Փիէռ Պուրտիէօ
Փիէռ Պուրտիէօ (ֆրանսերէն՝ Pierre Bourdieu, 1 Օգոստոս 1930 - 23 Յունուար 2002, Փարիզ), ֆրանսացի ընկերաբան, փիլիսոփայ, գրող, մարդաբան[6] եւ անուանի հասարակական գործիչ[7]։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Փիէռ Պուրտիէօ ծնած է 1930 թուականի Օգոստոս 1-ին՝ Ֆրանսայի եւ Սպանիոյ սահմանը գտնուող գիւղի մը մէջ։ 1955-ին Փարիզի մէջ աւարտած է բարձրագոյն մանկավարժական դպրոցը, ապա սկսած է դասաւանդել Մուլէնի երկրորդական վարժարանէն ներս:
1958-ին կը տեղափոխուի Ալճերիա: Ալճերիոյ մէջ ընթացող պատերազմի ժամանակ ան կ'իրականացնէ ազգագրական հետազօտութիւններ, որոնց հիման վրայ ան, յետագային, կը գրէ իր «Ալճերիոյ ընկերաբանութիւն» գիրքը:
1964-ին կը նշանակուի Փարիզի բարձրագոյն գործնական հետազօտական դպրոցի տնօրէն:
1975-ին կը գլխաւորէ Եւրոպական ընկերաբանական կեդրոնը եւ հետազօտական խումբի մը հետ համատեղ կը ստեղծէ «Գիտական աշխատանքներ ընկերաբանական գիտութիւններու մէջ» ամսագիրը:
1993-ին կը պարգեւատրուի “Médaille d’or du Centre National de la Recherche Scientifique” (CNRS) մետալով, իսկ 1996-ին կը ստանայ Կոֆֆմէնի անուան մրցանակը Քալիֆորնիոյ համալսարանին կողմէ, ինչպէս նաեւ 2001-ին կը ստանայ մետալ՝ Ռոյալ մարդապանակն համալսարանին կողմէ[8]:
Ան կը մահանայ 2002-ին, Յունուար 23-ին (71 տարեկանին), քաղցկեղէ։
Մտածողութիւն (Thought)
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պուրտիէօի աշխատանքին մեծ մասը կը դիտարկէ կրթական եւ մշակութային ռեսուրսներու դերը գործելու կարողութեան (agency) արտայայտութեան մէջ։ Գործնականին մէջ Պուրտիէօն թէ՛ ազդուած էր եւ թէ՛ կը համակրէր Մարքսիսթական այն նոյնացումին, որ տնտեսական իշխանութիւնը կը նկատէ իբրեւ գաբիթալիստական հասարակութեան մէջ իշխանութեան եւ գործելու կարողութեան (agency) գլխաւոր բաղադրիչ։
Պուրտիէօի մարդաբանական աշխատանքը գերիշխուած էր ընկերային հիերարքիայի վերարտադրութեան վերլուծութեամբ։
Պուրտիէօն քննադատեց ընկերային կարգի եւ փոփոխութեան վերլուծութեան մէջ տնտեսական գործօններուն տրուած կարեւորութիւնը։ Փոխարէնը, ան շեշտեց, որ դերակատարներու կարողութիւնը՝ պարտադրելու իրենց մշակութային վերարտադրութիւնները եւ խորհրդանշական համակարգերը, էական դեր կը խաղայ գերիշխող ընկերային կառոյցներու վերարտադրութեան մէջ։
Ան եսասէր կարողութիւնն է ապահովելու, որ ընկերային կարգի կամայականութիւնը կա՛մ անտեսուի, կա՛մ ներկայացուի որպէս բնական (natural), այդպիսով արդարացնելով գոյութիւն ունեցող ընկերային կառոյցներու օրինականութիւնը։
Այս հասկացողութիւնը էական մաս կը կազմէ անոր սոցիոլոգիական վերլուծութեան մէջ, որ կը շեշտէ գործունէութիւններու (practices) կարեւորութիւնը ընկերային աշխարհին մէջ։
Պուրտիէօն դէմ էր ինթելեքթուալիսթական (մտաւորական) աւանդոյթին եւ շեշտեց, որ ընկերային գերիշխանութիւնն ու մշակութային վերարտադրութիւնը հիմնականին մէջ կեդրոնացած էին մարմնական գիտութեան («bodily know-how») եւ հասարակութեան մէջ գործունակ (competent) գործելաոճերուն վրայ։
Պուրտիէօն կատաղի դէմ էր Ռացիոնալ Ընտրութեան Տեսութեան (Rational Choice Theory), քանի որ կը հաւատար, որ ան սխալ ըմբռնում էր այն մասին, թէ ընկերային գործակալներն ինչպէ՛ս կը գործեն։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- 1 2 Fichier des personnes décédées
- ↑ (unspecified title)
- ↑ Ֆրանսիայի քոլեջի պրոֆեսորների ցանկ
- ↑ Ռադիո Ֆրանս — 1975.
- ↑ https://journals.openedition.org/trivium/4977
- ↑ «Outline of a Theory of Practice»(անգլերէն)
- ↑ Douglas Johnson։ «Obituary: Pierre Bourdieu | Books»։ The Guardian(անգլերէն)
- ↑ «Pierre Bourdieu, 71, French Thinker and Globalization Critic»(անգլերէն)