեց, որ նահանջի ու անտարբերութեան մթնոլորտը սկսած է իր ներկայութիւնը զգալի դարձնել հայ կեանքէն ներս, ամէն տեղ: Որեւէ ժամանակէ աւելի մենք կարիքը ունինք Աստուծոյ, ազգին ու հայրենիքին ծառայողներուն՝ մեր հաւաքական կեանքին իրենց նուիրեալ ու գործօն մասնակցութեամբ: Խօսելով Հրայր Ճէպէճեանի մասին, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, թէ ան իր ծառայութիւնը բերաւ գիրի ու գրականութեան ճամբով: Ան Աստուածաշունչը հասանելի դարձուց թէ՛ մտաւորականին եւ թէ՛ մանուկին ու պատանիին: Իր ծաւալուն աշխատանքներուն կողքին մնայուն ներկայութիւն դարձաւ հայ մամուլին մէջ՝ մտաւորական վաստակ ձեռք բերելով այդ բնագաւառէն ներս: Այսպէ՛ս արժեւորեց ան իր կեանքը եւ այսօր արժանի է Մեր գնահատանքին:

Նորին Սրբութեան խօսքէն ետք ընթերցուեցաւ Հայրապետական սրբատառ Կոնդակը, ուր Վեհափառ Հայրապետը բարձր կը գնահատէր դոկտ. Ճէպէճեանի երկար տարիներու վաստակն ու ծառայութիւնը: Կոնդակի ընթերցումէն ետք Նորին Սրբութիւնը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով զարդարեց դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի կուրծքը:

Հանդիսութեան աւարտին, դոկտ. Ճէպէճեան իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնելով Վեհափառ Հայրապետին՝ ըսաւ, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իբրեւ փարոս հայ մշակութային կեանքի ու հաւատքի առաքելութեան, միշտ կը մնայ բոլորին տունը: Հետեւաբար, այսօրուան պարգեւատրումը ինծի համար վերանորոգող մղիչ ոյժ մը դարձաւ իմ ծառայութիւնս աւելիով կատարելու հայ կեանքէն ներս:[10]]

  • Չորեքշաբթի, 15 Սեպտեմբեր 2022-ի առաւօտեան ժամը 11։00-ին, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Գրոց ընկերութեան Արաբական Ծոցի երկիրներու բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանին՝ «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրման արարողութիւնը՝ որ պատրիարքական բարձրագոյն պարգեւն է:

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքի սրբատառ Կոնդակի ընթերցումէն յետոյ՝ առ ի գնահատանք հրապարակագիր ու Ծոցի երկիրներու Աստուածաշունչի Ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի մտաւորական ու ծառայական աշխատանքին, շքանշանը պարգեւատրեալին անձամբ յանձնեց Կաթողիկոս Պատրիարքը՝ յատուկ այս առթիւ կազմակերպուած ընդունելութեան ժամանակ, որուն ներկայ գտնուեցան Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ Ասատուրեան, Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ երկու վերապատուելի, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, «Արարատ» օրաթերթի տնօրէնուհի Անի Սարաֆեան Եփրեմեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Հաւաթեան, պարգեւատրեալին կողակիցը՝ Դոկտ. Արտա Պոյնէրեան, գերյարգելի եւ գերապատիւ վարդապետներ։ [11]]:

Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութեան Խնամակալ մարմինը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, թէ իր ընդհանուր քարտուղար՝ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան Հինգշաբթի, 17 Հոկտեմբեր 2024-ին, պարգեւատրուած է Լապիպ Մատանադի յիշատակին յատկացուած պարգեւատրում-արժանիքին։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ հաստատուած միջազգային Strategic Resource Group (SRG) քրիտոնէական կազմակերպութեան կողմէ հիմնուած այս մրցանակը կը միտի պարգեւատրելու անհատներ, որոնք իրենց կեանքով եւ գործունէութեամբ կը սատարեն իրենց շրջանակներու հոգեւոր, ընկերային եւ մշակութային բարգաւաճումին։ Մրցանակաբաշխումը տեղի ունեցաւ Հոլանտայի Ամսթերտամ քաղաքին մէջ։ Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան ստացաւ այս մրցանակը՝ Աստուածաշունչի առաքելութեան եւ իր երկար տարիներու բազմաբեղուն գործունէութեան համար Միջին Արեւելքի եւ Արաբական Ծոցի երկիրներու մէջ։[12]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. ՃԷՊԷՃԵԱՆ Կ՛ԱՐԺԱՆԱՆԱՅ ԴՈԿՏՈՐԱԿԱՆ ՎԿԱՅԱԿԱՆԻՆ
  2. 2,0 2,1 Հրայր Ճէպէճեան Կը Պտըտի «Հայուն Գոյապայքարի Ճանապարհ»ին Վրայ
  3. Ազգային վարժարանի աշակերտները նուէր ստացան հայերէն Աստուածաշունչի պատկերազարդ հատորներ
  4. Կամուրջ Հայ գիրքի եւ Հայ Մանուկի[permanent dead link]
  5. ՄԱՆՈՒԿԻՆ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ
  6. Մանուկներու Անձնական Աստուածաշունչը» Գիրքի Շնորհահանդէսը՝ Քուէյթի Մէջ[permanent dead link]
  7. Հրայր Եւ Արտա Ճեպեճեաններու Պատրաստած «Հայ Մանուկին Անձնական Աստուածաշունչը» Գիրքին[permanent dead link]
  8. Նպատակն Է Աստուածաշունչի Պատգամները Բազմաթիւ Ձեւերով Փոխանցել Մանուկներուն Եւ Պատանիներուն» Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան
  9. Հրայր Ճէպէճեան. «Եկանք, Որ Մեր Կապերը Վերահաստատենք Հայրենիքի Մէջ…»
  10. Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «Ս. ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ» ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃէՊէՃԵԱՆԸ
  11. ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՊԱՐԳԵՒՈՎ
  12. ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ «ԼԱՊԻՊ ՄԱՏԱՆԱԴ» ՄՐՑԱՆԱԿՈՎ