Ճահուկ (Սիւնիք)
Ճակուկ գաւառ, մեծ Յայքի Սիւնիք նահանգին մէջ գտնուող գաւառ մըն է, Նախիջեվան գետի ճահուկ (այժմ՝ Ջահրի) եւ Շահապոնք (այժմ՝ Շահբուզ) վտակներու աւազաններուն մէջ։
Անուան ստուգաբանութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Գաւառի անուան առաջին ստուգաբանողը եղած է ճահուկցի կաթողիկոս Ղազար Առաջին Զահկեցին[1], որու մասին Հայր Ղեւոնդ Ալիշանը գրած է[2]. «Ղազար կաթողիկոս՝ բնիկ երկրին՝ ախորժէ ստուգաբանել. «Վասն» պատուականութեան տեղեացն ճահ եւ ըմբոն, այսինքն գեղեցիկ հարկաւոր եւ կարի պատշաճ։»
«ճահ» կամ «ջահ» անուանահիմքը կը նշանակէ «ջոկ», «խումբ» կամ «առանձին»[3]: Այս գաւառանունը Նախիջեւանէն անջատուելու համար է որ ստացած է այդ անունը, որովհետեւ անոր մէջ մտնող շարք մը գիւղեր նախապէս կը պատկանէին Նախիջեւան գաւառին։ Շահապունիս քաղաքը հայտնի քաղաք էր ժամանակին, որու մասին Ստեփանոս Օփելեանը գրած է[4]. «Երկուտասներորդ՝ Ճահուկ գաւառ, որ եւ ձորն որ Շահապաւնս կոչի։»
Ճահուկ գիւղը նաեւ նշուած է պատմիչի եկեղեցական հարկացուցացում։ Իսկ միաբան Ա.Սեդրակեանը Ճահուկ գաւառի բնակիչներուն անուանած է «ջահկեցիներ»: Գաւառը մինչեւ 18-րդ դարը ունեցած է 334 հայկական գիւղ[5]:
Աշխարհագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Հիւսիսէն, հիւսիս արեւելքէն եւ հարաւէն՝ Շահապունիք եւ Նախիջեւան, արեւմուտքէն՝ Այրարատի Շարուր գաւառներուն։ Ճահուկի եւ Շահապոնքի վիճակներէն կազմուած է համանուն կեդրոններով։ Մակերեւոյթը լեռնադաշտային է, զգալիօրէն անտառաւէտ, կլիման՝ ցամաքայինն, հողը՝ բերրի։
Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Արշակունիներու ժամանակ Ճահուկը եղած է Շահապունիք իշխանական տան ժառանգական տիրոյթը։ 6-րդ դարուն Ճահուկը նշանակուած է բիւզանդական եւ պարսկական նուաճողներու դէմ պայգարող հայկական ուժերու զորաճամբայ։ 10-րվ դարուն Ճահուկը կը մտնէր Սիւնեաց գահերուն իշխան Սմխատի տիրութեան տակ։ Սիւնեաց իշխանութեան քաղաքական դերի նուաճումէն ետք, 12-րդ դարուն Ճահուկը կ՚անցնի Համտունեաց իշխանութեան: Համտունեաց տոհմի սպառնացումէն ետք Ճահուկը կ՚անցնի Օրբելեան իշխան Ելիկումին, այնուհետեւ՝ Պռոշեաններուն: Ճահուկ աւանի Սուրբ Աստուածածին վանքը 14-18-րդ դարերուն եղած է ունիթոռներու միաբանութեան կեդրոն։ 16-18-րդ դարերուն Ճահուկը Նախիջեւանի կազմուած էր եւ կոչուած էր Ջահրի: 19-րդ դարու 2-րդ կիսուն Ճահուկը կը մտնէր Երեւան նահանգի Նախիջեւան գաւառին մէջ։