Փարամազ

Փարամազ
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Paramaz եւ Փարամազ
Ծնած է 1863[1][2]
Ծննդավայր Մեղրի, Ռուսական Կայսրութիւն
Մահացած է 15 Յունիս 1915(1915-06-15)[3]
Մահուան վայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
Ազգութիւն Հայ[4]
Ուսումնավայր Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարան
Մասնագիտութիւն ուսուցիչ, գրագէտ, քաղաքական ակտիվիստ
Անդամութիւն Հայ ֆիդայիներ?
Կուսակցութիւն Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն

Փարամազ (Մատթէոս Սարգիսեան, 1863[1][2], Մեղրի, Ռուսական Կայսրութիւն - 15 Յունիս 1915(1915-06-15)[3], Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն), հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, գրող, Հնչակեան կուսակցութեան անդամ։

Կեանք եւ գործունէութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Մեղրի, յաճախած է ծննդավայրին դպրոցը։ 1879-ին ուսանող ընդունուած է Էջմիածինի Գէորգեան ճեմարանին մէջ։ 1883-ին մեկնած է Նախիջեւան,, ուսուցչութեան նպատակով, ապա տեղափոխուած է Ճահուկ, այնուհետեւ՝ Արտապիլ (Իրան)։ Պարսկաստանի մէջ, Փարամազ դարձած է երկիր մտնող մարտական խումբերու գլխաւոր կազմակերպիչը։ Սալմաստի մէջ յեղափոխական վճիռով պատժած է Ցոլակ Սարկաւագի սպաննութիւնը կատարող յանցագործները։

1897-ին , ինք եւս , 40 հոգինոց խումբով, քիւրտ ցեղախումբերու հետ փոքր բախումներ ունենալէ ետք, անցած է Վան։ Վանի մէջ խումբը մատնուած է եւ թրքական զօրքին հետ փոխ-հրաձգութենէ մը ետք, Փարամազն ու խումբին մէկ մասը ձերբակալուած են․ դատապարտուած է մահուան ու իբրեւ ռուսահպատակ յանձնուած է ռուսական կառավարութեան։

Մինչեւ 1900 բանտարկուած է։ 1900-թուականներու սկիզբը, Կովկասի մէջ ղեկավարած է հակա-ցարական պայքարը։

Ժողովրդային թափօրի մը գլուխը անցած դիմած է Կաթողիկոս Խրիմեան Հայրիկին եւ պահանջած է ընդդիմանալ եկեղեցապատկան գոյքերը բռնագրաւելու ցարական որոշումին դէմ։

1903 -ին,Պաքուի մասնաճիւղին որոշումով, կազմակերպած է Կովկասի փոխարքայ իշխան գոլիցինի դէմ յայտյնի տեռորը։

1905-1906-ին, ղեկավարած է Երեւանի, Էջմիածինի, Զանգեզուրի եւ Ղարաբաղի մէջ հայ-թաթարական կռիւներուն մասնակցող Հնչակեան խումբերը։

Հայր Սիւա գրչանունով աշխատակցած է «Արեւելք» Թերթին։ «Հնչակ»ի մէջ տպուած անոր յօդուածները` «Պաքօ», «քամուն բերածը քամին կը Տանի», «Հայի Պահանջը», «Ձեռքերդ վեր կամ ճուղուպրիստները» եւ այլն, կը կազմեն հայ յեղափոխական գրականութեան լաւագոյն էջերը։

Քէօսթէնճէի համագումարին, Փարամազ ընտրուած է կեդրոնական վարչութեան անդամ ու իրեն յանձնուած՝ իթթիհատի եռապետութիւնը տեռորի ենթարկելու գործը։

Ապա վերադարձած է Պոլիս։ Հնչակեան ղեկավարութեան հետ ձերբակալուած ու խստագոյն հսկողութեան տակ բանտարկուած է[5]։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]